ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԼՈՅՍԵՐԸ ՄԻ՛ ՄԱՐԷՔ…

Նոր տարի է դարձեալ… բայց ի՞նչ Նոր տարի… Թուականնե՞րը կը փոխուին… Աշխարհը տարի՞ մըն ալ կը ծերանայ…

Իսկապէս ի՞նչ կը բերէ Նոր տարին… նոր յոյսե՞ր, նոր երազնե՞ր, նոր ծնունդնե՞ր, նոր բացականե՞ր, թէ նոր պատերազմներ… Բայց այս տարին այդ բոլորին հետ բերաւ երկու ծառ՝ երկու Կաղանդի ծառ, երկու յոյսը մարած տուներու։ Սրտաբեկ մօր մը ու սպասող փոքրիկի մը համար բերաւ նոր յոյս։ Հակառակ աշխարհի անկայուն վիճակին, այս երկու տուներուն համար Նոր տարին լուսաւորուեցաւ ծառէն կախուած լոյսերով եւ ամենակարեւորը՝ ծառերու գագաթներու աստղերով…

Սրտաբեկ վշտահար մայր մըն էր, որ իր որդիին գերեզմանին վրայ գլուխը դրած կու լար… Փոքրիկ Կաղանդի ծառ մը զետեղուած էր գերեզմանին վերեւը եւ փայլփլուն թուղթերու մէջ փաթթուած նուէրներ։ Որո՞ւն համար էր ծառը՝ հող դարձած որդիի՞ն, թէ պարզապէս սփոփանք էր մօր համար։

Մօրս հետ մօտեցանք ողբացող մօր։

-Ա՜խ, տղաս, միայն քսանմէկ տարի ապրած սիրտդ ինչպէ՞ս դադրեցաւ փափախելէ, այդքա՜ն երիտասարդ… սպասէիր, նախ զիս թաղէին… ինչո՞ւ սիրտս չտուին քեզի… մի կարծեր, թէ ես կ՚ապրիմ, քու սրտիդ հետ իմ սիրտս ալ դադրած է փափախելէ…

Քսանմէկ տարեկան տղան թաղած էր անծանօթ տիկինը, որ ինչպէս հասկցանք ի ծնէ սրտի արատ ունէր։ Բայց մօր մը համար ի՞նչ կարեւոր էր ատիկա… Ան իր տղան թաղած էր…

-Տիկին, հարցուց մայրս, իսկ ուրիշ զաւակ ունի՞ս։

-Այո, հեկեկաց, տղայ մըն ալ ունիմ։

-Իսկ տունը ծառ զարդարա՞ծ ես։

-Որո՞ւ համար զարդարեմ, ինչպէ՞ս կրնամ ծառ դնել տունը։

-Որո՞ւ համար… Միւս տղուդ համար։ Մեղք չէ այդ տղադ։ Եկած ես մեռածը ուրախացնելու, երբ անդին ողջ տղադ լքած ես։ Տուն գնա, գեղեցիկ ծառ մը զարդարէ, ողջ տղուդ համար նուէրներ առ ու ծառին տակ դիր, Նոր տարուան օրով ողջ տղադ ուրախացուր. ասոր համար հոգեհանգիստ ըրէ, իրեն հոգեհանգիստ, խունկ ու աղօթք պէտք է։ Բայց նաեւ աղօթէ, որ Աստուած այս տղադ պահէ, առողջութիւն, յաջողութիւն տայ, իր ուրախ օրերը տեսնես։ Ելի՛ր տիկին, ելի՛ր, քեզ տուն հասցնենք։

Եւ մեզի բոլորովին անծանօթ տիկինը հազիւ բաժնելով որդւոյն գերեզմանէն, թեւերէն անցած հասանք իր տունը, որ տղուն գերեզմանի ճոխութեան ճիշդ հակառակ պատկերը ունէր։ Ցուրտ էր, շունչ չկար, վարագոյրները գոց, ամէն կողմ փոշի… Կարծես տարիներով մարդ չէր ապրած։

-Իսկ ո՞ւր է տղադ, հարցուց մայրս։

-Ընկերներուն հետ, հազիւ տուն կու գայ, առտու կ՚երթայ, գիշերը ուշ կու գայ, կարծես քէնցած է տունին հետ ալ, իմ հետս ալ։

-Անշուշտ, ըսաւ մայրս, բաց վարագոյրները, կարգի բեր տունդ, Կաղանդի ծառը զարդարէ, Կաղանդի անուշեղէններ պատրաստէ, թող կեանքը ետ մտնէ տունէդ ներս ու տես, թէ ինչպէ՛ս կը բացուի նաեւ տղուդ սիրտը։ Այցելէ այդ տղուդ, բայց ապրէ այս տղուդ համար։

-Տիկին, Աստուած ղրկեց քեզ, այս երրորդ տարին է արդէն եւ ես մխիթարութիւն չեմ գտներ։ Ինչո՞ւ չեմ մտածած ողջ տղուս համար ապրիլ։ Ինչո՞ւ լքած էի այս մէկը, չէ՞ որ սա ալ սրտիս մէկ զարկն է։ Այս գիշեր իսկ պիտի զարդարեմ տունս, թող Կաղանդի լոյսերը վառին, թող Ծնունդի աստղը փայլի եւ տղաս տուն առաջնորդէ։ Ես ունիմ ողջ-առողջ տղայ մըն ալ, որուն դիմաց մեղք գործած եմ՝ լքելով զինք։ Դուն հրեշտակ մըն ես տիկին, ինչո՞ւ չէի մտածած այս տղուս մասին։ Այսօր իսկ պիտի վառեմ Կաղանդի ծառիս լոյսերը…

*

-Մամ, մանկապարտէզը Կաղանդի ծառ զարդարեցինք, թուղթով խաղալիքներ պատրաստեցինք, Նոր տարուան երգեր կը սորվինք, իսկ մենք ինչո՞ւ Կաղանդի ծառ չունինք։ Ընկերներս բոլորը ունին։ Մեր ուսուցչուհին ըսաւ, որ երբ Յիսուս Մանուկը ծնաւ աստղ մը երեւցաւ երկինքին վրայ ու ցոյց տուաւ, թէ ո՛ւր ծնաւ Յիսուս Մանուկը։

Արդար էր փոքրիկ Գայիանէի բողոքը։ Առաջին տարին էր, որ մանկապարտէզ յաճախած էր եւ Կաղանդի ծառ տեսած։ Ընկերները ծանօթ էին Կաղանդի ծառին եւ իւրաքանչիւրը կը պատմէր իր տան ծառին, լոյսերուն եւ զարդարանքներուն մասին։ Իսկ անուշիկ Գայիանէն շուարած ու նեղուած մէկ կողմ կեցած էր՝ պահ մը կ՚ուրախանար ծառին գոյնզգոյն խաղալիքներով ու լոյսերով, պահ մը կը տխրէր, որ ինչո՛ւ իրենք չունէին այսպիսի ծառ մը։

Ամուսինին մեկնումէն ետք, Հռիփսիմէն՝ Գայիանէին մայրը, չէր ալ մտածած Կաղանդի ծառի մասին։ 44-օրեայ պատերազմին մասնակցած ամուսինը այդպէս ալ չէր վերադարձած Արցախէն, անհետ կորսուածներու ցանկին մէջ էր, ո՞ղջ էր, թէ մեռած… Ո՛չ կրնար սգալ անոր մահը, ո՛չ կրնար ուրախանալ, թէ ողջ էր, բայց յոյսը չէր կտրած ու կը սպասէր, որ պիտի գար եւ այդ տարին ծառը միասին պիտի զարդարէին…

Ինչպէս բացատրէր այս բոլորը չարէն ու պատերազմէն անտեղեակ իր անմեղ ձագուկին, որ հայրը նոյնիսկ չէր ճանչնար, հազիւ քանի մը ամսուան էր, երբ պատերազմը սկսած էր եւ շատ չանցած արդէն ո՛չ հովերը ու ոչ ջուրերը լուր կը բերէին։ Փոքրիկ Գայիանէն գիտէր, որ նկարին մէջ զինք գրկող մարդը իր հայրն էր, որուն երբեք պապա չըսաւ։ Բայց իր փոքրիկ ուղեղին մէջ չէր տեղաւորուեր, թէ եթէ հայրը չկայ, ուրեմն Կաղանդի ծառ ալ պիտի չունենային։ Բայց հայրը կար, նկարին մէջն էր եւ ամէն անգամ, որ տան զանգը հնչէր՝ ինք այդ նկարը պճըլիկ թաթիկներով բռնած կը վազէր դուռը բանալու ու կը ստուգէր, եթէ եկողը նման է նկարին մէջ զինք գրկող «պապա»յին։

-Մամա, ինչ կ՚ըլլայ, մենք ալ ծառ դնենք, թերեւս պապաս տեսնէ աստղը ու տուն գայ…

ԱՆՈՅՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Երուսաղէմ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 30, 2023