ՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ ԲՆՈՅԹԸ

Քննադատութիւնը որքան որ անհաճոյ երեւի, անհրաժեշտ պայմաններէն մէկն է յառաջդիմութեան։ Ըսենք, անիկա մղիչ ուժ մը, գրգիռ մը, գործօն մըն է մարդկային կեանքին բարեփոխութեան՝ թէ՛ անհատապէս, եւ թէ՛ հաւաքաբար՝ դէպի լաւը, դէպի կատարեալը։

Քննադատելու ատեն մարդիկ որքան որ կը սատարեն մարդկութեան կատարելագործման եւ բարութեան, բայց միայնգամայն, քննադատելու կերպով ու ոճով, յաճախ անգիտակցօրէն երեւան կը բերեն իրենց նկարագրին ամենէն ցայտուն երեսը՝ հպարտութիւն կամ համեստութիւն, եւ նաեւ՝ ազնուութիւն կամ ինքնահաւանութիւն, պաղարիւնութիւն կամ դիւրագրգռութիւն եւ բարկութիւն, խոնարհութիւն կամ յամառութիւն կա՛մ նկարագրի ուրիշ զանազան յատկութիւններ։

Քննադատութիւնը, արդարեւ, իրողութիւնները տարբեր տեսանկիւններէ դիտելու արդիւնք է, եւ այս երեւոյթը որքան բնական է մարդուն համար, նո՛յնքան անհրաժեշտ է հանրային-ընկերային օգտակարութեան տեսակէտով։ Բնական է՝ ո՛չ թէ միայն որովհետեւ մարդոց հմտութիւնը, իմացականութիւնը կը տարբերի որակով եւ քանակով, ո՛չ թէ միայն քանի որ մարդոց ճաշակը, դատողութիւնը, խորհելակերպը, խառնուածքը կը տարբերին, այլ եւ մանաւա՛նդ որովհետեւ մարդիկ իրերը, իրողութիւնները եւ ճշմարտութիւնները յաճախ տարբեր համոզումներու ազդեցութեան տակ կը դիտեն, եւ ինչպէս տուն մը, զոր օրինակ, որուն պատկերը չորս տարբեր կողմերէն. ներսէն, եւ կամ օդանաւէ առնուած ատեն բոլորովին տարբեր շէնք մը կը թուի, այնպէս ալ որեւէ քաղաքական կամ տնտեսական, կրթական կամ հանրային խնդիր, տարբեր մարդոցմէ եւ տարբեր տեսակէտ եւ անկիւններէ դիտուելով բոլորովին տարբեր եւ իրարու չհամապատասխանող կողմեր կը ներկայացնէ։

Եւ օգտակար է հանրային տեսակէտով՝ քանի որ խնդրոյ առարկայ հարցին վրայ տարբեր կողմերէ ցոլացած «լոյս»ը կը ծառայէ լաւագոյն կերպով լուսաբանելու զայն։ Այս իմաստով՝ քննադատութիւնը շինիչ կողմ մը ունի միշտ։

Եւ ահաւասի՛կ, այս պատճառով է որ ազգային եւ կամ պետական կարեւոր եւ կենսական հարցեր յաճախ կը քննադատուին՝ ժամերով եւ երբեմն օրերով ժողովներու կամ մամուլին մէջ բուռն հակաճառութիւններու, հակակարծիք խօսակցութիւններու կ՚ենթարկուին՝ որոնց ծանրութեան կեդրոնն է «քննադատութիւն»ը, որով կը ծեծուին, կը վերլուծուին եւ կը բացատրուին ու կը լուսաբանուին յօգուտ ժողովուրդի՛ն։

Արդարեւ, «յօգուտ ժողովուրդին» խօսքին վրայ, կ՚արժէ պահ մը կանգ առնել։ Կ՚արժէ, քանի որ պէտք է ընդունիլ, թէ ամէն տարակարծութիւն՝ որքան որ քննադատութեան կ՚ենթարկուի, անպայմա՛ն «յօգուտ ժողովուրդին» եւ աւելի եւս լայն առումով՝ «համայն մարդկութեան օգտին համար» անկեղծ համոզումի եւ մաքուր խղճի հետեւանք չէ՛, եւ ահաւասիկ հո՛ս է քննադատութեան կարեւորութիւնը եւ անհրաժեշտութի՛ւնը։

Ուստի ամէն հաւաքականութեան, ամէն ժողովուրդին մէջ ալ ամենէն անկեղծ ու խղճամիտ շեշտը ունենալ թուող տարակարծութիւններու շարժառիթը անպայմա՛ն «բարձրագոյն շահ»ը եւ ընդհանուրին օգուտը չէ՛, այլ անոր անունով անձնական կամ ընկերային որոշ խաւերու եւ շրջանակներու անարժան նկատումներ եւ ճղճիմ հաշիւներ յաճախ տուած են տուն ու առիթ ամենէն պերճախօս ճառերու եւ ամենէն բուռն քննադատութիւններու։

Այսուամենայնիւ, քննադատութիւնը պէ՛տք է ըլլայ՝ անկեղծ եւ խղճամտօրէն, այսինքն շնորհալի եւ շինի՛չ։ Քննադատութիւնը պէտք է «արդարութեան սկզբունք»ի եւ օգտակարութեան ոգին ունենայ։ Այս կը նշանակէ՝ անաչառ եւ արդար ըլլալ, հանրութեան շահը հետապնդել։ Ո՜չ թէ «մրցիլ» գաղափար եւ տեսակէտներու մարզին մէջ հաւասար պայմաններու տակ, այլ մանաւա՛նդ չջանալ նաեւ «մրցակիցին» դիպուածական եւ պատահական մէկ դժբախտութենէն օգտուիլ։

Քննադատութիւնը պէտք է ըլլայ՝ անկե՛ղծ։

Եւ ահաւասիկ, այս ոգիով եւ մտադրութեամբ տոգորուած «մրցակից»ը եւ կամ ընդհանրապէս հանրային կարծիքը յաղթական չի՛ նկատեր այն մրցորդը՝ որ արշաւի մը մէջ հակառակորդին սահելուն եւ իյնալուն դժբախտութենէն օգտուելով կը շահի մրցանակը։ Ասիկա ո՛չ արդար է, եւ ո՛չ անկեղծ։ Այս իմաստով ահաւասիկ, քննադատութիւնը պէ՛տք է կատարուի հաւասար պայմաններու տակ՝ առանց դուրս գալու քննադատութեան նիւթէն եւ պատճառէն։ Քննադատութիւնը պէ՛տք է սահմանուած ըլլայ քննադատութեան առարկայ նիւթով եւ անձին ինքնութեամբ։ Քննադատութիւնը տարածել տարբեր մարզերու եւ նիւթերու՝ ո՛չ արդարութեան, ո՛չ անկեղծութեան ոգիին կը համապատասխանէ։ Խաղերու մէջ ալ՝ պարզապէս արկածի մը հետեւանքով մրցումը կամ խաղը կորսնցնողը անպայման մարմինի եւ մտքի ուժի կամ մարզանքի մէջ ստորադաս եւ տկար ըլլալը չի՛ նշանակեր։ Եւ դժբախտութեան մը հետեւանքով պարտութիւն մը անպայման կարողութեան, ուժի եւ արժանիքի պակասութեան մը չափանիշը չի՛ կրնար ըլլալ։

Քննադատութիւնն ալ՝ եթէ արդար է եւ անկե՛ղծ, արժէք մը կը ներկայացնէ։ Քննադատութիւնը եթէ արդար է եւ անկեղծ, այն ատեն միա՛յն կարելի է խօսիլ «շինի՛չ քըն-նադատութեան» մասին։

Քննադատութեան ուժը եւ կարողութիւնը պէտք չէ՛ գործածուի անձնական շահերու մտադրութեամբ, քինախնդրութեան, ոխակալութեան եւ վրիժառութեան զգացումներով։ Անիկա անձնական կիրքեր գոհացնելու առիթ պէտք չէ՛ նկատուի եւ այդ նպատակով պէտք չէ՛ շահագործուի մանաւանդ։

Պէտք է խոստովանիլ, թէ՝ «արդար պայմաններու տակ մրցել»ու դաստիարակութիւնը, դժբախտաբա՛ր կը պակսի մարդոց մէջ ընդհանրապէս։ Ոմանք քննադատութիւնը վրէժ լուծելու միջոց կը նկատեն, կարծես պատերազմի դաշտ են ելած, անխը-նայ կը հարուածեն, կը հարուածեն՝ մինչե՜ւ որ զգետնեն, տապալեն իրենց «հակառակորդ»ը։

Բայց քննադատութիւնը ո՛չ կռիւ է, ո՛չ պայքար եւ ո՛չ իսկ պատերազմ։ Քննադատութիւնը ճշմարտութիւնը երեւան հանելու ազդու միջո՛ց մըն է, եւ միա՛կ նպատակն ալ ասիկա՛ է։ Ուստի զայն տարբեր նպատակներով գործածել՝ մարդկային արժանապատուութեան հակառա՛կ է։

Կողմնակի միջոցներով եւ անձնական շահերու գործիք ընել քննադատութիւնը՝ մարդկային յառաջդիմութեան եւ լուսաւորութեան հարուա՛ծ մըն է՝ աններելի, ան-սըրբագրելի յանցա՛նք մը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յուլիս 25, 2017, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Յուլիս 31, 2017