ՀԱԿԱՊԱՏԿԵՐ ԱՐԱՐՔՆԵՐ

Մարդկային ամբողջ կեանքը՝ հակապատկեր արարքներու ընթացք մըն է։ Արդարեւ, կեանքի մէջ որքան կան բարի, մաքուր եւ ազնիւ արարքներ, նո՛յնքան կը գտնուին ամենէն չար, աղտոտ, ստորին եւ մեղապարտ արարքներ։

Եւ դարձեալ, կեանքը այս հակապատկեր երեւոյթներու եւ արարքներու կշիռք մըն է, որուն նժարներուն վրայ որ մէկը եթէ աւելի ծանր կշռէ, ըստ այնմ չար կամ բարի կ՚անուանուի ենթական։ Բայց, պէտք է ընդունիլ, որ կեանքի կշիռքին նժարներուն վրայ երկուքն ալ երբեք չեն պակսիր, կարեւորը անոնց ծանրութիւնն է՝ որով կեանքը ընթացք կը ստանայ՝ դէպի բարին կամ դէպի չա՛րը։

Մարդուս արարքներու այս հակապատկեր երեւոյթը յարակարծիք, տարաբանական վիճակ մը կը ստեղծեն, եւ անորոշութեան կը մատնեն կեանքի գաղափարը, թէ «կեանք» ըսուած ընթացքը բարի՞ թէ չար ժամանակաշրջան մըն է։ Մարդ բարի՞ թէ չար ստեղծուած է, բարիի՞ թէ չարի կոչուած է, քանի որ երկուքն ալ համահաւասար կերպով գոյութիւն ունին կեանքի մէջ։

Այս մասին սա անուրանալի է, թէ՝ քանի որ Արարիչը՝ Աստուած «բարի» է, ապա ուրեմն ամէն ինչ կը ստեղծէ բարութեամբ եւ ամէն ինչ սկիզբէն բարի՛ է եւ բարիի՛ կոչուած։ Ուստի, «չար»ը բարիին վատացած՝ գէշի փոխակերպուած վիճակն է։ Այս իմաստով՝ նախ բարին գոյութիւն ունի, եւ յետոյ չարի կը վերածուի։

Սակայն, այս մասին, ուրիշ կէտ մը եւս կայ. յոռի, չար արարք մը կամ գործ մը միշտ ազատ կամքով ընտրուած, կամաւոր կերպով եւ գիտակցութեամբ կատարուած չարութեան մը հետեւանքը կրնայ չըլլալ։ Եւ անշուշտ, փոխադարձաբար, ամենէն բարի, օգտակար եւ ազնիւ արարք մը, գործ մըն ալ անպայման բարի եւ բարձր շարժառիթներու արդիւնք կրնայ չըլլալ։ Ազդակներ, շարժառիթներ կան՝ որոնք կ՚եղանակաւորեն, ընթացք կու տան արարքներու եւ կ՚որոշեն անոնց բնոյթը։

Ուստի, անկեղծ եւ արդար ըլլալու համար, պէտք կ՚ըլլայ երբեմն մէկուն դատապարտութենէն կամ միւսին արժանիքէն բաւական բան զեղչել։ Եւ ուրեմն չդատել ըստ երեւոյթին, այլ իջնել անոր խորը, ուսումնասիրել անոր պատճառները եւ ըստ այնմ որոշում տալ արարքի մասին։

Արդարեւ, քաղաքական օրէնքը, ընդհանրապէս նկատի կ՚առնէ «գործուած արարք»ը՝ իր արտաքին երեւոյթով, եւ այդպէս կը դատէ։ Եւ երբ «արտաքին երեւոյթ»ով դատ-ւի արարք մը, ենթական ըստ այնմ կը դատապարտուի կամ անպարտ կ՚արձակուի։

«Արտաքին երեւոյթ»ով դատելու օրինակ մըն է՝ գողութիւնը։ Գողութիւնը կը դատապարտուի՝ առանց նկատի ունենալու, թէ ի՞նչ է անոր շարժառիթը։ Ուրիշ խօսքով՝ ի՛նչ որ ալ ըլլայ դրդապատճառը, գողութեան արարքը կը դատապարտուի, քանի որ այդ արարքով վնասուած կը նկատուի «հանրային շահ»ը, եւ վիրաւորուած՝ «հասարակական արժանապատուութիւն»ը։

Ուստի, «սեփական-անձնական իրաւունք»ը պաշտպանելու լաւագոյն միջոցն է պաշտպանել «հանրային-հասարակական իրաւունք»ը՝ գողութեան հակամտութիւն ունեցող չարամիտ մէկը զգուշացնելու եւ յանցապարտը ուղղութեան բերելու համար։

Դատարանը՝ դատաւորը այս սկզբունքով կը դատէ եւ կը վճռէ, եւ ուրիշ ընթացք մը չի կրնար ունենալ։

Եւ ահաւասիկ, հոս կը տարբերին «բնական օրէնք»ը եւ «քաղաքական օրէնք»ը։ Արդարեւ, քաղաքական օրէնքը, քանի որ արտաքին երեւոյթով կը դատէ եւ կը վճռէ, ներողամտութեան եւ ողորմածութեան զգացումներ դեր չեն խաղար եւ ո՛չ ալ ներքին պատճառներ, դրդումներ՝ փոխելու համար վճիռը։ Այս իմաստով, քաղաքական օրէնքը ուղղակի՛ գործադրելու պարտաւորութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը ունի դատաւորը։ Դատարանը ներողամտութեամբ ուղղութեան բերելու իրաւասութիւնը չունի որեւէ յանցաւոր։

Եւ ինչպէս յիշուեցաւ, քաղաքական օրէնքէն եւ խիղճէն զատ կան «բնական» կամ «բարոյական օրէնք»ներ եւ նաեւ՝ խի՛ղճ, որոնք արարքի մը արդիւնքէն աւելի՝ անոր շարժառիթին կամ դրդապատճառներուն կարեւորութիւն կ՚ընծայեն, արարքին խորը կը թափանցեն, եւ նկատի կ՚առնեն մանաւա՛նդ խորհուրդի եւ զգացումի այն բարոյական «զսպանակ»ը՝ որ շարժման կ՚անցընէ, գործի կը վերածէ ենթակային խորհուրդը, կամքը եւ անոր գործել կու տայ։ Ուրիշ խօսքով՝ բարոյական կամ բնական օրէնքը կը հետաքրքրուի «ներքին» ծալքերով՝ որոնք պատճառ եղած են արարքին։

Արարք մը թէ՛ արտաքինով, թէ՛ ներքինով՝ ամբողջական եւ լման կշիռով չափել՝ դատապարտութեան կամ վարձատրութեան աւելի արդա՛ր դրոշմ եւ հանգամանք տրուելու առիթ կ՚ընծայէ։ Մարդկային աւելի՛ խոր եւ լայն մտածողութիւն մը եւ աւելի՛ նրբազնին խիղճ մը կ՚արդարացնեն երբեմն քաղաքական օրէնքին «դատապարտած»ը, եւ այս օրէնքին անպարտ արձակածը եւ անմեղ հռչակածը կը դատապարտէ բարոյական-բնական օրէնքը։

Արդարեւ, կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ լաւ, բարի եւ օգտակար արարքներ անպայման բարձրագոյն գաղափարականի մը, նուիրումի եւ զոհողութեան արդիւնքը չեն։

Անարգ նկատումներ, նպատակէն շեղած մտադրութիւններ, անձնական շահեր եւ շարժառիթներ կրնան տուն տալ բարի, օգտակար եւ լաւ գործունէութիւններու եւ շողշողուն, երեւելի, ընդունելի բարեգործութիւններու։ Ուստի, հոգեւոր ծառայութիւն մատուցողի մը, զոր օրինակ, քահանայի մը կամ քարոզիչի մը, եւ կամ մտաւոր աշխատանք տանողի մը՝ դաստիարակի մը, ուսուցիչի մը կամ ընդհանուր առմամբ «մտաւորական»ի մը գործունէութեան մէջ եթէ կը պակսի անկեղծ նուիրումի, կոչումի գիտակցութեան եւ պարտաճանաչութեան տարրը, իրենց աշխատանքը եւ գործը որքան ալ լաւ եւ օգտակար արդիւնքներ ունենայ, չի կրնար որեւէ ասպարէզի մէջ աշխատող խանութպանի մը կամ պաշտօնեայի մը՝ կօշկակարի մը, մսավաճառի մը, հացագործի մը, դերձակի մը կամ թոշակաւոր աշխատաւորի մը գործէն տարբեր նկատուիլ, եթէ իրենց աշխատանքին կը պակսի նուիրումը եւ լոկ նիւթական նկատումով, անձնական շահու նպատակով եւ ապրուստի հոգով ի գործ կը դրուի, եւ այս նուիրական պաշտօնները կը կորսնցնեն իրենց վե՛հ նշանակութիւնը։

Հոս է ահաւասիկ, «հանրային ծառայութիւն» ըմբռնումին կարեւորութիւնը. այն՝ որ անձնական շահէն առաջ նկատի կ՚ունենայ հասարակաց շահը եւ օգուտը։

Հասարակաց շահը եւ օգուտը ապահովելու համար ալ անհրաժեշտ է՝ նուիրումը, անձնուիրութիւնը եւ անձնական շահերու գոնէ մէկ մասէն հրաժարելու պատրաստակամութիւնը, եւ մի՛շտ անկեղծութեամբ։

Այս ուղղութեամբ, գիտցուած իրողութիւն մըն է, թէ բարեգործական շատ «կոթող»ներ բարձրացած են լոկ «անձնական փառք»երու հիմերու վրայ՝ որոնք համբաւի համար վճարուած սակեր են։

Եւ երբեմն ալ բարեսիրական արարքներ ուրիշ բան չեն, այլ «կաշա՛ռք» հանրային կարծիքը գնելու համար։ Բայց ուղղադատ եւ արդար միտքը եւ արթուն խիղճը այս կարգի վճարումներով չե՛ն կաշառուիր…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օգոստոս 16, 2018, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Օգոստոս 31, 2018