ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՍՊԱՍԷ ԻՐ ՄԱՄՈՒԼԷՆ
Ամենէն արդիական ու այժմէական հարցերէն մէկն է ժամանակակից արեւմտահայ երիտասարդի յարաբերութիւնը իր մամուլին հետ։ Այս երիտասարդը արդիական աշխարհին մաս կը կազմէ, բնականաբար, կը գործածէ մամուլ ու պահանջներ ունի իր, այսինքն արեւմտահայերէն մամուլէն։
Վերի հարցումին տրամաբանական եւ իրական պատասխաններ գտնելէ առաջ, երկու բառով փորձենք հասկնալ, թէ ի՛նչ բան է արեւմտահայ երիտասարդը։ Ան ամբողջովին ներկայ է։ Աշխարհին մաս կազմող, իրարու միջեւ սերտ կապեր հաստատող, անդրազգային ու համաշխարհայնացումի դարու թէ՛ ենթակայ եւ թէ ազդեցիկ բաղադրիչն է ան։ Արեւմտահայ երիտասարդը կ՚ապրի ամէն տեղ, ամէն երկրի մէջ, նոյն ատեն քանի մը տեղ։ Վայրէն անկախ է։ Բազմաներկայ է, ազատ է ու առցանց է։ «Թուային թափառական» է։ Արեւմտահայ երիտասարդը թէ՛ գաղութին մաս կը կազմէ, թէ՛ անկախ է անկէ, թէ՛ ընտանիքին մէջ է եւ թէ անկէ շատ հեռու։ Այսպէս կոչուած «հայրենիք(ներ)» թէ՛ ունի, թէ չունի։ Թէ՛ պէտք ունի, թէ պէտք չունի։ Արեւմտահայ երիտասարդը ունի իր պայքարները, որոնցմէ քանի մը հատը ժառանգուած են, քանի մը հատը նորաստեղծ։ Բայց արեւմտահայ երիտասարդը նաեւ կեանք մը ունի՝ կեանքեր, իր այս պայքարներէն դուրս։ Օրը նոր է իրեն համար։ Արեւմտահայ երիտասարդը կը պատկանի իր ինքնութեան բաղադրիչներուն ո՛չ կուրօրէն, այլ կառչելով, սորվելով, հասկնալով, նորոգել ուզելով։
Հիմա կրնանք քանի մը խօսք ըսել այս ժամանակներուն մասին։ Չեմ գիտեր եթէ յիշեցնելու պէտք կայ, որ արհեստական բանականութեան դարն ենք։ 2024 թուականը կը մտնենք ա՛լ աւելի թուայնացուած, այլընտրանքային իրականութիւններու կարելի դարձած իրականութեամբ մը։ Ատենէ մը ի վեր զարգացող թուային աշխարհը օրէ օր տեղի կու տայ ա՛լ աւելի զարգացած բանականութիւններու։ Եւ ի՞նչ կը նշանակէ ատիկա։ Կը նշանակէ այլեւս կեղծ աստուածներու տեղ չկայ, սուտերու, շինծուութեան, միջակութեան տեղ չկայ։ Կարելիի դարն է ասիկա։ Արհեստական բանականութիւնը, անշուշտ, պիտի չկարենայ փոխել մարդ արարածը ու անոր բնազդը, սակայն, շատ արագ եւ ամէն օր կը փոխէ հասարակութիւնները եւ ընկերութիւնը։ Բոլոր յարաբերութիւնները ենթակայ են անոր։ Ուզենք կամ չուզենք, սիրենք կամ չսիրենք։ Քաղաքական տագնապներու, խորունկ վիհեր բացող համաշխարհային ճգնաժամերու դարն է նաեւ այս դարը, անցած են վարդագոյն երազներու ժամանակները՝ խաղաղութիւնը պատրանք մըն է, հաւասարութիւնը եւ ժողովրդավարութիւնը կարելի են միայն սահմանափակ վիճակներու մէջ, դրամը երթալէն աւելի սուղ է, հանգիստը կարելի է միայն գնել։
Ահաւասիկ այսպէս իրականութեան մը ընդմէջէն է, որ կու գայ վերի հարցումը։ Ի՞նչ կը սպասէ ժամանակակից արեւմտահայ երիտասարդը իր մամուլէն։ Մամուլը, բառին բոլոր իմաստներով՝ մանաւանդ ժամանակակից իմաստներով կը շարունակէ մնալ հաւաքականութեան մը ամենէն կարեւոր հրապարակը։ Մանաւանդ արեւմտահայ իրականութեան նման հաւաքականութեան մը համար, ուր ֆիզիքական հրապարակները գրեթէ գոյութիւն չունին… Մամուլը կը մնայ այն հարթակը, ուր տեղի կ՚ունենան գրեթէ բոլոր հանդիպումները։ Լրատուամիջոցները, ընկերային ցանցերը, համացանցային զանազան հարթակները եւ զանազան այլ միջոցները կենսական դեր մը ունին ժամանակակից հայ երիտասարդի կեանքին մէջ։ Այս դերին մէջ է, որ պէտք է մեր մամուլը ինքզինք վերագնահատէ, ինքզինք արժեւորէ եւ տեղաւորէ այս ցանցերուն կեդրոնը։ Առանց այսպէս ճիգի մը՝ մամուլը կը մնայ ու պիտի մնայ լուսանցքին, լաւագոյն պարագային։
Ի՞նչ է ուրեմն սպասուածը ճիշդ։ Նախ եւ առաջ եւ ամենէն կարեւորը ըլլալ ներկայ, ըլլալ ազդեցիկ, ըսելիք ունենալ։ Հասարակութիւնները՝ մանաւանդ արեւմտահայ հասարակութեան նման անդրազգային հասարակութիւն մը, մանաւանդ այս հասարակութեան երիտասարդները ըսելիք ունեցող մը կ՚ուզեն։ Ի՞նչ է խօսքը մեր մամուլին։ Ի՞նչ ըսելիք ունի մեր մամուլը այս քաոսային ու ճեպընթաց ժամանակներուն։
Ըլլալ արդիական, ըլլալ թուային, ըլլալ արագ։ Հասնելու համար բոլորին գրպաններու խելախօսներուն, բոլորին պաստառներուն, մեր մամուլը պէտք ունի ամէն ջանք թափելու։ Այս կը նշանակէ նաեւ խօսիլ սիրտերուն։ Հասկնալ երիտասարդները, ըմբոշխնել անոնց առօրեան, գիտնալ անոնց ուզածը։ Քայլ պահել արագ ու ամենօրեայ փոփոխութեան հետ։
Վերջապէս ըլլալ քննական, ըլլալ պրպտող ու գտնող, ըլլալ վերստին յայտնաբերող, վերիմաստաւորող ու ամենէն կարեւորը՝ ապակառուցող։ Քանդելու ունակ՝ այն ինչ որ պէտք է քանդուի։ Քարացածէն ու լերդացածէն դուրս գալու կարող, յանդուգն։
Այսպէս է սպասումը ժամանակակից արեւմտահայ երիտասարդին։ Ինք այս տեսակ մամուլ արդէն կը տեսնէ իր շրջապատին մէջ ամէն օր, ամէն վայրկեան։ Կը ցաւի, որ իր մամուլը այսպէս ըլլալու համար տակաւին ճամբայ ունի կտրելիք։ Բայց կը սպասէ, սպասումի մէջ է, անհամբեր է։ Չ՚ուզեր հեռանալ իր մամուլէն, հակառակը կ՚ուզէ տեսնել անոր յառաջընթացը, կ՚ուզէ դեր ստանձնել, կ՚ուզէ ձեռքէն եկածը ընել եւ, հաւատացէք, կ՚ընէ։ Ամէն օր նոր հարթակ մը կը ստեղծուի, նոր հրապարակ մը։ Այս առումով հարց չունին, անշուշտ, երիտասարդները, որոնք կրնան ամէն օր նոր բան մը ստեղծել։ Հարցը այն է, թէ ի՞նչ պիտի ընէ մամուլը՝ արդարացնելու համար երիտասարդներուն իրմէ սպասածը։
ՎԱՀԱԳՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/27/2024
- 11/27/2024