ՓԱՐԻԶԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՓՐԿՈՂ ՍԵՐՈՒՆԴԸ

Զուգադիպութի՞ւն էր թէ կանխամտածուած չեմ գիտեր, սակայն Շահնուրի «Նահանջը առանց երգի» աշխատութենէն ետք ի յայտ եկաւ Շահնուրի իսկ ներկայացուցած երիտասարդներէն մին եւ հրապարակ հանեց այլ ցնցող աշխատութիւն մը՝ «Կը Հրաժարիմ հայութենէ...» խորագրով: Կարօ Փօլատեանին կու գար միանալ ֆրանսահայ այլ երիտասարդ մը՝ նոյն յոյզերով ու նոյն ապրումներով եւ հրապարակ կը հանէր «Սիրոյ եւ արկածի տղաքը» աշխատութիւնը. տակաւին կարելի է յիշել Չօպանեանը՝ իր «Կեանք եւ երազ» աշխատութեամբ, Զարեհ Որբունին՝ «Վարձու սենեակ»ով, «Եւ եղեւ մարդ»ով եւ բազմաթիւ ուրիշներ, որ եղած են ահազանգը արդէն իսկ այսօր կորսուած սերունդին:

Ֆրանսա նոր հաստատուած սերունդը բաժնուած էր երկու մասի. կար խումբ մը, որ խանդավառ էր՝ որովհետեւ հասած ու ոտք դրած էր Եւրոպա, ուր կեանքը տարբեր էր Պոլսոյ կեանքէն. ուրախ էին՝ որովհետեւ երիտասարդ արիւնը կ՚եռար անոնց մէջ. կարծես ամբողջ կեանքը վանդակներու մէջ ապրող առիւծի մը ազատութիւն տրուած ըլլար: Այդ կորսուածներու կողքին կային նաեւ միւսները՝ անոնք, որոնք տակաւին կորսուած չէին, սակայն կորսուելու վախովը կ՚ապրէին:

Վերոյիշեալ գրողներու տողերով կարելի է հասկնալ երկրորդ խումբի պատկանող տղոց ապրումներն ու զգացումները. անոնցմէ Վազգէն Շուշանեան կը գրէ. «Այնքան թանձրամարմին ենք ու առանց խանդավառութեան, որ աղուոր եւ մեծ աչքերով երազը՝ առյաւէտ լքած է մեզ: Մեր յոյսերը մութ են ու առանց թռիչքի: Ցնորքներ չունինք». անոնք այդ օտար ափերուն վրայ թռչելու անկարող թռչունի մը հոգեբանութիւնը ունէին, որովհետեւ ունէին այն գիտակցութիւնը, որ օտար ափերու մէջ մահուան պիտի դատապարտուէին անոնց երազները եւ այդ երազներուն կորուստը մահուան ազդեցութիւն պիտի ունենար անոնց վրայ: Դարձեալ Շուշանեանն է գրողը. «Երազներուն հետ վտանգաւոր ու դժուար է կռիւը: Շուքի պէս են: Կը հետեւին քեզի մեծ քայլերով երբ կը հեռանաս իրենցմէ ու կը խուսափին, երբ դողդոջուն զիրենք կը հալածես»: Պոլսոյ մէջ հայութեամբ ու հայրենասիրութեամբ հասակ առնող այդ սերունդը կամայ-ակամայ յանձնուած էր հայը օտարացնող դահիճի ճանկերուն մէջ:

Յաճախ նման արտայայտութիւններու դիմաց կը մտածեմ. չէի՞ն կրնար դուրս գալ եւ վերադառնալ. հաւանաբար կարենային, սակայն եթէ այսօր Ֆրանսայի մէջ ունինք հայերէն խօսող մի քանի տասնեակ հայեր՝ վստահաբար կը պարտինք անոնց, այլապէս առանց իրենց այսօր ֆրանսահայ գաղութի տեղ կ՚ունենայինք անշնչացած ու պատմութեան էջերուն մէջ թաղուած գաղութ մը պարզապէս:

Դարձեալ ֆրանսահայ երիտասարդներէն մին է գրողը. «Անոնք որոնք կը նային դեռ ծարաւի ու տրտում աչքերով, հեռաւոր ու անվերադարձ երազներու, աքսորուածի պէս են մեր թաց հողին վրայ: Անոնք պիտի անցնին մեր բազմութեան ու խուժանին մէջէն տրտմութեամբ, պահելով իրենց հոգին, ծածկելով իրենց կատաղութիւնը, թաքցնելով իրենց աղուոր աչքերուն արցունքը... յաւերժական արեւին այս խենթ ու սիրահար ուխտաւորները...»: Այդ երազներու լքումն է հաւանաբար պատճառը այդ պոռթկումներուն եւ ջղային տրամադրութեան, որ կը տեսնենք թէ՛ Շահնուրի, թէ՛ Փօլատեանի, թէ՛ Շուշանեանի եւ թէ այլ գրողներու մօտ: Նման սերունդի մը շնորհիւ է, որ Ֆրանսայի մէջ իր գոյութիւնը հաստատեց հայ դպրոցը, ակումբը, մամուլը, եկեղեցին: Սակայն անոնց ներքին ցաւը իրենց սեփականը ըլլալէ անդին հաւաքական ցաւ էր. Շահնուր, Փօլատեան եւ ուրիշներ երբեք պիտի չմոռնային իրենց մայրենին՝ որ այնքան կը պաշտէին, սակայն ունէին գիտակցութիւնը, որ փոքրամասնութիւն պիտի ըլլան անոնք՝ որոնք պիտի յաջողին կապուած մնալ իրենց լեզուին, աւանդութիւններուն եւ ինքնութեան:

Սակայն կար երրորդ սերունդ մը՝ որ խորտակուող նաւու մը մէջ գտնուողի գիտակցութեամբ փրկութեան յոյսի նման փորձեց ամուր բռնել Շահնուրներու, Վազգէններու եւ Կարօներու ճամբան.- անոնք ծարաւի մը պէս կարդացին «Կրակէ շապիկը», «Արեւելքի տղաքը», «Նահանջը առանց երգի»նը եւ երանի՜ մերօրեայ կորսուելու ձգուած նոր սերունդը եւս կարդար այդ բոլորը՝ մասամբ փրկելու համար իր հիւանդ հայութիւնը: Ա. Ծառուկեան Վազգէն Շուշանեանի մահէն ետք կը գրէ. «Ապրէ՜ր եղերաբախտ Վազգէնը ու տեսնէր, թէ քանի՜ քանի հայ պատանիներու եւ աղջիկներու բարձի ընկեր են իր գիրքերը այսօր, թէ ինչպէ՜ս հասնող սերունդը կը սիրէ զինք, կը փնտռէ իր գործերը, կ՚ապրի իրեն հետ եւ կ՚ապրեցնէ զինք մահէն վերջ». բարձի գիրք դարձող Վազգէնի գործերը այսօր փոշիներու մէջ կորսուած իրենց ընթերցողները կը սպասեն:

Աւելին, երանի՜ դպրոցներու մէջ, մա՛նաւանդ սփիւռքահայ դպրոցներու մէջ դասագիրքերու տեղ որպէս դասագիրք աշակերտներուն տրուի «Նահանջը առանց երգի»նը՝ որպէսզի անոնք մասամբ գիտակցութեան հրաւիրուին առանց երգի ու աղմուկի տակաւ առ տակաւ հեռացող իրենց հայութեան կորուստին:

Յաճախ կ՚ըսեն, թէ գրելը Աստուածատուր պարգեւ է. այդպէս է կամ ոչ չեմ գիտեր, սակայն եթէ այսօր մի քանի տող ես ու իմ նմաններս կը գրենք, կրնանք վստահ ըլլալ, որ անոնց շունչին շնորհիւ է. շունչ՝ որ մինչեւ օրս կ՚այրէ մեր հոգիները:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -207-

Մօտաւորապէս չորս տարիներ առաջ էր, երբ թեթի մը մէջ «Կը Հրաժարիմ հայութենէ» գիրքին մասին ուսումնասիրութիւն մը կատարեցի: Առանց գիրքին բովանդակութիւնը գիտնալու անձ մը գրեց. «Ամօթ է յայտարարել, թէ մարդ կը հրաժարի հայութենէն»:

Չուզեցի պատասխանել. պատասխանելը անիմաստ էր, սակայն յայտարարութեամբ կատարուած հրաժարումը շատ աւելի ընդունելի է՝ քան լուռ ու անգիտակից հրաժարումները, ինչ որ օրական ի գործ կը դնենք: Այդ առանց յայտարարութեան կատարուող հրաժարումին համար է որ Շիրազ գրեց «Սպիտակ եղեռն»ը եւ հաւատացէ՛ք, որ այդ սպիտակը կարմիրէն շա՜տ աւելի վատ աւերներ կը գործէ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաղարշապատ

Ուրբաթ, Մարտ 31, 2023