ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՄԲ ՅԱՂԹԱՆԱԿԵԼ

Երբեմն իրենց պարտականութիւնները խղճմտօրէն եւ հաւատարմութեամբ կատարող, յաջողութիւն, պատիւ եւ վստահութիւն շահած անձեր խօսքով եւ գործքով գնահատանքի կ՚արժանանան։ Բնական եւ բանական է ասիկա։

Բայց կա՛յ նաեւ ընդհանրապէս սովորական երեւոյթ մը եւս, որ կը յաջորդէ այս յաջողութեան։ Յաջող եւ յաղթական անձերու շուրջ կը գոյանան մարդիկ՝ որոնք նախանձի վա՛տ զգացումով շատ հաշտ աչքով չնայիլ կը սկսին անոնց վրայ։ Նախանձի ազդեցութեամբ օրէ օր կ՚աւելնան ատելութեամբ լեցուած մարդիկ՝ որքան կ՚աւելնան յաջողներ եւ յաղթականներ։

Եւ ամէնուրեք յաջողութեան եւ յաղթանակի կը յաջորդէ նախանձը, ինչպէս սիրոյ ու յարգանքի՝ ատելութիւնը եւ նենգութիւնը։ Ուստի, նախանձի այդ վատ զգացումը կը սկսի սպրդիլ յարգուած, սիրուած եւ պատուաւոր մարդուն սրտին մէջ ալ, այնպէս որ հետզհետէ կը փոխուի ան, կարծես նկարագիր կը փոխէ՝ ուրիշ մարդ կ՚ըլլայ եւ կը կորսնցնէ իր նախապէս ունեցած յարգն ու արժանաւորութիւնը։ Եւ կը ջանան ամէն առիթով ստորագնահատել յաջողներու գործերը՝ թերութիւններ եւ քննադատելի կէտեր հնարելով անոնց մէջ։ Պարզապէս, անոնք չեն կրնար տանիլ եւ հանդուրժել յաջողներու յարաճուն ժողովրդականութիւնն ու ազդեցութիւնը, եւ ուստի անոնց ազդեցութիւնը պակսեցնելու միջոցներ փնտռելու չափ կը ստորնանան։

Ողջամիտ եւ հասուն անձեր, երբ դիմաւորուին նման վարուելակերպով, սապէս կը մտածեն. «Նախանձոտ այդ մարդուն ինծի հանդէպ ունեցած վարմունքը հարկաւ վիշտ կը պատճառէ ինծի։ Եւ սակայն որքան որ կը խորհիմ, տխրելէ աւելի՛ ուրախանալու պատճառ ունիմ, քանի որ իմ մասին ունեցած այս ընթացքը ոչ թէ անկարողութեանս եւ անճարակութեանս, այլ կարողութեանս եւ յաջողութեանս արդիւնքն է, ուստի զայն կը նկատեմ արժանիքիս մէջ վկայակա՛նը, եւ ինծի պարտադրուած այս բռնազբօսիկ պարտութիւնը յաղթանակի մը գոհունակութիւնը կը պատճառէ ինծի։ Յետոյ իրապէ՛ս կը ցաւիմ պատուաւոր եւ առհասարակ ուղղամիտ այն մարդոց, բարձր դիրքի տէր անձերու վրայ՝ որ իրենց անարժան այդ տկարութիւնը ցոյց կու տան նախանձելով ուրիշներու յաջողութեան»։

Ահաւասի՛կ, ողջախոհութեան, լաւատեսութեան, հասունութեան տիպա՛ր մը, որ միայն ազնիւ եւ առաքինի, վեհանձն նկարագիրներու յատուկ է։ Եւ կեանքի ամենէն կարեւոր դասերէն մէկն է այս խօսքերը, դաս մը՝ որ կը սորվեցնէ մակերեսէն աւելի՝ խորը եւ մէջը թափանցել, հոն սնուցանել ազնուական եւ վեհանձն հոգի մը։ Ազնուականութիւն եւ վեհանձնութիւն՝ որոնց որքա՜ն կարօտ է մարդկութիւնը…։

Արդարեւ, երբ դէպքերու վրայ նայելու ըմբռնումը ուղիղ է եւ առողջ, անձնական շահը եւ զգացումը զանց առնելու կամ մոռնալու եւ ուրիշները դատելու մէջ ընթացքը ազնիւ եւ առնական, այլապէս այդ անձին մտայնութիւնը եւ վարմունքը նոյնպէս մարդասիրական եւ մարդկային արժանապատուութիւնը միշտ վեր պահելու համար ջանադիր, ընկերային կեանքին հազուադէպ եւ սփոփարար մէկ երեւոյթին տպաւորութիւնը կը թողու ամէնուն վրայ, քանի որ իրապէս «տիպա՛ր» մը կը հանդիսանայ ան։

Ուստի ո՛չինչ այնքան կը ստորնացնէ մեծը՝ որքան մէկու մը հանդէպ եւ մանաւանդ աւելի ստորադասներու հանդէպ անոր արտայայտած նախանձի վատ ու տգեղ զգացումը, ինչպէս նաեւ ուրիշներուն յաջողութիւնը, կարողութիւնը եւ փորձառութիւնն ու մասնագիտութիւնը մանրադիտակով տեսնելու եւ ըստ այնմ վարուելու եւ շարժելու տկարութիւնը։

Եւ ո՛չինչ այնքան կը վսեմացնէ ու կը բարձրացնէ բաղդատաբար ստորադասները՝ իրենց ցոյց տրուած անիրաւութեան մը հանդէպ՝ ո՛րքան իրենց ինքնամոռացութիւնը, եւ զիրենք անիրաւողներուն հանդէպ իրենց ազնուական չքմեղանքը, ներողամտութիւնը եւ վեհանձն կեցուածքը։

Իրողութիւնները, մարդկային փոխյարաբերութիւնները եւ անոնց զանազան արտայայտութիւնները աւելի խորքէն դիտելու, ըստ այնմ դատելու եւ գնահատելու փորձառութիւնն ու վարժութիւնը ունեցող անձերու համար, դէպքերը որքա՜ն տարբեր կը տեսնուին եւ տարբեր բնոյթ կը ներկայացնեն։ Բարոյական կեանքի մէջ ի՜նչ անշշուկ պարտութիւններ, ի՜նչ նահանջներ կան, որ մեծամեծ յառաջխաղացութիւններէ շատ աւելի՛ սխրալի եւ փայլուն յաղթանակներ, կանխորոշ յաջողութիւններ ապահոված են։ Սրտի եւ զգացումներու, հոգիի ի՜նչ զսպումներ, չափաւորութիւններ կան, որ զգացումներու, խորհուրդներու, խօսքերու եւ գործերու հրաբորբոք պոռթկումներէն աւելի՛ զօրութիւն, աւելի՛ իմաստութիւն եւ աւելի՛ քաջութիւն ցոյց տուած են։

Չկա՞ն, արդարեւ պարտութիւններ՝ որ մեծ յաղթանակներէ աւելին տուած են երեւութապէս պարտուածներուն՝ փրկելով անոնց արժանապատուութիւնը, ամբողջ հոգեւոր, բարոյական ինքնութիւնը։

Դարձեալ, չկա՞ն կորուստներ՝ որոնք իրականին շահ ապահոված են կորսնցնողին, եւ փոխադարձաբար չէ՞ պատահած որ մարդ շահի, բայց շահածէն շատ աւելին կորսնցնէ։ Կ՚արժէ՞ զոհել շահը աւելի մեծ շահերու։ Ունեցածը զոհել՝ չունեցած որեւէ բան ունենալու համար, որ անորոշ է, ասիկա ընդունելի՞ է, բանակա՞ն է…։

Ուրեմն շահեր կան որ վնա՛ս են, եւ վնասներ ալ կան, որ շա՛հ են։ Զոր օրինակ, աւելի չվնասուիլ շա՛հ է, ամբողջովին վնասուելու նկատմամբ, եւ մասամբ կորսնցնել՝ վաստակ է, ամէն բան կորսնցնելու համեմատութեամբ։

Եւ կեանքի մէջ կան ձախողութիւններ, անյաջողութիւններ՝ որոնք աւելի՛ շինարար հանդիսացած են քան մեծամեծ յաջողութիւններ։

Չկա՞ն բարձր դիրքերու տիրացած անձեր, որ այդ բարձր դիրքին տիրանալու համար ի՜նչ արժէքներ կորսնցուցած են՝ առողջութիւն, ներքին խաղաղութիւն, բարեկամութիւններ, մինչեւ իսկ ընտանիք եւ ընկերութիւններ։ Այդ իմաստով, անոնք շահա՞ծ են, թէ կորսնցուցած, օգտուա՞ծ թէ վնասուած։ Մարդ երբ տիրանայ ստացուածքի բայց կորսնցնէ իր սկզբունքները, շուրջիններու վրայ թողած լաւ տպաւորութիւնը, վստահութիւնը, այլապէս ան շահա՞ծ է թէ կորսնցուցած։

Ուրեմն այս տեսակ համեմատական վիճակներու մէջ, կշիռի վրայ պէտք է դրուի շահը եւ վնասը, օգուտը եւ կորուստը եւ արդիւնքին համաձայն որոշուի, թէ անիկա շա՞հ է, թէ վնաս, օգո՞ւտ թէ կորուստ։ Եւ այս իմաստով, կեանքի մէջ կան ո՜րքան պարտութիւններ, որ յաղթանակներ են, կան կորուստներ որ շահ են, վնասներ որ օգուտ կ՚ապահովեն։

Կեանքի մէջ ո՛չ շահը եւ ոչ ալ վնասը կարելի է բացարձակապէս որոշել…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մայիս 23, 2017, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Մայիս 31, 2017