ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԵՒ ՄԵՐ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍԵՐԸ - Դ -
Կը շարունակենք ներկայացնել՝ Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանի 24 Մայիս 1953 թուակիր Կոնդակը՝ ուղղուած Դպրաց Դասերուն եւ Երգչախումբերուն։
Մի՛ մոռնաք նաեւ, որ քրիստոնէական կրօնն ալ, եւ անկէ ներշնչուած Հայ Եկեղեցին, ձեր վրայ կը դնեն հայրենասիրական անզանցառելի պարտականութիւն մը եւս՝ անկեղծ սիրով, հաւատարմօրէն եւ խանդավառ հոգիով ծառայելու այն երկրին՝ ուր ծներ էք եւ որուն մէջ կ՚ապրիք՝ վայելելով քաղաքացիական ամէն իրաւունք։
Օրհնեցէ՛ք ցնծութեամբ եւ փառաբանեցէք ձեր սրտաբուխ եւ ոգեւորիչ երգերով ձեր այս հայրենիքը՝ ընկերական հաւաքոյթներու մէջ եւ տօնական հանդիսութեանց միջոցին։
Օրհենցէ՛ք, եւ շնորհապարտ սրտով ու «հրեշտակային երգակցութեամբ» բարեբանեցէ՛ք զԱստուած, սիրելի որդեակներ, որպէսզի Աստուծոյ շնորհքն ու օրհնութիւնն ալ անպակաս ըլլան միշտ ձեր վրայ, եւ դուք յարատեւօրէն եւ անձանձրոյթ մնաք ձեր դիրքին մէջ անսասան, զարգացնելով ձեր երաժշտական եւ երգեցողական կարողութիւնները՝ ըստ կոչման, մշակելով նոյն ատեն, որքան հնար է, խազերգութեան արուեստը, շարականագիտութեան մէջ եւս ձեռք բերելու համար պահանջելի հմտութիւն։
Կ՚օրհնեմ նաեւ ես զձեզ, հայցելով բոլորիդ համար կեանքի անսպառ աղբիւր Աստուծմէ՝ քաջառողջութեամբ արեւշատութիւն եւ երանաւէտ երջանկութիւն։
ՇՆՈՐՀՔ, ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ՏԵԱՌՆ ՄԵՐՈՅ ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԸՆԴ ՁԵԶ ԱՄԵՆԵՍԻՆ. ԱՄԷՆ։
Հայրական Սիրով
Աղօթարար
Գարեգին Արքեպիսկոպոս
Պատրիարք Հայոց Թիւրքիոյ
Տուաւ կոնդակս ի Պատրիարքարանէս Հայոց Թիւրքիոյ Ի 24-ն Մայիսի 1953 ամի, ի տօնի Հոգեգալստեան. թիւ 6։
* * *
Մեծ ուշադրութեամբ եւ ակնածանքով վերյիշեցինք զայն՝ Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանի Դպրաց Դասերուն եւ Երգչախումբերուն ուղղուած կոնդակը, որ կը պարունակէ իրապէս արդիւնաշատ եւ շինիչ յորդորներ, խրատներ։ Դաստիարակիչ այս կոնդակը թէեւ ուղղուած է Դպրաց Դասերու եւ Երգչախումբերու, բայց մանաւանդ վերջին հատուածները կը վերաբերին ամէն մէկուս, քանի որ կը հետաքրքրէ բոլոր ժողովուրդի հատուածները։ Զոր օրինակ, «Այս աշխարհին մէջ ապրիլ…» նախադասութեամբ կը թելադրէ ան աշխարհական կեանքի կարեւորութիւն տալ եւ աշխարհիկը եւ հոգեւորը զանազանել, երկուքն ալ օգտագործել՝ կայսրինը կայսրին, Աստուծոյնը Աստուծոյ տալ։
Այսպէս ցոյց կու տայ, թէ քրիստոնէութիւնը հրամայականոն, «dogme»ի սկզբունքի վրայ չէ՛ հիմնուած, այլ ազատախոհ, լայնամիտ, հանդուրժող «laïque» վարդապետութիւն մըն է։ Արդարեւ, հայրենասիրութեան տրուած իմաստն ալ ցոյց կու տայ լուսամիտ, լայնախոհ, ազատամիտ մտածողութեան մը գոյութիւնը։ Եւ դարձեալ «չարհամարհել որեւէ կրօնք» թելադրանքը եւ «չստորագնահատել որեւէ դաւանանք» յորդորը լայնախոհութեան ստուգանիշն է, ինչ որ իրապէս «laïque» միտքի մը հետեւանքն է եւ հեռու՝ «dogme»երէ, հրամայականոն պատուէր եւ ուղեգիծներէ։
Արդարեւ ժամանակակից, արդիական լոյս միտքերու, ազատամտութեան արտադրութիւնն է լայնախոհութիւնը եւ հանդուրժողութիւնը, որ կերպով մը «laïque», «dog-me»երէ ձերբազատուած դրութեան մը խորհրդանիշն է։
Ազատամիտ, լայնախոհ հոգեւորականներն են՝ որ կրնան Եկեղեցին ազատել կանխակալութիւններէ, փրկել՝ նախապաշարումներէ եւ շնորհներու վարդապետութեան շնորհիւ պահպանել գոյութիւնը եւ գոյատեւել միշտ վե՛ր, միշտ բա՛րձր եւ անպայման՝ աստուածահաճոյ ընթացքի մէջ կատարել իր երկրային ու երկնային պարտականութիւնը՝ հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան…։
Այս կոնդակը ցոյց կու տայ՝ թէ քրիստոնէութիւնը չ՚ընդունիր խաւարամտութիւն, մոլեռանդութիւն, համոզումի ծայրայեղութիւն։ Բանականութիւն, դատողութիւն, խելք երբ միանայ հաստատամիտ, անյեղլի հաւատքին հետ, ահաւասիկ հոն կարելի է գտնել ճշմարիտ քրիստոնէութիւնը, քրիստոնէական վարդապետութեան կեդրոնական իմաստը եւ իսկական նպատակը։ Ուստի նեղմիտ, խաւարամիտ մարդիկ չեն կրնար հաւատարիմ մնալ իրենց կոչումին եւ հաւատքին։ Եւ այս իսկ պատճառով մեծ արժէք կը ներկայացնէ Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանի կոնդակը։
Մեր խորհրդածութիւնները վերջացնելէ առաջ կ՚ուզենք վերյիշել «Թրքահայ Եկեղեցեաց Դպրաց Դասերուն եւ Դպրաց Դաս Երգչախումբերուն 27 Դեկտեմբեր 1991 թուակիր Կանոնագրութեան» 72-րդ յօդուածին տրամադրութիւնը։
«Դպիրներ ինչ աստիճան կամ պաշտօն ալ ունենան պարտաւոր են եկեղեցի յաճախել կարելի կանոնաւորութեամբ եւ երգեցողութիւնները կատարել Կիրակի եւ տօնական օրերուն։ Յաճախակի բացակայողներուն յատուկ յորդոր եւ ազդարարութիւն կ՚ըլլայ Նախագահին եւ Դպրապետին կողմէ…»։
Չենք գիտեր, ինչո՛ւ, յիշելու պահանջքը զգացինք այս հատուածը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 17, 2015, Իսթանպուլ