ՏՈՒԷՔ ԻՆԾԻ ՀԱՅ ՄԱՅՐԵՐ
Աշխարհի մէջ տղամարդուն դերը անուրանալի է եւ ինչու չէ տեղ մը անհրաժեշտ, որովհետեւ աշխարհը շատ բան կը պարտի ստեղծագործ տղամարդոց: Ֆեմինիզմի պաշտպաններ ինչքան ալ ուրանան անոնց դերն ու կարեւորութիւնը, ճշմարտութիւնը կը մնայ նոյնը. թող ուրացողները նային իրենց շուրջ եւ տեսնեն, թէ գրեթէ՛ բոլորը որոնք մարդոց կեանքին համար անհրաժեշտ են, ճամբաներէն սկսեալ մինչեւ իրենց բնակած շէնքերն ու տուները, տղամարդու աշխատանքի արդիւնք են եւ գուցէ այս է պատճառը, որ անցեալին տղայ զաւակ ունենալը աւելի յարգի ու արժէքաւոր կը նկատուէր՝ քան աղջիկը. գուցէ այդ էր պատճառը, որ մարդիկ աւելի իրենց տղայ զաւակներուն ուսումով կը հետաքրքրուէին՝ քան իրենց աղջիկներուն:
Սակայն այս համոզումին հակառակ, մինչեւ իսկ հին փիլիսոփաներ կու գան փաստելու, որ աղջիկ զաւակի կրթութիւնն ու գոյութիւնը մեր իրականութենէն ներս շատ աւելի կարեւոր է քան տղամարդունը. հազարամեակներ առաջ ապրած Արիստոտէլն է ըսողը.- «Ստրուկ մայրեր ստրուկ զաւակներ կը ծնանին. տուէք ինձ լաւ մայրեր եւ ես ձեզ կու տամ լաւ ժողովուրդ մը». մեծ փիլիսոփային այս խօսքերը փաստելու համար բաւարար է նայիլ Միջին Արեւելքի մէջ ապրող ժողովուրդներուն, որոնց մօտ կինը ապագայ սերունդ մը կերտողի փոխարէն որպէս ծառայ ու երկրորդ դասակարգի մարդ կը նկատուի: Երբ մեր ժողովուրդը նման խաւարամտութեան մէջ կը թաւալէր, Խրիմեան Հայրիկ իր քարոզներով, ճառերով ու գիրքերով կ՚ուզէր շեշտել կնոջ կարեւորութիւնը ընտանեկան յարկէն ներս, որովհետեւ համոզուած էր, թէ ազգի մը ապագան կախեալ է ազգի մը մայրերէն. համոզուած էր, որ լաւ ժողովուրդ մը ունենալու համար պէտք է ունենալ լաւ մայրեր:
Հայ ժողովուրդը մի՛շտ ալ գիտակցած է մօր ունեցած դերը. ունեցած է հայ մօր տարի, մեծարած է իր մայրերը, որովհետեւ յետցեղասպանութեան շրջանին մեր գոյութեան հիմնական սիւնն ու պատճառը հայ մայրն էր. այդ մայրերուն ճամբով է որ բազմաթիւ որբեր փրկուեցան, մայրենի լեզուն սորվեցան, հայեցի դաստիարակութիւն ստացան եւ օտարութեան մէջ նոյնիսկ կրցան իրենց հայութիւնը պահպանել:
Վստահ եղէք, պատճառը ամբողջութեամբ աւելի՛ լաւ վիճակ մը կրնար ունենալ, եթէ ժամանակին հայ կինը սենեակին մէկ անկիւնը կար ընելու պարտադրուելու փոխարէն ունենար ազատութիւնը սորվելու, խօսելու, արտայայտուելու, մտածելու եւ գործելու, որովհետեւ մենք՝ հայերս եւս մեր իգական սեռին հանդէպ ստրուկի վերաբերմունք կ՚ունենայինք եւ մինչեւ իսկ կը մեղադրէինք Զապէլ Եսայեանը, Սրբուհի Տիւսաբը եւ ուրիշներ, որոնք կին ըլլալով կը համարձակէին շատ անգամ տղամարդոց համար նոյնիսկ քարոզ կարդալ:
Հայ ժողովուրդը իր պատմութեան ընթացքին բազմաթիւ անգամ եւ գրեթէ ամէ՛ն տեղ «Հայ կանանց միութիւն»ներ հիմնեց, սակայն անոնց հանդէպ լուրջ վերաբերմունք մը չեղաւ երբեք. երբեք ալ արժանաւորապէս չգնահատուեցաւ սփիւռքի մէջ կատարած անոնց զոհողութիւններով լեցուն աշխատանքները: Հայ տղամարդը դպրոցը շինեց, սակայն հայ կինը ծաղկեցուց եւ հայու արիւնով Մոնթէներ, Արամներ եւ ուրիշներ դաստիարակեց: Մեր դպրոցները, մեր որբանոցները հայ կնոջ զոհողութեամբ կանգուն մնացին եւ անոնց մայրական խնամքով է, որ եղեռնէն հազիւ փրկուած ժողովուրդ մը կարճ ժամանակուան մէջ վերագտաւ իր ուժը, կորովն ու վերածաղկեցուց իր յոյսը:
Այս գիտակցութիւնն է, որ մեր ազգին մէջ պայքար կը ստեղծէ օտար ամուսնութեան հանդէպ, որովհետեւ օտար մայր մը բնականաբար օտար զաւակ կը ծնի եւ մեզ այդ հայութիւնն ու հայրենասիրութիւնն է, որ կը հետաքրքրէ:
Հինը սքանչացումով կը յիշենք, որովհետեւ այսօր եւս կարիքը ունինք նման կիներու, մանաւանդ սփիւռքի մէջ, որոնք իրենց զարդարանքներով զբաղելու փոխարէն մտահոգուին ու հետաքրքրուին իրենց գաղութի ապագայով, որովհետեւ անտարբերութիւնը կը կրծէ մեզ եւ աննկատ ձեւով դէպի կորուստ կ՚առաջնորդուինք:
Մեր բոլորս ալ հասակ առինք լսելով, թէ անապատին մէջ մահամերձ մայր մը, իր կեանքի փրկութիւնը ամբողջութեամբ մոռցած հողին վրայ մատներով հայոց գիրը սորվիլ կը ջանար. այսօր բարեբախտաբար հեռու ենք անապատներէն, սակայն մեր հայ մայրերը, մանաւանդ սփիւռքի մէջ թուղթի վրայ անգամ այդ զոհողութիւնը յանձն չեն առներ, որովհետեւ իրենց զաւակներուն նման իրենք ալ արդէն կամաց կամաց մոռցած ու հեռացած են մայրենիէն: Այդ ինչպէ՞ս եղաւ, որ «մօրդ անգամ մտքիցդ հանես, քո մայր լեզուդ չմոռանաս» ըսող մայրեր ունեցող մեր ազգը հասաւ նման վիճակի։ Ինչպէ՞ս եղաւ, որ լեզուն մեծարող հայ մայրը սկսաւ իր զաւակին հետ խօսիլ անգլերէն, ֆրանսերէն, թրքերէն ու արաբերէն:
Այսօր, ցեղասպանութենէն աւելի քան դար մը ետք, պէտք է գիտակցինք, որ հայութիւն չի նշանակեր Ապրիլ 24-ի օրը ջահերով երթերու մասնակցիլ, որովհետեւ այդ մէկը մէկ օրուան համար է, սակայն լեզուն, մշակոյթը հանապազօրեայ: Երկու բառ գիտցող հայը այսօր աւելի յոյս կը ներշնչէ, քան անոնք՝ որոնք մայրենի լեզուն չգիտնալով իրենց հայ ըլլալը «փաստել» կը փորձեն:
Այս բոլորին սրբագրութիւնը ո՛չ իմ եւ ոչ ալ ուրիշին մօտ է. այս բոլորին սրբագրութիւնը միայն հայ մայրերը կրնան ընել. պէտք է համազգային ուժով կարեւորութիւն տանք մեր հայ երիտասարդուհիներուն կրթութեան եւ հայրենասիրութեան, որովհետեւ եթէ Արիստոտէլ այսօր որպէս հայ լոյս աշխարհ եկած ըլլար պիտի ըսէր.-
«Հայ մայրեր հայ զաւակներ կը ծնանին. տուէք ինձ հայ մայրեր եւ ես ձեզ կու տամ հայ ժողովուրդ մը»:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -256-
Անցնող ամառ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցան Համահայկական խաղեր։ Աշխարհի չորս կողմէն հայ մարզիկներ հայրենիք ժամանեցին: Մթնոլորտը խանդավառ էր, բոլորն ալ եկած էին իրենց տուն եւ ուրախ էին, սակայն այդ բոլոր խանդավառութեան կողքին կար տխրութիւն մը, որ կ՚ազդէր ինծի եւ վստահաբար իմ նմաններուն: Մասնակիցներու մեծամասնութեան մօտ կը պակսէր հայերէն լեզուի գիտութիւնը. 16-18 տարեկան հայ երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, հայկական մարզաշապիկ հագուելով հանդերձ իրարու հետ միայն օտարին լեզուով կը խօսէին:
Ոտնագնդակ խաղալու փոխարէն ինչքա՜ն լաւ պիտի ըլլար նստեցնել բոլորը եւ մի քանի բառ հայերէն սորվեցնել, որովհետեւ այդ մէկը աւելի պէտք է այսօր մեր ազգին՝ քան մարզանքն ու ոտնագնդակը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան