Ս. ՀՈԳԻԻՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Սուրբ Հոգին օծո՛ւմն է Քրիստոսի, Քրիստո՛սն է որ իբր «Գլուխ Մարմինին»՝ Հոգին կը սփռէ Իր անդամներուն մէջ, որպէսզի սնուցանէ, բուժէ, կազմակերպէ զանոնք իրենց փոխադարձ պաշտօններուն մէջ, կենսագործէ, առաքէ զանոնք վկայելու, բաժնեկից դարձնէ զանոնք Իր ընծայումին Հօր եւ Իր ի սպաս համայն աշխարհի միջնորդութեան։ Արդարեւ, Քրիստոսի եւ Սուրբ Հոգիին Առաքելութիւնը կ՚իրագործուի Քրիստոսի Մարմինը եւ Սուրբ Հոգիին Տաճարը եղող Եկեղեցւոյ մէջ։ Այս զուգակից եւ համընթաց առաքելութիւնը Քրիստոսի հաւատացեալները այսուհետեւ «բաժնեկից» կ՚ընէ Անոր Հօր հետ հաղորդութեան՝ Սուրբ Հոգիով. Հոգին «կը նախապատրաստէ» մարդիկը՝ կ՚ընդառաջէ անոնց Իր շնորհքով՝ քաշելու համար զանոնք դէպի Քրիստոս։

Եւ ահաւասիկ, այսպէս «կը յայտնէ» անոնց յարուցեալ Տէրը, կը յիշեցնէ անոնց Անոր խօսքերը եւ կը բանայ անոնց միտքը՝ Անոր մահուան եւ Յարութեան հասկացումին համար։ Քրիստոսի խորհուրդը անոնց համար «կը բացայայտէ» գերազանցապէս Սուրբ Հաղորդութեան մէջ, զանոնք հաշտեցնելու, համակերպելու եւ Աստուծոյ հետ «հաղորդութեան» մէջ դնելու համար, որպէսզի «առատ պտուղ բերեն» (Սուրբ Բարսեղ Կեսարացի»։ Այսպէս ուրեմն, Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը Քրիստոսին եւ Սուրբ Հոգիին առաքելութեան վրայ «յաւելում» մը չէ, այլ Եկեղեցւոյ սուրբ խորհուրդն է, Եկեղեցին իր ամբողջ էութեամբ եւ իր բոլոր անդամներով առաքուած է որպէսզի Ամենասուրբ Երրորդութեան հաղորդութեան խորհուրդը աւետէ, վկայէ, այժմէագործէ եւ տարածէ։

Եկեղեցւոյ սուրբ խորհուրդներուն միջոցով հաւատացեալներուն ընծայուած «Աստուծոյ այս սքանչելիքներ»ը իրենց պտուղները կը բերեն «նոր կեանք»ին մէջ՝ Քրիստոսով, ըստ Սուրբ Հոգիին։

Սուրբ Կիւրեղ Աղեքսանդրացի սապէս կ՚ըսէ.

«Հոգին թիկունք կը կանգնի մեր տկարութեան, որովհետեւ մենք չենք գիտեր աղօթել՝ ինչպէս որ արժան է. բայց Սուրբ Հոգին կը բարեխօսէ մեզի համար անպատուր հծծիւններով (ՀՌՈՄ. Ը 26). Սուրբ Հոգին, Աստուծոյ գործերուն արհեստագէտը, Ուսուցի՛չն է աղօթքին»։ Ուստի աղօթքը նորոգ սրտին կեանքն է։ Ան պէտք է մեզ կենսագործէ ամէն վայրկեան։ Արդ, մենք կը մոռնանք Անիկա՝ որ մեր Կեա՛նքն է եւ մեր ամէն Ինչը։ Այս իսկ պատճառով, հոգեւոր Հայրերը, հետեւելով Օրէնքին եւ մարգարէներու աւանդութեան, յատկապէս կը մատնանշեն աղօթքը իբրեւ «յիշեցումը Աստուծոյ», իբրեւ յաճախակի զարթումը «սրտի յիշողութեան»։

Սուրբ Գրիգոր Նազիանզացի կ՚ըսէ. «Հարկ է Աստուած շնչելէ աւելի յաճախ յիշե՛լ»։

Սակայն կարելի չէ «յարաժամ» աղօթել, երբ չենք աղօթեր «որոշուած պահ»երուն, զայն կամենալով։

Այս «որոշուած» պահերը կը հանդիսանան քրիստոնեայ աղօթքին հզօր ժամանակները իրենց ջերմ սաստկութեամբ, տեւողութեամբ եւ յարատեւութեա՛մբ։

Ուստի «Եկեղեցւոյ Աւանդութիւն»ը կ՚առաջարկէ հաւատացեալներուն ունենալ աղօթքի որոշուած պահեր, սահմանուած՝ սնուցանելու յարատեւ աղօթքը։

Այդ «որոշուած պահեր»էն ոմանք աղօթքի առօրեայ պահեր են, ինչպէս առաւօտեան աղօթքը եւ երեկոյեան, ճաշէն առաջ եւ ետքը. Ժամասացութիւնը։ Կիրակին, կեդրոնացած Սուրբ Հաղորդութեան՝ Սուրբ Պատարագի խորհուրդին վրայ, սրբացած է մանաւանդ եւ գլխաւորաբար աղօթքով։ Ուստի ծիսական տարեշրջանը եւ անոր մեծ տօները հիմնական կշռոյթներ եւ էական տարրեր են քրիստոնեաներու աղօթքի կեանքին։

Արդարեւ Տէրը կ՚առաջնորդէ իւրաքանչիւր անձ, ըստ Իրեն հաճելի եղող ճամբաներուն եւ կերպերուն։ Իսկ իւրաքանչիւր հաւատացեալ կ՚ընդառաջէ Անոր՝ ըստ իր սրտին հաստատակամութեան եւ ըստ անձնական արտայայտութիւններուն իր աղօթքին։

Քրիստոնեայ աւանդութիւնը սակայն պահպանած է աղօթքի կեանքին երեք գլխաւոր արտայայտութիւններ. «ձայնիւ աղօթք»ը, «մտածական աղօթք»ը եւ «հայեցողական աղօթք»ը։

Այս երեք արտայայտութիւնները իրարու միջեւ հասարակաց հիմնական գիծ մը ունին, որ է՝ «ներափոխում»ը սրտին։ Աստուծոյ Խօսքը պահելու եւ Աստուծոյ ներկայութեան մէջ մնալու այս արթնութիւնը սոյն երեք աղօթաձեւերը կը վերածէ աղօթքի կեանքին հզօր պահերու…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մայիս 22, 2019, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Մայիս 31, 2019