ՆՈՒԻՐԱԿԱ՛Ն Է ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ

Մարդկային ամենէն նուիրական պարտականութիւնն է պահպանել ուրիշներուն անբռնաբարելի իրաւունքը՝ հսկել, պաշտպանել զանոնք մարդկային բովանդակ կորովով, ուշադրութեամբ եւ բծախնդրութեա՛մբ։

Եւ երանի՜ անոր որ իր սեփական ուժերուն անբաւական եղած ատեն արտաքին ամէն զօրութեամբ, կարող կ՚ըլլայ իշխել կեանքին «զսպանակ»ներուն, եւ կրնայ կանգ առնել ո՛ւր որ իրաւունքը բռնաբարող պարագայ մը կը ներկայանայ։ Երանելի՜ է այն մարդը՝ որուն այս կորովը զմայլելի է, եւ անոր յաղթանակը սխրալի՛։ Իրաւունք պաշտպանող ամէն ողջամիտ մարդ յաղթական կը հանդիսանայ կեանքի մրցումին մէջ, քանի որ հաւատարիմ է իր կոչումին եւ սորված է անսալ իր մէջ գտնուած աստուածային ձայնին։

Իրաւունք կը բռնաբարուի շատ անգամ նիւթի, շահու, համբաւի, փառքի պատճառով՝ որոնց պարագային մարդ պէտք է շարունակ ուշադիր ըլլայ՝ ինքզինք զսպելու։ Շահելու, աւելի եւս հարստանալու, բարձրանալու, համբաւաւոր ըլլալու, եւ այս կիրքերու նման առանց իրենց սահմանին մէջ բռնելու, չափազանցութեամբ անոնց գերի դարձողներ վտանգ կը սպառնան մարդկային ամէն իրաւունքի։

Արդարեւ, բարձրանալ, հարստանալ, շահիլ բնական եւ օգտակար տենչանքներ են մարդուս համար, քանի որ մարդս աշխատութեան կը մղեն՝ թուլութենէ եւ ամլութենէ կ՚ազատեն, առիթ կ՚ըլլան յառաջդիմելու, բայց ո՛չ ի գին ուրիշներու աչքի արցունքներու,  այլ ճակտի արդար քրտինքով։ Եւ ահաւասիկ, շահու, համբաւի, բարձր մարդ ըլլալու մէջ արդարութիւնը կը կայանայ այս բանաձեւին մէջ.

«Ո՛չ ուրիշին աչքի արցունքով, այլ սեփական արդար ճակտի քրտինքո՛վ…»։

Եւ երբ այդ արդար տենչանքները դառնան մոլուցքներու՝ մոլեգնութեան եւ կատաղութեան, որոնք կը սնանին անգթութեամբ եւ ատելութեամբ, այն ժամանակ, ահաւասիկ կը կորսնցնեն իրենց արդար ըլլալու հանգամանքը եւ կը վերածուին իրաւունքի բռնաբարութեան, ուր ոտնակոխ կ՚ըլլան իրաւունք եւ արդարութիւն։ Մարդկային բնութիւնը սակայն, դժբախտաբար, հակամէտ է ընդհանրապէս չարին։ Մարդ, շատ անգամ իր ազատ կամքը կը գործածէ դէպի չարը, վնասակարը, անիրաւը, անարդարը։ Ուրիշ խօսքով մարդուս կիրքերը չափ եւ սահման, կշիռ չե՛ն ճանչնար՝ միշտ աւելին կ՚ուզեն։

Մարդ շուտով կը տարուի իր կիրքերուն ազդեցութենէն, եւ կը հակի դէպի չարը։ Այն՝ որ հեռատես չէ՝ հարստութենէ, շատէ, բարձրանալէ զատ եւ ասոնցմէ վեր եւ վեհ, նուիրական արժէք չտեսնելու աստիճան հոգեւոր եւ մտաւոր կուրութեամբ է վարակուած, դիւրութեամբ կը հակի դէպի չարը, դէպի վնասակարը եւ կը մերժէ բարին եւ օգտակարը։

Արդարեւ, տիտղոսի, հարստութեան, դիրքի եւ աստիճանի, դասակարգի մէջ միայն «ազնուականութիւն» եւ «առաքինութիւն» փնտռելը եւ գտնելը «նախապաշարում» մըն է լոկ. ախտաժէտ մտայնութիւն մը՝ որ ընկերային դասակարգերը ըմբոստացուցած է խորհուրդով եւ գործքով, ինչպէս կը վկայէ պատմութիւնը զանազան դէպքերով։

Եւ երբ խիղճ, բարոյականութիւն, զգացումներու մաքրութիւն, այս սկզբունքները հեգնանքով դիմաւորել եւ ժամանակավրէպ նախապաշարումներ միայն նկատել՝ ազնուութեան, ազնուականութեան բոլորովին հակառակ է. զանոնք սնամէջ բառեր տեսնել, այդպէս հասկնալ մարդուն արարչութեան նպատակին եւ կոչումին ներհա՛կ է։

Արդարեւ, անխղճութիւնը, անբարոյականութիւնը, հոգեւոր մաքրութիւնը մերժելը «կատարելութիւն» եւ «զօրութիւն» նկատելը կարճատեսութիւն է՝ անխոհեմութի՛ւն։ Իրերը եւ իրողութիւնները իրենց մակերեսէն դիտող եւ տեսնողներու համար հոգեւոր արժէքներ որեւէ կարեւորութիւն չեն ներկայացներ, քանի որ անոնք ո՛չ իսկական իրը եւ ո՛չ ալ բուն իրողութիւնը կրնան տեսնել։ Զոր օրինակ, ձախողանքներ կան, որոնք յաջողութիւններէ աւելի շինարար են, բայց տեսնե՛լ պէտք է։ Նոյնպէս՝ պարտութիւններ կան՝ որոնք յաղթանակներէ աւելի՛ օրհնաբեր են, տեսնողին, հասկցողին ըմբռնողին համար անշո՛ւշտ…։

Արդարեւ, յաջողութիւնը անպատասխանատու դիպուածին արդիւնքը չէ՛, եւ ո՛չ ալ յաղթանակը՝ կոյր բախտին հետեւանքը, այդպէս տեսնել «կարճատեսութիւն» է պարզապէս։

Առնենք «ուղղամտութիւն»ը. ահաւասիկ առաքինութիւն մը, ազնուութեան, ազնը-ւականութեան անշեղ ստուգանի՛շը։ Բայց երբ գործածուի այդ բառը եւ գործադրուի այդ առաքինութիւնը, դժբախտաբար «հեգնական քմծիծաղ» մը կը յայտնուի ոմանց դէմքին վրայ։

«Ուղղամտութի՞ւն…», կը հարցնեն ոմանք, եւ կը շարուակեն. «կորսնցնելէ, շահու արգելք հանդիսանալէ զատ ի՞նչ բանի կը ծառայէ այդ ունակութիւնը…», եւ այդպէս մտածողներ, ուղղամտութիւնը ձախողածներու արդարացումը, անյաջողներու մէկ պատրուակը կը նկատեն։ Անոնց համար ուղղամիտ մարդը՝ անճարակ, ձեռքէն գործ չեկող, ապիկար մարդ է եւ իր անճարակութիւնը գաղտնելու համար «ուղղամտութեան» քօղին կ՚ապաւինի։ Թող այսպէս խորհին ոմանք, բայց ուղղամտութիւնը՝ մարդուս ամենաթանկագին «դրամագլուխ»ն է, առաքինութիւն, ազնուութիւն եւ ազնուականութեան չափանի՛շը։

Խորամանկ ըլլալ՝ խաբելու մէջ հնարագէտ, յաջողութեան համար անհրաժեշտ կը համարեն ոմանք, եւ չափազանցելով՝ նենգամիտ եւ խարդախ ըլլալը յատկութիւն կը նկատեն։ Անոնց համար նպատակը կ՚արդարացնէ միջոցը՝ «մաքիավէլական մտայնութիւն»ը նախապաշարած է իրենց միտքը, զգացումները եւ յաջողութեան եւ յաղթութեան համար իրաւունք ոտնակոխ կ՚ընեն, արդարութիւնը կ՚անտեսեն եւ ամէն միջոց արդարացի կը նկատեն, հոգ չէ՛ թէ այդ միջոցները հակադիր ըլլան ուղղամտութեան։ Սուտը, նենգութիւնը, խարդախութիւնը, մինչեւ իսկ ատելութիւնը ճարտարութիւն կը համարեն։ Անոնք, խորամանկ խաբէութիւնը ճարպիկութիւն, իսկ ուղղամտութիւնը ծայրայեղութիւն կամ բորբոսած նախապաշարում կը սեպեն եւ … կը սխալի՛ն …։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յուլիս 25, 2018, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Յուլիս 31, 2018