ԱՆՑԵԱԼԻ ԱՄՈՒՍՆԱԼՈՒԾՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐԸ

Անցեալի եւ ներկայ հասարակութեան հիմնական տարբերութիւններէն մէկը համբերութեան վերացումն է, որովհետեւ անցեալին հազար ու մէկ տանջանքներու եւ ցաւերու տոկացող նախնիներու ժառանգները այսօր ամենէն պարզ ու չնչին դժուարութիւններն անգամ չեն հանդուրժեր: Աննշան ու անարժէք խնդիրներու պատճառով այսօր մարդիկ կրնան յաւիտենական թշնամիներ դառնալ՝ նոյնիսկ եթէ արենակիցներ ըլլան: Յաւիտենական սիրոյ խոստում տուող զոյգեր սին ու դատարկ պատճառի մը համար կրնան իրենց ճամբաները առյաւէտ բաժնել ու սիրոյ փոխարէն ոխ ու վրէժ սերմանեն իրար հանդէպ:

Ամէն ժամանակէ աւելի այսօր է որ մարդ արարածը կարիքը ունի համբերութեան, որովհետեւ ժամանակներուն հետ միասին փոխուած է նաեւ մարդը եւ դարձած՝ անզուսպ ու նեղսիրտ: Եթէ ոչ տասնամեակ մը առաջ, ապա այսօր մեր շուրջ շա՜տ դիւրութեամբ կարելի է տեսնել մի քանի տասնեակ ամուսնալուծուածներ՝ որոնք իսկութեան մէջ ամուսնալուծուելու հիմնական պատճառներ ալ չունին, այլ պարզապէս որոշ ժամանակ ետք միօրինակութիւնը զիրենք կը մղէ նոր «զուարճութիւններ» որոնելու:

«Ազատութիւն» կոչուած անէծքը նոյնիսկ ազատութիւն բերաւ այդ «ոլորտ»էն ներս եւ մարդիկ մէկ կողմ դնելով հիմանկան «պատճառներ» փնտռելը ազատութեան քաոսին մէջ կորսուեցան: Եւ ի տարբերութիւն անցեալի եւ ներկայի անհամեմատելի փոփոխութիւններուն, ուզեցի ուսումնասիրել մի քանի դարեր առաջ որպէս օրինագիրք գործած «Աստրախանի հայոց դատաստանագիրք»ը, որուն 21-րդ գլխուն մէջ կը հանդիպինք ամուսնալուծութեան մասին օրէնքներու:

Դարերու կեանք ունեցող օրէնսգիրքը ամուսնալուծութեան համար կը թուէ մի քանի տասնեակ պատճառներ:

Այսպէս. ամուսնացեալ զոյգեր կրնան ամուսնալուծուիլ.

1.- «եթէ մինն ի նոցանէ յանցաւոր իցէ քրէական մեղօք». Անցեալին առաւելաբար քրէական մեղք կը նկատուէր իշխող թագաւորութեան դէմ եղած որեւէ մէկ ոտնձնգութիւն, որ կարելի է աններելի մեղք նկատել: Տակաւին շատ անգամ նոյնիսկ այդ մեղքին պատճառով կրնար ամբողջ ընտանիք մը պատժուիլ:

2.- «եթէ մինն ի նոցանէ արասցէ շնութիւն». Հաւանաբար ամենէն շատ ամուսնալուծութեան պատճառներէն մէկն ալ այս է, ինչ որ ի զօրու կը տեսնենք թէ՛ հազարամեակներ առաջ, թէ՛ դարեր առաջ եւ թէ այսօր:

3.- «եթէ մինն ի նոցանէ արասցէ զգործ մարդասպանութեան սրով, դեղատուութեամբ, կախարդութեամբ կամ այլով կերպիւ». Հետաքրքրական է որ որպէս մեղք կը նկատուի նաեւ «կախարդուեան» ճամբով կատարուած սպանութիւնը. այս մէկը ցոյց կու տայ, որ մինչեւ երկու-երեք դարեր առաջ, մարդիկ կը հաւատային կախարդութիւններու եւ կը կարծէին, թէ այդ ճամբով կարելի է նաեւ մէկը սպաննել, որուն համար պատիժ, ինչպէս նաեւ ամուսնալուծութեան պատճառ կը ներկայացնեն:

4.- «եթէ մինն ի նոցանէ արասցէ զգործ վհուկութեան եւ կախարդութեան». Եկեղեցական կանոններուն եւ օրէնքներուն կողքին յատկանշական է, որ Օրինագիրքին մէջ վհուկութիւնն ու կախարդութիւնը նշուած է որպէս մեղք եւ բաժանումի միջոց:

5.- «եթէ մինն ի նոցանէ արասցէ գողութիւն». Թէեւ ներկայ օրերուն ո՛չ այնքան խիստ վերաբերմունք գոյութիւն ունի նման մեղքի մը նկատմամբ, սակայն անցեալին շա՜տ մեծ ու աններելի մեղք կարելի էր նկատել գողութիւնը: Ներկայիս ցաւ ի սիրտ, ականատես կ՚ըլլանք, որ գողութիւն կատարողներ ձերբակալուելէ ժամեր ետք դարձեալ ազատ կ՚արձակուին, մինչ անցեալին այդ մէկը թէ՛ քրէական եւ թէ՛ մարդկային տեսանկիւնէ աններելի մեղք մըն էր՝ երբեք չմոռցուող:

6.- «եթէ մինն ի նոցանէ շրջիցի ընդ աւազակաց կամ տացէ բնակութիւն նոցա». Այստեղ կարելի է նկատել, որ Օրինագիրքը նկատի ունի զոյգերէն մէկուն շրջապատն ու ապրելաոճը. այլ խօսքով կողմերէն մէկը կրնայ ամուսնալուծութեան դիմաց նկատի ունենալ իր կողակիցին շրջապատը, ընկերներն ու ապրելակերպը, ինչ որ ազատութեան լաւ օրինակ մը կարելի է նկատել:

7.- «եթէ մինն ի նոցանէ ննջիցի այլ ուրեք (բաց ի տանէ ծնողաց) առանց օրինաւոր պատճառաց». Այսօր քանի՞ ամուսնացեալ մարդ իր տունէն հեռու կամ դուրս կը քնանայ չեմ գիտեր, սակայն ամուսնալուծութեան պատճառ մըն է կողմերէն մէկուն դուրսը քնանալը՝ բացի ծնողքի տունէն:

8.- «եթէ մինն ի նոցանէ տեսանիցէ օտար ոմն առնէ երթեւեկութիւն ի տուն իւրեանց, կամ զուգակից իւր գնայ բազում անգամ ի օտար տուն առանց պատճառաց». Թէեւ ներկայ օրերուն ամուսնալուծութեան համար դատարաններ որոշ փաստեր կը պահանջեն, անցեալին փաստ կարելի էր նկատել նաեւ անձի մը ուրիշի տուն մուտք գործելը:

9.- «եթէ մինն ի նոցանէ ձաղկեսցէ կամ հարկանիցէ զմիւսն անողորմաբար». Կարելի է ամուսնալուծութեան դիմել երբ կողմերէն մին կը կապկէ միւսը. այլ խօսքով կը նուաստացնէ կողակիցը՝ խօսքով կամ այլ ձեւերով:

10.- «եթէ մինն ի նոցանէ խառնակիցի ընդ անասնոց». Նման մեղքի մը կարելի է հանդիպիլ նաեւ Հին կտակարանին մէջ:

Տակաւին Օրինագիրքին համաձայն, կարելի է ամուսնալուծուիլ երբ կողմերէն մէկը ամուսնութենէ ետք կ՚ուրանայ իր հաւատքը. նոյնիսկ ամուսնալուծութեան պատճառ կը նշէ բարկութիւնն ու բռնութիւնը, ինչ որ իր ամբողջութեան մէջ տրամաբանական վիճակ մը կը ներկայացնէ:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -134-

Օր մը կին մը եկեղեցի գալով ուզեց խոստովանիլ եւ հոգեւորականէ մը կարծիքներ լսել։ Այդ ժամանակ եկեղեցական ըլլալու եղած էր ընդամէնը երկու ամիս եւ առաջին «խոստովանանք»ը պիտի ըլլար։

Կինը սկսաւ պատմել իր ամուսնոյն սեռային արկածախնդրութիւններուն մասին գրեթէ բոլոր մանրամասնութիւններով եւ ինձմէ՝ կուսակրօնէս կարծիքներ ու խրատներ ուզեց լսել. 23 տարեկան աբեղայ մը՝ ի դիմաց 42 տարեկան կնոջ։

Խրատներս ինչքան տեղ գտան չեմ գիտեր... պարզապէս տարի մը ետք լսեցի, որ ամուսնալուծուած են։

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաղարշապատ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 30, 2022