ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՆՈՐ ՏԱՐԻ

Տա­րի մը եւս բո­լո­րե­ցինք, օ­րե՜ր, ա­միս­նե՜ր եւ տա­րի մը եւս ա­հա­ւա­սիկ ան­ցաւ, եւ մարդ­կա­յին կեան­քէն կա­թիլ մը եւս պակ­սե­ցաւ…։ Ան­ցած տա­րին ամ­բողջ կեան­քի նկատ­մամբ «կա­թի՞լ» մըն է, թէ «տա­րափ», Աս­տուած գի­տէ՝ ո­մանց հա­մար «կա­թիլ» մը ի­րենց կեան­քէն, ու­րիշ­նե­րու հա­մար «տա­րափ», այ­սինքն կեան­քէն մեծ մաս մը։ Ան­շուշտ, ի՛նչ որ ալ ըլ­լայ ան­ցած տա­րին, լե­ցուն է յի­շա­տակ­նե­րով՝ կո­րուստ­նե­րով ու շա­հե­րով, վնաս­նե­րով եւ օ­գուտ­նե­րով, դառ­նու­թիւն­նե­րով եւ քաղց­րու­թիւն­նե­րով։ Եւ ան­ցած տա­րին իր հետ շա՜տ բան կը տա­նի, թող­լով նաեւ շա՜տ բա­ներ յա­ջորդ տա­րուան, ո­րոնց են­թա­կան մի՛շտ մարդն է՝ իր դժբախ­տու­թիւն­նե­րով կամ եր­ջան­կու­թիւն­նե­րով։ Եւ ան­ցած տա­րին կը բո­լո­րէ իր պաշ­տօ­նը մար­դուն հան­դէպ դառն ու քաղցր յի­շա­տակ­ներ թող­լով ա­նոր, քա­նի որ ան անցք մըն է, մի­ջոց մը կամ կա­մո՛ւրջ մը մար­դուս կեան­քին մէջ։

Ար­դա­րեւ ա­մա­նո­րը, նոր տա­րին իւ­րա­քան­չիւր ան­ձի հա­մար տար­բեր նշա­նա­կու­թիւն ու­նի։ Բայց այդ ի­մաստ­նե­րուն հա­սա­րա­կաց կէտն է՝ նո­րո­գուիլ, նոր ե­ռանդ ստա­նալ եւ նոր մտադ­րու­թիւն­նե­րով շա­րու­նա­կել ապ­րիլ ու վա­յե­լել կեան­քը։ Նոր ըն­թացք մը կար­ծես կը խոս­տա­նայ նոր տա­րին՝ նոր սկիզբ մը, սր­բագ­րուած նոր ծրա­գիր մը։ Բայց այդ սրբագ­րուա­ծը դա­տա­պար­տուած է դար­ձեալ աղտո­տե­լու, խո­տո­րե­լու եւ շե­ղե­լու իր ու­ղիղ ըն­թաց­քէն, քա­նի որ այդ նորն ալ, նո­րո­գուածն ալ, սրբագ­րուածն ու շտկուածն ալ պի­տի գոր­ծա­ծէ նո՛յն մար­դը։

Եւ քա­նի որ մարդ միշտ սխա­լա­կան է՝ բնա­կա­նա­բար պի­տի պա­տա­հին սխալ­ներ, քա­նի որ մարդ թե­րու­թիւն­ներ ու­նի, պի­տի պա­տա­հին պա­կա­սու­թիւն­ներ, քա­նի որ մարդ տկա­րու­թիւն­ներ ու­նի, պի­տի պա­տա­հին թու­լու­թիւն­ներ, եւ վեր­ջա­պէս մարդ քա­նի որ ան­կա­տար է, ան­շուշտ պի­տի պա­տա­հին ան­կա­տա­րու­թիւն­ներ, եւ այդ բո­լո­րը պի­տի փո­խան­ցուին յա­ջորդ «նոր տա­րի»ին։ Եւ այս­պէս պի­տի շա­րու­նա­կէ կեան­քը՝ տկա­րա­նա­լով եւ զօ­րա­նա­լով, թե­րա­նա­լով եւ լիա­նա­լով, սխա­լե­լով եւ սրբագ­րուե­լով, եւ օր մը պի­տի վեր­ջա­նայ՝ ան­կա­տար, ա­նա­ւա՛րտ։

Ու­րեմն, նոր տա­րին կա­րե­լի է հա­մա­րել «անդ­րա­դար­ձում» մը ման­կու­թեան, անդ­րա­դար­ձում մը «պա­տա­նե­կու­թեան» եւ անդ­րա­դար­ձում մը «եր­ջան­կու­թեան»։ Ը­սենք՝ «կա­րօտ» մը այդ զգա­ցում­նե­րուն, որ հե­ռա­ցած են, եւ փոքր յոյս մը «նոր տա­րի»էն, թէ թե­րեւս կրկնուին այդ քաղցր զգա­ցում­նե­րը՝ նո­րո­գուած եւ ի­րենց նախ­կին թար­մու­թիւ­նը եւ ա­ռոյգ վի­ճա­կը վերս­տա­ցած…։

Ար­դա­րեւ, Ա. Այնշ­թայն կ՚ը­սէ, թէ՝ ե­րե­ւա­կա­յու­թեան զօ­րու­թիւ­նը գի­տու­թե­նէն ա­ւե­լի կա­րե­ւո՛ր է։

Ու­րեմն, գիտ­նալ, թէ ան­ցեա­լի օ­րե­րը չեն վե­րա­դառ­նար, բայց ե­րե­ւա­կա­յել ա­նոնց վե­րա­դար­ձը. ա­պա ո՞վ կրնայ ար­գելք ըլ­լալ ե­րե­ւա­կա­յու­թեան զօ­րու­թեան, ե­թէ ո՛չ մարդ ինք, իր միտ­քին նա­խա­պա­շա­րում­նե­րով եւ կաշ­կան­դում­նե­րով։

Ե­թէ հին օ­րեր գործ­նա­կա­պէս չեն վե­րա­դառ­նար, ան­կա­րե­լի է ա­նոնց վե­րա­դար­ձը ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, ա­պա ու­րեմն ո­րե­ւէ ար­գելք չկա՛յ զա­նոնք վե­րա­դարձ­նե­լու եւ ապ­րե­լու ե­րե­ւա­կա­յու­թեան մէջ, եւ եր­բեմն ե­րե­ւա­կա­յու­թիւ­նը կը գե­րա­զան­ցէ ի­րա­կա­նու­թիւ­նը…։

Ար­դա­րեւ, մարդ էա­կին հա­մար՝ բա­րի, քաղցր եւ շնոր­հա­լից ման­կու­թեան մը կամ պա­տա­նե­կու­թեան մը յի­շա­տակ­նե­րը ո՛չ միայն հա­ճոյք կը պատ­ճա­ռեն եւ կը մխի­թա­րեն, հա­պա հզօր դաս­տիա­րա­կու­թեան մը, փոր­ձա­ռու­թեան մը հի­մուն­քը կը ստեղ­ծեն եւ կը խան­դա­վա­ռեն զայն։ Այս ի­մաս­տով յի­շա­տակ­ներ երբ կը միա­նան ե­րե­ւա­կա­յու­թեան հետ, այ­լա­պէս հրա՜շք­ներ կը պա­տա­հին եւ ի­րա­կա­նու­թեան հա­մա­զօր հո­գե­վի­ճակ մը կը ստեղ­ծեն։

Ան­շուշտ, որ ան­ցեա­լին եւ յի­շա­տակ­նե­րուն կառ­չիլ մնալ չէ մեր ա­ռա­ջադ­րա­ծը, այլ՝ ներ­կան կա­րե­նալ ապ­րիլ ան­ցեա­լով, ներ­կան վա­յե­լել եւ մխի­թա­րուիլ յի­շա­տակ­նե­րու քաղց­րու­թեամբ։

Ման­կա­կան եւ պա­տա­նե­կան յի­շա­տակ­նե­րու անդ­րա­դար­ձու­մը եւ վե­րապ­րու­մը ո՛ր­քան ինք­նա­բե­րա­կան եւ ան­մի­ջա­կան ձգտում մըն է՝ նո՛յն­քան նաեւ հո­գե­կան պա­հանջք մը, կա­րիք մը, ինչ որ բա­րի, օգ­տա­կար է եւ գե­ղե­ցիկ՝ սի­րե­լի է մարդ էա­կին։

Ար­դա­րեւ մարդ միշտ եւ բնա­կա­նա­բար կը ձգտի բա­րիին, օգ­տա­կա­րին եւ գե­ղե­ցի­կին, եւ եր­բեմն ճշմար­տու­թիւ­նը կը պղտո­րէ մար­դուն ձգտու­մը, քա­նի որ բնու­թեան օ­րէն­քը ա­մէն ի­րո­ղու­թեան ո­րոշ ժա­մա­նակ մը կը տրա­մադ­րէ, ու­րիշ խօս­քով՝ ա­մէն ինչ իր ժա­մա­նա­կը ու­նի եւ ա­մէն բան իր ժա­մա­նա­կին կը կա­տա­րուի, իր ա­տե­նին կ՚ի­րա­կա­նա­նայ։ Կեան­քի մէջ բա­րին ալ, օգ­տա­կարն ալ, գե­ղե­ցիկն ալ իր տե­ղը եւ ժա­մա­նա­կը ու­նի. կարգ մը բա­րու­թիւն­ներ, օգ­տա­կա­րու­թիւն­ներ եւ գե­ղեց­կու­թիւն­ներ կը պա­տա­հին ման­կու­թեան եւ պա­տա­նե­կու­թեան շրջա­նին, ու­րեմն եր­ջա­նի՜կ է միշտ այն մար­դը, որ հա­մո­զուած է այս ճշմար­տու­թեան եւ իր ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին ի­րեն վի­ճա­կած կա­ցու­թեամբ կը գո­հա­նայ, չի դժգո­հիր իր վի­ճա­կէն, կ՚ըն­դու­նի կա­ցու­թիւ­նը իր պայ­ման­նե­րուն մէջ։ Եւ մա­նա­ւանդ «ե­րե­ւա­կա­յու­թիւն»ը ու «ի­րո­ղու­թիւն»ը չի շփո­թեր՝ իւ­րա­քան­չիւ­րը կ՚ապ­րի իր պա­տեհ ժա­մա­նա­կին մէջ։ Ուս­տի ա­մէն գե­ղե­ցիկ եւ բա­րի բան որ ի՛րն է, ա­մե­նա­սի­րե­լին է, ա­մե­նա­հա­մակ­րե­լին մար­դուն։

Այս ի­մաս­տով, երբ մարդ նա­յի ան­ցեա­լին՝ ան­ցեալ տա­րի­նե­րուն, ան­ցած տա­րիին, պէտք է տես­նայ եւ հա­մո­զուի որ ման­կու­թիւ­նը եւ պա­տա­նե­կու­թիւ­նը գե­ղեց­կու­թեան եւ բա­րու­թեան շրջան է եւ այդ հա­սակ­նե­րուն կը պատ­կա­նի։ Եւ մար­դուս ման­կու­թեան եւ պա­տա­նե­կու­թեան յի­շա­տակ­նե­րը ա­մե­նա­քաղցր բա­ներն են մար­դուս հա­մար։

Ման­կու­թիւ­նը, մա­նա­ւանդ թան­կա­գին է եւ անն­ման՝ գան­ձա­րան է շնորհ­նե­րու, կեան­քի վա­յե­լում­նե­րու։ Ման­կու­թեան ան­մե­ղու­թիւ­նը իր հո­գիէն կը բխի, միամ­տու­թիւ­նը՝ իր ի­մա­ցա­կա­նու­թե­նէն, ան­կեղ­ծու­թիւ­նը՝ իր լե­զուէն, բա­րու­թիւ­նը՝ իր աս­տուա­ծա­մեր­ձու­թե­նէն։ Ման­կու­թեան շրջա­նի փա­փա­քը իր կա՛մքն է, իսկ ա­նո­խա­կա­լու­թիւ­նը՝ իր կի՛ր­քը։

Եւ ո՜ր­քան ան­մեղ է մա­նու­կը, այ­լա­պէս մարդ երբ հետզ­հե­տէ չա­րա­ցած է, ինչ­պէ՞ս կ՚ու­զէ վա­յե­լել ման­կու­թեան շնորհ­նե­րը կամ երբ հետզ­հե­տէ կորսն­ցու­ցած է իր ան­կեղ­ծու­թիւ­նը, ինչ­պէ՞ս կը փա­փա­քի պա­տա­նե­կու­թեան ան­կեղ­ծու­թեամբ վա­րել իր կեան­քը։ Թե­րեւս «նոր տա­րի»ն ա­ռիթ մը կ՚ըլ­լայ, պահ մը վե­րա­դառ­նա­լու այն ե­րա­նե­լի՜ օ­րե­րուն, բայց կեան­քի ծան­րու­թիւ­նը ար­գելք կը հան­դի­սա­նայ եւ մի­ջոց մը ետք, ան դար­ձեալ կը ստա­նայ իր շրջա­նին վի­ճա­կը։

Սա, ան­կեղ­ծու­թեամբ պէտք է ըն­դու­նի մարդ, թէ հետզ­հե­տէ թե­րի կը դառ­նայ իր մէջ, երբ նա­խա­պէս ա­մէն բան շի­տակ էր եւ ու­ղիղ։

Ը­սենք, կեան­քի ծան­րու­թիւ­նը կո­րա­քա­մակ կ՚ը­նէ մար­դը՝ թէ՛ մարմ­նա­պէս եւ թէ՛ հո­գե­պէս։

Եւ մար­դիկ «նոր տա­րի»էն կը յու­սան շտկել ի­րենց կո­րա­քա­մակ մէջ­քը, ինչ որ ե­թէ ո՛չ ան­կա­րե­լի, բայց շատ դժուար է, քա­նի որ կեան­քի ծան­րու­թիւ­նը հետզ­հե­տէ կ՚ա­ւել­նայ, կը սաստ­կա­նայ իր ազ­դե­ցու­թիւ­նը՝ մար­դուս ու­սե­րուն վրայ, թէ՛ ֆի­զի­քա­պէս եւ թէ՛ բա­րո­յա­պէս։ Ուս­տի, ման­կու­թիւ­նը եւ պա­տա­նե­կու­թիւ­նը, մար­դուս ա­մե­նէն եր­ջա­նիկ եւ ե­րա­նե­լի՜ շրջան­ներն են։

Վ. Հիւ­կո­յի ի­մաս­տա­լից խօս­քը շատ բան կ՚ը­սէ.

«Ո՜վ Աս­տուած իմ. վան­դա­կը ա­ռանց թռչու­նի, եւ տու­նը ա­ռանց մա­նու­կի մի՛ թո­ղուր»։­

Ե­րի­տա­սարդ զա­ւա­կը կորսն­ցու­ցած հօր մը սրտէն բխած այս խօս­քը ո՜ր­քան լաւ կը վե­րա­կեն­դա­նաց­նէ կա­րօ­տը եր­ջան­կու­թեան, ո­րուն ան­փո­խա­րի­նե­լի ստեղ­ծիչն է մա­նու­կը՝ իր ման­կու­թեան ան­մե­ղու­թեամբ ու ան­կեղ­ծու­թեա՛մբ։

Ա­հա­ւա­սիկ այս պատ­ճա­ռով է որ «ան­ցեալ»ը եւ ան­ցա­ծը միշտ կա­րօ­տով կը յի­շուի, քա­նի որ հո՛ն են եր­ջան­կու­թիւ­նը, բա­րու­թիւ­նը, գե­ղեց­կու­թիւ­նը եւ ա­մէն ի՛նչ որ մարդ կ՚ու­զէ տի­րա­նալ։

Ֆրան­սա­ցի­ներ կ՚ը­սեն. «Ե­րի­տա­սարդ­ներ ե­թէ կա­մե­նա­յին եւ տա­րեց­ներ ե­թէ կա­րո­ղա­նա­յին…»։­

Ե­րա­նի՜ այն ըն­տա­նի­քին, ուր մա­նուկ­ներ՝ ան­մե­ղու­թեան վան­դա­կին մէջ եր­ջան­կու­թիւ­նը կ՚եր­գեն, ինչ­պէս ը­սած է Թոր­գոմ Պատ­րիարք Գու­շա­կեան։

Ուս­տի, կեան­քի ամ­բողջ ըն­թաց­քին մէջ յա­ռաջ­դի­մու­թիւ­նը, փոր­ձա­ռու­թեան հետզ­հե­տէ զար­գա­ցու­մը, նե­ղու­թիւն­նե­րու, թշուա­ռու­թիւն­նե­րու, ցա­ւե­րու, վիշ­տե­րու, ող­բե­րու ծան­րու­թեան, այ­սինքն «կեան­քի ծան­րու­թեան» մշտնջե­նա­կան ճնշու­մը տա­կաւ ա­ւե­լի կը քաղց­րաց­նեն, հեշ­տա­լի կը դարձ­նեն ման­կու­թեան ե­րա­նե­լի օ­րե­րու յի­շա­տակ­նե­րը։

Ծնող­քը կը սի­րէ իր մա­նու­կը, քա­նի որ իր ման­կու­թեան վե­րա­կեն­դա­նու­թիւ­նը կը նշմա­րէ ա­նոր մէջ։

Եւ մեծ­հայ­րեր ու մեծ­մայ­րեր ա­ւե­լի եւս կը սի­րեն ի­րենց թոռ­նիկ­նե­րը, քա­նի որ ա­նոնց հետ կ՚ապ­րին ի­րենց ե­րա­նե­լի՜ եւ եր­ջա­նիկ ման­կու­թիւ­նը, ա­նոնց մէջ կը նո­րո­գուին, ա­նոնց հետ կը ման­կա­նան ու կ՚ե­րի­տա­սար­դա­նան ի­րենց յա­ռա­ջա­ցած տա­րի­քին մէջ։

Այս հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ մար­դիկ կը մօ­տե­նան «նոր տա­րի»ին, յու­սա­լով նո­րո­գու­թիւն, վե­րա­կեն­դա­նու­թիւն, թար­մու­թիւն, կեն­սու­նա­կու­թիւն։

«Նոր տա­րի»ն մ­խի­թա­րանք է, քա­ջա­լե­րան­քի ա­ռիթ մըն է այն ա­մէ­նուն հա­մար՝ որ յու­սալ­քուած են, սրտա­բեկ վհա­տած են, նոր տա­րին ի­րա­պէ՛ս ա­ռիթ մը, պա­տե­հու­թիւն մըն է ի­րենց հա­մար եւ ա­նոնք միաց­նե­լով ան­ցեա­լը ներ­կա­յին՝ նոր կեանք մը կը ստա­նան, նոր շունչ որ­պէս­զի կա­րե­նան տա­նիլ կեան­քի ծան­րա­ցած բե­ռը ի­րենց ու­սե­րուն վրայ՝ որ կեան­քը բեռ­ցու­ցած է եւ հետզ­հե­տէ կը ծան­րաց­նէ։ Եւ այս ծան­րու­թեամբ բեռ­նա­ւո­րուած մար­դը, ան­շուշտ որ պի­տի փնտռէ ա­պա­ւէն մը, որ ճար ու դար­ման պի­տի ըլ­լայ իր վի­ճա­կին։ Ար­դա­րեւ ա­պաս­տան մը, պատս­պա­րան մըն է «Նոր տա­րի»ն, ուր պի­տի գտնէ այդ ա­պաս­տա­նը՝ ա­մէն ինչ նո­րո­գուած, ա­մէն ինչ զօ­րա­ցած եւ կա­տա­րե­լա­գոր­ծուա՛ծ։

Ան­ցեա­լի ման­կա­կան եւ պա­տա­նե­կան քաղցր յի­շա­տակ­նե­րը կը վե­րա­ծուին այս­պէս հո­գե­կան ու­րա­խու­թեան եւ հրճուան­քի՝ կեան­քի ա­մէն տե­սակ նե­ղու­թիւն­նե­րու եւ դժուա­րու­թիւն­նե­րու, ան­տա­նե­լի հո­սանք­նե­րու դէմ՝ թշուա­ռու­թեան, դժբախ­տու­թեան դէմ, եւ մխի­թա­րու­թիւն՝ վիշ­տե­րու եւ ցա­ւե­րու առ­ջեւ, ո­րոնք կը նմա­նին ու կը հա­մե­մա­տին ան­ցեալ ժա­մա­նակ­նե­րու ճո­խու­թիւն­նե­րու զգա­ցու­մին։

Բայց ան­ցեա­լի յի­շա­տակ­նե­րուն ար­ժէ­քը հո՛ն է մա­նա­ւանդ, ո­րոնք կը հան­դի­սա­նան սրբագ­րու­թեան ա­ռիթ՝ հիմք կազ­մե­լով ինք­նաքն­նու­թեան եւ ինք­նա­դաս­տիա­րա­կու­թեան։ Ա­հա­ւա­սիկ ա՛յս է կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը ան­ցեա­լին՝ ան­ցեալ տա­րի­նե­րու, եւ ա­նոնց մի­ջո­ցով վե­րա­կեն­դա­նա­ցած յի­շա­տակ­նե­րուն՝ ա­նոնց­մով սնա­նե­լու եւ ա­նոնց­մով զուար­ճա­նա­լու հա­մար։

Ու­րեմն շնոր­հա­ւո՜ր նոր տա­րի բո­լո­րին, մա­նա­ւա՛նդ ի­րենց ման­կու­թիւ­նը միշտ պա­հող­նե­րուն եւ ապ­րող­նե­րուն…։

Տ. ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Դեկ­տեմ­բեր 10, 2016, Իս­թան­պուլ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2016