ԿԵԱՆՔԸ՝ ԸՆԿԵՐՈՎԻ ԱՍՏՈՒԾՈՅ
Կեանքի մէջ կան պահեր՝ որ մարդ ինքզինք միս մենակ կը զգայ՝ երեւութապէս, բայց ընկերակցութեամբ Աստուծոյ։ Այս միայնակութիւնը առանց մարդկային ընկերակցութեան միայնակութիւն մըն է, բայց ընկերովի՝ Աստուծոյ։ Միայնակութիւն մը նաեւ՝ ընկերովի մտածումներո՛ւ։
Ուրեմն պէտք է զանազանել երկու մարդկային վիճակը՝ միայնակութիւնը եւ առանձնութիւնը։
Մարդ, մանաւանդ առտու կանուխ՝ կանխելով արեւը, կը դիտէ բնութիւնը, ինքզինք կը զգայ խորհրդաւոր միայնակութեան մը մէջ։ Բայց անմիջապէս կ՚անդրադառնայ, որ մինակ չէ, միասին է Աստուծոյ հետ եւ երբեք մինակ պիտի չըլլայ, քանի որ ունի Արարի՛չ մը, որ նաեւ Նախախնամն է, միշտ եւ ամէն տեղ։ Ուստի երբ մարդ կ՚ըսէ. «միայնակ եմ», կը սխալի. «միայնակ չէ՛» այլապէս եւ ո՛չ մէկ ատեն միայնակ, այլ՝ առանձի՛ն։ Իր անձին հետ, իր մտածումներուն եւ զգացումներուն հետ, որոնց մէ՛ջ է Աստուած։ Մարդ երբ գիտակցութիւնը ունի «արարած» մը ըլլալուն, ուրեմն գիտակցութիւնը ունի նաեւ իր Արարիչին։ Նաեւ մարդ երբ գիտակցութիւնը ունի իր անկատարութեան, անբաւարարութեան՝ իր տկարութիւններուն եւ թերութիւններուն, գիտակցութիւնը ունի նաեւ Նախախնամին՝ որ ամէն ատեն, ամէն տեղ միշտ իրեն հետ է…։
Միայնութիւնը՝ իր տառացի եւ ընդհանրապէս հասկցուած իմաստովը մա՛հ է, քանի որ կը նշանակէ դադարում, կամ անդամալուծութիւն, ամլութիւն մտածումի, երեւակայութեան, զգացումի, տեսութեան, իմացողութեան՝ պարպուիլ ամէն տեսակ գործէ, անպտուղ ըլլալ։ Միայնութիւնը աննպատակ եւ անիմաստ կը դարձնէ կեանքը եւ կեանք մը որ նպատակ եւ իմաստ չունի, կորսնցուցած է այս երկու մղիչ եւ կենսատու ուժերը, կորսնցուցած է իր արժէքը եւ այլեւս ապրիլը աննպատակ եւ անիմաստ կ՚ըլլայ։ Միայնակութիւնը քանի որ անգործութիւն է եւ անաշխատութիւն, չ՚արտադրեր, անօգուտ եւ անշահ վիճակ մը կը ներկայացնէ. մինչդեռ մարդ իր արարչութեան պահէն իսկ կոչուած է գործելու, աշխատելու, օգտակար ըլլալու եւ օգնելու իր նմաններուն։
Իրերօգնութիւնը մարդ էակին նկարագի՛րն է։
Իսկ այն որ չ՚արտադրեր, օգտակարութիւն մը չ՚ունենար, կը կորսնցնէ իր էական նկարագիրը։
Բայց պէտք չէ որ միայնակութիւնը ըմ-բըռնուի իր այս նեղ եւ սխալ իմաստով։ Մարդ ո՛ւր որ է՝ Աստուած ալ իր հետ է։ Ո՞ր հայրը մինակ կը թողու իր զաւակը, հապա Հայր Աստուա՞ծ. կարելի՞ է խորհիլ որ Աստուած իր ա՜յնքան սիրելի որդիները՝ մարդ արարածները մինակ եւ անխնամ թողու։ Աստուած միշտ մարդուն հետ է, քանի որ Ան ո՛չ միայն Արարիչ, այլ նաեւ՝ Նախախնամ է։ Սաղմոսերգուին փորձառական վկայութիւնը կրկնելով, մարդ իր ալ անձնական փորձառութեամբ կարելի է ըսել. «Եթէ արշալոյսին թեւերը առնեմ, եւ ծովուն հեռաւորագոյն եզերքները բնակիմ, դո՛ւն հոն ես, եւ քու հոգիդ միշտ ինծի հետ է…»։
Այսպէս, ուրեմն, մարդ երբ «մինակութեան» մէջ՝ երեւութապէս, բայց ընկերակցութեամբ Աստուծոյ՝ որուն գիտակից է սրտին մէջ, կը քալէ տամուկ խոտերուն վրայէն եւ իրեն այնպէս կը թուի, թէ Բնութեան մէկ նուիրական գործողութեան միջամուխ կ՚ըլլայ անպատկառօրէ՛ն։
Առաւօտ կանուխ երբ շաղ է իջեր երկինքէն, սրբելու, մաքրագործելու համար դաշտերու խոտը, լուացումի, մաքրագործութեան այդ պահուն՝ խոտերուն վրայէն կոխելով անցնիլ՝ սրբապղծութիւն պէտք չէ՞ համարել, եւ ճիշդ այդ պահուն դարձեալ անդրադառնալ աներեւոյթ ընկերակիցին՝ Աստուծո՛յ…։
Եւ որքա՜ն գեղեցկօրէն կ՚երգէ Սաղմոսերգուն ԻԳ սաղմոսին մէջ. «Տէրը իմ հովիւս է. ես բանի մը կարօտութիւնը պիտի չունենամ… թէեւ մահուան շուքի ձորին մէջ ալ պտըտիմ, չարէն պիտի չվախնամ, վասնզի դուն ինծի հետ ես…»։
Այո, Ատսուած միշտ մեզի հետ է աներեւոյթ բայց զգալի՛։ Ստեղծագործութիւնը կը վերստեղծուի ամէն օր, փոփոխութեամբ մը, որ ինչպէս որ ալ սահմանուի կամ բացատ-րըւի ան, հրա՛շք մըն է։
Մարդ իրեն համար նպատակ մը չէ։ Կամ, մարդ իրեն համար չ՚ապրիր։ Մարդուն ապրելուն նպատակը ապրեցնելն է։ Եթէ անցաւոր, ժամանակաւոր պահու մը համար՝ դեղ եւ դարման չըլլայ մարդ հիւանդ մարդկութեան, հապա ինչո՞ւ կ՚ապրի…։
Գործակցութիւն մը, ընկերակցութիւն մը կայ «ժամանակաւոր»ին եւ «յաւիտենական»ին միջեւ, որ կը խորհրդանշէ «անցաւոր մարդ»ը՝ իր դերովը երկրիս վրայ եւ Աստուած՝ իր յաւիտենականութեա՛մբը։
Կը պատմուի, թէ մարդ մը երազ մը կը տեսնէ, ուր աւազի հատիկներու վրայ երկու զոյգ ոտքի հետք կը յառաջանան։ Մէկը առջեւէն, միւսը ետեւէն։ Միջոց մը վերջ զոյգ մը ոտքի հետքը կը կորսուի եւ միւս զոյգը մինակ կը յառաջանայ, եւ յետոյ դարձեալ երկու զոյգ հետքը կը շարունակեն իրենց ընթացքը։ Մարդը կը հարցնէ հրեշտակին, թէ ո՞րուն ոտքի հետքերն են անոնք։ Հրեշտակը կը պատասխանէ. «առջեւիններու քու ոտքի հետքերդ են, իսկ ետեւինները Աստուծոյ, որ տեւական կը հետապնդէ եւ կը հսկէ քեզ»։
«Բայց ինչո՞ւ կը կորսուին զոյգ մը հետքերը երբեմն։ Արդեօք Աստուած կը թողո՞ւ իր հսկողութիւնը այդ պահերուն», կը հարցնէ մարդը։
«Ո՛չ», կ՚ըսէ հրեշտակը. «կորսուած ոտքի հետքերը քու ոտքի հետքերդ են. Աստուած միշտ կը հսկէ քեզ, տեսնուած ոտքի հետքերը Աստուծոյ ոտքի հետքերն են, քու նեղութեան մէջ եղած պահերուն, Ան քեզ գիրկը առած կ՚անցընէ նեղութիւններուն մէջէն եւ յետոյ երբ նեղութիւնները անցնին, դարձեալ քեզ կը թողու, որ քալես իր առջեւէն։ Այդ պատճառով է որ երկու զոյգ ոտքի հետքերէն մէկ զոյգը անտեսանելի կ՚ըլլայ եւ յետոյ դարձեալ կը տեսնուի։ Աստ-ւած երբեք չի՛ թողուր իր որդիները եւ միշտ կը շարունակէ հսկել զանոնք, խնամել եւ հոգալ, պահել եւ պաշտպանել մինչեւ վերջ…»։
Այո՛, սիրելի՜ բարեկամներ, Աստուած մի՛շտ մեզի հետ է, մանաւանդ մեր նեղութիւններուն մէջ, բա՛ւ է որ անդրադառնանք Անոր ներկայութեան եւ վայելենք Իր անհո՜ւն նախախնամութիւնը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 25, 2019, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024