ՈՒՐԻՇՆԵՐԸ ԴԱՏԵԼ

«Մի՛ դատէք, որպէսզի չդատուիք։ Քանզի ի՛նչ դատաստանով որ դատէք, անով պիտի դատուիք եւ ի՛նչ չափով որ չափէք անով պիտի չափուի ձեզի». (ՄԱՏԹ. Է 1-2)։ Յիսուս, այս խօսքերով կը մատնանշէ մարդկային յայտնի եւ ընդհանուր մէկ տկարութիւն։ Արդարեւ, ամէն մարդ ինքզինք դատաւոր կը կարծէ եւ դատելու իրաւասու։ Մարդիկ կարծես պատրաստ են ուրիշը դատելու՝ մեղադրելու եւ վճիռ արձակելու անոր մասին։ Մինչդեռ իրաւ դատաւոր ըլլալ դիւրին չէ, ան կը պահանջէ արդար ըլլալ՝ անկողմնակալ եւ ճշմարտասէր։ Եւ սակայն մարդիկ, ընդհանրապէս անաչառ չեն եւ կ՚ուզեն միշտ իրենք իրաւացի ցոյց տալ։ Այս պատճառով, մարդ գերին է իր իսկ «ԵՍ»ին եւ այս պատճառով ալ եւ ընդհանրապէս չեն կրնար արդարադատ ըլլալ. միշտ կը մեղադրեն ուրիշը՝ կարծելով թէ իրենք անմեղ են եւ իրաւացի։

Այս պայմաններուն տակ կարելի՞ է, որ մարդ արդար վճիռ արձակէ ուրիշի մը նկատմամբ եւ այս իսկ պատճառով Յիսուս սապէս կը շարունակէ իր խօսքը. «Եւ ինչո՞ւ եղբօրն աչքին մէջի շիւղը կը տեսնես եւ քու աչքիդ մէջի գերանին չես նայիր». (ՄԱՏԹ. Է 3)։ Ուստի մարդ չ՚ուզեր անդրադառնալ իր թերութիւններուն, իր տկարութիւններուն, այլ կ՚ուզէ անոնք տեսնել ուրիշին վրայ՝ կարծելով որ անոնք պիտի ծածէ ուրիշներու աչքէն։ Այսպէս, ուրեմն, ուրիշները դատելու արարքը տեսակ մը ինքնապաշտպանութիւն է, իր տկարութիւններուն նկատմամբ՝ ազատուելու անոնցմէ եւ զանոնք տեսնելով ուրիշներու վրայ։ Եւ այս իմաստով, ամենէն դժուար պայքարը մարդուն, իր իսկ «ԵՍ»ին հետ, ինքնիրեն հետ ունեցած պայքարն է։ Ուստի մարդ կրնայ պայքարիլ տեսանելի, յայտնի թշնամիի մը հետ, բայց անտեսանելի թշնամիի հետ պայքարիլ անկարելի է, մանաւանդ որ ան իր մէջն է։ Եւ ուրիշը դատելով, ուրիշը մեղադրելով, մարդ կ՚անտեսէ իր իսկ մէջի «թշնամի»ն եւ ուշադրութիւնը կը դարձնէ ուրիշին վրայ։

Ահաւասիկ, այսպէս, մարդիկ տեւական կը մեղադրեն, կը դատեն ուրիշները եւ ասիկա կ՚ընեն մեքենաբար, առանց մտածելու, թէ որքան արդարացի եւ պատշաճ է իրենց ըրածը։

Բայց խորհեցէք, սիրելի՜ներ, հաւաքականութեան մը, ընկերութեան մը մէջ երբ բոլորն ալ դատաւոր են, ի՜նչ կ՚ըլլայ այդ հաւաքականութեան վիճակը՝ ամէն մարդ իրարու դատաւոր, իւրաքանչիւրը թէ՛ մեղադրող եւ թէ մեղադրեալ…

Եւ անշուշտ, ուրիշը դատելու կ՚ընկերանայ աւելի ահաւոր ուղեկից մը՝ բամբասանքը։ Ահաւոր, քանի որ բամբասանքը ընկերային եւ ընտանեկան կեանքի մէջ կործանումներու, փլուզումներու պատճառ կրնայ դառնալ, արժանապատուութիւններ կը վիրաւորուին, անվստահութիւնը կը տիրէ՝ որ կը քայքայէ բարեկամութիւններ եւ կը կազմալուծէ միութիւններ եւ մինչեւ իսկ ընտանիքներ։

Բամբասանքին կը յաջորդեն չարախօսութիւն եւ զրպարտութիւն, մանաւանդ որ բամբասանքը ըստ էութեան կը կատարուի բացակայ մէկուն մասին եւ այդ մէկը ինքզինք պաշտպանելու եւ արդարացնելու առիթը չ՚ունենար։ Եւ բամբասանքի հաւատացողներ շատ կ՚ըլլան, որովհետեւ միակողմանի է ան, եւ մարդ ընդհանրապէս լսածին կը հաւատայ, մանաւանդ որ անոր հակասող իրողութիւն մը գոյութիւն չունենայ։

Բամբասանքը ցեխ կ՚արձակէ, որ եթէ ամբողջովին չաղտոտէ, գոնէ հետք կը թողու. կողմնակի դիտումներ, կողմնակի մատնանշումներ, ակնարկութիւններ եւ ծածկախօսութիւններ ալ բամբասանքի համազօր են, երբ ենթական բացակայ է եւ ինքնապաշտպանութեան առիթը եւ իրաւունքը չէ կրցած ունենալ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ուրբաթ, Մայիս 31, 2024