ՅԻՍՈՒՍ ԿԸ ԲԺՇԿԷ՛

«Սիմոնի զոքանչը սաստիկ տաքութիւն ունէր եւ կը տանջուէր անկէ։ Յիսուսի աղաչեցին որ բժշկէ զայն։ Յիսուս անոր մօտ գնաց եւ սաստեց տաքութիւնը։ Տաքութիւնը անցաւ, եւ հիւանդը անմիջապէս ոտքի ելլելով՝ սկսաւ սպասարկել անոնց» (ՂՈՒԿ. Դ 38-39)։

Որեւէ հիւանդութիւն ցաւ, վիշտ եւ տառապանք կը պատճառէ մարդուս։ Մարդկային մարմնի որեւէ գործարանի տկարութիւնը եւ կամ աններդաշնակ գործունէութիւնը ցաւ եւ տառապանք կը պատճառէ ենթակային։ Եւ մարդ, անշո՛ւշտ կ՚ուզէ ժամ առաջ փրկուիլ այդ ցաւէն եւ տառապանքէն։

Եւ բժիշկն է որ մարդկային մարմնի խանգարման ախտաճանաչումը կը կատարէ։ Ան է որ պիտի դարմանէ, ան է որ մարմինը վերստին դարձնէ իր բնականոն վիճակին։ Եւ ասիկա ընելու համար բժիշկը իր կեանքէն տարի՜ներ կը վատնէ գիտութիւն եւ փորձառութիւն ձեռք ձգելու եւ կեանքեր փրկելու, հիւանդներ բժշկելու, իրենց առողջութիւնը իրենց վերադարձնելու, տառապանքէ փրկելու համար…։

Արդարեւ, հիւանդութիւններու մեծ մասը կը «պարտուին»՝ կը բժշկուին բժիշկներու ճարտարութեան, գիտութեան եւ փորձառութեան շնորհիւ։ Ուստի ճարտար բժշկութիւնը ճշմարիտ օրհնութի՛ւն մըն է մարդկութեան համար։

Բայց մարդ միայն մարմնական-ֆիզիքական հիւանդութիւններու չի բռնուիր, այլ կը տառապի յաճախ հոգեկան հիւանդութիւններու պատճառով նաեւ։ Հոգեկան հիւանդութիւններու առատութեան պատճառն ալ, ընդհանրապէս այն է, որ մարդ ամէն քայլափոխին «հոգեկան եւ բարոյական սխա՛լներ» կը գործէ, ինչպէս կը վկայեն այս մասին մասնագէտ հոգեբոյժներ։ Անշուշտ կան նաեւ ծինային հոգեկան հիւանդութիւններ, ինչպէս՝ ստացականներ։ Այս պարագան կը վերաբարի մասնագէտներու գիտութեան եւ փորձառութեան։

Արդարեւ, սա անվիճելի է որ մարդուն զգայարանքները եւ տենչանքները, կիրքերը զինք ամէն վայրկեան կրնան մոլորեցնել ուղիղ խորհելէ եւ շիտակ գործողութենէ։ Ուստի զանազան կիրքեր եւ կամ արտաքին ազդեցութիւններ, եւ մանաւանդ նախանձի վատ զգացումը մարդս հոգեկան հիւանդութիւններու նկատմամբ «ծուղակի մէջ կը ձգեն»։ Անշուշտ բոլոր այս պարագաներուն կը փնտռուի մասնագէտ բժիշկը՝ բժշկելու եւ առողջութիւնը վերադարձնելու համար ենթակային՝ որ կը տառապի, կը տանջուի հոգեկան հիւանդութենէն։ Եւ բժիշկը ախտաճանաչումը կը կատարէ եւ կարելին կ՚ընէ բժշկելու համար հոգեկան հիւանդութենէ տառապողը։

Երբ կ՚ըսենք. «Հոգեկան հիւանդութիւններու պատճառը, ընդհանրապէս մարդուս գործած հոգեկան եւ բարոյական սխա՛լներն է», այս «սխալ»ներուն կարգին պէտք է նկատի ունենալ նաեւ «մեղք»ը՝ որ հոգեկան սխալ մըն է, մոլորութիւն մը, շեղում մը հոգեկան բնականոն ընթացքէն։

Ուստի, ընդհանուր առումով «հիւանդ» մը կը դիմէ բժիշկին, որպէսզի բժշկուի։ Բայց երբ այդ հիւանդութիւնը «մեղք» կը կոչենք, ապա ուրեմն մեղքի պարագային հիւանդն ալ՝ «մեղաւոր» մարդն է։ Հետեւաբար մեղաւորն ալ փրկուելու, ազատագրուելու համար, այսինքն «բժշկուելու» համար պէտք է դիմէ Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի։

Արդարեւ, Յիսուս բացայայտ կերպով կը յայտարարէ, թէ՝ Ինք եկած է մեղաւորները ապաշխարութեան կոչելու եւ փրկելո՛ւ։ Այս իմաստով, «ապաշխարութիւն»ը՝ գործուած մեղքին, այսինքն հոգեկան սխալին համար զգացուած վի՛շտն է։

Ահաւասիկ, ճիշդ ալ այս պատճառով է որ Յիսուս բժի՛շկ է, Յիսուս կը բժշկէ՛։

Հոս կ՚արժէ հպանցիկ ակնարկ մը նետել «մեղք» ըմբռնումի մասին եւ հակիրճ կերպով բացատրել ջանալ թէ՝ ի՛նչ է մեղքը։

«Մեղք»ը յանցա՛նք մըն է ընդդէմ բանականութեան, ճշմարտութեան եւ ուղիղ խղճմը-տանքին, թերացում մըն է ճշմարիտ սիրոյն դէմ Աստուծոյ եւ մերձաւորին հանդէպ, կարգ մը բարիքներու թիւր փարումի մը հետեւանքով։ Ան կը վիրաւորէ մարդուն բնութիւնը եւ վնա՛ս կը հասցնէ մարդկային համընկերութեան։ Ան բնորոշուած է իբրեւ «խօսք մը, արարք մը կամ բաղձանք մը, որոնք հակառա՛կ են յաւիտենական օրէնքին», ըստ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոսի։ Ուստի մեղքը «վիրաւորանք» մըն է Աստուծոյ հանդէպ, ինչպէս կ՚ըսէ Սաղմոսերգուն. «Միայն Քու դէմդ մեղանչեցի։ Ինչ որ չար է Քու աչքերուդ ես գործեցի զայն» (ՍԱՂՄ. Ծ 6)։ Մեղքը դէ՛մ կը կանգնի Աստուծոյ սիրոյն մեզի հանդէպ եւ Անկէ կը շեղեցնէ մեր սրտերը։ «Առաջին մեղք»ին պէս. ան «անհնազանդութի՛ւն» մըն է՝  ըմբոստութիւն մը ընդդէմ Աստուծոյ, ուզելով դառնալ «Աստուծոյ պէս», ճանչնալով եւ բնորոշելով «բարի»ն եւ «չար»ը. (ԾՆՆԴ. Գ 5)։ Այսպէս մեղքը «սէր մըն է անձին, որ կը դառնայ արհամարհանք Աստուծոյ», կ՚ըսէ դարձեալ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս։ Անձին, այս ամբարտաւան պանծացումովը, մեղքը անմիջականօրէն կը հակադրուի փրկութիւնը կատարող Յիսուսի հնազանդութեան. (ՓԻԼ. Բ 6-9)։ Մեղքը կը սաստկանանայ մարդուս կիրքերուն սաստկութեան համեմատութեամբ։

Արդարեւ, մեղքը հոգեկան սխա՛լ մը, մոլորութիւն մըն է, հոգեկան ախտ մը, հիւանդութիւն մը, որ կը կարօտի բժշկութեան եւ որուն բժիշկն է՝ Յիսուս։

Յիսուս երբ բժշկեց Սիմոնի զոքանչը, ան անմիջապէս ոտքի ելլելով՝ սկսաւ սպասարկել Յիսուսի եւ հոն գտնուող բոլոր ներկաներուն, ինչպէս կը վկայէ Աւետարանը. (ՂՈՒԿ. Դ 38-39)։ Ահաւասիկ, այս կէտին պէտք է մեր ուշադրութիւնը դարձնենք բժշկուած հիւանդին՝ Յիսուսի եւ իր շուրջիններուն սպասարկելու հարցին։ Դա՛ս մըն է ասիկա. երախտագիտութեան, եւ երախտագիտութեան արտայայտութեան ձեւին. երբ Քրիստոսէ բժշկութիւն կը խնդրենք, կ՚աղօթենք, եւ կը բժշկուինք, պէ՛տք է զայն փոխադարձենք մեր երախտագիտութիւնը յայտնելով՝ որուն կերպն է Քրիստոսի պատուէրներուն հնազանդութիւն, մերձաւորներուն օգնութիւն եւ սպասարկութիւն, մէկ խօսքով՝ սիրոյ ազնիւ զգացումներով վարուիլ ամէնքին հետ եւ չխնայել ամէն օգնութիւն։

Յիսուս կ՚ըսէ. «Ես չեկայ ծառայութիւն ընդունելու, այլ՝ ծառայելո՛ւ»։ Ծառայասիրութիւնը մեր պա՛րտքն է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 27, 2019, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2019