«ԱՐՋԸ ԿԱԼԻՆ ԼԾԵԼ»

Իրապէս արուեստ մըն է քիչ խօսքով շա՜տ բան ըսել, ամփոփել իմաստ մը մի քանի բառերու մէջ։

Քիչ խօսքով շատ բան ըսելու հարցին մէջ՝ հասարակաց իմաստութիւնը առածներով միշտ լաւ օրինակներ տուած է։ Արդարեւ, կարճ եւ իմաստալից ժողովրդական խօսքեր կան՝ որոնք շատ բան կ՚ըսեն եւ որոնցմէ բարոյական դասեր կարելի կ՚ըլլայ քաղել։

Ահաւասիկ, այսպիսի առած մըն է՝ «Արջը կալին լծել» խօսքը՝ որ իր մէջ կ՚ամփոփէ մարդկային թերութիւն մը, ըսենք, անգիտակից արարք մը՝ որ յաճախ բացասական, վնասակար հետեւանքներ կը ստեղծէ։ Կարճ բացատրութեամբ՝ «Արջը կալին լծել» կը նշանակէ՝ մարդ մը պատասխանատու նշանակել այնպիսի գործի մը, որ երբեք յարմար չէ իրեն, իր յատկութիւններուն, իր կարողութեան եւ տարողութեան։ Մարդու մը գործ մը, պարտականութիւն մը յանձնել՝ որուն մասին ան նուազագոյն գաղափարն իսկ չունի ընելիք գործին, կատարելիք պարտականութեան մասին։

Արդարեւ, մէկէ մը անկարելին պահանջել բնութեան հակառա՛կ է, քանի որ գաւաթէ մը կարելի է խմել միա՛յն մէկ գաւաթ ջուր, եւ ո՛չ աւելին, մինչեւ որ գաւաթը բոլորովին պարպուի, այսինքն երկրորդ անգամ կարելի ըլլայ ջուրով լեցնել զայն, ինչ որ կը նշանակէ՝ երկու գաւաթէ, ջուրով լեցուն երկու գաւաթ ջուր խմել։ Մէկ գաւաթի տարողութիւնը մէկ գաւաթ ջուր է, եւ ո՛չ կաթիլ մը իսկ աւելի…։

Մարդոց համար ալ պարագան նոյնն է. մէկու մը երբ կարողութիւնը եւ տարողութիւնը յայտնի է. անոր ֆիզիքական-մարմնական, մտային եւ հոգեկան յատկութիւնները երբ ծանօթ են, անիմաստ կ՚ըլլայ այդ մէկէն աւելին պահանջել, քանի որ ո՛չ մէկ օգուտ կարելի է քաղել այդ պահանջքէն, եւ ընդհակառակը՝ վնա՛ս։ Մարդու մը վրայ երբ իր ֆիզիքական կամ բարոյական տարողութենէն աւելի բեռ բեռցուի, կը կքի եւ կ՚ընկճուի այդ անտանելի ծանրութեան տակ։ Ուստի, «բեռ»ը եւ «բեռնակիր»ը՝ պատասխանատուութիւնը եւ պատասխանատուն, պարտականութիւնը եւ զայն ստանձնողը, պաշտօնը եւ պաշտօնեան պէտք է համեմատին, յարմարին իրարու։ Գործի մը մէջ նպատակի հասնելու՝ յաջողութիւն ձեռք ձգելու համար անհրաժե՛շտ է խնդրոյ առարկայ գործին մասին նուազագոյն, եւ երբեմն բաւարար չափով տեղեկութիւն, գիտութիւն ունենալ, հմտութիւն եւ փորձառութեան տէր ըլլալ, գործին համեմատ ֆիզիքական եւ մտաւոր, եւ ի՞նչու չէ՝ հոգեկան տարողութիւն ունենալ։ Զոր օրինակ, գործեր կամ ծառայութիւններ կան, մանաւանդ հանրային ծառայութիւններ, որոնք «կոչում» կը պահանջեն, ինչ որ հոգեպէս յարմար եւ պատրա՛ստ ըլլալ կը նշանակէ խնդրոյ առակայ ծառայութիւնը նպատակին յարմար կերպով կատարելու մասին։ Ծառայութեան յարմար անձը ծառայութեան կոչել հմտութիւն կը պահանջէ եւ յատկութիւն մըն է, որ կը բաղկանայ որքան գիտութենէ, նո՛յնքան՝ փորձառութենէ եւ հեռատեսութենէ։ Եւ անշուշտ այս մասին արդար որոշում մը կարենալ տալու համար «մարդ ճանչնալ»ու յատկութիւն պէտք է ունենալ եւ կարենալ համեմատել գործը կամ ծառայութիւնը եւ այդ գործին կամ ծառայութեան թեկնածու անձը՝ իր բոլոր յատկութիւններով ե՛ւ նկարագրո՛վ։

Պէտք է բծախնդիր ըլլալ մանաւանդ հանրային ծառայութիւններու պարագային՝ ուր հասարակաց բարիքը եւ օգուտը խնդրոյ առարկայ է։ Այս մասին սխալ որոշում մը, վրիպում մը անհատական եւ հասարակական-ընկերային վնասներու կրնայ պատճառ հանդիսանալ։ Զոր օրինակ, կոյրի մը՝ կոյր մը առաջնորդելու պարտականութիւնը տալ, կոյրի մը ուրիշ կոյրի մը պատասխանատուութիւնը բեռցնել անիմաստ կ՚ըլլայ, որմէ ո՛չ մէկ օգուտ կարելի կ՚ըլլայ քաղել, քանի որ երկուքն ալ ի վերջոյ կրնան կորսնցնել իրենց ճամբան եւ խորխորատ գլորիլ։ Անհատական այս օրինակը կարելի է պատշաճեցնել նաեւ ընկերային կեանքի՝ ուր հանրութեան ծառայողներ, հասարակութեան օգտին համար աշխատողներ պէտք է ունենան առաջնորդելու եւ մանաւանդ «տիպար» ըլլալու առաւելութիւնները եւ առաջնորդի հանգամանքը։

Ընդհանրապէս, ընկերային կեանքի մէջ ձախողութիւններ կը պատահին, անփորձ եւ գործին անյարմար անձերու գործի կոչուելու պատճառով։ Այս մասին ճիշդն է՝ գործին համեմատ, գործին հմուտ անձերու յանձնել պատասխանատուութիւնը, եթէ ոչ մասնագէտ, բայց գոնէ նուազագոյն տեղեկութեան եւ փորձառութեան տէր անձերու, որպէսզի կարելի ըլլայ հասնիլ մտադրուած եւ նախատեսուած նպատակին։

Բայց երբեմն «սխալմամբ» որպէս վրիպում, ո՛չ թէ գործին համեմատ անձ, այլ՝ անձին համեմատ գործ կը ստեղծուի։ Եւ անշուշտ վնասուողը միշտ հասարակութիւնը կ՚ըլլայ…։

Արդարեւ, միայն գիտութիւն, փորձառութիւն չի բաւեր գործի մը յարմար ըլլալու համար։

Երբ մէկու մը գործ մը կը յանձնուի, որքան գիտութիւն, փորձառութիւն, հմտութիւն, նո՛յնքան եւ նոյնիսկ աւելի ենթակային նկարագիրը, բարոյականն ալ կարեւոր է եւ անհրաժեշտ։ Պահ մը խորհեցէք սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, մէկը՝ որ գիտուն է, ամենագէտ, փորձառու եւ հմուտ, բայց բարոյականով տկար է, հաստատ նկարագրի տէր չէ, այդ մէկը ո՞րքան կրնայ վստահութիւն ներշնչել, ո՞րքան կարելի կ՚ըլլայ ապաւինիլ անոր։

Արդարեւ այդ կը նմանի «Արջը կալին լծել»ու որմէ ո՛չ մէկ օգուտ կը ստացուի, բայց միա՛յն վնաս…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օգոստոս 21, 2019, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Օգոստոս 31, 2019