ԱԶԳԱՅԻՆ ԽԵՆԹԸ, ՈՐ ՊԻՏԻ ՓՐԿԷ ԿԱՄ ՋՆՋԷ ՀԱՅ ԱԶԳԸ
Այս բոլորին մէջ Եղիա Տէմիրճիպաշեան սեփական շահ ունէ՞ր. զինք հիւանդութեան չափ մտահոգող այս հարցը համազգային հարց մը պէտք չէ՞ ըլլար. այդ թուականներուն հայկական վարժարաններու մասին դրական արձագանգ չէին տար մտաւորականները։ Օրինակի համար՝ Մինաս Չերազ «խամրոց» կը կոչէր հայկական դպրոցները, իսկ Իփէկճեան աւելի համարձակութիւն ունենալով «ախոռ» կ՚անուանէր զանոնք։ Ազգային խենթը լաւապէս կը գիտակցէր, որ այդ բոլորը մեր ապագայ երազած առողջ Հայաստանը ստեղծելու համար անհրաժեշտ էր. իր բառերն են դարձեալ. «Եւ կ՚ուզենք այդ ամենամեծ ոչինչէն նորաստեղծել Հայաստանն: Այլ ուր ամենէն աւելի հարկ է միութիւն, անտի բացակայ է միութիւնն.- ազգային դաստիարակութեան մէջ, այո՛, չը կայ միութիւն...». այս տողերէն ետք ան հայ ժողովուրդը կը նմանեցնէ այն մարդոց, որոնք կ՚ուզեն իրենց հիւանդը բժշկել, սակայն բժշկութեան համար բժիշկ չեն կանչեր:
Այս մէկը լուրջ խնդիր էր Եղիա Տէմիրճիպաշեանի համար եւ ան իրապէս կը սպառնար թէ՛ Պատրիարքը եւ թէ՛ մեծահարուստները, որոնք (իր կարծիքով) հետաքրքրուած չէին հայութեամբ. ահաւասիկ անոր ծանր խօսքերը ուղղուած մեծահարուստ հայերուն. «Մեծատուննե՛ր, մեծատուննե՛ր, դուք որ ամէն եղանակի, դուք որ ամէն նորաձեւի նոր հագուստ կը հագնիք, կը հանդուրժէ՛ք սակայն դուք՝ որ տարին տասներկու ամիս իմ Հայաստանս մօրմէ մերկ կենայ չորս հովերուն դէմ» եւ սպառնալով կ՚աւելցնէ.- «Մեծատուննե՛ր, մեծատուննե՛ր, կ՚երդնում ահա, ձեր գլխուն բաներ պիտի բերեմ ես, բաներ....»:
Եւ այս բոլորին դիմաց կը պարտադրէր, որ բոլորը զբաղին ապագայ սերունդներու կրթութեան հարցով, որովհետեւ առանց այդ հարցի լուծումին, իրեն համար կեանք գոյութիւն չունէր. գուցէ ա՛յդ է պատճառը, որ մեծ մտաւորականը հասաւ խենթութեան եւ ինքնասպանութեան ու վերջ տուաւ իր կեանքին. վստահ եմ ան չզղջաց իր ինքնասպանութեան համար, որովհետեւ առանց կրթութեան հարցի լուծումին՝ ինք արդէն ինքզինք մեռած կը նկատէր. իր նամակին վերջին բառերն են հետեւեալ տողերը.
«Պիտի գայ օր մը, ուր անկարող ըլլամ գուցէ տպագրել... յայնժամ պիտի սկսիմ ճառել. թաղէ թաղ, հրապարակէ հրապարակ, քաղաքէ քաղաք եւ աշխարհէ աշխարհ պիտի շրջիմ, թռչիմ, ծանակելով, դատելով ու դղրդելով երկիր եւ երկին: Կուրծքի հիւանդութիւնս, որուն հազիւ այսօր կը ջնջուին հետքերն վերջին, պիտի նորոգի եւ պիտի մեռնիմ... ի՜նչ փոյթ, իմ այս երկու անիծած աչքերովս ամէն օր, ամէն ժամ շօշափելով ազգիս մեռելութիւնն, ամէն օր ես ամէն ժամ կը մեռնիմ այժմ»:
Այս տողերէն ետք կ՚աւելցնէ. «Որոշած եմ փրկել կամ ջնջել հայ ազգն. ԿԵԱՆՔ ԿԱՄ ՄԱՀ. այս է բուն իմ անունս»:
Վերոյիշեալ ցաւէն բացի Տէմիրճիպաշեան ունէր բազմաթիւ այլ ցաւեր. որոշ հայորդիներ մեծ մտաւորականին վնաս հասցնելու պատճառով ամբաստանութիւններ կը ծրագրէին եւ պետութեան դիմաց Տէմիրճիպաշեանը կը ներկայացնէին որպէս ազգի դաւաճան եւ կ՚ուզէին ամէն կերպ վնաս հասցնել. պատճա՞ռ... մեզ ազգին մէջ դաւաճանութեան ու ամբաստանութեան համար պարզապէս պատճառ պէտք չէ փնտռել. ան իր ամենէն մտերիմ բարեկամներէն՝ Հրանդ Ասատուրին գրած մէկ նամակին մէջ խօսելով իր նիւթական խնդիրներուն մասին կը գրէ. «Անցեալ շաբթու դիպուածով իմացայ Կեդրոնական վարժարանի դասերս ինձ վերստին չը յանձնուելուն բուն պատճառը։ Երկու հայ եղբայրակիցներ՝ հացս ձեռքէս առնելու եւ հայ ժողովրդեան սրտին մէջէն զիս գահընկէց ընելու համար կառավարութեան հասկցուցեր են թէ... երիտասարդութիւնը կը մոլորեցնեմ»։ Տէմիրճիպաշեան անշահախնդիր կ՚ուզէր իր ազգին տալ այն բոլորը որ ունէր, այն ամէնը որ կրնար, նոյնիսկ իր անձն ու առողջութիւնը, սակայն կը վրդովէր երբ տեսնէր, որ այդ բոլորը գնահատելու փոխարէն մարդիկ կը հալածեն ու կ՚ամբաստանեն զինք. հակառակ իր անձնուրաց գործունէութեա՝ն անոր մէջ կը ստեղծէին անբաւարարութեան զգացում մը եւ ինքզինք ոչնչութիւն կը նկատէր. շատ անգամ նոյնիսկ ինքզինք որպէս գրող կամ մտաւորական չէր նկատեր. ան իր գրչեղբայրները մեծեր կը նկատէր, իսկ ինքզինք նուաստ մը. օրինակի համար՝ «Դամբարան» աշխատութեան նախաբանին մէջ իր գրչեղբայրը՝ Մինաս Չերազը կը կոչէ «մեծանուն նորոգիչ», իսկ ինքզինք՝ «պարզ քարոզիչ» մը. Չերազը կը կոչէ «տէր» ու «վարպետ» իսկ ինքզինք՝ «շինական» մը պարզապէս:
Այս բոլորը նկատի ունենալով դաժան էր կեանքը Տէմիրճիպաշեանի համար, մանաւանդ որ այս բոլորին վրայ կու գայ աւելնալու մտաւորականի աղքատ ու թշուառ կարգավիճակը. դարձեալ Տէմիրճիպաշեանն է գրողը. «Մարդիկ կան, որոնք աղքատիկ կեցութեանս գիտակ զիս բարեւել չեն ուզեր իսկ, վախնալով որ իրենցմէ փոխ ստակ կամ նպաստ կ՚ուզեմ...», իսկ նման պայմաններու մէջ ապրող մտաւորական մը ինչքա՜ն հաճոյք ու գոհացում կը զգար մուրացիկ լուցկի ծախող մը մի քանի ղուրուշով գոհացնելու պարագային... որովհետեւ մե՛ծ էր անոր մարդասիրական հոգին:
Այս մեծ մտաւորականը «խենթ» կոչեցինք, ո՛չ թէ որովհետեւ մտային անառողջ վիճակ մը ունէր. «խե՛նթ» է, որովհետեւ նման անձնուրացութեամբ ազգին նուիրուելու համար պէտք է խենթ ըլլալ պարզապէս եւ երանի՜ թէ անոր նման խենթերը շատնային մեր օրերուն ու ամբաստանութիւններու եւ հալածանքներու ենթարկուելով հանդերձ, գործէին հաստատ մնալով իրենց բոլո՛ր սկզբունքներուն: Փառք խենթերուն:
•վերջ
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Պտղատու ծառը ինչո՞ւ կը քարկոծուի։
Պատասխան. «Պտղատու ծառ» արտայայտութիւնը ցոյց կու տայ անձի ջանասիրութիւնն ու արդիւնաւէտութիւնը, իսկ քարկոծողները անոնք են, որոնք խոչընդոտ կը հանդիսանան եւ գնահատելու փոխարէն կը քննադատեն: Մարդիկ կը քարկոծեն, որովհետեւ կը նախանձին եւ այդ նախանձի պատճառով մարդու մը արդիւնաւէտ աշխատանքը գնահատելու եւ օգտուելու փոխարէն կ՚արժեզրկեն, յաճախ նոյնիսկ զիրենք բարձրացնող եւ օգնող մարդոց ոտնահարելով:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան