ԱՂՕԹՔԻ ՄԱՍԻՆ ԱՌԱԿՆԵՐ
Աղօթքը, իրապէ՛ս անհրաժեշտութիւն մըն է մարդկային կեանքին գոյապահպանման եւ գոյատեւման համար։ Արդարեւ, Յիսուս կոչ կ՚ուղղէ աղօթելու եւ «արթուն մնալու»։
Աղօթքի մասին երեք գլխաւոր առակներ փոխանցուած են մեզի Ղուկաս Աւետարանիչի կողմէ։
Առաջինը՝ «տաղտկացնող բարեկամին առակն» է. (ՂՈՒԿ. ԺԱ 5-13), որ կը հրաւիրէ թախանձագին աղօթքի. «Բախեցէ՛ք եւ պիտի բանան ձեզի»։ Այսպէս աղօթքին՝ այս նպատակով եւ մտադրութեամբ աղօթողին, երկնաւոր Հայրը «պիտի տայ անոր կարիքները», եւ յատկապէ՛ս Սուրբ Հոգին՝ որ բոլոր պարգեւներուն լրումն է։
Երկրորդը՝ «տաղտկացնող այրիին առակ»ն է. (ՂՈՒԿ. ԺԸ 1-8), որ կեդրոնացած է աղօթքին յատկութիւններէն մէկուն վրայ. հարկ է մի՛շտ աղօթել առանց յոգնելու, առանց ձանձրոյթ զգալու, հաւատքի համբերութեա՛մբ։ «Բայց Մարդու Որդին երբ պիտի գայ, արդեօք հաւատք պիտի գտնէ՞ երկրի վրայ»։ Խնդրական է ասիկա…
Երրորդը՝ «Փարիսեցիին եւ մաքսաւորին առակ»ն է. (ՂՈՒԿ. ԺԸ 9-14), որ կը հայի աղօթող սրտին խոնարհութեան. «Աստուա՛ծ իմ, ողորմէ ինծի՝ մեղաւորիս»։ Այս աղօթքը, Եկեղեցին երբեք չի դադրիր իւրացնելէ, յաճախ կըրկ-նելով. «Տէր ողորմեա՛»։
Յիսուս երբ Հօր աղօթքին խորհուրդը Իր աշակերտներուն բացէ ի բաց կը յայտնէ, կը յայտնէ նաեւ, թէ ի՛նչ ըլլալու է անոնց եւ ապա մե՛ր ալ աղօթքը, երբ Ինք Իր փառաւորեալ Մարդկայնութեամբ վերադառնայ Հօր մօտ։ Ուստի, ի՛նչ որ այժմ նոր է, «Ի՛ր անունով հայցելն է». (ՅՈՎՀ. ԺԴ 13)։ Հաւատքն ի Քրիստոս կը ներմուծէ աշակերտները ե՛ւ հետեւորդները Հօր ճանաչումին մէջ, որովհետեւ Յիսուս Ի՛նքն է. «Ճանապարհը, Ճշմարտութիւնը եւ Կեանքը». (ՅՈՎՀ. ԺԴ 6)։
Հաւատքը իր պտուղը կու տայ սիրոյ մէջ. այսինքն՝ պահելով Անոր խօսքը եւ պատուիրանները՝ բնակելով Անոր հետ Հօր մէջ, որ կը սիրէ մեզ Անոր մէջ՝ մեր մէջ բնակելու աստիճան։ Այս Նոր ուխտին մէջ, մեր խնդրանքներուն ընդունելի ըլլալու ստուգութիւնը հիմնուած է Յիսուսի աղօթքին վրայ. (ՅՈՎՀ. ԺԴ 13-14)։ Դեռ աւելի, երբ մեր աղօթքը միացած է Յիսուսի աղօթքին, Հայրը կու տայ մեզի «ուրիշ Մխիթարիչ մը՝ որ մեզի հետ բնակի յաւիտեան, Ճշմարտութեան Հոգին». (ՅՈՎՀ. ԺԴ 16-17)։ Աղօթքին եւ անոր պայմաններուն այս «նորութիւն»ը կը յայտնուի Յիսուսի «Հրաժեշտի ճառ»ին ընդմէջէն. (ՅՈՎՀ. ԺԴ 23-26, ԺԵ 7, 16, ԺԶ 13-15, 23-27)։ Քրիստոնեայ աղօթքը Սուրբ Հոգիին մէջ՝ ՍԻՐՈՅ ՀԱՂՈՐԴՈՒԹԻՒՆ է Հօր հետ, միա՛յն Քրիստոսով, այլ նաեւ Անոր մէջ։ Յիսուսին ուղղուած աղօթքը արդէն լսելի՛ եղած է Անկէ՝ Իր առաքելական կեանքին ժամանակ, Իր մահուան եւ Յարութեան զօրութիւնը կանխող նշաններու ընդմէջէն։ Յիսուս կը լսէ հաւատքի աղօթքը, արտայայտուած խօսքով «բորոտ»ը. (ՄԱՐԿ. Ա 40-41), «Յայրոս»ը. (ՄԱՐԿ. Ե 36), «կանանուհի»ն. (ՄԱՐԿ. Է 29), «բարի աւազակ»ը. (ՂՈՒԿ. ԻԳ 39-43), կամ արտայայտուած լռութեամբ-«անդամալոյծը բերողներ»ը. (ՄԱՐԿ. Բ 5), «Անոր հագուստին դպչող տեռատես կին»ը. (ՄԱՐԿ. Ե 28), «մեղաւորուհիին արցունքները եւ անուշաբոյր իւղ»ը. (ՂՈՒԿ. Է 37-38)։
«Ան կ՚աղօթէ մեզի համար իբրեւ մեր քահանան, Ան կ՚աղօթէ մեր մէջ իբրեւ մեր գլուխը, Ան կ՚աղօթէ մեզմով իբրեւ մեր Աստուածը։ Ուրեմն ճանչնանք մեր ձայները Անոր մէջ եւ Անոր ձայնը մեր մէջ», կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս։
Հաւատանք եւ աղօթե՛նք՝ Ա՛ն է Ճշմարտութիւնը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 30 2023, Իսթանպուլ