ԱՆԱՐԳԵԼ ԸՆԹԱՑՔԸ ԿԵԱՆՔԻՆ

Կեանքը անարգել եւ անզուսպ ընթա՛ցք մըն է՝ որ կը սուրայ եւ չես գիտեր, թէ ո՛ւր կ՚երթայ եւ թէ ե՛րբ կանգ պիտի առնէ։ Կեանքը անծանօթ, անորոշ գնացք մըն է, եւ մարդ կը կարծէ, թէ ի՛նք ուղղութիւն կու տայ անոր, բայց կեա՛նքն է, որ կ՚որոշէ մարդուն նպատակակէտը այդ ընթացքին մէջ։ Կ՚ըսուի, թէ՝ մարդ կը ծրագրէ, եւ Աստուած կը ծիծաղի…։ Արդարեւ մարդուս ծրագիրը աւելի գործադրելի չէ, քան աստուածային ընդհանուր ստեղծագործութեան մեծ ծրագի՛րը։ Եւ այս կը նշանակէ, թէ մարդ որքան ալ ծրագրէ, ի վերջոյ իր ծրագիրը կախում ունի աստուածային ստեղծագործութեան մեծ եւ ընդհանուր ծրագրէն։

Կեանքը այն ժամանակամիջոցն է, որ անդիմադրելի հոսանքի մը նման կը յառաջանայ, զոր կարելի չէ որ զայն կասեցնէ ո՛չ մարդկային որեւէ ուժ, գիտութիւն, գիւտեր, հարստութիւն, գանձեր, որեւէ ահարկու հնարք, եւ ո՛չ անպարտելի ուժ. ուստի ամէն զօրութիւն, ամէն ուժ ստիպուած եւ պարտադրուած է համակերպիլ եւ հպատակիլ այդ ընթացքին։

Ամէն ուժ ստիպուած է խոնարհիլ կեանքի ընթացքին եւ գնացքին առջեւ։ Գեղեցկութիւն, թարմութիւն, զօրութիւն, նորութիւն անպայմա՛ն պիտի ազդուին անոր մոգական հպումէն։ Կեանքի ընթացքը կ՚որոշէ եւ կը կանոնաւորէ ամէն վիճակ, ամէն իրադարձութիւն՝ որուն ենթակայ է մարդ իր ամբողջ էութեա՛մբ։

Արդարեւ, մարդ որքան ալ մխրճուած եւ տարուած ըլլայ բազմազբաղ կեանքի մը կատաղի եւ անողորմ պայքարին մէջ, եւ որքան ալ վարժ ու փորձառու ըլլայ իմաստասիրելով կամ բարոյագիտօրէն մտածելով մօտենալու կեանքի հարցին, կու գայ ժամանակ մը, երբ պահիկ մը կանգ կ՚առնէ խորհելու, խորհրդածելու համար տարի՜ներուն անարգել, անսանձ եւ անզուսպ յառաջխաղացութեան մասին, որ իր անսրբագրելի եւ անջնջելի դրո՛շմը կը դնէ սկիզբ ունեցող ամէն իրողութեան վրայ։

Մարդկային միտքը՝ որ տեւապէս պատճառաբանելու, պրպտելու՝ մանրամասնօրէն եւ ուշադրութեամբ փնտռելու է կոչուած, ընդհանրապէս ընդհանուր խորհրդածութիւններէ աւելի՝ յատուկ եւ կողմնակի մտածումներու առիթ կու տայ եւ պատճառաբանելու դուռը կը բանայ, եւ մարդուս միտքը կ՚երթայ բաւական հեռաւո՜ր անցեալին՝ երբ ընտանեկան եւ ընկերային-բարեկամական ստուար խումբի մը ներկայութիւնը կեանքին մեծագոյն քաղցրութիւնը, անուշութիւնը կը պարգեւէր, եւ որ սակայն այսօր, ներկայիս կը պարզէ «թշնամիին ահաւոր կրակին ենթարկուած վաշտի մը անգթօրէն անօսրացած վիճակ»ը։

Կեանքի ընթացքը որքան որ կարելի չէ՛ որոշել մարդուն համար, բայց կրթութեամբ եւ դաստիարակութեամբ՝ աշխատանքով կարելի է մասամբ միջամտել անոր։ Ուստի ամէն անոնք որ կրթութեան եւ դաստիարակութեան նուիրական գործին մէջ դեր ունեցած են՝ «վեհագոյն աշխատաւորներ» պէտք է համարել՝ նախակրթարանի վարժուհիէն սկսեալ եւ անշո՛ւշտ այն՝ որ առաջին կրթութիւնը կու տայ մանուկին՝ ապագայ մարդուն, մա՛յրն է՝ այն նուիրական եւ քաղցր անձը, որ գրեթէ գործակիցն է Աստուծոյ, Արարիչին եւ Նախախնամին, եւ որ ինքն ալ կը ծնի եւ մինչեւ վերջ կը հոգայ, կը խնամէ իր ծնածը՝ իր որդին։

Եւ մարդ, այդ կեանքի անարգել ընթացքին մէջ կը յիշէ եւ կը փնտռէ պատանեկութեան ոգեւոր եւ խանդավառ տարիներուն դերակատարները, հերոսները, ընդհանրապէս համեստ գիտութեան տէր եւ կամ ուսեալ՝ բանաստեղծ, գրագէտ, գիտնական, բեմբասաց, հրապարակագիր եւ կամ դիւանագէտ՝ իրական «հերոս»ներ՝ որոնք խանդոտ երեւակայութիւններու առջեւ բարձր պատուանդաններու վրայ վեհօրէն կանգնած «կիսաստուած»ներ կը թուէին, եւ որոնք այսօր անցեր գացեր եւ անհետացեր են, եւ եթէ բոլորովին չեն մոռցուած, չե՛ն մոռցուիր, հազիւ ուրեմն կը յիշուին անոնք։

Յետադարձ այս հապճեպ ակնարկէն յետոյ, որ մարդուն հոգին տեսակ մը թախծութեամբ կը համակէ, մարդ կը նայի դէտի յառաջ եւ կը ջանայ երեւակայել եւ պատկերացնել վաղը, երբ իր ֆիզիքական եւ իմացական ուժերը աստիճանաբար պիտի լքեն զինք։

Ուստի, մարդ կը հարցնէ ինքնիրեն, թէ ինչպէ՞ս պէտք է դիմաւորել այդ անխուսափելի իրականութիւնը։ Արդարեւ, իմաստուն եւ հեռատես է այն անձը՝ իրատես է եւ կ՚ընդունի իրականութիւնը, քանի որ կեանքի ընթացքին միջամտել, արգելք ըլլալ կարելի չէ՝ «հոսանքին դէմ թիավարել»ու կամ «սանդին մէջ ջուր ծեծել»ու նման ապարդիւն ջանք մըն է անիկա։

Եւ դարձեալ խոհեմ է այն մարդը՝ որ իր այսօրուան շահէն բան մը կը խնայէ, բան մը մէկդի կը դնէ իր ապագայ անաշխատ տարիներուն համար։

Այդ պահեստը ո՛ւժ մը, զօրաւոր յենակ մը կ՚ըլլայ խոհեմ մարդուն՝ որ պահանջքը պիտի զգայ ուժի, մխիթարութեան եւ ապահովութեա՛ն։

Իմաստուն եւ հեռատես է այն անձը, որ գիտէ, թէ վաղը պիտի չըլլայ այսօրուան պէս եւ կը մտածէ արարքներու մասին, որոնք իր ծերութեան օրերուն պահեստի «դրամագլուխ»ի մը դերը պիտի կատարեն, եւ երբ ետ նայի իր անցեալին վրայ, հրճուանքով պիտի տեսնէ, թէ իր կեանքը լոկ մսխում մը չէ՛ եղած, այլ ունեցած է արժէ՛ք մը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունուար 27, 2018, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Յունուար 31, 2018