ՍԱԿԱՒԱԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԲԱՐԻՔԸ

Խօսիլը բնական է մարդուս համար, բնական է, քանի որ ան «բանաւոր էակ» մըն է։ Խօսիլը պահանջք մըն է նաեւ մարդուն համար, քանի որ ան «ընկերային էակ» մըն է, եւ պարտաւոր է յարաբերուիլ եւ հաղորդակցիլ իր նմաններուն հետ, որուն էական միջոցն է լեզուն, այսինքն խօսիլը։ Բայց ինչպէս ամէն միջոց, ամէն գործիք, լեզուն ալ, խօսքն ալ պէտք է չափաւորութեամբ գործածել եւ օգտագործել, քանի որ ամէն բանի չափազանցութիւնը աւելի վնա՛ս կը պատճառէ քան օգուտ։ Խօսիլն ալ պէ՛տք է նպատակայարմար ըլլայ՝ ինչպէս ամէն միջոց համապատասխան ըլլալու է նպատակին։ Եւ երբ միջոցը՝ խօսքը կը համեմատի նպատակին, այսինքն խօսակիցին հետ հաղորդակցելու, այն ատեն արժէք կը ստանայ եւ օգտակար կը հանդիսանայ։ Հայկական ժողովրդական հին առած  մը կ՚ըսէ. «Չափաւորութիւնը կէս աստուա՛ծ է»։ Եւ եթէ այս խօսքին իմաստին խորը թափանցել փորձենք, կը տեսնենք, թէ չափաւորութիւնը ո՜րքան անհրաժեշտ է մարդկային փոխյարաբերութիւններուն առողջ ընթացմանը համար։

Ուրիշ առիթներով ալ անդրադարձած էինք այն իրողութեան, թէ մարդ շատ խօսելով չէ՛ որ շատ բան կրնայ ըսել, այլ կարեւորը՝ բա՛ն մը ըսելն է, ինչ որ քիչ խօսելով ալ կարելի է ըսել։ Ուստի, մարդ կայ, որ շա՜տ կը խօսի՝ ո՛չինչ կ՚ըսէ, մարդ կա՛յ, որ քիչ կը խօսի եւ շա՜տ բան կ՚ըսէ։

Ժողովրդական յայտնի առածն ալ կ՚ըսէ, թէ՝ եթէ խօսիլը արծաթ է, լռելն ալ՝ ոսկի՛։ Եթէ ո՛չ բոլորովին լռել, բայց գոնէ չափաւոր խօսիլ, սակաւախօ՛ս ըլլալ…։ Ուրեմն սա անուրանալի իրականութիւն մըն է, թէ որեւէ բանի ո՛չ թէ քանակը, այլ որա՛կն է կարեւորը, յատկապէ՛ս խօսքին։

Արդարեւ, «սակաւախօսութիւնը առաքինութիւն է…», կ՚ըսէ Տքթ. Վարդ Շիկահեր իր մէկ յօդուածին մէջ։ Ուրեմն տեսնենք, թէ ի՛նչ է սակաւախօսութիւնը ըստ Տքթ. Վարդ Շիկահերի։ Իր «Խօսքն՝ արդար, լռութիւնը՝ ազնիւ» շահեկան յօդուածին մէջ, որ լուրջ ուսումնասիրութեամբ է պատրաստը-ւեր, եւ  իրապէս օգտակար տեղեկութիւններ կը փոխանցէ ընթերցողին։ Նոյնութեամբ, բնատիպին հաւատարիմ մնալով կը ներկայացնենք Տքթ. Վարդ Շիկահերի յօդուածը։

ԽՕՍՔՆ՝ ԱՐԴԱՐ, ԼՌՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԱԶՆԻՒ

Սակաւախօսութիւնը առաքինութիւն է նկատուեր հի՜ն օրերէն։ «Ուրբաթախօս» անուաներ են այն անձերը, որոնք շատաբանելու փորձութեան դէմ՝ յոյժ, համբերե՛լու ոյժ ունին, չափաւոր են ու զգաստ։

Սակաւաբանութիւնը գլուխն հանդարտ, հոգին խաղաղ կը պահէ։ Շատախօսութիւնը բեռնթափ մը չէ՛, ամէն անգամ, որ կարենայ ենթական զե՛րծ պահել հոգեպրկումներէ։

«Խօ՛սէ, ներսդ թափէ, որ բացուիս, պաղշկիս, հանդարտիս», այս խօսքը չի՛ ցոլացներ միշտ առողջ ու պատեհ դատումը։ Խօսքի անչափ ու անժուժկալ թափը կը պղտորէ միտքը ու կը մթագնէ հոգին։ «Խօսի՛ր կարճ եւ ազդու», պատգամի մը համազօր յորդորակ է, կը տպաւորէ, իր արձագանգը կը թողու, չի՛ տաղտկացներ, չի՛ յոգնեցներ ունկնդիրը։

Շատ խօսքին՝ շատ հեղ, սո՛ւտն ու սխալը կը խառնուին։ Ս. Գրական էջերը կ՚ընծայեն մեզի, օգտաշահ հրահանգներ ու ազդարարութիւն, արդա՛րը, ճի՛շդն ու ճշմարի՛տը խօսելու։ «Իմ խօսքերս պիտի արտայայտեն արդարութիւնը, իմ հոգիս եւ շրթներս պիտի ըսեն վեհութեամբ, իրենց գիտցածները», (ՅՈԲ. 33-3)։

Շատ խօսքին՝ երբեմն, սրտնեղ ու անհամբոյր արտայայտութիւն կ՚ընկերանայ։

Ծանօթ երեւոյթ է, թէ երբ մէկը կը խօսի ցասումով ու զայրացկոտ, կը խոտորի ուղղախօսութենէ, լրջախոհութենէ։ Ի՛նք չէ որ կը խօսի, այլ զայրո՛յթն է, որ կը բարբառի։ Կը վրիպի բառն ու բանը, բա՛րկ կը դառնայ, բարկութեան պէս, կը թեքի դէպի չարախօսութիւն։ Դէպի բամբասանք, բանսարկութիւն, եթէ ենթակային հոգւոյն մէջ, անբարեխիղճ միտումներու շարժութիւնը կայ արդէն։ Այդպիսին, կը թողու հարթուղիները, կը մոլորի մթապատ առապարներու մէջ։ Անոնց է ուղղուած՝ Սողոմոն Իմաստուն Արքայի մեկնաբանումը. «անմիտը մէջտեղ կը դնէ իր բոլոր բարկութիւնը, իմաստուն մարդը կը զսպէ իր զայրոյթը եւ կը լռեցնէ» (29-11)։

Իսկ լռութի՜ւնը…։

Անիկա շատ անգամ, ազնուականութեան եւ վեհանձնութեան յայտարարն է։ Նա սկզբնաղբիւրն է, ներշնչարանն ու խորհրդարանը՝ զգօն վարքի, ստեղծագործ աշխատանքի, մտքի եւ հոգիի ընտիր յղացքներու։

Կ՚արժէ փոխանցել այստեղ, ոսկեղէն քանդակ մը լռութեան մասին, քաղուած՝ խորհող մտքի մը մտածողութեան ակերէն։ «Լռութիւնը պաշտամունք մըն է, առանց յոգ-նութեան։ Իշխանութիւն մըն է, ձեռք բերուած՝ առա՛նց իշխան ըլլալու։ Զարդեղէն է, դրուած՝ առա՛նց ծախքի։ Ամրոց մըն է, բարձրացած՝ առա՛նց պատերու շինութեան։ Հարստութիւն է, շահուած՝ անաշխատ։ Հանգի՛ստ ու արձակո՛ւրդ է հրեշտակներուն, որոնց պաշտօնն է մարդոց մեղքերն եւ յանցանքները արձանագրել։ Վերջապէս, ար-գելումն ու խափանումն է՝ ամօթներու»։

Ու մանրավէպ մը.

Վեսպասիանոս Հռովմայեցի կայսրը՝ կը հրամայէ Ծերակուտականի մը, որ մեկնի Ծերակոյտէն։

-Ցորչափ Ծերակոյտի մաս կը կազմեմ, ներկա՛յ պիտի ըլլամ։

-Ուրեմն լո՛ւռ կեցիր։

-Ա՛յդ կարելի է այն ատեն, երբ հարցում չուղղես ինծի։ Հակառակ պարագային, կը պատասխանեմ ա՛յնինչ, զոր արդա՛ր կը նկատեմ։

-Եթէ պատասխանես, վե՛րջ կու տամ կեանքիդ։

-Ե՞րբ պնդեր եմ, թէ անմահ եմ ես…։

***

Արդարեւ, սակաւախօսութեան հիանալի՜ օրինակ մըն է՝ «լակոնական ոճ»ը։ Եւ երբ ճշմարտութիւնը մէկ է եւ ճիշդը անայլայլելի, ապա ուրեմն, եթէ ո՛չ մէկ խօսքով, բայց «կարճ» խօսքով կարելի է արտայայտել զայն, եւ պէտք չէ՛ մոռնալ, թէ թանկագին են այն բաները՝ որոնք սակաւաթիւ են…։

Հաճո՜յք է կարդալ Տքթ. Վարդ Շիկահերը՝ որուն գրութիւններուն մէջ կայ գիտելիք, տեղեկութիւն, որ առիթ կ՚ընծայեն նաեւ խորհելու եւ մտածելու, եւ ա՜յնքան տպաւորիչ՝ որ կը խօսին ո՛չ միայն մտքին, այլ նաեւ՝ սրտին, հոգիին, զգացումնե՛րուն ընթերցողին…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մայիս, 30, 2018, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Մայիս 31, 2018