ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ ԲՆԱԿԱՆ ՎԻՃԱԿ Է

Իրաւունքը, որ ամենալայն իմաստով կը համապատասխանէ՝ արդար սեփականութեան, օրինաւորուած պահանջքի կամ բան մը ընելու կամ չընելու ազատութեան եւ կարողութեան, չի բխիր պետութենէ, այլ մարդու բնական դրութենէն։

Արդարեւ, իրաւունքը բարձր է պետական իշխանութենէն եւ օրէնքէն, որովհետեւ, երբ դեռ պետութիւն գոյութիւն չունէր, կային մարդիկ եւ կար իրաւո՛ւնք. ինքն՝ պետութիւնը գոյութիւն կը ստանայ իրաւունքէն։ Եկեղեցին ալ իր գոյութիւնը կը ստանայ իրաւունքէն՝ եւ ո՛չ թէ պետութենէն. պետութիւնը կրնայ ընդունիլ կամ մերժել Եկեղեցիի գոյութիւնը, բայց անով չէ որ կ՚ոչնչանայ այդ գոյութիւնը։ Ասոր ակնյայտնի ապացոյցը կը ներկայացնէ մեզ պատմութիւնը։ Եկեղեցին գոյութիւն ունէր ամբողջ երեք դար բոլորովին անկախ պետութենէն, երբ պետութիւնը ոչ միայն ուշադրութիւն չէր դարձներ անոր վրայ, այլ կ՚արհամարհէր, կը հալածէր եւ բռնի միջոցներով կ՚աշխատէր ջնջել զայն։ Առհասարակ, Եկեղեցին իր իրաւաբանական կողմէն միայն այն չափով կախում ունի պետութենէն, որչափով, որ կը վայելէ անկէ իրաւական արտօնութիւններ եւ պաշտպանութիւն։

Այլապէս ստիպողականութիւնը չէ էական մասը իրաւունքի, այլ միայն երաշխաւորութիւն է կամ ապահովութիւն անոր գոյութեան եւ գոյատեւման համար։ Ընկերակցութեան մը կամ պետութեան կարգ ու կանոնը կարող չէ գոյութիւն ունենալ եւ յարատեւ մնալ, եթէ ան չունի զօրութիւն անոր պահպանութեան համար։ Ուրեմն, ստիպողականութիւնը միայն ապահով կը դարձնէ իրաւունքի գործնական գոյութիւնը կեանքի մէջ։ Բայց միթէ միայն ո՞ւժը, բռնութի՞ւնը կարող է ապահով դարձնել եւ պահպանել կարգ ու կանոնը եւ իրաւունքը։ Անհատական եւ հասարակական իրաւաճանաչութիւնը եւ պարտաճանաչութիւնը, միթէ աւելի հաստատ ապահովութիւն չե՞ն իրաւունքի համար, աւելի ազդու ուժ չե՞ն անոր պահպանութեան համար։ Պարզ է ուրեմն, որ ստիպողականութիւնը՝ հարկադրանք եւ պարտադրանքը ո՛չ թէ իրաւունքի էական մասն է կամ առանձին յատկութիւն, այլ միայն երկրորդական. իսկ անոր էական մասը արդարութի՛ւնն է, որ գգուէ հասարակութիւնը կամ պետութիւնը, եւ որ կը յայտնէ օրէնքի կամ իրաւաբանական աւանդութեան մէջ ինքզինք։

Իրաւունքի գործնական եւ աւելի հիմնաւոր ապահովութիւնը հասարակութեան իւրաքանչիւր անդամի համոզմունքն է՝ որով ան հարկաւոր կը համարէ իրաւունքը եւ կը ճանչնայ պարտաւորութիւնը՝ հնազանդիլ իրաւունքին։ Միեւնոյնը նաեւ կը վերաբերի Եկեղեցական իրաւունքին։

Ասոնցմէ յետոյ պարզ է, որ վերոյիշեալ կարծիքին հետեւողներ ի զուր կը խառնեն եւ կը շփոթեն Եկեղեցիի եւ եկեղեցական իրաւունքի բարոյական եւ իրաւական կողմերը։ Եւ թէպէտ այստեղ աւելի դժուար է քան թէ ուրիշ տեսակ շրջանի մը մէջ, բայց անկարելի չէ՛ որոշել բարոյականի եւ իրաւականի մէջ եղած սահմանը։ Եկեղեցիի բարոյական օրէնքները կը ներկայացնեն եւ կը պարունակեն իրենց մէջ քրիստոնէական բարոյականութեան ընդհանուր սկզբունքները՝ արտաքին որոշ պայմաններու համապատասխանող սահմաններու մէջ եւ կը յարմարցուին անոնց կեանքի արտաքին պայմաններուն եւ պահանջներուն։ Բարոյական օրէնքը մարդը կը վերածէ քրիստոնեայի, իսկ եկեղեցական օրէնքը զայն կը վերածէ կրօնական ընկերակցութեան անդամի, կ՚որոշէ անոր կացութիւնը եւ դրութիւնը այդ ընկերակցութեան մէջ, անոր եկեղեցական հասարակութեան վերաբերեալ իրաւունքները, պարտաւորութիւնները եւ յարաբերութիւնները։

Ուստի Եկեղեցւոյ մէջ բարոյական օրէնքները միեւնոյնն են միշտ եւ ամէնքի համար, իսկ եկեղեցական օրէնքները զանազան են զանազան ժամանակներու զանազան դրութեան եւ վիճակի վերաբերմամբ։ Վերջապէս բարոյական օրէնքները չունին առհասարակ արտաքին ստիպողականութիւն, անոնց խանգարող գործողութիւնները չեն ստեղծեր իրաւաբանական հետեւանքներ եւ կը դատուին խղճի դատաստանով։

Եկեղեցական իրաւաբանութիւնը յատուկ տեղ մը ունի իրաւաբանական գիտութեան մէջ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Օգոստոս 30, 2023, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 31, 2023