1000 + 1
Ահաւասիկ 1,000 եւ ահաւասի՛կ 1... Անիի աւերակուած եկեղեցիները չենք հաշուեր, ո՛չ ալ արաբական մշակոյթին մէջ յայտնի Շահրազատի հազար ու մէկ գիշերները կը մտաբերենք. պարզապէս ետեւ նայելով կ՚ուզենք արժեւորել արգասիքը մեր ցանքին: Այսօր ԺԱՄԱՆԱԿ-ի էջերուն մէջ լոյս կը տեսնէ մեր հազար ու մէկերրորդ յօդուածը եւ կարելի չէր աւելի յարիր նիւթ մը գտնել՝ քան ինքնադատութիւնը, որովհետեւ այդ հազար ու մէկը պարզապէս մէկ փոքր մասնիկն է այն բոլորին, որ կ՚ուզենք եւ կը փորձենք ըսել:
Տակաւին մի քանի օրեր առաջ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադրութեան 117-ամեակն էր. այս առիթով համացանցի էջիս մէջ հետեւեալ գրառումը կատարեցի. «Արդար հպարտութիւն չէ՞ միթէ 117 տարիներ ետք ըլլալ յօդուածագիրը օրաթերթի մը՝ ուր աշխատակցած են Զապէլ Եսայեան, Արփիար Արփիարեան, Վահան Թէքէեան, Եղիշէ Դուրեան, Գրիգոր Զօհրապ, Ենովք Արմէն եւ բազմաթիւ ուրիշներ: Ուր յօդուածներ հրատարակած է հայոց մեծ երաժիշտ Կոմիտասը. ուր իր գործերը հրատարակած է նշանաւոր գրող Ռուբէն Զարդարեանը». տարօրինակ ձեւով չեղաւ անձ մը, որ ըսէ. «ո՜վ թանձրամիտ, դո՛ւն ուր՝ Եսայեանն ու Արփիարեանը ուր, դո՛ւն ուր՝ Դուրեանն ու Թէքէեանը ուր...» ու այդ պակասը այսօր կու գանք մե՛նք լրացնելու:
Եթէ հարցնելու ըլլաք, թէ 1001 յօդուածէն ո՞րը համակրելի կը թուի, վստահութեամբ կրնանք պատասխանել. ո՛չ մէկը. որովհետեւ կը հաւատանք, թէ լաւագոյն գրութիւնն ու գաղափարը այն է՝ որ վաղը ծնունդ պիտի առնէ եւ հետեւաբար իւրաքանչիւր գրութիւն նորն է, որ կը հետապնդէ եւ այդ փնտռտուքն է, որ ծնունդ կու տայ նոր յօդուածներու: Գրողի մը հոգեվիճակը բարդ է, որովհետեւ իւրաքանչիւր նոր գրութիւն նոր անբաւարարութեան զգացումի մը ծնունդ կու տայ եւ մէկ օր առաջուան յօդուածը արդէն իսկ ժամանակավրէպ կը սկսի համարուիլ եւ կը կորսնցնէ իր նպատակը եւ գրողը կը նկատէ, որ իր մտածումներու ովկեանին դիմաց հազիւ կաթիլ մը կրցած է տալ եւ այդ մէկը խոցելի հոգեկան վիճակ մը կը ստեղծէ. այս մէկը դրակա՞ն է թէ ժխտական՝ չեմ գիտեր, սակայն գուցէ այդ է, որ գրողը գրող կը պահէ... այլապէս նորերու փնտռտուքը վերջ կը գտնէ եւ այդպիսով կը խամրի այն զգացումը, զոր մարդս գրելու կ՚առաջնորդէ:
Սակայն, բացայայտօրէն կ՚ընդունինք, թէ մենք «գրող» մը չենք, որովհետեւ կը հաւատանք, թէ շատեր կրնան գրել, սակայն քիչեր կրնան գրող դառնալ եւ այդ գրող ըլլալ չըլլալու իրողութիւնը անձը ինք չ՚որոշեր, որովհետեւ գրականութեան մէջ ընթերցողը ի՛նք կը ստեղծէ ու կ՚ընտրէ իր գրողը. այդ կոչումը գնահատականն է ընթերցողին: Սակայն քանի՞ գրող կը գրէ ընթերցողին համար. եթէ կը կարծէք բոլորը՝ ապա կը սխալիք, որովհետեւ գրութիւն մը ընթերցողէն առաջ պէտք է գոհացնէ գրողը եւ չկարծէք, թէ այդ մէկը դիւրին է, որովհետեւ գրողի մը համար իւրաքանչիւր նոր բառ ու նախադասութիւն նախորդինէն արժէքաւոր կը դառնայ եւ այդ գրութիւնները ինչքա՛ն երկարին՝ այնքան կը նսեմանայ անոնց արժէքը գրողի մը համար. գրողի մը եւ ընթերցողի մը համար նոյն գրութիւնը կրնայ տարբեր յոյզեր ու ապրումներ ստեղծել, որովհետեւ գրականութիւնը միտքի կողքին նաեւ հոգիի արուեստ է. գրողը բառեր ու նախադասութիւններ կը ստեղծէ, սակայն ընթերցողի ապրումները կեանք կու տան այդ տողերուն, այդ իսկ պատճառով իւրաքանչիւր գրող բնականաբար ունի իր համակիրներն ու հակակիրները:
Այս բոլորի կողքին ի՞նչ են արձագանգները 1001 յօդուածներուն. այս հաշուետուութեան պահը անհրաժեշտ է իւրաքանչիւր «գրող»ի համար. լաւապէս կը գիտակցինք, թէ մեր նիւթերը ունին պարզ, համեստ ու շատ անգամ հասարակ բառեր, որովհետեւ ինչպէս նախապէս ըսած էինք, հրապարակախօսութեան հիմնական նպատակը ո՛չ թէ գրականութիւն զարգացնել է, այլ հանրութեան ու հասարակութեան խօսիլ հարցերու մասին՝ որոնք մեր կեանքին, մեր առօրեային մաս կը կազմեն. հարցերու մասին՝ որոնք կը շարունակեն մնալ վէրքը մեր ընկերային կեանքին. բանաստեղծին գործն է նորանոր բառերով տողերը զարդարելն ու վերացական ապրումներ փոխանցելը. հրապարակախօսը կրնայ քննադատել, գնահատել, հասարակութեան ուշադրութիւնը երեւոյթի մը վրայ սեւեռել, այդ իսկ պատճառով այդ մէկը իր ամենէն պարզ վիճակին մէջ պարտի հասանելի ու հասկնալի ըլլայ ժողովուրդին. լաւապէս կը գիտակցինք, թէ մեր ժողովուրդը հեռո՛ւ է ընթերցանութենէն. այդ իսկ պատճառով յաճախ մեր գրութիւններուն ճամբով կը փորձենք մէկտեղել մի քանի տարբեր գրողներու մտածումները՝ նախաճաշակ մը տալու համար անոնց կեանքին ու գործունէութեան մասին, ինչպէս ըրինք մի քանի օրեր առաջ՝ խօսելով Եղիա Տէմիրճիպաշեանի մտային ու հոգեկան տագնապներուն մասին՝ որոնք մեծապէս յուզեցին մեզ պարզ այն պատճառով, որ անձնուրացութեամբ ու առողջութեան գնով կ՚ուզէր փայլուն վիճակի մէջ տեսնել հայ ժողովուրդի ապագան:
Եթէ շատեր կը համարձակին մեզ որպէս «գրող» ընդունիլ, ապա ըսենք, որ այդ մէկը բախտաւորութիւն ըլլալէ աւելի դժբախտութիւն է, որովհետեւ գրողի մը մեծագոյն թշնամին նոյնինքն գրողն է, որ պիտի գրէ, պիտի խօսի, դարձեալ պիտի գրէ, պիտի տագնապի, պիտի ցաւի, զգայ ու ապրի՝ մինչեւ որ օր մը մահը հանգիստ տայ անոր թէ՛ աչքերուն եւ թէ ձեռքին՝ որ գերին դարձած է գրիչին:
Կը գրենք, սակայն գրելէն աւելի կը հաւատանք գործին. սակայն գրելը նախապայմանն է գործին, որովհետեւ գործը սկսելու համար նախ միտքը պէտք է համոզել ու դաստիարակել, որպէսզի արդիւնաւէտ ըլլայ գործը եւ ամէն կերպ այդ ոգին ու շունչն է, որ կը փորձենք փոխանցել: Սխալներ ունի՞նք... այն ալ ինչքա՜ն եւ այդ սխալները մեր աչքին աւելի շատ կ՚երեւին՝ քան ճիշդերը՝ նոյնիսկ եթէ թիւով աւելի շատ ըլլան: Սակայն նոյն ոգին ու համոզումը կենդանի կը մնայ մեր մէջ. եթէ օր մը պիտի յաջողինք հայ ազգի վիճակը նախանձելի դարձնել, ապա 1001 չէ... միլիոններ գրելու կամաւոր ենք, որովհետեւ գրուածին նպատակը ո՛չ թէ գրողը ապրեցնելն ու փառքի հասցնելն է, այլ կեանքի կոչել այն բոլոր իտէալները՝ որ կայ մեր միտքին մէջ տեսնելու Ազատ ու Անկախ յաղթանակած Հայաստան մը:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Մարդ գրող կը դառնա՞յ, թէ գրող կը ծնի:
Պատասխան. Մարդու գրող դառնալուն մէջ դեր ունին թէ՛ բնածին արժէքները եւ թէ մշակուած հետաքրքրութիւնը. շատեր իրենց մէջ կ՚ունենան գրելու հակուածութիւն եւ կը զգան ներքին պահանջը գրելու, ստեղծագործելու եւ գաղափարներ արտայայտելու. այդ իսկ պատճառով գրելը թէ՛ կիրք է թէ արուեստ, որ բնածինի կողքին կը զարգանայ փորձով եւ յամառութեան շնորհիւ: Գրող դառնալը միայն ոգեշնչում չի պահանջեր. պէտք է լեզուն կատարելագործել, միտքերը կառուցել: Անկախ այն հարցէն, թէ մարդ գրող կը ծնի՞, թէ գրող կը դառնայ, ի վերջոյ իւրաքանչիւր գրող յառաջ կ՚երթայ իր բարձրաձայնելու քաջութեան շնորհիւ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան