ԴԱՐՁԵԱԼ ԱՀԱԶԱՆԳ ՄԸ
Մօտաւորապէս հինգ ամիս առաջ՝ ուրբաթ, 12 յունուար 2024 թուականին, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մեր սիւնակին մէջ գրեցինք «Համազգային ահազանգ» խորագրեալ յօդուած մը. այդ յօդուածը դժբախտ կանխատեսումն էր մերօրեայ կացութեան. առաջին հերթին պէտք է յստակ ըլլայ, որ եկեղեցւոյ եւ պետականութեան միջեւ եղած կռփամարտը Բագրատ Եպիսկոպոս Գալսեանեանի ընդդիմութենէն վերջ չէ՛ որ սկիզբ առաւ. աւելի քան երբեք յստակ էր, որ պետութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէր չէզոքացնելու համար Հայ Առաքելական Եկեղեցին եւ Բագրատ Եպիսկոպոսի շարժումը դրդապատճառ եղաւ, որպէսզի պետութիւնը ի գործ դնէ իր երկարամեայ չէզոքացման նախագիծը:
Հինգ ամիսներ առաջ գրած մեր յօդուածը սկիզբ կ՚առնէր հետեւեալ տողերով. «Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունի լուրջ արշաւ մը, չէզոքացնելու եւ անզօրութեան մատնելու Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին, եւ այդ մէկը կը կատարուի լաւապէս ուսումնասիրուած ու խոհեմ ձեւով». նոյն այդ յօդուածին մէջ կը գրէինք հետեւեալ տողերը. «Ամէն ձեւով կ՚ուզեն խզել պետականութիւն-եկեղեցի կապը»:
Նոյն այդ ահազանգին մէջ կը գրէինք հետեւեալը. «Անդունդ մը ստեղծել եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդի միջեւ. այս մէկը իրագործելու լաւագոյն ձեւը ատելութեան սերմանումն է. սակայն այդ մէկը կը կատարուի շատ խելացի հաշուարկներու լոյսի տակ. նկատի ունենալով որ եկեղեցին ժողովուրդին համար ատելի դարձնելը դիւրին բան մը չէ, անոնք կը փորձեն ատելի դարձնել եկեղեցւոյ հոգեւորականութիւնն ու եկեղեցին առաջնորդող Կաթողիկոսը, լաւապէս գիտակցելով որ անոնց հանդէպ ստեղծուած ատելութիւն մը քիչ-քիչ կ՚առաջնորդէ նաեւ եկեղեցին ատելու՝ ինչ որ իրենց ծրագիրի հիմնական նպատակը կը կազմէ»:
Այսօր աւելիով կ՚ըմբռնենք, որ «Ազգային ահազանգ» խորագիրը լաւագոյն ընտրութիւնն էր, որովհետեւ արեւի մը պէս պարզ ու յստակ էր, որ պետականութիւն եւ եկեղեցի լուրջ բախումներ պիտի ունենան (գուցէ նաեւ ծրագրուած) եւ որպէս ազգ պէտք է յաջողէինք կանխել այդ բոլորը:
Մի քանի օրեր առաջ Սարդարապատի մէջ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի դէմ եղած ամօթը, իրականութեան մէջ ամբողջ եկեղեցւոյ եւ ինչպէս նաեւ հաւատացեալ ժողովուրդին դէմ եղած ամօթ մըն էր. ամօթ՝ որ խոտոր է հայու նկարագրին: Երկիւղածութեամբ ու յարգանքով եկեղեցականին աջը որպէս օրհնութիւն ընդունող ազգի մը ոստիկանութիւնը ամենայն անպատուութեամբ կը պայքարէր եկեղեցական դասուն դէմ. բարեբախտաբար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, ինչպէս նաեւ այլ հաստատութիւններ՝ որոնք տակաւին եկեղեցին որպէս սրբութիւն կ՚ընդունին, դատապարտեցին իշխանութիւններու կողմէ ի գործ դրուած այդ ամօթը:
Լաւապէս կը գիտակցինք, որ կան շատեր, որոնք ատելութիւն մը ունին Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի եւ կամ որոշ եկեղեցականներու հանդէպ, սակայն ինչպէս միշտ, դարձեալ կը կրկնենք, որ եկեղեցին պայմանաւորուած չէ՛ անձերով. Գարեգին Կաթողիկոսի հանդէպ գոյութիւն ունեցող ատելութիւն մը չի՛ կրնար պատճառ դառնալ եկեղեցին ատելու, այնպէս ինչպէս Փաշինեանը կամ Քոչարեանն ու Սարգիսեանը ատելը պատճառ չի՛ կրնար դառնալ հայրենիքն ու հայկականը ատելու: Անձերը այսօր կան՝ կրնան վայրկեաններ ետք չըլլալ, սակայն եկեղեցին եւ պետութիւնը կը շարունակէ իր գոյութիւնը:
Բոլորս ալ գիտենք, որ դարեր շարունակ կամայ թէ ակամայ եկեղեցի եւ պետականութիւն ունեցած են բախումներ՝ պայմանաւորուած որոշ անձերու անհամաձայնութեամբ, սակայն վերջաւորութեան ժողովուրդը կրցած է այդ անձերէն վեր պահել եկեղեցին եւ պետականութիւնը. անոնք որոշ խնդիրներ ունեցած են, սակայն դարեր շարունակ կրցած են համագործակցիլ եւ հո՛ն ուր չենք ունեցած պետականութիւն, եկեղեցին դարձած է պետութիւն՝ ամէ՛ն գնով պաշտպանել փորձելով հայ ժողովուրդի շահերը:
Այսօր կու գանք կրկնելու եւ բազմապատկելու մեր նախորդ ահազանգը, որովհետեւ եթէ ազգովի նման լուրջ խնդիրի մը լուծում չտանք, գուցէ յառաջիկայ տասնամեակները լուրջ խնդիրներու դիմաց գտնուի թէ՛ եկեղեցին եւ թէ պետականութիւնը, որովհետեւ աւելի քան պարզ է, որ օտարամոլութեամբ տարուած մերօրեայ իշխանութիւնները կ՚ուզեն «ազատիլ» նաեւ Քրիստոնեայ անունէն՝ աւելի զարգացած երկիրներու նմանիլ կարծելով անաստուած դառնալու պատրաստակամութեամբ:
Եթէ դարեր շարունակ հնչող ահազանգները իրապէ՛ս որպէս ահազանգ ընդունելով պայքարէինք անոնց դէմ... այսօր իրապէս տարբեր պիտի ըլլար մեր ժողովուրդի վիճակը:
Յոյսով ենք, որ մեր ոչխարի մտայնութիւն ունեցող ժողովուրդը վերջապէս հասկնայ, որ այս մէկը ո՛չ Փաշինեանի, ո՛չ Գարեգին Կաթողիկոսի եւ ոչ ալ Բագրատ Եպիսկոպոս Գալստանեանի շուրջ դարձող խնդիր մըն է. մենք գիտակից ենք, որ կ՚ապրինք մեր պատմութեան կարեւորագոյն շրջաններէն մէկը եւ այսօր կ՚ուզենք քանդել կառոյց մը՝ որ 1700 տարիներէ աւելի եղած է մեր հայութեան մէկ մասը՝ բարոյական, հոգեւոր, ազգային եւ մշակութային արժէքներով:
Ինչպէս դարաւոր ահազանգները, այս մէկը եւս իմաստ մը պիտի չունենայ, սակայն որպէս խղճի պարտք գիտենք, որ մենք բարձրացուցինք այդ մէկը եւ մնացածը ժողովուրդի որոշումն է պարզապէս:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Դրամէն շատ աւելի կարեւոր, մարդ ի՞նչ պէտք է շահի կեանքին մէջ:
Պատասխան. Մարդ պէտք է ձեռք բերէ իմաստալից ու առողջ յարաբերութիւններ եւ կեանքի նպատակի յստակ ուղի, որովհետեւ անոնք աւելի կատարեալ եւ երկարակեաց են՝ քան դրամական հարստութիւնը: Մարդ պէտք է իր ընտանիքին ու ընկերներուն հետ հաստատ կապեր ունենայ, ինչ որ կ՚ապահովէ աջակցութիւն, ուրախութիւն եւ պատկանելիութեան զգացում. նման ձեռքբերումներ մարդուն մօտ աւելի գոհացուցիչ ու ազդեցիկ կեանք կ՚ապահովեն: Անձնական աճը, գիտելիքը եւ նախասիրութիւններու հետապնդումը կրնան մարդը աւելիով երջանկացնել՝ քան դրամական հարստութիւնները: Դրամական հարստութիւնը կ՚ապահովէ աւելի իմաստալից կեանք մը ապրելու՝ վերոյիշեալ բոլոր արժէքներու միատեղումով:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան