ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲԱՆ (ԻԲ.)
Յաջողութեան ճամբուն վրայ պէտք է յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձնել փոքր մանրամասնութիւնները, որոնք կարելի է նաեւ անուանել մանրուքներ. իրականութեան մէջ մանրուքները կարեւոր ըլլալով հանդերձ շատ անգամ արգելք կը դառնան մարդուն յաջողութեան. շատ մը յաջողակներ կը հաւատան, որ անձ մը իր յաջողութեան ճամբուն վրայ որոշ ժամանակ կարեւորելու է մանրուքները՝ որպէսզի վերացնէ ամէն խոչընդոտ, որ կրնայ արգելք ըլլալ իր յաջողութեան, սակայն, ժամանակ մը ետք այդ մանրուքները պէտք է յանձնէ ուրիշներուն՝ որպէսզի ինք յաջողի հիմնականին վրայ կեդրոնանալ։ Սեփական ուժերով յաջողեցնելու չափ կարեւոր է նաեւ ուրիշի օգնութեամբ յաջողիլը. այսօր աշխարհի մեծագոյն յաջողակները իրենց ձեռքին տակ ունին անթիւ աշխատողներ եւ այդ մէկը ինքնին յաջողութիւն է. յաջողած անձի մը համար չկայ աւելի մեծ երջանկութիւն, քան ուրիշները ի՛ր իսկ գործին ճամբով յաջողութեան առաջնորդելը:
Յաջողած անձը ժամանակ մը ետք պէտք է իր միտքը թեթեւցնէ մանրուքներէն եւ իր կեդրոնացումը տրամադրէ հիմնականին։ Ձախողութեան հիմնական պատճառներէն մէկը այդ մանրուքներէն մէկուն վրայ կախուած մնալն է, որ մարդէն թէ՛ ժամանակ եւ թէ ուժ կը խլէ. իսկ այդ մանրուքները ուրիշին յանձնելը մարդէն կը պահանջէ որոշ դիւանագիտութիւն մը։ Յաջողութեան ճամբուն վրայ թշնամիներ ստեղծելը կրնայ ունենալ իր կողմնակի հետեւանքներն ու ազդեցութիւնը. այսօր աշխարի մէջ յաջողակ մարդիկ այդ դիւանագիտութեան շնորհիւ կը յաջողին կառավարել ու պահել իրենց յաջողութիւնը։ Ուսումնասիրութիւններ փաստած են, որ յաջողութեան հասնելու շատ աւելի ատակ են այն ընկերութիւնները, ուր չկայ կոշտութիւն, չկայ թշնամութիւն ու ներքին մրցակցութիւն (թէեւ ներքին մրցակցութիւնը տեղ մը կրնայ ունենալ իր դրական կողմերը). կոշտ չըլլալը անդին պէտք չէ բերէ անսահման բարութիւն, որովհետեւ վերջապէս յաջողութիւնը անձին կը պատկանի եւ ուրիշներ ամէն վայրկեան կրնան գիտակցաբար եւ կամ գուցէ անգիտակցաբար վնաս պատճառել. այդ իսկ պատճառով ներդաշնակութիւնն ու հաւասարակշռութիւնը պայման է յաջողութենէն ձախողութիւն չանցնելու համար:
Յաջողութեան մէջ այլ կարեւոր կէտ մըն է որոշում կայացնելու կարողութիւնը. այնպէս ինչպէս մեր կեանքին մէջ, նոյնպէս ալ մեր յաջողութեան ու ձախողութեան մէջ մեծ դեր ունին մեր որոշումները: Որոշում կայացնելու ժամանակ կարեւոր է նաեւ ուրիշներու խորհուրդները լսելը, սակայն ո՛չ ապաւինիլը, որովհետեւ ամբողջութեամբ ուրիշներուն վստահիլը ժամանակ մը ետք մարդուն մէջ անհատականութեան խնդիր կը ստեղծէ: Յաջողելու եւ սեփական նպատակներու հասնելու համար որոշումները պէտք է հիմնուած ըլլան սեփական համոզումներու վրայ, որովհետեւ որոշում կայացնելու մէջ ուրիշները գոհացնելու համար տրուած իւրաքանչիւր որոշում կրնայ սեփական համոզումներէն ամբողջութեամբ տարբեր ըլլալ եւ համոզուած ենք, որ սեփական համոզումներէ հեռու յաջողութիւն մը եւս ինքնին ձախողութիւն է:
Ուրիշներէ խորհուրդ վերցնելը դեղահատ ստանալու կը նմանի. քիչ քանակութեամբ օգտագործումը առողջութիւն կը բերէ, սակայն շատը՝ աւելիով հիւանդութեան կ՚առաջնորդէ մարդը: Մեր շուրջ հնչող ու բարձրաձայնուող խորհուրդները, ինչքան ալ լաւ շարահիւսուած ըլլան, միշտ ճիշդ չեն եւ յաջողութիւնն ու ձախողութիւնը իրարմէ բաժնողը այդ որոշումն է՝ որուն վրայ մեծ ազդեցութիւն կրնան ունենալ հնչած խորհուրդները: Խորհուրդը կրնայ մարդու համոզումները ուրիշ ուղղութեամբ թեքել եւ աշխարհը բարեխիղճ չէ անոնց հանդէպ, որոնք չեն կրնար սեփական ուժերով արագ որոշում կայացնել: Որոշում կայացնելը մարդու անհատականութեան հետ կապ ունի եւ մենք նախապէս խօսեցանք, թէ յաջողութեան մէջ ինչքան կարեւոր է մարդու անհատականութիւնը, որովհետեւ հոն ի յայտ կու գայ մարդուն վճռականութիւնը եւ սեփական համոզումներուն հանդէպ ունեցած հաւատքը. յաջողութիւնը կու գայ սեփական դատողութիւններուն վստահելէն:
Ուրիշներուն խորհուրդներուն չապաւինիլը բացատրենք հետեւեալ ձեւով. հարց տուէք աշխարհի յաջող բոլոր մարդոց եւ պիտի տեսնէք, որ իրենց յաջողութեան ճամբուն վրայ նոյնիսկ շատ հարազատ մարդիկ գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար փորձած են «արգելք» հանդիսանալ։ Քաջալերելու փոխարէն, դրական կողմերը առաջ քշելու փոխարէն, կեդրոնացած են վատերուն վրայ. այսօր դուք ալ եթէ որոշէք բան մը ընել, շատեր «դժուար» է պիտի ըսեն եւ քաջալերելու փոխարէն ձեզ պիտի փորձեն ետ պահել սեփական հաւանական յաջողութենէն. այդ իսկ պատճառով այս ճշմարտութեան լոյսին տակ ուրիշներուն խորհուրդին ապաւինիլը այնքան ալ տրամաբանական չէ:
Մեր թուականէն աւելի քան դար մը առաջ ապրող անգլիացի մտաւորական մը կ՚ըսէր. «Որոշէ, սկսէ եւ թնդանօթի պէս գնա՛». յաջողութիւնը նման վճռական որոշումներ կայացնող մարդոց կը պատկանի:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Մեր շուրջինները մեզ խրախուսելու փոխարէն ինչո՞ւ յուսահատութեան կ՚առաջնորդեն։
Պատասխան. Յաճախ մեզ շրջապատողները մեզ յուսահատութեան կը տանին, որովհետեւ իրենց հեռանկարները կազմուած են իրենց վախերուն եւ սահմանափակ փորձառութեան վրայ: Քաջալերելու փոխարէն անոնք իրենց կասկածները կը յայտնեն, կարծելով, որ այդ կասկածները իրատես են եւ կրնան պաշտպանել դիմացինը: Անոնց կեդրոնացումը յաջողութեան փոխարէն կ՚ըլլայ ձախողութեան վրայ, մանաւանդ այն պարագային, երբ մենք այնքան ալ ինքնավստահ չենք մեր որոշումներուն մէջ: Այս մէկը պայման չէ, որ չարակամութեամբ եղած արարք մը ըլլայ, պարզապէս գիտակցութեան բացակայութիւնն է, մոռնալով, որ խրախուսական խօսքերը կրնան խթանել, իսկ միւսը՝ տկարացնել:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024