ԿԵԱՆՔԸ ԼԱ՛Ւ ՏՆՏԵՍԵԼ

Կեան­քը, մար­դուս տրուած «ա­ռիթ» մըն է եւ ա­ռիթ­ներ կ՚ար­դիւ­նա­ւո­րուին, նպա­տա­կին կը ծա­ռա­յեն, երբ լաւ տնտե­սուին, նպա­տա­կա­յար­մար օգ­տա­գոր­ծուին։ Ուս­տի ա­ռիթ­նե­րը մի­ջոց­ներ են՝ նպա­տա­կի հաս­նե­լու եւ ու­րեմն մի­ջո­ցը պէտք է նպա­տա­կա­յար­մար կեր­պով գոր­ծա­ծել, նպա­տա­կին հաս­նե­լու եւ լա­ւա­գոյն ար­դիւն­քը ձեռք ձգե­լու հա­մար։ Պարզ կեր­պով բա­ցատ­րել ջա­նանք, սի­րե­լի՜ ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­ներ։ Զոր օ­րի­նակ, մէ­կը իր գրա­դա­րա­նին մէջ ու­նի բազ­մա­թիւ գիր­քեր, բայց երբ ա­նոնք չկար­դայ, չօգ­տա­գոր­ծէ եւ պա­հան­ջուած տե­ղե­կու­թիւն մը, գի­տե­լիք մը չփնտռէ ա­նոնց մէջ, այ­լա­պէս ի՜նչ կ՚ար­ժէ այդ գիր­քը ու­նե­նալ գրա­դա­րա­նին մէջ։ Եւ կեան­քի մէ­ջէն կա­րե­լի է օ­րի­նակ­նե­րը բազ­մա­ցեալ այս մա­սին…։

Ընդ­հան­րա­պէս կեան­քի հա­մար ալ կա­րե­լի է ը­սել նոյ­նը. մարդ երբ իր կեան­քը լաւ չվա­րէ, լաւ չտնտե­սէ, կեան­քէն իր սպա­սած բա­րիք­նե­րուն չի կրնար տի­րա­նալ, ակն­կա­լ­ուած նպա­տա­կին չի կրնար հաս­նիլ։

Եւ ան­շուշտ, մար­դուս կեան­քին մէջ նիւ­թա­կա­նը՝  դրա­մը կա­րե­ւոր եւ նոյ­նիսկ անհրա­ժեշտ տեղ մը կը գրա­ւէ։ Մինչ­դեռ «բա­րե­պաշ­տու­թեան սո­վո­րա­կան դար­ձած ըմբռ­նում» մը՝ կա­նո­նի վե­րա­ծուած հա­մո­զում մը կը պար­տա­ւո­րէ ձեռն­թափ մտքի եւ մարմ­նոյ այն ա­մէն զբա­ղում­նե­րէն՝ ո­րոնք կեան­քի նիւ­թա­կան հաս­կա­ցո­ղու­թեան կը վե­րա­բե­րին։ Այ­սինքն՝ բա­րե­պաշտ ըլ­լա­լու հա­մար նիւ­թա­կա­նէն հե­ռու մնալ, նիւ­թը մեր­ժել կը յանձ­նա­րա­րուի ընդ­հան­րա­պէս։

Ա­սի­կա, կեան­քի ընդ­հա­նուր պայ­ման­նե­րուն մէջ՝ ան­կեղ­ծու­թեան եւ ան­մե­ղու­թեան ա­նուն­նե­րով քօ­ղար­կուած կեղծ բա­րե­պաշ­տու­թեան մը ար­տա­յայ­տու­թիւնն է, որ բո­լո­րո­վին կը հա­կա­սէ կեան­քի ճշմար­տու­թիւն­նե­րուն եւ մա­նա­ւանդ կեան­քի նպա­տա­կին։

Տա­րօ­րի­նակ է մարդ էա­կէն պա­հան­ջել՝ բո­լո­րո­վին հե­ռու մնալ նիւ­թէն-նիւ­թա­կա­նէն, քա­նի որ մար­դը կազ­մող էա­կան տար­րե­րէն մին է՝ նիւ­թը, մար­մի­նը՝ որ գո­յա­պահ­պա­նուե­լու եւ գո­յա­տե­ւե­լու հա­մար ան­մի­ջա­կան պա­հան­ջը ու­նի նիւ­թին, նիւ­թա­կա­նին։ Մարմ­նին սնուն­դը՝ ու­տե­լի­քը նիւթ է եւ նիւ­թա­կա՛ն։ Ու­րեմն մար­մի­նը պահ­պա­նե­լու հա­մար «նիւթ»ն ալ, նիւ­թա­կանն ալ անհ­րա­ժե՛շտ է։

Ա­սի­կա ո՛ր­քան բնա­կան պա­հանջք մը՝ նոյն­քան բա­նա­ւոր ըմբռ­նում մը, ըն­թացք մըն է կեան­քին հա­մար։

Մարդ­կա­յին միտ­քը ընդ­հան­րա­պէս հան­դարտ եւ հե­տե­ւա­պէս յա­տուկ հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ մը կ՚անդ­րա­դառ­նայ ա­ւե­լի հե­ռա­կայ քան թէ մօ­տը գտնուած ի­րի մը վրայ, ա­ւե­լի ան­ցեալ քան թէ ներ­կա­յա­պէս կա­տա­րուող դէպ­քե­րու վրայ։ Բնա­կան ե­րե­ւոյթ մըն է ա­սի­կա։ Այս ի­րո­ղու­թե­նէն է, որ մարդ միշտ ա­ւե­լի ցաւ կը զգայ իր կորսնցու­ցա­ծին վրայ. մարդ իր աչ­քին առ­ջեւ, ձեռ­քին տակ ու­նե­ցած ո­րե­ւէ ա­ռար­կա­յի մա­սին այն­քան չի մտա­հո­գուիր քան երբ զա­նոնք կորսնց­նէ՝ հե­ռա­նան աչ­քէն եւ ձեռ­քէն։ Ու­րեմն մարդ էա­կին հա­մար կա­րե­ւո­րը «տե­սա­նե­լի» եւ «շօ­շա­փե­լի» ըլ­լալն է ո­րե­ւէ ար­ժէ­քի, ո­րե­ւէ ա­ռար­կա­յի։

Ուս­տի, մարդ, երբ կ՚ու­զէ ո­րե­ւէ բա­նի վրայ ու­շադ­րու­թեամբ մտա­ծել, ինք­նա­բե­րա­բար կը գո­ցէ իր աչ­քե­րը։ Խոր­հիլ տա­լու սո­վո­րա­կան ե­ղա­նակ մըն է ա­սի­կա, ինչ որ մարդ բնազ­դա­բար կ՚օգ­տա­գոր­ծէ։

Այս սկզբուն­քով, ա­հա­ւա­սիկ, երբ ու­սում­նա­սի­րել փոր­ձենք նիւ­թը, նիւ­թա­կա­նը, կը տես­նենք, թէ ա­նի­կա, նախ «մի­ջոց» մըն է՝ ա­ռար­կայ մը, որ ա­ռանց ա­նոր կա­րե­լի չէ հաս­նիլ «նպա­տակ»ին։ Եւ ու­րեմն, ինչ­պէս կեան­քի բո­լոր պա­րա­գա­նե­րուն, հոս ալ հար­ցը «չա­փա­ւո­րու­թեան», մի­ջո­ցը կամ ա­ռար­կան նպա­տա­կա­յար­մար կեր­պով կա­րե­նալ օգ­տա­գոր­ծե­լու, լաւ կա­րե­նալ տնտե­սե­լու հարց մըն է։

Ա­ւե­լի մաս­նա­ւո­րե­լով, ը­սենք դրա՛­մը, երբ բա­րի նպա­տակ­նե­րու գոր­ծա­ծուի բա­րի եւ օգ­տա­կար մի­ջոց մը, ա­ռար­կայ մըն է։ Այս ի­մաս­տով, հո­սան­քի դէմ թիա­վա­րե­լու ա­պար­դիւն յոգ­նու­թիւ­նը կը ստանձ­նեն ա­նոնք, որ կ՚ու­զեն փրցնել, խլել դրա­մի սէ­րը մար­դուն սրտէն, եւ կը նմա­նին ա­նոնք օ­դին դէմ պա­տե­րազ­մող­նե­րու, ո­րոնք ո՛­չինչ կ՚ը­նեն եւ միայն ի­րենց յոգ­նու­թիւ­նը ցոյց կու տան ի­րենց շուր­ջին­նե­րուն եւ կը սպա­սեն, որ հե­րոս հռչա­կուին բո­լո­րէն…։

Այս իսկ պատ­ճա­ռով է որ կեան­քը պէտք է լաւ տնտե­սել, ա­ռիթ­նե­րը, մի­ջոց­նե­րը, ա­ռար­կա­նե­րը տե­ղին պէտք է օգ­տա­գոր­ծել։ Ուս­տի ո­րե­ւէ ա­ռար­կայ ինք­նին ո՛չ չար է եւ ո՛չ ալ բա­րի, ո՛չ վնա­սա­կար է եւ ո՛չ ալ օգ­տա­կար, գործ­նա­կա­նօ­րէն «չէ­զո՛ք» է, ա­նոր ըն­թաց­քը եւ հան­գա­ման­քը կ՚ո­րո­շէ զայն գոր­ծա­ծո­ղը, ա­ւե­լի ճիշդ է ը­սել՝ զայն գոր­ծա­ծո­ղին նպա­տա­կը. ե­թէ ա­ռար­կան բա­րի նպա­տա­կի հա­մար գոր­ծա­ծուի՝ բա­րի՛ է, իսկ ե­թէ չար նպա­տա­կի մը հա­մար օգ­տա­գոր­ծուի՝ չա՛ր։ Նոյն­պէս՝ օգ­տա­կար կամ վնա­սա­կար կրնայ ըլ­լալ ո­րե­ւէ ա­ռար­կայ, զայն գոր­ծա­ծո­ղին նպա­տա­կին հա­մե­մատ։

Եւ ա­հա­ւա­սիկ, դար­ձեալ կը յայտ­նուի կեան­քին տնտե­սու­թեան, զայն վա­րե­լու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։

Ար­դա­րեւ, չա­րը՝ խե­ղա­թիւ­րու­մը՝ այ­լա­սե­րու­մը եւ ա­պա­կա­նումն է բա­րիին, որ գրե­թէ միշտ մար­դոց անզ­գոյշ կամ ան­տար­բեր տնտե­սու­թեան՝ օգ­տա­գոր­ծու­մին կը պար­տի իր գո­յու­թիւ­նը։

Եւ դրա՛մն ալ, որ իր ծագ­ման մէջ բա­րի՛ է ա­մէն կեր­պով, կեան­քը ընդ­հան­րա­պէս դիւ­րաց­նե­լու հա­մար հնա­րուած է եւ գո­յու­թիւն ու­նի, աշ­խա­տու­թեան ա­ռօ­րեայ ար­դիւն­քը ան­կո­րուստ եւ միան­գա­մայն դիւ­րաւ փո­խադ­րա­կան ձե­ւի մը կը վե­րա­ծէ, ան՝ այն ա­տեն միայն յո­ռեշր­ջուե­ցաւ «չա­րու­թեան գոր­­ծիք»ի մը, երբ մար­դիկ անտե­սե­ցին ա­նոր բա­րի յար­մա­րու­թիւն­նե­րը, ա՛յն ա­տեն միայն սկսաւ նկա­տուիլ իբ­րեւ «չա­րու­թեան իր» մը, եւ այդ­պէս ծա­ռա­յե­ցու­ցին զայն իբ­րեւ գոր­ծիք, իբ­րեւ մի­ջոց ի­րենց փա­ռա­տենչ ան­յագ ցան­կու­թիւն­նե­րուն։ Սխալ տնտե­սու­թեան, նպա­տա­կէ շե­ղած օգ­տա­գործ­ման օ­րի­նակ մը ա­հա­ւա­սի՛կ։

Երբ դրա­մին ստեղծ­ման նպա­տա­կը նկա­տի առ­նենք, կը տես­նենք, որ դրա­մը ո՛ւժ մըն է։ Ա­պա ու­րեմն, ա­մէն ինչ որ ուժ մըն է, նպա­տակ ըն­դու­նիլ կա­րե­լի չէ եր­բեք, այլ պէ՛տք է ծա­ռա­յէ իբ­րեւ մի­ջոց մը միայն, ճամ­բայ մը՝ ո­րե­ւէ նպա­տա­կի մը ա­ռաջ­նոր­դող։ Եւ այս պատ­ճա­ռով, դրա­մը «մի­ջոց» մը պէտք է ըլ­լայ եւ եր­բե՛ք նպա­տակ։ Ար­դա­րեւ, դրա­մին տրուած հան­գա­մանքն է որ կ՚ո­րո­շէ ա­նոր «բարի» կամ «չար» էու­թիւ­նը, եւ ու­րեմն երբ ան «մի­ջոց» մը կ՚ըն­դունուի՝ բա­րի է եւ օգ­տա­կա՛ր, այլ երբ «նպա­տակ» նկա­տուի՝ չար եւ վնա­սա­կա՛ր, ընդ­հան­րա­պէս։

Այս է ա­հա­ւա­սիկ, դրա­մի եւ այլ ա­ռար­կա­նե­րու նկատ­մամբ մար­դոց հա­մո­զում­նե­րուն բնոյ­թը, որ ի վեր­ջոյ կը յան­գի ա­նոնց տնտե­սու­թեան եւ գոր­ծա­ծու­թեան հար­ցին, եւ ե­թէ լաւ տնտե­սուին՝ ո՛չ մէկ ա­ռար­կայ, նաեւ դրա­մը, ըստ ին­քեան «չար» եւ վնա­սա­կար չեն, քա­նի որ նպա­տա­կի մը հաս­նե­լու կը ծա­ռա­յեն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 18, 2017, Իս­թան­պուլ

Ուրբաթ, Մարտ 31, 2017