ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ - Ա -

Մարդ­կա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մէջ ան­կեղծ մօ­տե­ցու­մը եւ սի­րոյ յայտ­նու­թիւ­նը, լաւ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ մշա­կե­լու հա­մար անհ­րա­ժեշտ պայ­ման­ներ են։ Ար­դա­րեւ ա­ռանց ան­կե՛ղծ սի­րոյ՝ մարդ­կա­յին ո՛չ մէկ յա­րա­բե­րու­թիւն ար­ժէք կը ներ­կա­յաց­նէ։ «Ան­կեղ­ծու­թիւն» եւ «սէր» նա­խա­պայ­ման­ներ են մարդ­կա­յին ա­ռողջ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մշակ­ման եւ ա­նոնց գո­յա­տեւ­ման մա­նա­ւանդ։

Յի­սուս, իր «Կտա­կի Ա­ւե­տա­րան» կո­չուած «Նոր պա­տուի­րան»ին մէջ սա­պէս կ՚ը­սէ իր ա­շա­կերտ­նե­րուն.

«Դուք իմ բա­րե­կամ­ներս էք, ե­թէ գոր­ծադ­րէք ի՛նչ որ կը պա­տուի­րեմ ձե­զի։ Այ­լեւս ձեզ ծա­ռայ չեմ կո­չեր, քա­նի որ ծա­ռան չի գի­տեր թէ ի՛նչ կ՚ը­նէ իր տէ­րը, այլ՝ ձեզ բա­րե­կա՛մ կո­չե­ցի, քա­նի որ ի՛նչ որ Հօր­մէս լսե­ցի՝ ձե­զի յայտ­նե­ցի» (ՅՈՎՀ. ԺԵ 14-15)։

­Կի­կէ­ռոն իր «De Amicita» (=Բա­րե­կա­մու­թիւն) գիր­քին մէջ բա­րե­կա­մու­թեան մա­սին կ՚ը­սէ, թէ ան կա­րե­լի է՝ որ հաս­տա­տուի միայն բա­րեն­պա­տակ մար­դոց մի­ջեւ։

Ար­դա­րեւ, ու­րա­խու­թիւ­նը բաժ­նող, ի­րեն չափ ու­րա­խա­ցող եւ տրտմու­թիւ­նը՝ ցաւն ու վիշ­տը բաժ­նող, ի­րեն չափ ցաւ զգա­ցող մէ­կը ու­նե­նա­լէ ա­ւե­լի մեծ եր­ջան­կու­թիւն կա­րե­լի՞ է ե­րե­ւա­կա­յել։ Ե­թէ մարդ չու­նե­նայ այն­պի­սի «մեր­ձա­ւոր ան­կեղծ մէ­կը», ի՜նչ կ՚ար­ժէ եր­ջան­կու­թիւ­նը…։ Եւ մեր օ­րե­րուն, ո՜վ գի­տէ, ան­ցեա­լի մէջ ալ, ո՜ր­քան դժուար է գտնել «ան­կեղծ մեր­ձա­ւոր» մը, քա­նի որ ընդ­հան­րա­պէս ա­մէն ոք կ՚ապ­րի ի­րեն հա­մար եւ շատ ան­գամ կ՚ան­տե­սէ իր շուր­ջին­նե­րը։ Մարդ­կա­յին բնու­թիւ­նը ա՛յս է. «Ես»ը նա­խա­մե­ծար հա­մա­րել, ո՛­չինչ հա­մա­րել «ու­րիշ»ը եւ ինք­նա­կեդ­րոն կեանք ապ­րիլ…։ Մինչ­դեռ ա­մէն մէկս պա­հանջ­քը ու­նինք մէկ ու­րի­շին, քա­նի որ ա­մէն ան­հատ կը լրաց­նէ ու­րիշ մը եւ այդ­պէս կը կազ­մուի ամ­բող­ջու­թիւ­նը մարդ­կու­թեան։ Ան­տար­բեր ըլ­լալ «ու­րիշ»ին նկատ­մամբ՝ մարդ­կու­թեան հան­դէպ յան­ցանք մըն է եւ թէ ան­հա­ւա­տար­մու­թիւն մարդ կո­չու­մին՝ որ ծրագ­րուած է աս­տուա­ծա­յին ընդ­հա­նուր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեամբ։

Նա­խա­պէս շատ խօ­սե­ցանք ան­տար­բե­րու­թեան մա­սին։ Ը­սինք, թէ՝ ան­տար­բե­րու­թիւ­նը ըն­կե­րա­յին ախտ մը, հի­ւան­դու­թիւն մըն է, որ հետզ­հե­տէ կը փճաց­նէ մարդ­կա­յին ըն­կե­րու­թիւ­նը։ Ա­մէն մար­զի մէջ վնա­սա­կար է ան­տար­բե­րու­թիւ­նը։

Եւ երբ կը խօ­սինք ան­տար­բե­րու­թեան մա­սին, կը յի­շենք Գա­րե­գին Ա. Սար­գի­սեան Հայ­րա­պե­տը (1995-1999), որ ան­տար­բե­րու­թիւ­նը կը դա­սէ «մա­հա­ցու մեղ­քեր»ու կար­գին, եօ­թը մեղ­քե­րու՝ հպար­տու­թեան, նա­խան­ձի, բար­կու­թեան, ծու­լու­թեան, ա­գա­հու­թեան, որկ­րա­մո­լու­թեան եւ բղջա­խո­հու­թեան վրայ ա­ւելց­նե­լով զայն, որ­պէս ու­թե­րորդ մա­հա­ցու մե՛ղք։

Ար­դա­րեւ «մա­հա­ցու մեղք»ի ըմբռ­նու­մը պէտք չէ՛ շփո­թել այն մեղ­քե­րու հետ՝ ո­րոնք թո­ղու­թիւն չեն գտներ, այլ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ «մա­հա­ցու մեղք»ե­րը կը կո­չուին «մահ­կա­նա­ցու», քա­նի որ ա­նոնք կ՚ա­պա­կա­նեն քրիս­տո­նեա­յի ամ­բողջ կեան­քը՝ կը հե­ռաց­նեն զա­նոնք Ա­ւե­տա­րա­նի կեան­քէն։

Եւ ե­թէ նկա­տի ու­նե­նանք քրիս­տո­նէա­կան ընդ­հա­նուր վար­դա­պե­տու­թիւ­նը՝ կը տես­նենք որ Գա­րե­գին Ա. Հայ­րա­պե­տը ո՜ր­քան ի­րա­ւա­ցի է ան­տար­բե­րու­թիւ­նը դա­սե­լու որ­պէս ու­թե­րորդ մա­հա­ցու մե՛ղք։ Ան­տար­բե­րու­թիւ­նը, ի­րա­պէս կ՚ա­պա­կա­նէ քրիս­տո­նեա­յին կեան­քը, քա­նի որ կը հե­ռա­նայ սի­րոյ, ո­ղոր­մու­թեան, գու­թի եւ կա­րեկ­ցու­թեան ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րէն եւ են­թա­կան կը դառ­նայ ինք­նա­մոլ ու ե­սա­կեդ­րոն, ինչ որ բո­լո­րո­վին հա­կա­ռա՛կ է քրիս­տո­նէա­կան հի­մա­նա­կան վար­դա­պե­տու­թեան՝ սի­րոյ եւ եղ­բայ­րու­թեան…։

Իս­կա­կան բա­րե­կա­մու­թիւն­ներ ա­նոնք են՝ որ յա­ւեր­ժա­կան են՝ մշտնջե­նա­ւոր եւ ա­նայ­լայ­լե­լի՛։

Եւ դար­ձեալ ըստ Կի­կէ­ռո­նի՝ բա­րե­կամ­նե­րու բա­րո­յա­կա­նը պէտք է շատ բարձր ըլ­լայ, ի­րենց մի­ջեւ, ա­մէն նիւ­թի մէջ՝ մտա­ծում­նե­րու, փա­փաք­նե­րու, կեան­քի հա­յե­ցո­ղու­թեան նկատ­մամբ կա­տա­րեալ հա­մա­ձայ­նու­թիւն եւ հա­մա­կեր­պու­թիւն պէտք է ըլ­լալ։ Ուս­տի ա­մէն տե­սա­կէ­տով հա­մամ­տու­թիւն եւ հա­մա­ձայ­նու­թիւն բա­րե­կա­մու­թիւ­նը կ՚ամ­րաց­նէ, կը տե­ւա­կա­նաց­նէ։ Այս ի­մաս­տով, բա­րե­կամ­ներ, ա­մէն մէ­կը պէ՛տք է ուղ­ղա­միտ, ան­կեղծ, պար­կեշտ ու պա­տուա­ւոր ըլ­լայ։ Ո­րե­ւէ խար­դա­խու­թիւն կը վնա­սէ բա­րե­կա­մու­թեան։ Ան­շուշտ ար­դա­րա­միտ ըլ­լալ, ի­րա­ւունք­ներ յար­գել եւ մարդ­կա­յին ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան գի­տակ­ցու­թիւ­նը ու­նե­նալ եւ բարձ­րա­գոյն ար­ժէք­նե­րու տէր ըլ­լալ, ա­ռա­քի­նի ըլ­լալ բա­րե­կա­մու­թիւ­նը հաս­տատ հի­մե­րու վրայ հետզ­հե­տէ կը բարձ­րաց­նէ եւ կը յա­ւեր­ժաց­նէ, կ՚ան­մա­հաց­նէ։ Յա­ւի­տե­նա­կան եւ ան­մահ բա­րե­կա­մու­թիւն­ներ հաս­տատ հի­մե­րու վրայ կը կա­ռու­ցուին։

Կը տես­նուի՝ թէ «բա­րե­կա­մու­թիւն»ը խօս­քի մէջ չէ՛, այլ գոր­ծի մէջ, զո­հո­ղու­թեան եւ նուի­րու­մի մէ՛ջ։

Ար­դա­րեւ, «բա­րե­կա­մու­թիւն»ը մեծ ու բարձր շէնք մըն է, որ ու­նի յա­տուկ «ա­տաղձ»ը, զինք ստեղ­ծե­լու յար­մար նա­խա­նիւ­թը՝ ո­րոնք պէտք է ընտ­րուին մեծ զգու­շու­թեամբ եւ բծախնդ­րու­թեա՛մբ։

Մտեր­մու­թիւ­նը չշա­հա­գոր­ծող մէ­կը ըլ­լա­լու է ճշմա­րիտ բա­րե­կա­մը։ Ա­նոնք, ո­րոնք մտեր­մու­թիւ­նը, սրտակ­ցու­թիւ­նը, գաղտ­նա­պա­հու­թիւ­նը, վստա­հե­լիու­թիւ­նը թե­թե­ւամ­տու­թիւն, թա­ցիկ ըլ­լալ կը նկա­տեն՝ ա­նոնք եր­բեք «բա­րե­կամ» չեն կրնար ըլ­լալ իր իս­կա­կան ի­մաս­տով. բա­րե­կա­մու­թիւ­նը լրջու­թիւն կը պա­հան­ջէ։

Բա­րե­կա­մու­թիւ­նը ե­թէ ու­րի­շի մը հան­դէպ ա­տե­լու­թիւն կը ստեղ­ծէ, այդ եր­բեք ըն­դու­նե­լի չէ, քա­նի որ բա­րի նպա­տակ մը չար մի­ջո­ցը չ՚ար­դա­րաց­նե՛ր։

Բա­րիէն եր­բեք չար չ՚արտդ­րուիր, բայց չա­րէն բա­րին ստեղ­ծել կա­րե­լի է. բա­րե­կա­մու­թիւն մըն ալ պէտք չէ ո­րե­ւէ չա­րու­թեան մը շար­ժա­ռի­թը ըլ­լայ։

Բա­րե­կա­մու­թիւ­նը կրնայ վեր­ջա­նալ ե­թէ ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը վի­րա­ւո­րուած, բա­րո­յա­կան բարձր ար­ժէք­ներ եւ սկզբունք­ներ վնա­սուած են։

Բայց զգոյշ ըլ­լա­լու է, քա­նի որ բա­րե­կա­մու­թիւն մը վեր­ջաց­նել՝ շէնք մը հիմ­նա­յա­տակ ը­նե­լու՝ կոր­ծա­նե­լու հա­մա­զօր է։ Ուս­տի այս մա­սին զգու­շու­թիւ­նը պէտք չէ՛ ձեռ­քէ ձգել։ Բա­րե­կա­մու­թիւն մը վեր­ջաց­նել՝ ա­մե­նա­վեր­ջին գոր­ծադ­րե­լի մի­ջոց մըն է մարդ­կա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ։

Պայ­ման­ներ, դիր­քեր կրնան փո­խուիլ, բնու­թիւն­ներ, բնա­ւո­րու­թիւն­ներ, սո­վո­րու­թիւն­ներ կրնան նո­րա­ձե­ւու­թիւն­նե­րու հո­սան­քէն տա­րուիլ, բայց այն բա­րե­կա­մու­թիւն­նե­րը՝ ո­րոնք հաս­տա՛տ հե­մե­րու վրայ հաս­տա­տուած են՝ եր­բեք չե՛ն փո­խուիր…։

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­լիս 25, 2015, Իս­թան­պուլ

Ուրբաթ, Յուլիս 31, 2015