ԿՕՇԻԿԸ՝ ՓՈԽԱՆ ԳԱՂԱՓԱՐԻ (Տպաւորութիւն մը)

Վերջերս բարեկամի մը հետ գացինք Հայաստանի հիւսիսը գտնուող Դսեղ գիւղ, ուր ծնած եւ իր մանկութիւնը ապրած է բանաստեղծ, արձակագիր  եւ ազգային գործիչ Յովհաննէս Թումանեան:

Գացինք ամենայն հայոց բանաստեղծի ապրած տունը՝ որ 1939 թուականին վերածուած է տուն-թանգարանի:

Մեզ դիմաւորող պառաւին հարց տուի.

-Յովհաննէս Թումանեան տասն զաւան ունեցած է. ո՞ւր են անոնց թոռնիկներն ու սերունդը:

Պատասխանը սահմռկեցուցիչ էր. «Հայաստանի մէջ անոնցմէ մարդ չկայ. մաս մը Գերմանիա, մաս մը Միացեալ Նահանգներ ու մաս մըն ալ Ռուսաստան են»:

Պատկերացուցէ՛ք ըլլաք Ամենայն Հայոց բանաստեղծ, ձեր ամբողջ կեանքը նուիրէ՛ք հայրենիքին, գովքը հիւսէք հայրենի հողին, գիր ու գրականութեան ճամբով փորձէք հայութիւն ջամբել հազարաւոր հայորդիներու, սակայն ձեր իսկ հարազատ թոռները օտարութեան ճիրաններուն մէջ տեսնել, կամայ թէ ակամայ օտարացման ենթակայ վա՛ղ թէ ուշ:

Լսած էի խօսք մը որ կ՚ըսէ. «մեծ մարդոց դժբախտութիւնը մի՛շտ ալ իրենց զաւակները եղած են»։ Պէյրութի մէջ թունդ ազգայնական մը իր կեանքի մեծագոյն դժբախտութիւնն ու ամօթանքը կը համարէր իր զաւկին կատարած օտար ամուսնութիւնը. իրեն պէս մարդու կը վայելէ՞ր...:

Տուն-թանգարանի տպաւորութիւններս այնքան ալ լաւը չէին. մին Ամենայն Հայոց բանաստեղծի տուն-թանգարանին մէկ անկիւնը «Կոֆէ» գրած սուրճ կը փորձէր ծախել, ուրիշ մը կ՚ըսէր «էսկուրսիաի համար 1500 դրամ», ուրիշ մը գիրք ծախելու մարմաջով էր: Թանգրանի մուտք 500 դրամ:

Պիտի չըլլա՞ր մէկը, որ Քրիստոսի նման շրջէր անոնց առեւտուրի սեղանները:

Ամենայն Հայոց բանաստեղծի տունէն աւելի «պազար» մուտք գործածի տպաւորութիւն մը կը ձգէր, որու միակ հայկականութիւնը Թումանեանի այդտեղ ապրած ըլլալուն վերացական իմացութիւնն է:

Մտանք ներս:

Մի քանի անկողին, արդուկ մը, կաթսայ մը եւ մի քանի աննշմար իրեր: Յատկանշականը Թումանեանի զգեստն էր՝ կօշիկով, տաբատով ու շապիկով: Պահ մը այն մտածումը ունեցայ, որ ի՜նչ մեծ բախտաւորութիւն, որ պահած են Ամենայն Հայոց բանաստեղծի իրերը, բայց վերջը ունեցայ այն դժբախտ եզրակացութիւնը, որ այսօր մարդիկ աւելի կարեւորութիւն կու տան կօշիկին՝ քան կօշիկի տիրոջ գաղափարին ու գրականութեան:

Գիտէ՞ք որքա՜ն այցելուներ կ՚երթան Թումանեանի տուն-թանգարան՝ առանց մի քանի տող անգամ կարդացած ըլլալու բանաստեղծի միտքերէն:

Բայց առաւելութիւնը Թումանեանի ա՛յն էր, որ գոնէ իրերը պահած էին: Այդ երանութեան չարժանացողները կան: Օր մը բարեկամ մը Լիբանանի մէջ կպերթայ կիրակնօրեայ շուկայ մը (bit pazarı). շրջած ատեն աչքին կը զարնէ հայերէն տառերով թուղթեր ու գրութիւններ եւ կ՚ուզէ ուշադրութեամբ զննել: Հայատառ նամակներ են՝ եկած զանազան երկիրներէ, ինչպէս նաեւ շրջաբերականներ, ժողովներու ատենագրութիւններ եւ այլ կարեւոր փաստաթուղթեր: Փոքր ուսումնասիրութիւն մը երեւան կը հանէ, թէ Վարդգէս Տէր-Կարապետեանի անձնական նամակներու ժողովածուն է՝ օտար այլազգի մարդոց կողմէ հաւաքուած աղբէն եւ մի քանի «ղուրուշ»ի համար ծախու հանուած:

Ցաւ ի սիրտ, մենք այսօր միա՛յն երեւոյթով տարուած ենք, որովհետեւ մեզի համար շա՜տ աւելի կ՚արժէ Թումանեանի կօշիկը, քան անոր «Հազարան պլպուլը» եւ կամ «Հին կռիւը» որ շատերո՜ւ անծանօթ է:

Թումանեանի թոռները օտարութեան մագիլներուն մէջ, մեր նոր սերունդը գիրի ու գրականութեան հանդէպ անտարբեր ու մեր ամբողջ գիտցածը, կարդացածը Թումանեանի մասին, անոր գործերուն 2 տոկոսը չեն կազմեր...:

Բայց ունինք տուն-թանգարան՝ մուտքը վճարով, «կոֆէ»ով եւ «էսկուրսիա»ով, վասն յիշատակութեան Ամենայն Հայոց բանաստեղծին:

Երանի՜ այն ազգին, որ ո՛չ թէ նիւթական տուն-թանգարանով կը հպարտանայ, այլ կը յաջողի իր մեծերուն գաղափարական թանգարանը կառուցել իր նոր սերունդի ուղեղին ու սիրտին մէջ:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՄԱՆՈՒԷԼ ՄԻՐԱԽՈՐԵԱՆ
(1856-1934)

Մեր թուականէն 165 տարիներ առաջ՝ 31 օգոստոս 1856 թուականին Վանի մէջ ծնած է ազգագրագէտ եւ մանկավարժ Մանուէլ Միրախորեան:

Միրախորեան նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի Ս. Թարգմանչաց դպրոցին մէջ, ապա ընդունուած է Վարագի վանքի ժառանգաւորաց բաժին, ուրկէ մեկնած է Պոլիս, ուսումը շարունակելու Առաքել, Նուպար  եւ Շահնազարեան վարժարանէն ներս:

Մանուէլ Խրիմեան Հայրիկի պատրիարքութեան տարիներուն (1869-1873թթ.) եղած է անոր անձնական քարտուղարը: Որոշ ժամանակ զբաղած է ուսուցչութեամբ, դասաւանդելով Վանի եւ Պոլսոյ տարբեր վարժարաններուն մէջ: 1900-ական թուականներու սկիզբները հաստատուած է Ռումանիա՝ նպաստելով հայկական գաղութի աշխուժացման: Միրախորեան աշխատակցած է Պոլսոյ «Մասիս», «Արեւելք», «Երկրագունտ», ինչպէս նաեւ Մարսէյլի «Արմենիա» եւ Պոստոնի «Հայ Սիրտ» պարբերականներուն: Ազգագրագէտը 1882 թուականին մեկնած է Ղրիմ, ուսումնասիրելու համար տեղւոյն հայերու ազգագրութիւնը եւ կեանքը, սակայն ուսումնասիրութեան ձեռագրերը բռնագրաւուած է թուրք կառավարութեան կողմէ:

Տարի մը ետք՝ 1883 թուականին մեկնած է պատմական Հայաստան, կատարելու ազգագրական, վիճակագրական եւ պատմագրական ուսումնասիրութիւններ, որոնք հրատարակած է «Նկարագրական ուղեւորութիւն» աշխատութեան մէջ, որ հսկայական տեղեկութիւններ կը փոխանցէ բնակչութեան թիւի, վանքերու, եկեղեցիներու, խաչքարերու եւ ձեռագիրերու մասին տեղեկութիւններ:

Միրախորեանի գործերուն մեծ մասը մնացած է անտիպ:

Ան մահացած է 28 յունիս 1934 թուականին, Ռումանիոյ մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 31, 2021