ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ԽՂՃՄՏԱՆՔԸ

Մարդը իր խղճմտանքին խորը կը գտնէ ներկայութիւնը օրէնքի մը՝ որ ինք չէ տուած, սակայն որուն ինք պարտական է հնազանդիլ։ Այս ձայնը, որ անդադար կը մղէ զինք սիրելու եւ կատարելու «բարի»ն եւ զգուշանալու «չար»էն, պատեհ պահուն կը հնչէ անոր սրտին մտերմութեան մէջ։ Ասիկա «օրէնք» մըն է՝ արձանագրուած Աստուծոյ կողմէ մարդուն սրտին մէջ։

Խղճմտանքը մարդուն ամենէն մտերիմ եւ ամենէն գաղտնի ներսիդին է, սրբավայրը՝ ուր ան առանձին է Աստուծոյ հետ եւ ուր Աստուծոյ ձայնը ինքզինք լսելի կ՚ընէ։

Մարդուն սրտին մէջ ներկայ եղող «բարոյական խղճմտանք»ը պատեհ վայրկեանին կը հրամայէ անոր կատարել «բարի»ն եւ զգուշանալ «չար»էն։

Ան կը զատորոշէ նաեւ կատարուելիք ընտրանքները, անսալով բարիին, մերժելով չարը։

Ան կը վկայէ ճշմարտութեան վկայութեան, որ կապակցութեան մէջ է գերագոյն բարիին հետ, որուն քաշողականութիւնը կը կրէ մարդկային անձը եւ կ՚ընդունի Անոր պատուիրանները։

Խոհեմ մարդը երբ կ՚ունկնդրէ բարոյական խղճմտանքի ձայնին, կարող կը դառնայ լսելու իրեն խօսող Աստուածը։

Արդարեւ, բարոյական խղճմտանքը բանականութեան մէկ դատողութիւնն է՝ որուն միջոցով մարդկային անձը կը ճանչնայ բարոյական հանգամանքը շօշափելի գործի մը՝ զոր պիտի կատարէ, կամ կը կատարէ եւ կամ արդէն կատարած է։

Իր ամէն ըսածին, ամէն խօսածին եւ ըրածին, գործածին մէջ, մարդը պարտաւոր է հետեւելու հաւատարմաբար այն բանին, զոր գիտէ, թէ արդա՛ր է եւ ուղիղ։ Իր խղճմտանքին դատողութեամբ է, որ մարդը կը տեսնէ, կ՚անդրադառնայ եւ կը ճանչնայ աստուածային օրէնքին հրահանգները։

«Խղճմտանքը օրէնք մըն է մեր մտքին, որ կը գերազանցէ մեր միտքը, կու տայ մեզի հրահանգներ, կը նշէ պատասխանատուութիւն, պարտականութիւն, երկիւղ եւ յո՛յս։ Ան պատգամաբերն է Անոր, որ բնութեան եւ շնորհքին աշխարհին մէջ կը խօսի մեզի վարագոյրին ընդ մէջէն, կը դաստիարակէ եւ կը կառավարէ մեզ։ Խղճմտանքը Քրիստոսի բոլոր փոխանորդներուն առաջինն է», կ՚ըսէ John Henry Newman (1801-1890), անգլիացի աստուածաբան, պատմաբան, իմաստասէրը։

Կարեւոր է, որ իւրաքանչիւր մարդ ինքզինքին գիտակից ըլլայ՝ լսելու համար խղճմտանքին ձայնը եւ անոր հաւատարմութեամբ հետեւելու։ Այս «ներամփոփում»ի պահանջքը այնքան աւելի կարեւոր է, որքան կեանքը յաճախ կը մղէ խուսափելու ամէն խորհրդածութենէ, քննութենէ կամ ինքնամփոփումէ։

«Վերադարձի՛ր քու խղճմտանքիդ, հարցաքննէ զայն։ Վերադարձէ՛ք եղբայրներ, դէպի ձեր ներաշխարհը եւ ձեր բոլոր գործերուն մէջ դիտեցէ՛ք Վկան Աստուած», կը պատուիրէ Ս. Օգոստինոս Աւրելիոս։

«Հապա ինչպէս գրուած է.- Այն բաները որոնք աչք չէ տեսած եւ ականջ չէ լսած եւ որոնք մարդու սրտին չեն ինկած, Աստուած զինք սիրողներուն պատրաստեց». (Ա ԿՈՐՆԹ. Բ 9)։

Մարդկային անձին արժանապատուութիւնը իր մէջ կը ներփակէ եւ կը պահանջէ ուղղամտութիւնը բարոյական խղճմտանքին։ Բարոյական խղճմտանքը իր մէջ կը բովանդակէ գիտակցութիւնը բարոյականութեան սկզբունքներուն, ինչպէս նաեւ անոնց գործադրութիւնը տուեալ պաագաներու մէջ՝ պատճառներու եւ բարիքներու գործնական դատողութեան միջոցով, եւ վերջապէս՝ կը բովանդակէ դատումը կատարուելիք կամ արդէն կատարուած շօշափելի արարքներուն մասին։

Բարոյական բարիին շուրջ ճշմարտութիւնը, որ հռչակուած է իմացականութեան օրէնքին մէջ, գործնականապէս եւ շօշափելի կերպով ճանչցուած է խղճմտանքին խոհեմ դատողութեամբ։ Խոհեմ կը կոչուի ան՝ որ ընտրութիւն կը կատարէ այս դատումին համեմատ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 30, 2024, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2024