«ՄԱՅՐԱՄՈՒՏԻՆ՝ ԹՈՏՈՐԻ»

«Մայ­րա­մու­տին՝ Թո­տո­րի», Տքթ. Իգ­նա Սա­րըաս­լա­նի եր­կա­րա­շունչ պոէմն է՝ զրոյց-բա­նաս­տեղ­ծու­թեան օ­րի­նակ մը, տար­բեր մեկ­նա­կէ­տով եւ տեր­բեր զգայ­նու­թեամբ։

Այս «զրոյց-բա­նաս­տեղ­ծու­թեան» մէջ, հե­ղի­նա­կը կա­րօ­տով կը յի­շէ նախ՝ Պոլ­սոյ՝ այս մեծ ու պատ­մա­կան քա­ղա­քին մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լը, մշա­կու­թա­յին բազ­մազգ մթնո­լոր­տը եւ խան­դա­վառ կեան­քը՝ իր տար­բեր ե­րե­սակ­նե­րով։ Եւ այս հա­ճե­լի եւ զգա­յա­ցունց ո­գե­կո­չու­մը ըն­թեր­ցո­ղը կը տա­նի ա­ւե­լի քան հա­րիւր տա­րի­ներ ետ, քա­նի որ այս գե­ղե­ցիկ պէո­մին մէջ կը յի­շուին պատ­մա­կան ա՜յն­քան ար­ժէք­ներ, ո­րոնք կեր­պով մը ներ­կան կը փո­խան­ցեն ան­ցեա­լի, այն ե­րա­նե­լի՜ պատ­մու­թեան, եւ ներ­կա­յի մէջ կ՚ապ­րինք ան­ցեա­լը։ Ուս­տի ան­ցեա­լը ներ­կա­յաց­նող հրա՜շք մը կ՚ապ­րի ըն­թեր­ցո­ղը, երբ կը կար­դայ այս զրոյց-բա­նաս­տեղ­ծու­թեան իւ­րա­քան­չիւր տո­ղը՝ որ ինք­նին պատ­մու­թի՜ւն մըն է։ Այդ հիա­նա­լի՜ լոյս տո­ղե­րուն մէջ անգամ մը եւս կը լու­սա­ւո­րուին Դու­րեան­ներ, Պա­րո­նեան­ներ, Մե­ծա­րենց­ներ, լու­սաս­փիւռ պատ­մա­կան քա­ղա­քին՝ Պո­լի­սի հմա­յիչ մթնո­լոր­տին ներ­քեւ։

Եւ այդ բո­լո­րը, այդ ար­ժէք­նե­րը կը ժա­մադ­րուին՝ խնճոյ­քի՝ «Թո­տո­րի»ին սրճա­րա­նը, ծա­նօթ բա­ցօ­թեայ սրճա­րա­նը…։

Քաղցր ե­րազ մըն է, ե­րազ-բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն մը այս զրոյց-բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը՝ ե­րա՜­զի նման կ՚ա­ւար­տի կա­րօ­տի մը յոյ­սով եւ յոյ­զով, որ ինք իր մէջ ու­նի յու­զիչ կոչ մը, մեկ­նած, հե­ռա­ցած այս ե­րա­զա­յին էակ­նե­րը, ա­մէն մէ­կը պի­տի վե­րա­դառ­նան, եւ գո­նէ «հո­գե­ւոր ներ­կա­յու­թեամբ» մե­զի հետ պի­տի ըլ­լան դար­ձեալ։ Եւ ա­հա­ւա­սի՛կ, այս է ան­ցեա­լը ապ­րիլ ներ­կա­յին մէջ, կամ ներ­կան կա­րե­նալ փո­խադ­րել ան­ցեա­լի մթագ­նած ո­լոր­տին մէջ՝ լու­սա­ւո­րե­լու հա­մար զայն յոյ­սի լոյ­սով…։

Ա­հա­ւա­սիկ այս ե­րա­զը՝ ե­րազ-բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը, գո­նէ մաս մը միայն, կը փա­փա­քինք ներ­կա­յաց­նել մեր սի­րե­լի՜ ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­նե­րուն։

ՄԱՅ­ՐԱ­ՄՈՒ­ՏԻՆ՝ ԹՈ­ՏՈ­ՐԻ

Այս շա­բաթ մայ­րա­մու­տին
Գա­լա­մըշ - Թո­տո­րիի ճա­շա­րա­նը պի­տի հա­ւա­քուինք

Հսկայ սօ­սի­նե­րու շու­քին տակ
Պատ­մու­թեան շեր­տե­րը -  դա­րե­րու շեր­տե­րը՝
Քով քո­վի պի­տի բե­րենք
Եւ մո­ռա­ցու­մի անջր­դի հո­ղե­րը
Վեր­յի­շու­մի բա­ժակ­նե­րով պի­տի ո­ղո­ղենք
Դուք ալ հրա­մե­ցէք - ե­թէ ար­գելք մը չու­նիք

Այս շա­բաթ մայ­րա­մու­տին
Գի­տէ՞ք թէ ով­քեր պի­տի գան
Հոն - ծա­ռե­րուն տակ Թո­տո­րիի ճա­շա­րա­նին

Պա­տա­նի Պետ­րոս Դու­րեան
Որ դեռ ու­սա­նող է Սկիւ­տա­րի Ճե­մա­րա­նին
Պի­տի գայ իր հո­գեկ­ցորդ ըն­կե­րոջ Վար­դան Լութ­ֆեա­նին հետ
Մայ­րը Տի­կին Ա­րու­սեակ լուր ու­նի թէ ոչ - չենք գի­տեր

Մի­սաք Մե­ծա­րենց - ծնունդ Բին­կեա­նի
Որ հի­մա ա­քա­սիա­նե­րու շու­քին տակ կ՚ապ­րի
Պի­տի գայ «Ծիա­ծան»ով ու «Նոր Տա­ղեր»ով
Պի­տի գայ -
«Ու ճամ­բուն վրայ մե­նա­ւոր
Ու ճամ­բուն վրայ ոս­կե­ման»
Հա­զար բա­րիք պի­տի տայ

Մատ­թէոս Զա­րի­ֆեան - Կէ­տիկ­փա­շա­յի ծնունդ -
Այ­սօր Սկիւ­տա­րի Պէր­պէ­րեա­նի վար­ժա­րա­նին մէջ 
Մար­զան­քի դա­սը երբ ա­ւար­տէ - Դէ­պի Սէ­լամ­սըզ պի­տի ուղ­ղուի
Եր­յար­կա­նի տան դու­ռը պի­տի բա­խէ Տի­րան Չրա­քեա­նի
Եր­կու պաշ­տօ­նա­կից Ինտ­րա եւ Զա­րի­ֆեան
Թե­ւան­ցուկ պի­տի գան…

Եւ Կար­պիս Ճան­ճի­կեան - Սա­մա­թիոյ այդ տա­րա­բախտ տղան -
Մար­մա­րա պո­ղո­տա­յի 55 թիւ իր բնա­կա­րա­նէն
Կը շտա­պէ շրթնե­րուն վրայ տո­ղեր-տո­ղեր հրե­ղէն

Դա­րա­ւոր սօ­սին­նե­րու շու­քին տակ
Սե­ղա­նին վրայ ծա­ղիկ­նե­րու եւ հա­մա­դամ­նե­րու 
Ա­ռինք­նող բոյ­րե­րը ի­րա­րու կը խառ­նուին

Կո­մի­տաս վար­դա­պետ
Քա­նի մը օ­րէ ի վեր Գա­տը­գիւղ կը գտնուի…
Եւ Ե­ղիա Տէ­մի­ճի­պա­շեան
Գա­տը­գիւ­ղի Սուրբ Թա­գա­ւոր ե­կե­ղեց­ւոյ դրան առ­ջեւ
Ցնցո­տի­ներ հա­գած - թի­թե­ղէ տուփ մը ձեռ­քին - կը մու­րայ
1891ի Զա­տիկն է որ կը տօ­նուի
Եւ Ե­ղիան դեռ քա­ռա­սուն տա­րե­կան է
Բայց ան ինչ­պէ՞ս կրնար գու­շա­կել
Թէ տաս­նեօթ տա­րի վերջ անձ­նաս­պան պի­տի ըլ­լար
Բե­րա - Տի­կին Է­լէն Նի­սը­նի տան մէջ
Ու Տի­րան Չրա­քեան
Պի­տի դամ­բա­նա­խօ­սէր իր յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան…
Կո­մի­տաս Ե­ղիա­յին հետ կ՚ող­ջա­գու­րուի
Յե­տոյ յամ­րա­քայլ նա­ւա­մա­տոյ­ցի հրա­պա­րա­կը կ՚ուղ­ղուին

Սպա­սեակ­ներ Սէ­րա­ֆի­մը եւ Տի­միթ­րին ո­գի ի բռին կ՚աշ­խա­տին

Հի­մա ուր որ է Ան­գա­րա­յէն կը հաս­նի ճե­պըն­թա­ցը
Յա­կոբ Մար­թա­յեա­նը եւ Տի­կի­նը Պո­լիս կը ժա­մա­նեն
Եւ իս­կոյն մե­զի կը միա­նան

Սե­ղա­նին շուրջ Կո­մի­տաս վար­դա­պետ
Իր տա­րե­կից­նե­րուն կը հան­դի­պի
Ե­րուանդ Օ­տեա­նին եւ Լե­ւոն Սեղ­բո­սեա­նին

Իր «Հին Աս­տուած­ներ»ուն պէս վէս ու անն­ման
Հպար­տօ­րէն ոտ­քի կանգ­նած Լե­ւոն Սեղ­բո­սեան
Սրտա­ռուչ շեշ­տե­րով եւ ա­լե­կոծ յու­զու­մով
«Լե­րան Աղ­ջիը» պոէ­ման կ՚ար­տա­սա­նէ

Օր­թա­գիւ­ղէն Մկրտիչ Պէ­շիկ­թաշ­լեան
Սրբու­հի Վա­հա­նեա­նին հետ կու գայ
Վառվ­ռուն ու ծաղ­կա­հա­սակ Սրբու­հին
«Կնոջ ա­զա­տու­թեան» մա­սին կը խօ­սի ա­զատ-հա­մար­ձակ
Եւ ան - իր կեան­քը չէ կա­պած տա­կա­ւին
Ֆրան­սա­ցի ե­րաժշ­տա­գէտ Փօլ Տիւ­սա­բին

Պէ­շիկ­թաշ­լեան ծա­ռե­րու շու­քին տակ
Իր նոր քեր­թուա­ծը կը կար­դայ - Առ Զե­փի­ւռն Ա­լեմ­տա­ղի
Պետ­րոս Ա­դա­մեան խե­լա­յեղ կը ծա­փա­հա­րէ
Թէեւ գի­տէ որ Պէ­շիկ­թաշ­լեան իր­մէ ճիշդ 20 տա­րու մեծ է
Սա­կայն ինչ­պէ՞ս գիտ­նայ թէ 1891ին երբ ինք պի­տի մեռ­նի
Պէ­շիկ­թաշ­լեա­նին ճիշդ քո­վը պի­տի թա­ղուի…

…Թէեւ մենք այս շա­բաթ Գա­լա­մըշ պի­տի ըլ­լա­յինք մայ­րա­մու­տին
Բայց այ­լեւս ոչ ա­նոնք մնա­ցին - ոչ ալ Թո­տո­րին
Բո­լորն ալ - կռունկ­նե­րու նման ե­րամ-ե­րամ գաղ­թե­ցին
Պատ­մու­թեան գու­նա­ւոր ղեն­ջակ­նե­րուն մէջ փաթ­թուած
Չաս­տուած­նե­րու չափ հին եր­գի մը նման ան­ցան ու գա­ցին

Մենք այս տո­ղե­րով
Երկն­քի մար­գա­գե­տին­նե­րուն մէջ ե­րա­զի սեր­մեր ցա­նե­ցինք
Ծիա­ծա­նի գոյ­նե­րով յի­շա­տակ­ներ ծաղ­կե­ցան

Մի մտա­հո­գուիք - մի յու­սալ­քուիք
Օր մը չէ օր մը ան­պայ­ման
Ղա­րիպ­նե­րու սրտե­րուն բա­լա­սան
Բա­նա­սեղծ մը «Կան­չէ Կռունկ»ը պի­տի եր­գէ
Եւ բո­լոր կռունկ­նե­րը մէկ առ մէկ պի­տի վե­րա­կեն­դա­նա­նան
Եւ բո­լոր կռունկ­նե­րը ե­րամ-ե­րամ պի­տի վե­րա­դառ­նան։

Յա­րու­թիւն Քիւրք­ճեա­նի «Հայ կեանք եւ գրա­կա­նու­թիւն» գիր­քէն քա­ղած Տքթ. Իգ­նա Սա­րըաս­լա­նի այս հրա­շա­լի՜ տո­ղե­րը մե­զի յի­շե­ցուց Սկիւ­տա­րի բար­ձունք­նե­րուն «Վան­քին Պա­ղը» պար­տէ­զը՝ ուր ժա­մա­նա­կին կը հա­ւա­քուին ե­ղեր մտա­ւո­րա­կան­ներ, գրող­ներ, ինչ­պէս կա­րօ­տով կը պատ­մէր մեր հայ­րը Գրի­գոր Գալ­փաք­ճեան, երբ տղայ հա­սա­կին, իր հօր Ար­տա­շէս Գալ­փաք­ճեա­նի եւ մօ­րեղ­բօր Սի­մոն Չէօմ­լէք­ճեա­նի հետ կը մաս­նակ­ցի ե­ղեր։

Ա­հա­ւա­սիկ, «Մայ­րա­մու­տին՝ Թո­տո­րի»ն մե­զի ապ­րե­ցուց այդ յի­շա­տակ­նե­րը, ո­րոնք թէեւ ապ­րե­լու ա­ռի­թը եւ հա­ճոյ­քը չէինք կրնար ու­նե­նալ, բայց մեր լսած­նե­րով գրեթէ վա­յե­լե­լու պա­տե­հու­թիւ­նը ու­նե­ցած էինք։

Ար­դա­րեւ, յի­շա­տակ­ներ մարդս միշտ ա­ռոյգ եւ աշ­խոյժ կը պա­հեն, մար­դիկ քաղցր յի­շա­տակ­նե­րով կը վե­րա­նո­րո­գուին, կը վե­րա­կեն­դա­նա­նան։ Ան­ցեա­լը ապ­րիլ՝ միայն ֆի­զի­քա­կան էու­թեամբ չ՚ի­րա­կա­նա­նար, այլ բա­րո­յա­կան-հո­գե­կան էու­թեամբ կա­րե­լի է վա­յե­լել զայն։ Եւ մարդ ինք­զինք կը գտնէ հոն՝ ուր ու­նի յի­շա­տակ­ներ, եւ կար­ծեմ «հո­գեմ­տա­ւոր» կեան­քի զար­գա­ցումն ալ այ­ն­­պէս կը կազ­մա­ւո­րուի։

«Մայ­րա­մու­տին՝ Թո­տո­րի»ն մեր հո­գիին եւ մտքին մէջ արթն­ցուց եւ վե­րա­կեն­դա­նա­ցուց «աշ­խա՛րհ» մը՝ որ կ՚ար­ժէր ապ­րիլ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկ­տեմ­բեր 21, 2016, Իս­թան­պուլ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 30, 2016