ՏԺՎԺԻԿ
Նկատի ունենալով, որ այսօր արձակագիր Ատրպետի ծննդեան օրն է, անհնար է չանդրադառնալ անոր գլուխ գործոց պատմուածքներէն «Տժվժիկ»ին, որ դար մը ետք կը շարունակէ պահել իր այժմէականութիւնը՝ իր մէջ ամփոփելով ժամանակակից հասարակութեան հոգեբանութիւնը:
Ամէն հայ գոնէ մէկ անգամ պէտք է կարդայ Ատրպետի «Տժվժիկ» պատմութիւնը. բազմատասնեակ էջեր չունի. ընդամէնը 2-3 էջի սահմաններու մէջ արձակագիրը կը յաջողի ստեղծել պատմուածք մը, որ կրնայ դարեր յիշուիլ: Կարդալու հանդէպ սէր չունեցողը կրնայ ժապաւէնը նայիլ, որ ընդամէնը 21 վայրկեան տեւողութիւն ունի. առաջին անգամ ցուցադրուած է 21 օգոստոս 1962-ին, որոնց մէջ դեր ստանձնած են անուանի հայ դերասաններ Հրաչեայ Ներսիսեանը, Ցոլակ Ամերիկեանը, Գէորգ Ստամպուլցեանը, Զարեհ Տէր-Կարապետեանը, Արման Կոթիկեանը եւ ուրիշներ:
Տժվժիկի ամփոփ պատմութիւնը հետեւեալն է. մեծահարուստ Նիկողոս Աղան տնանկ Ներսէս Ախպոր «Տժվժիկ» եփելու համար միս կը «նուիրէ», սակայն ամէն յարմար առիթին, բոլորի՛ն առջեւ կը յիշեցնէ այդ «բարերարութեան» դէպքը ու մարդոց դիմաց կը նուաստացնէ Ներսէս Ախպոր արժանապատուութիւնը, մինչեւ որ օր մը Ներսէս Ախպար չդիմանալով կը քնէ «Տժվժիկ»ի միսը ու Նիկողոս Աղայի երեսին կու տայ...:
Ա.- Ընկերային կեանք.- «Տժվժիկ» պատմուածքը սկիզբ կ՚առնէ հետեւեալ տողերով.- «Շա՜տ տարիներ առաջ Էրզրումի մէջ կ՚ապրէր տնանկ Ներսէս Ախպարն ու մեծ կարողութեան տէր Նիկողոս Աղան»: Այս տողերով պարզ կը դառնայ արձակագիրի քաղաքական դիրքորոշումները, որ համայնավարութիւնն է: Ընդհանրապէս արեւմտահայ, մասնաւորաբար պոլսահայ գրողներու մօտ ակնյայտ է տրտունջն ու բողոքը ընկերային կեանքի անհաւասարութեան. նոյն շրջանին, հաւանաբար նոյնիսկ նոյն թաղամասին մէջ անձ մը ապրի տնանկ, իսկ ուրիշը շռայլ ճոխութեան մէջ. անոնք այս արդար տրտունջը կը բարձրացնէին, որովհետեւ գիտէին, թէ այդ մէկը աշխատասիրութեան հետ կապ չունի. հաւանաբար Ներսէս Աղբար շա՜տ աւելի կ՚աշխատէր քան Նիկողոս Աղան: Այդ մասին կը վկայէ նաեւ արձակագիրը, յիշելով Ներսէս Ախպոր նախկին հարստութիւնն ու ունեցած ձախորդութիւնները, որոնք զինք բերած ու հասցուցած էին աղքատութեան:
Այսօր նոյնը չէ՞ աշխարհի պարագան. նոյն ընկերութեան մէջ ապրող երկու անհատ իրար հակոտնեայ կեանք մը կ՚ապրին. օրինակ՝ Հնդկաստանի մէջ մարդիկ ցայսօր սովի ու ծարաւի պատճառով կը մահանան, մինչ հնդիկ մեծահարուստներէն մին իր կնոջ նուէր կ՚ընէ լուսնի վրայ «հողամաս»՝ մեծամեծ գումարներու դիմաց լուսնի վրայ անշարժ գոյք գնած ըլլալու համոզումով...: Այսօր մեր շուրջ են թէ՛ Ներսէս Ախպարները եւ թէ՛ Նիկողոս Աղաները, առաջինները մի՛շտ յետին, իսկ վերջինները մի՛շտ առաջին տեղերը, որովհետեւ դրամը մարդու արժէքը եւս կը «բարձրացնէ»:
Բ.- Արժանապատուութիւն.- «Խեղճ էր, աղքատ էր Ներսէս Ախպարը, դրացիներու, բարեկամներու նպաստներուն կարօտ, բայց երբեք չէր մուրացած, երբեք չէր զիջած ողորմութիւն խնդրելու եւ ուրիշներուն մուննաթներով չէր ապրած»: Ներսէս Ախպար մուրացկան դառնալու ամէ՛ն պատրուակ ունէր. անոր կարաւանները Պոլսոյ եւ Դամասկոսի ճամբու ընթացքին գողցած էին, անոր նաւերը Սեւ ու Միջերկրական ծովերուն մէջ ծովահէններու ձեռք անցած էր, ոչխարներու հօտը ամբողջութեամբ գողցած տարած էին, իսկ քաղաքին մէջ ունեցած ապրանքներու մթերանոցը հրդեհած էին: Արձակագիրը կը յայտնէ, թէ Ներսէս Ախպար «այնպէս յուսահատած էր, որ ամէն բան՝ ապրիլը, կեանքը աչքէն ինկած էր, զզուած էր չարասիրտ դրացիներէն եւ տանջուելով կը քաշքշուէր»:
Մեր ընկերութեան մէջ դժբախտաբար մուրացկան ու աղքատ բառերը գրեթէ նոյնացած են, սակայն անհերքելի փաստ է, որ ամէն մուրացկան աղքատ չէ, եւ ամէն աղքատ՝ մուրացկան: Մեր մեծահարուստները շատ անգամ կ՚ապրին «թող ուզեն կու տամ»ի հոգեբանութեամբ եւ գրեթէ անոնցմէ ուզողները բուն աղքատները չեն ըլլար, այլ անոնք՝ որոնք շահասիրութենէ մղուած «աղքատ»ներ դարձած են:
Սփիւռքի մէջ ապրած ըլլալով մեզի համար խորթ էր տեսնել հայ պոռնիկ... հայ մուրացկան. կը յիշեմ այն թախիծը, որ ունեցայ, երբ տեսայ 78 ամեայ հայ պառաւ մը հացի դրամ կը խնդրէր ա՛յն հարուստ անցորդներէն, որոնք անտարբերութեամբ իրենց ճամբան կը շարունակէին, առանց կարեւորութիւն տալու խնդրանքին:
Գ.- Ինչ որ ցանես այդ չե՛ս հնձեր.- Արձակագիրը Ներսէս Ախպոր հոգեկան վիճակը հետեւեալ տողերով կը ներկայացնէ. «Խեղճ Ներսէս, կ՚ըսէր իր միտքէն, կար ժամանակ երբ հարիւրաւոր աղքատներ, կարօտեալներ, թշուառներ եւ օտարականներ քու հովանիիդ տակ պատսպարան կը գտնէին, կ՚ուտէին, կը խմէին, կը կշտանային, կը հագուէին եւ կը ծածկուէին եւ իրենց ճամբան կը շարունակէին, հարիւրաւոր կարօտեալներու գործ կը ճարէիր եւ դուռիդ առջեւ ընտանիքներ կ՚ապրեցնէիր, ամէն մէկ դրացիիդ, ծանօթիդ ու անծանօթիդ օգնութեան կը հասնէիր եւ ոչ մէկէն երախտագիտութեան նշան պահանջել անգամ միտքովդ չէր անցներ...»: Դժբախտաբար սխալ է այն խօսքը, որ մարդ ի՛նչ ցանէ այդ է որ կը հնձէ. թէ՛ Ատրպետի եւ թէ հին աշուղներու երգերու հիման վրայ պարզ կը դառնայ, թէ դարեր առաջ եւս գոյութիւն ունէր այն թշուառ երեւոյթը, որ հարուստը շա՜տ բարեկամ, իսկ աղքատը ո՛չ ոք կ՚ունենայ: Ճիշդ այդ պատճառով է, որ մեր նախնիները ըսած են, թէ ճշմարիտ բարեկամը նեղութեան ժամանակ կը յայտնուի:
Մերօրեայ մեծահարուստներուն շուրջ եւս բազմաթիւ են քծնող-շողոքորթները, որոնք իրենց շահերուն համար կուռք կը դարձնեն մեծահարուստը, որ օր մը երբ նեղութեան մէջ յայտնուի անոնցմէ ո՛չ ոք իր շուրջ պիտի գտնէ: Հայրիկս կը պատմէր Աղա Կարապետին մասին, որ հարուստ եղած ժամանակ հանդիսութիւններուն առաջին շարքերը մի՛շտ իրեն տրամադրուած էր, սակայն սնանկանալէ ետք սկսան կա՛մ հանդիսութիւններու չհրաւիրել եւ կամ ամենայետին շարքերը նստեցնել զինք...:
Հաւանաբար կարիքը չունենաք կարդալու եւ կամ դիտելու «Տժվժիկ»ը, որովհետեւ մեր կեանքը ամբողջութեամբ նո՛յն ներկայացումն է. նիւթն ու նպատակը նոյնը՝ դերակատարները տարբեր:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ԱՏՐՊԵՏ
(1860-1937)
Մեր թուականէն 162 տարիներ առաջ՝ 31 յունուար 1860-ին, Կարսի մէջ ծնած է գրող, արձակագիր, հասարակական գործիչ եւ Խորհրդային Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ Ատրպետ (բուն անունով Սարգիս Մուպայաճեան):
Ատրպետ իր նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի կաթոլիկներու վարժարանէն ներս եւ ապա մեկնած Պոլիս, շարունակելու համար իր ուսումը: Դպրոցական ուսումը աւարտելէ ետք, 1880 թուականին գիւղաքաղաքներու մէջ սկսած է զբաղիլ ուսուցչութեամբ. մի քանի տարիներ ետք՝ 1895 թուականին կուսակցական անդամ ըլլալուն համար ձերբակալուած ու աքսորուած է Ռոստով: Ատրպետ բանտարկութենէն ազատ արձակուելէ ետք մեկնած է Թաւրիզ, ուր սկսած է հրատարակել «Ապագայ» թերթը:
Ատրպետ իր գրութիւններուն մէջ հիմնականին ներկայացուցած է պատմական Հայաստանի գիւղական կեանքն ու բարքերը եւ իր գրականութեան մէջ լայն տեղ տուած՝ հայ ազատագրական պայքարին. անոնցմէ են «Ալմաստ» (1891) եւ «Պաշտպան հայրենեաց» աշխատութիւնները: Ան յաճախ անդրադարձած է իր քաղաքական մտածողութեան: Ատրպետ գրած է պատմուածքներ, որոնցմէ ամենէն յայտնին է «Տժվժիկ»ը, որու հիման վրայ նկարահանուած է նաեւ ժապաւէն:
Գեղարուեստական գրականութեան կողքին Ատրպետ գրած է նաեւ պատմական եւ բանասիրական հետազօտութիւններ, ինչպէս նաեւ հրապարակախօսական յօդուածներ. ինչպէս՝ «Հայ թագաւորներու եւ քաղաքներու դրամները նախնական ժամանակներից մինչեւ Տրդատ», «Հողատիրութիւնը Կովկասի մէջ» եւ այլ աշխատութիւններ: Ատրպետի գրութիւններէն շատեր լոյս տեսած են թերթերու մէջ. ան իր առաջին վէպը՝ «Խեւ Կարապետ»ը սկսած է առաջին անգամ հրատարակել «Մուրճ» ամսագիրի էջերուն մէջ:
Ատրպետ մահացած է 27 մայիս 1937-ին, Կիւմրիի մէջ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/29/2024
- 11/29/2024