ՅԻՍՈՒՍ՝ ՄԻՇՏ ՆՈՅՆԸ

Յիսուս պատմական անձ մը չէ՛. Ան կենդանի Աստուածն է՝ միշտ ներկայ, միշտ մեզի հետ։ «Յիսուս Քրիստոս նոյնն է երէկ եւ այսօր եւ յաւիտեան». (ԵԲՐ. ԺԳ 8)։ Ուստի երբ կ՚աղօթենք, պէտք է համոզուած ըլլանք, որ մեր դէմ կենդանի Անձ մը կա՛յ։ Այս իմաստով, Ան միշտ մեզի հետ է, եւ երանի՜ անոր որ Անոր ներկայութիւնը կը զգայ, կը վայելէ Անոր բարեկամութիւնը։ Յիսուս, ինչպէս անցեալին՝ իր երկրաւոր կեանքին մէջ խաղաղութիւն բաշխեց եւ հրաշքներ գործեց, այսօր ալ խաղաղութիւն կը բաշխէ եւ հրաշքներ կը գործէ եւ յաւիտեան պիտի գործէ։ «Ահա ամէն օր ես ձեզի հետ եմ, մինչեւ աշխարհիս վերջը…». (ՄԱՏԹ. ԻԸ 20)։

Արդարեւ, Յիսուսի մեզի հետ ըլլալը քիչ մըն ալ մեզմէ կախում ունի, քանի որ Յիսուս կ՚ըսէ.

«Ուր երկու կամ երեք հոգի ժողվուած ըլլան իմ անուովս, հոն եմ ես անոնց մէջ». (ՄԱՏԹ. ԺԸ 20)։

Արդարեւ, Յիսուս միշտ պատրաստ է մեզի հետ ըլլալու, մեր մէջ ըլլալու, սակայն մենք ալ պէտք է ուզենք, որ Ան մեր մէջ ըլլայ։ Եւ այս հատուածը կարեւորութիւնը ցոյց կու տայ հաւաքական աղօթքին։ Ուստի, հաւաքական աղօթքի զօրութիւնը կը կայանայ այս իրողութեան մէջ, թէ հաւաքական աղօթքը «հասարակաց ներուժ» մը կը ստեղծէ եւ այդ ներուժը՝ Քրիստոսի ներկայութիւնն է։ Իրարու համար աղօթել, աղօթքի միութիւն մը ստեղծել՝ աղօթքին զօրութիւնը կ՚աւելցնէ։

Յիսուս միշտ հո՛ս է, միշտ նոյնը եւ միշտ պատրա՛ստ մեզ պահպանելու, մեզ զօրացնելու մեր տկարութիւններուն մէջ։ Այս իմաստով Աստուծոյ հովանին միշտ մեր վրայ է, բաւ է որ զգանք այդ հովանաւորութիւնը։

Աստուած դրախտին մէջ հարցուց Ադամին. «Ո՞ւր ես Ադամ»։ Աստուած յաճախ մեզի ալ կը հարցնէ. «Ո՞ւր ես», երբ մենք կորսնցուցած ենք մեր ճամբան, շեղած ենք մեր ուղղութենէն։ Մոլորած ոչխարի նման, մարդ երբեմն կը կորսնցնէ իր ճամբան, եւ ան կ՚օտարանայ ինքն իրեն։

Եւ ահաւասիկ, այդ պահուն Աստուած կը հարցնէ մեզի, Ադամին հարցուցածին պէս. «Ո՞ւր ես»։ Երբ անդրադառնանք այդ հարցումին, ահաւասիկ փրկուած ենք եւ գտած՝ մեր ուղիղ ճամբան եւ հաճելի կ՚ըլլանք Աստուծոյ։

Արդարեւ, մենք տեւական փնտըռ-տուքի մէջ ըլլալու ենք. բարձրը փնտռելու, երկնայինին ձգտելու։ Պէտք է փնտռենք բարձր արժէքներ, փոխանակ աշխարհային ժամանակաւոր եւ խաբուսիկ, կեղծ ցնորական բաներու։

Մարդ իր մեղքերուն պատճառով յաճախ կը ծածկուի եւ կը կորսուի. ահաւասիկ, ճիշդ այդ պահուն է, որ աստուածային հարցումը կ՚ուղղուի մեզի. «Ո՞ւր ես»։

Մեղաւորը միշտ մութը եւ խաւարը կ՚ընտրէ, իսկ արդարը՝ լոյսի մէջ կը յայտնուի։

Մենք ալ, սիրելի՜ բարեկամներ, ընտրենք լոյսը, խուսափինք խաւարէն. առիթ չստեղծենք որ Աստուած մեզի հարցնէ, թէ ո՞ւր ենք։ Ճակատաբաց՝ լոյսի մէջ յայտնուինք Աստուծոյ եւ հաճելի ըլլա՛նք Անոր…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Օգոստոս 30, 2024, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Օգոստոս 31, 2024