ԱՄԱՆՈՐԻ ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ
Մարդկութիւնը կը պատրաստուի «Նոր տարի» մը եւս դիմաւորելու։ Արդարեւ, ամէն «նոր» իր հետ կը բերէ նորութեան, նորոգութեան, նորոգուելու յո՛յսը։ «Նոր»ը կ՚ենթադրէ թարմութիւն, արդիութիւն, այժմէականութիւն. այն ի՛նչ որ կը յաջորդէ ուրիշի մը՝ միեւնոյն բնութեամբ։
«Նոր»ը միշտ ներկան է՝ ո՛չ անցեալ եւ ոչ իսկ ապագայ, բայց միշտ անծանօթ, քանի որ հազիւ է պատահած՝ գոյացած կամ ճանչցուած։ Արդարեւ, «նոր»ին անծանօթ նկարագիրը անապահովութեան կամ անվստահութեան պատճառ կրնայ ըլլալ՝ լաւատեսներ «նոր»ին մէջ բարին եւ օգտակարը կը տեսնեն, յոռետեսներ՝ չարը եւ վնասակա՛րը։ Իսկ իրատեսներ, «նոր»ը կ՚ընդունին որպէս բնական ընթացքի մը բնական հետեւանքը։ Անոնց համար «նոր»եր միշտ պիտի պատահին եւ նորեր պիտի ստեղծեն միշտ «հին»եր, ինչպէս ամէն ներկայ դատապարտուած է անմիջապէս «անցեալ» ըլլալու։
Տակաւին մոռցուած չէ անցեալ «Նոր տարի»ն՝ որ դիմաւորուած էր որպէս «նո՛ր» մեծ յոյսերով, երբեմն կասկածներով, եւ ահաւասիկ ներկայ «Նոր տարի»ով արդէն կը պատրաստուի անցեալ ըլլալու եւ կոչուելու «Անցեալ տարի»։ Եւ խորհեցէք, թէ «անցեալ տարի»ն ալ ի՜նչ յոյսերով էր դիմաւորուած մարդկութեան կողմէ ամէն կողմ՝ խանդաւառութեամբ եւ ոգեւորութեամբ։ Ի՜նչ յոյսերով, ի՜նչ ակնկալութիւններով, ողջութեան, յաջողութեան բարեմաղթութիւններու առարկայ եղաւ «անցեալ տարի»ն, եւ ահաւասիկ երբ նորը հասնելու վրայ է արդէն, այդ բոլորը փոխանցուեցաւ «Նոր տարի»ին։ Այս առթիւ ոմանք իրապէս ստացան իրենց ակնկալածները, անոնց յոյսերը իրականացան։ Ոմանք «անցեալ տարի»ին ալ ձեռնունայն՝ անյաջող եւ յուսախաբ մնացին, առանց իրականալու իրենց փափաքները, յոյսերը…։
Իրատեսներ միայն անդրդուելի մնացին, քանի որ գիտէին, թէ «հին»ին եւ «նոր»ին միջեւ որեւէ տարբերութիւն չկա՛յ։ Նորը՝ պարզապէս յաջորդն է հինին եւ հանգրուան մը միայն կեանքի բնական ընթացքին։ Եւ իրապէս, եթէ մարդ ի՛նք չգործէ, չաշխատի եւ չշարժի, ի՞նչ կրնայ ընել «հին»ը կամ «նոր»ը, ուստի մարդ վստահելո՛ւ է ինքն իր ուժերուն, իր կարողութեան՝ առանց որեւէ «հին»է կամ «նոր»է մը օգնութիւն սպասելու։ Եւ ուրեմն մարդ ի՛նք պէտք է կամենայ, աշխատի որպէսզի իր նպատակին հասնի, թէ ո՛չ միայն «նոր»էն օգուտ սպասել որեւէ բանի չի կրնար ծառայել։
Արդարեւ, տօնակատարութիւնները առիթներ են քաջալերուելու, անդրադառնալու մեր ուժերուն եւ ընթացք տալու մեր աշխատութիւններուն։
Այս իմաստով, տօները հանգրուաններ են, ամէն տարի իրար յաջորդող՝ «նոր մարդ» ըլլալու, ներքնապէս զօրանալու՝ ներքին ուժերը վերաքննելու եւ եթէ կան թերութիւններ, զանոնք կատարելագործելու եւ եթէ կան տկարութիւններ, զանոնք զօրացնելո՛ւ։
Կեանքի ամբողջ ընթացքին, մարդ պէտք կը զգայ պահ մը կանգ առնելու, նոր ուժ հաւաքելու համար, եւ ահաւասիկ, ամանորն ալ այդ հանգրուաններէն մէ՛կն է, կատարուածները քննելու, սխալներ եթէ կան՝ սրբագրելու եւ նորոգուած կերպով կեանքի ընթացքը շարունակելու։ Իրականին՝ ճամբան նո՛յն ճամբան է, ամանորը՝ կայարա՛ն մը միայն։
Անցեալը կը մեռնի ներկային երկունքին մէջ։
Եւ ինչպէս ըսինք, ներկան միշտ դատապարտուած է «անցեալ» ըլլալու եւ կեանքը ահաւասիկ ա՛յսպէս կ՚ընթանայ։ Եւ երբ ներկան անցեալ կ՚ըլլայ, անմիջապէս իր տեղը կը թողու «ապագայ»ին, եւ կեանքը այսպէս կը գոյատեւէ…։
Ուրեմն «Նոր տարի»ն՝ ամանորը անցքն է ժամանակին՝ ուր դէպքեր եւ դէմքեր կը սահին այդ անցքին մէջէն։ Այս շարունակականութեան մէջ «ամանոր»ը կը կազմէ իր ճամբան՝ որ չունի վերջ, քանի որ «նոր տարի»ները երբեք չեն դադրիր, չեն վերջանար, եթէ նոյնիսկ մարդիկ դադրին ճամբան շարունակելէ։ Մարդ որքան որ կ՚ապրի, ա՛յդքան «նոր տարի» կը տեսնէ, եւ մարդուս կեանքը կը վերջանայ՝ «նոր տարի»ներ չե՛ն վերջանար։
Այս կը նշանակէ, թէ մարդուս ապագան իրմէ՛ իսկ կը կառուցուի՝ անկա՛խ «նոր տարի»ներէ։ Եւ այդ կառոյցը անքակտելի միութիւն մը կը կազմէ անցեալին, ներկային եւ ապագային հետ։ Եւ ահաւասի՛կ, նոր տարիին տեղը՝ անցեալին եւ ներկային, ներկային եւ անցեալին միջեւն է։ Ուրիշ խօսքով՝ նոր տարին՝ ամանորը անցեալը ներկային, եւ ներկան ալ ապագային կապող կա՛պն է։
Այս տեսանկիւնէն երբ դիտենք «Նոր տարի»ն, կեանքը չի հեռանար մեզմէ, օտար եւ անծանօթ չ՚երեւիր մեզի եւ կեանքը չի կորսուիր անցեալին մութ եւ խաւար վիհին մէջ։ Եւ աւելի կարեւորը՝ ապագան երբեք անստոյգ, անծանօթ մը ըլլալէ պիտի ելլէ, որոշ ժամանակաշրջան մը պիտի ըլլայ մեզի համար։ Եւ այս համոզումով պիտի փրկուի մարդ մահուան մղձաւանջէն։
Ահաւասիկ, ամանորը մեզի կը ներշնչէ այս վստահութիւնը, թէ կեանք մը ունինք ապրելու, որ երեք հանգրուաններ ունի. անցեալ, ներկայ եւ ապագա՛յ։ Ասիկա ընդունելի է անհատական կեանքի համար, բայց նաեւ հաւաքական կեանքի համար, քանի որ հաւաքականութիւններն ալ կը կազմուին անհատներու միացումով։
Ուստի «յաւիտենական»ը պէտք չէ՛ տեսնել ո՛չ անցեալի, ո՛չ իսկ ապագայի մէջ, այլ անիկա պէտք է նկատել ներկային մէջ, քանի որ յաւիտենականը ներկային իրականացո՛ւմն է ինքնին։
Եւ «նոր տարի»ն իրապէս խանդավառութեան եւ ոգեւորութեան առիթ կը դառնայ երբ զայն ընդունինք վերանորոգութեան, վերաքննութեան յարմար միջո՛ց մը՝ յաւիտենականին հասնելու համար։ Նոր տարին ներհայեցողութեան լաւագոյն առիթն է, բարեպատեհ դէպք մը՝ անդրադառնալու՝ թէ ո՞վ ենք, ի՞նչ ենք, ինչո՞ւ գոյութիւն ունինք, ի՞նչ է մեր գոյութեան պատճա՛ռը եւ նպատակը, եւ վերջապէս, ի՞նչ է «կեանք» կոչուած ընթացքին իսկակա՛ն իմաստը։
Նոր տարին ինքնաճանաչման եւ ինքնագիտակցութեան լաւագոյն առիթ մը պէտք է նկատուի, եւ այն ժամանակ, ինչպէս բոլոր տօները, եւ նաեւ «Նոր տարի»ն կը հասնի իր նպատակին։ Բանաւոր էակ՝ մարդուն համար անհրաժեշտ է գիտակցիլ իր կեանքին, իր արարքներուն եւ վերջապէս իր էութեան։ Եւ երբ մարդ կեանքին գիտակցութիւնը կ՚ունենայ՝ այն ատեն արդէն կը ճանչնայ իր Արարիչը, որուն կոչուած է իր արարչութեան առաջին օրէն իսկ։
Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի կ՚ըսէ, թէ Նոր տարին տօնուել է սկսած Բաբելոնեան աշտարակաշինութենէն յետոյ, երբ 72 ազգեր ցրուեցան ամէն մէկը իր երկիրը եւ տեղը հասնելու, առաջին օրը սահմանուեցաւ իբրեւ «տարեմուտ»։
Այս հիման վրայ՝ հրեաներու տարուայ սկիզբը եղաւ «Նիսան» ամիսը, հռոմէացիներունը՝ Յունուարը, հայերունը՝ «Նաւասարդ»ը, եւ այլն։
Աւելի վերջի շրջաններուն, ազգեր միաբանուելով՝ «Նոր տարի»ն սկսան նշել յունուարին։
Եկեղեցական հայրերն ալ չէին կրնար անտարբեր մնալ այս օրերուն տիրող իրարացման։
Զոր օրինակ, Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան սապէս կը գրէ. «Ամբողջ գիշեր ծիծաղը, աղմուկը եւ չարաբանութիւնը, գիշերային պարերը եւ կատակները գերի են դարձուցած մեր քաղաքը։ Ամենէն շատ զիս կը տխրեցնէ հիւրանոցներու մէջ կատարուած մեղսագործ եւ անժուժկալ խաղերը»։
Ուստի սուրբ հայրերը կը յորդորեն չմոռնալ այն մասին, թէ Յունուար 1-ին, առաւօտեան բոլոր եկեղեցիներու մէջ սուրբ պատարագ կը մատուցուի, եւ քրիստոնեայի համար պատշաճ է աղօթքով եւ Սուրբ Հաղորդութեամբ սկսիլ տէրունապարգեւ «Նոր տարի»ն։ (Օգտուեցանք՝ Թովմաս Դպիր Առաքելեանի ուսումնասիրութենէն)։ Ուստի նոր տարին մեզ կը դնէ հաշուետուութեան մը նոր առաջադրութիւններու առջեւ՝ չկրկնել անցեալի թերութիւնները եւ կերտել գեղեցիկ ապագան։
«Նոր տարի»ն ո՜րքան քաղցր կերպով կու գայ՝ ողջունելու անխտիր բոլոր մարդկութիւնը, անխտիր ամէն մարդու՝ աւանդական սէրը տալու։ Նոր տարին ակնկալւած այն այցելուն է, որ կու գայ թէ՛ աղքատին, թէ՛ հարուստին, թէ՛ ուսեալին, թէ՛ համեստ գիտութեան տէր անձին, թէ՛ բարիին, թէ՛ չարին, թէ՛ տարիքոտին, թէ՛ երիտասարդին, թէ՛ մանուկներու, թէ՛ հասուններու, անխտիր եւ արդարութեամբ կը վարուի ան ամէն մարդու։ Ուստի «Նոր տարի»ն արդարութեան խորհրդանիշ մը կարելի է համարել, քանի որ ան ա՜յնքան արդար է՝ ո՛րքան չի կրնար ըլլալ ոեւէ մարդ։ «Նոր տարի»ն հաւասարութեան, արդարութեան, եղբայրսիրութեան տիպա՛ր մըն է, որ գոնէ տարին անգամ մը կու գայ, մարդոց յիշեցնելու՝ հաւասարութեան, արդարութեան, եղբայրսիրութեան հրաշալի՜ սկզբունքները։ Հաւասարութեան այսքան հաւատարիմ, արդարութեան այսքան սերտօրէն կապուած ի՞նչ եւ ո՞վ կայ՝ բացի Աստուծմէ, որ Ի՛նք իսկ Արդարութի՛ւն է, Սէ՛ր է, Իմաստութի՛ւն է։
«Նոր տարին» մարդկութեան ժառանգութիւն մըն է, աւանդական դա՛ս մը, անդրադարձո՛ւմ մը, թէ հաւասար են անոնք այն մեծ եւ անիմանալի՜ Արժէքին առջեւ, որքան ալ տարբերութիւններ ըլլան, խտրութիւն չկայ մարդոց միջեւ։
Կարծեմ «արդարութեան» գաղափարն է որ կու տայ «Նոր տարի»ն, իւրաքանչիւր անհատի տալով նոյն «առիթ»ը՝ վայելելու նորութիւններ, օգտուիլ նորութիւններէ եւ մանաւա՛նդ նորոգուիլ, թողուլ այն ամէնը՝ որ «հին» է, եւ ստանալ եւ իւրացնել այն ի՛նչ որ «նոր» է։ «Նոր»ի գաղափարով է որ մարդ կրնայ նորոգուիլ, «նոր կեա՛նք» ունենալ եւ «նոր մա՛րդ» ըլլալ։ Եւ երբ այս իմաստով մօտենանք «Նոր տարի»ին, ան ալ մեզի պիտի տայ միշտ «նոր»ը՝ նոր գաղափարներ, նոր ապրումներ եւ այն ամէն ինչ՝ որ պիտի նորոգեն մարդուս կեանքը։
Ուստի բարեպատեհ առի՛թ մըն է «Նոր տարի»ն զուարթամիտ ըլլալու՝ ձերբա-զատուելու այն բոլոր ազդեցութիւններէն, որոնք մտահոգութիւն, մտատանջութիւն կը պատճառեն մարդուս, մանաւանդ այն բոլոր «հին»երէն՝ որոնք բացասական ազդեցութիւն մը կը գործեն, կեանքը կը խաւարեցնեն, մութով կը պատեն զայն։
Արդարեւ, «հին»ը օգտակար է, միայն այն ատեն երբ բաղդատութեան եզր մը կ՚ըլլայ «նոր»ին հետ եւ մարդ առիթը կ՚ունենայ զտելու եւ որոշելու «բարի»ն եւ «չար»ը, «օգտակար»ը եւ «վնասակար»ը, եւ այդպէս կը յառաջանայ միշտ լաւին, միշտ կատարեալին, միշտ ճշմարտութեա՛ն։ «Նոր տարի»ն առի՛թ մըն է, որ մարդ սեւեռի դէպի բարին, դէպի գեղեցիկը, եւ դէպի ճշմարիտը։ Եւ առի՛թ մըն է ան, որ մարդ անդրադառնայ բարձր եւ վեհ արժէքներու գոյութեա՛ն։
Եւ այս «առիթ»էն օգտուիլ՝ իմաստութիւն է եւ հմտութի՛ւն։ Այս իմաստով «Նոր տարի»ն գեղեցիկ աւանդութիւն մըն է ժամանակը նորոգող, ժամանակի հոլովոյթին մէջ մարդուս իր ինքնութեանը անդրադարձնող եւ «նոր կեանք»ի մը գոյութիւնը աւետող։ Արդարեւ, «Նոր տարի»ն կամ Ամանորը «անկենդան բայց զարդարուն եւ լուսաւոր ծառ»ի մը խորհուրդով միայն պատկերացնելը՝ ուրանալ եւ մերժել կը նշանակէ անոր իսկական խորհուրդը, իրական արժէքը մեր կեանքին մէջ։
Մինչդեռ Ամանորը ոգի՛ մը կը ներկայացնէ՝ զօրութիւն մը, իմաստ մը եւ մանաւանդ գաղափար մը՝ որ տարին անգամ մը կ՚անդրադարձնէ մարդս իր կոչումին, իր արժէքին, իր ինքնութեան։
Եւ աշխարհ ո՛րքան ալ փոխուի, ո՛րքան ալ նորոգուի, միշտ պահանջքը պիտի զգայ «զարթուցիչ» ուժի մը, եւ ահաւասիկ, Ամանորը՝ «Նոր տարի»ն այդ ո՛ւժն է, այդ զօրութիւնն է, որ մարդս կ՚արթնցնէ, կը սթափեցնէ իր թմբիրէն՝ որ «հին»ը պատճառ է եղած, եւ «հին»էն ձերբազատուելու համար միշտ պայմա՛ն է «նոր»ը ունենալ, նորոգուիլ եւ նորոգուած կեանքով ապրիլ։ Բայց պէտք չէ՛ մոռնալ, թէ «նոր»ն ալ ժամանակին մէջ «հին»ի կը վերածուի եւ պահանջքը կ՚ունենայ նորոգուելու։
Շնորհաւո՜ր ըլլայ «Նոր տարի»ն…։
Տ. ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 12, 2017, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/29/2024
- 11/29/2024