ԱՌՈՂՋՈՒԹԻՒՆԸ ԽՆԱՄՔ ԵՒ ՀՈԳԱԾՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ
Կեանքը եւ առողջութիւնը ֆիզիքական թանկագին բարիքներ են՝ մեզի յանձնուած Աստուծմէ։ Ուստի մենք պարտականութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը ունինք անոնց խնամք տանելու բանաւոր եւ կարելի չափով, նկատի ունենալով նաեւ ուրիշներուն կարիքները այս մասին եւ «հասարակաց բարիք»ը։
Անշուշտ, առողջութեան նկատմամբ խնամքը անհատապէս բաւարար պիտի չըլլար, երբ ընկերային օժանդակութիւն եւ օգնութիւն չըլլար։ Ուրեմն, անհատին, որ ընկերութեան մէջ քաղաքացիներ են, առողջութեան հոգատարութիւնը կը պահանջէ ընկերութեան օժանդակութիւնը՝ որպէսզի կարելի ըլլայ ձեռք ձգել կեցութեան այն ընդհանուր եւ անհրաժեշտ պայմանները՝ որոնք թոյլ կու տան մեծնալ, տարածուիլ եւ հասնիլ մարմնական հասունութեան, այսինքն՝ սնունդ, զգեստ, բնակարան եւ խնամք առողջութեան, ի պահանջել հարկին՝ բժշկութեան, ինչպէս նաեւ՝ հիմնական ուսում եւ կրթութիւն, գործ, ասպարէզ, գործունէութեան բնագաւառ եւ ընդհանրապէս ընկերային օժանդակութիւն։
Բարոյականը թէեւ կո՛չ կ՚ընէ մարմնաւոր կեաքին յարգանքին, սակայն զայն չի՛ դարձներ բացարձակ արժէք մը։
Ան կ՚ընդվզի «նոր հեթանոսական» այն մտայղացումին դէմ, որ կը ձգտի զարկ տալու «մարմինի պաշտամունք»ին, ամէն ինչ զոհելու անոր, պաշտամունքի վերածելու ֆիզիքական կատարելութիւնը եւ մարզական յաջողութիւնը։ Հզօրներուն եւ տկարներուն միջեւ զատողութիւն կատարելով, նման մտայղացումը կարող է մեզ հասցնել մարդկային փոխյարաբերութիւններուն չարափոխումին։
Ժուժկալութեան առաքինութիւնը մարդս տրամադիր կը դարձնէ զգուշանալու ամէն տեսակ չափազանցութիւններէ եւ ծայրայեղութիւններէ, սեղանի զեղծումէն, խմիչքէն եւ դեղօրայքէն։ Անոնք որ գինովութեան վիճակին մէջ կամ արագութեան անզուսպ սէրէն մղուած ուրիշներուն եւ իրենց իսկ ապահովութիւնը ճամբաներու վրայ, ծովուն վրայ կամ օդին մէջ վտանգի կ՚ենթարկեն, իրենք զիրենք ծանր յանցապարտ կը դարձնեն։
Թմրեցուցիչին գործածութիւնը շատ ծանր աւերներ կը գործէ մարդկային առողջութեան եւ կեանքին։
Անոր գործածութիւնը դարմանական ցուցմունքներէն դուրս, ծանր յանցանք մըն է։ Թմրեցուցիչներու գաղտնի արտադրութիւնը եւ վաճառքը գայթակղեցուցիչ կիրարկումներ են. անոնց միջեւ ուղղակի մեղսակցութիւն կայ, որ բարոյական օրէնքին ծանրօրէն հակառակ կիրարկումներու կը մղեն։
Այստեղ խօսքը փոխանցենք մասնագէտ բժիշկի մը՝ տոց. տքթ. Վարդ Շիկահերի, տողեր արտատպելով եւ մէջբերելով իր «Երեք ահաւոր փորձանք. ծխախոտը-ալքոլը-թմրաթոյներ» գիրքէն՝ Ուսուցչաց հիմնարկի հրատարակութիւններէն, 2007։
«Այս օրերուն, կրկի՛ն ահազանգ կը տրուի թմրեցուցիչներու գործածման ծաւալման մասին, աշխարհի տարածքին։
«Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան մէկ տեղեկագրով կը հաղորդուէր, թէ անցեալ տարի աւելի քան երկու հարիւր միլիոն մարդիկ կը տառապէին, ինկած՝ կործանարար մոլութեան այս ցանցին մէջ. հիւանդարաններու անկիւնները, վերահաս տխուր վախճանի մը սպառնալիքին տակ։
«Զարհուրելի էր նա՛եւ այն պարագան, թէ հետզհետէ աւե՛լի մատղաշ հասակներ՝ 12-15 տարու հազիւ, թմրաթոյնի գործածումի սկսան, սահմանները կ՚իջեցնէին այսպէս՝ դէպի փոքր տարիքներ։
«Մարդկութեան համար, ահա՛ւոր փորձանք ու աղէտ են թմրաթոյները։
«Սպիտակ մեծ պատուհաս է անոնց համատարած գործածումը։ Սա՝ կը գերեվարող իշխանութեամբ։ Կը ծածկուի սպիտակութեան հանդերձանքի տակ, եղծանելով այս գոյնի խորհրդանշական իմաստը, որ է մաքրութիւնը, անարատութիւնը։
«Թմրեցուցիչները պատրանոյշ զգայամոլութեան մը ներազդումով, կը մթագնեն երիտասարդներու կեանքի հորիզոնները ու կը բանան անոնց առջեւ յիմարանոցներու դուռները։
«Նե՛րս կը քշեն -ծերատիպ երիտասարդ-ները, ծիւրած ու անճանաչելի երեւոյթներով…
«Աշխարհի չորս տարածքին, այնքա՜ն մշտարծարծ է խօսքը եւ այնքա՜ն ծաւալական գործածութիւնը թմրեցուցիչներու, որոնք անչափելի աղէտներու ցանցերուն մէջ՝ կալանակապ կը պահեն բազմամիլիոն թշուառներ, ի կորուստ եւ ի փճացում…
«…Որքա՜ն ցանկալի է ակա՛նջ տալ սա օգտաշատ պատգամին.- Կցորդ մի՛ ըլլաք խաւարի անպտուղ գործքերուն, այլ մանաւանդ յանդիմանեցէ՛ք զանոնք.- (ԵՓԵՍ. Ե 11)։
«Մի՛ թողուք որ խաւարի ձեր կեանքի աստղը»։
Կեանքը եւ առողջութիւնը խնամքի կը կարօտի…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 30, 2023, Իսթանպուլ