ԽՕՍԻԼԸ ԱՐՈՒԵՍՏ ՄԸՆ Է

Մարդիկ կան որ երկու վանկով ամէնուն սիրտը իրենց կը գրաւեն. իսկ ընդհակառակը քառասուն տարի խօսողներ ալ կան, որ ունկնդիր մը չեն կրցած գտնել։

Անշուշտ, ամէն մարդ խօսիլ կ՚ուզէ, շատ բնական է ասիկա, եւ կամ ըսենք, խօսիլ կը փորձէ, բայց քիչ մարդ կայ որ խօսելուն կերպը գիտէ։ Չկայ մարդ որ չխօսի, բայց որքան հազուագիւտ են անո՛նք որոնք խօսելէն առաջ չխորհին, խօսելէն աւելի խորհելու համար մարդ մեծ իմաստութիւն, կարողութիւն ունենալու է։

Արդարեւ, բառ բառի ետեւէն շարել, գրել եւ հնչելը շատ դիւրին է, բայց իմաստալի՛ց վանկ մը հնչելը ամէնուն գործը չէ՛. շատախօս ըլլալով մարդ չի կրնար պատգամախօս ըլլալ։ Իմաստութեամբ խօսելու համար նախ պէտք է գիտնալ խորհելու արուեստը։

Ճշմարտութիւնը խօսելու համար մարդ նախ պէտք է ճշմարտասէր ըլլայ։ Ուստի, ճշմարիտը խօսիլ խօսելէն շա՜տ աւելի դժուար է. իսկ խորհիլը՝ ամենէն դժուարն է։ Մարդ խօսելէ առաջ պէտք է խորհի, խորհրդածէ որ իր խօսքերը իմաստալից ըլլան եւ ունկնդիրներ գտնէ։

Շատեր շա՜տ բան կ՚ուզեն. բայց ուզելէ առաջ պէտք է մարդ նախ իր կարողութիւնները փորձէ եւ յետոյ աշխատութեան սկսի. կան մարդիկ ալ, որ տեսակէտ մը, կարծիք մը պաշտպանելու կ՚ելլեն, բայց տեսակէտ մը ուղիղ կերպով պաշտպանելու համար ինչ միջոցներ պէտք է չեն գիտեր, եւ հետեւաբար խոհեմ եւ օրինաւոր պաշտպանութեան տեղ՝ անխոհեմ եւ ապօրինաւոր ունայնաբանութեան կը դիմեն, եւ անշուշտ ապարդիւն կը մնայ իրենց բոլոր խօսքերը։

Մարդ պէտք չէ հաւատայ ամէն լսածին. քանի որ մարդուս ամէն լսածը չի կրնար ճշմարիտ ըլլալ։ Եւ այս իսկ պատճառով, մարդ կրնայ գրել ի՛նչ որ տեսած է, բայց լսածը խօսելէ կամ գրելէ առաջ պէտք է որ լաւ քննէ եւ ստուգէ։ Մէկ անձ կը գրէ եւ կամ կը խօսի, բայց հազար անձ կը կարդայ կամ կը լսէ… բայց «միեւնոյն երգը ամէն ականջի ախորժելի չի կրնար ըլլալ», ինչ որ բնական է, քանի որ մարդ բանաւոր արարած մըն է, դատելու, խորհելու եւ որոշելու կարողութիւն ունի եւ ասիկա կը պարտի իր ազատ կամքին։ Մարդ կրնայ տարբեր խորհիլ, տարբեր ըմբռնել, տարբեր տեսանկիւնէ դիտել իրողութիւնը։ Ուստի, մարդու մը որոշ տեսակէտ մը ընդունելու պարտադրել մարդկային արժանապատուութեան հակառա՛կ է։

Ուրեմն խօսելու հիմը կը կազմէ ճշմարտախօսութիւնը։ Բայց մարդ ճշմարտախօս ըլլալու համար նախ պէտք է ճանչնայ եւ հաւատայ «ճշմարիտ»ին՝ ճշմարտութեա՛ն։

Ճշմարտութիւնը, իբրեւ մարդու խօսքի եւ գործի միջեւ ճշդութիւն, կը կոչուի «ճշմարտախօսութիւն», անկեղծութիւն կամ ուղղամտութիւն։ Ճշմարտութիւնը կամ ճշմարտախօսութիւնը այն առաքինութիւնն է, որ կը կայանայ իր արարքներուն մէջ ինքզինք ուղիղ պահելու եւ ճիշդը ըսելու մէջ, զգուշանալով երկդիմութենէն, ձեւացումէն եւ կեղծաւորութենէն։ Եւ այս պատճառով, խօսքի մը կարեւորութիւնը եւ ազդեցութիւնը կախում ունի խօսողին հաստատամտութենէն եւ անկեղծութենէն։ Մարդ իր խօսքերով կրնայ հաւատացնել իր ունկնդիրները այնքան՝ ո՛րքան ինք կը հաւատայ իր խօսքերուն։ Մարդ եթէ վստա՛հ է իր ըսածներուն, իր խօսքերուն շատ աւելի դիւրին կրնայ համոզել իր ունկնդիրները։

Ուրեմն, ճշմարտութիւնը կամ ճշմարտախօսութիւնը այն առաքինութիւնն է, որ կը կայանայ ինքզինք իր արարքներուն մէջ ճշմարիտ ցոյց տալու եւ ճշմարտախօս ըլլալու, զգուշանալու ամէն կեղծ արտայայտութիւններէ։

Բարիքին գործադրութեան կ՚ընկերակցի հոգեւոր անվարձ ուրախութիւնը եւ բարոյական գեղեցկութիւնը։ Նմանապէս, ճշմարտութիւնը հետը կը բերէ ուրախութիւնը եւ հոգեւոր գեղեցկութեան շքեղութիւնը։

Ճշմարտութիւնը ինքնիրմով գեղեցի՛կ է։

Ճշմարտութիւնը խօսքին, իբր իմացական արտայայտութիւն ստեղծուած եւ անստեղծ իրականութեան ճանաչումին, անհրաժե՛շտ է իմացականութեամբ օժտուած մարդուն համար, սակայն ճշմարտութիւնը կրնայ ունենալ նաեւ մարդկային արտայայտութեան լրացուցիչ տարբեր ձեւեր, մանաւանդ երբ խնդրոյ առարկայ է ոգեկոչել ի՛նչ որ անպատում է, ինչպէս՝ մարդկային սրտին խորութիւնը, հոգիին վերացումը, Աստուծոյ խորհուրդը։

Աստուած Ինքզինք ճշմարտութեան խօսքերով մարդուն չյայտնած, Ինքզինք կը յայտնէ արարչագործութեան տիեզերական բարբառովը, որ գործն է Անոր Խօսքին, Անոր Իմաստութեան. կարգն ու սարքը՝ ներդաշնակութիւնը տիեզերքին, զորս կը գտնեն ե՛ւ մանուկը ե՛ւ գիտութեան մարդը, ինչպէս նաեւ «մեծութիւնը եւ գեղեցկութիւնը արարածներուն՝ հանգիտաբար հիացումով դիտել կու տան անոնց Արարիչը». (ԻՄԱՍՏ. ԺԳ 5), «որովհետեւ Ի՛նքն է աղբիւրը գեղեցկութեան, որ ստեղծեց զանոնք». (ԻՄԱՍՏ. ԺԳ 3)։

Մարդը Աստուծոյ հետ իր առընչութեան ճշմարտութիւնը կ՚արտայայտէ նաեւ իր գեղարուեստական գործերուն գեղեցկութեամբ։ Արդարեւ, «արուեստ»ը յատկապէս մարդկային արտայայտութեան մէկ ձեւն է. բոլոր կենդանի արարածներուն հասարակաց եղող կենսական անհրաժեշտութիւններուն որոնումէն անդին, ան ձրի յորդառատութիւն մըն է մարդկային արարածին ներքին ճոխութեան։ Եւ արդէն, ճիշդ այս պատճառով, որպէս արտայայտութեան կերպ մը, խօսիլն ալ արուե՛ստ մըն է։ Ուստի, յայտնելով Արարչէն տրուած տաղանդէ մը, նաեւ մարդուն ջանքերէն, արուեստը գործնական իմաստութեան մէկ ձեւն է, որ իրարու միացնելով ճանաչում եւ ճարպիկութիւն, կերպարանք կու տայ իրականութեան մը ճշմարտութեան, տեսողութեան եւ լսողութեան մատչելի բարբառով մը։

Արուեստը այսպէս իր մէջ կը կրէ որոշ նմանութիւն մը Աստուծոյ արարածին մէջ գործելակերպին հետ, այն չափով որ ան կը ներշնչուի ճշմարտութենէն եւ արարածներուն սէրէն։

Ինչպէս մարդկային ամէն գործունէութիւն, արուեստը, եւ խօսելու արուեստը եւս իր մէջ չունի իր բացարձակ վախճանը, այլ նպատակադրուած է մարդուն վերջնագոյն վախճանին հետ եւ ազնուացած է անով։

Խօսելու արուեստը, մարդոց փոխյարաբերութիւնները կարգաւորող կարեւոր ազդա՛կ մըն է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 24, 2020, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2020