ԿԱՂԱՆԴԸ ԿԸ ՆՈՐՈԳԷ ԿԵԱՆՔԸ
Կեանքը անհո՜ւն ժամանակին եւ անսահման միջոցին մէջ շրջան մը, ընթացք մըն է, որ պահանջքը ունի տեւապէս նորոգուելու եւ բարեփոխուելու։ Միօրինակ շարժում մը, ընթացք մը չէ «կեանք» կոչուած ժամանակաշրջանը։ Հաւանաբար, «կեանք»ը եթէ միօրինակ եւ միակերպ ընթացք մը ըլլար՝ անտանելի կ՚ըլլար, քանի որ միաձեւ ամէն ինչ ձանձրանալի է մարդուս համար։
Բնութիւնը արդէն տեւապէս շարժման մէջ է՝ դէպի կատարելութիւն, դէպի անթերի վիճակ։ Եւ այդ իսկ պատճառով, բնութիւնը շարունակ կը բարեփոխուի, կը նորոգուի, կը յառաջանայ դէպի իր նպատակը։ Կեանքն ալ բնութեան մէջ ժամանակի տարածք մը կը ներկայացնէ, եւ ուրեմն ան ալ, բնականաբար կը բարեփոխուի, կը նորոգուի եւ այս կերպով հասնիլ կը փորձէ իր նպատակին։ Այլապէս կեանքը իմաստ մը պիտի չունենար, քանի որ այն որ նպատակ մը չունի եւ նպատակի մը համար չ՚ապրիր, «կեանքը ապրիլ» որեւէ իմաստ եւ արժէք չի՛ ներկայացներ։
Ահաւասի՛կ, ճիշդ այս պատճառով է, որ Կաղանդը մեզի կ՚անդրադարձնէ կեանքը, կեանքին նպատակին եւ կեանքին իմաստին վրայ մտածելու։
Կաղանդը, մարդս կ՚առաջնորդէ նաեւ ապագայի մասին խորհելու, ապագան ծրագրելու՝ նորոգուելու եւ նորոգելու այն ամէն ինչ, որ անցեալի մէջ մնացած են։ Այս իմաստով Կաղանդը՝ անցեալին եւ ապագային միջեւ կանգառ մը, անցք մըն է։ Եւ Կաղանդը կեանքի ճամբուն վրայ այն հանգրուանը՝ կայանն է, որ կը ներկայացնէ ներկան՝ իր ամբողջ էութեամբ։ Կաղանդը՝ կեանքին ընդհանուր եւ ամբողջական տեսարանը, համայնապատկերն է, քանի որ հոն պահ մը կը միանան թէ՛ անցեալը, թէ՛ ապագան ներկային մէջ։ Եւ Կաղանդին է որ մարդ միաժամանակ կ՚անդրադառնայ թէ՛ անցեալին եւ թէ՛ ապագային։ Կաղանդը ազդարարող ներկա՛ն է, որ կ՚անդրադարձնէ մարդուն անցեալի եւ ապագայի գոյութիւնը։ Եւ միա՛յն մարդ էակն է, որ գաղափարը ունի «անցեալ»ի մը եւ «ապագայ»ի մը, եւ Կաղանդը, ահաւասիկ այդ գաղափարը արծարծող, բոցավառող, կենդանացնող «ներկայ» պահն է. ան այս իմաստով ալ «զարթուցի՛չ» մըն է։ Արդեօք այս պատճառո՞վ է, որ մարդիկ Կաղանդին ամբողջ գիշեր արթուն կը մնան՝ չքնացած վիճակով կը դիմաւորեն Ամանորը՝ տարւոյն առաջին օրը, տարեգլուխը։ Եւ իրապէ՛ս արթուն ըլլալու է՝ որ մարդ կարենայ մտածել անցեալի եւ ապագայի մասին։
Եւ վերջապէս մարդ կը հասնի տեղ մը՝ ուր ինքնիրեն կը հարցնէ. «Ի՞նչ է կեանքը», որուն կը յաջորդէ. «Ի՞նչ է կեանքին նպատակը», որոնք կը յանգին ի վերջոյ սա կենսական հարցումին. «Ի՞նչ է կեանքին իմաստը»։ Արդարեւ, չկայ բան մը, որ չունենայ պատճառ մը, նպատակ մը եւ անշուշտ իմա՛ստ մը։
Ուրեմն կը տեսնուի, թէ «Կաղանդ»ի գաղափարը եւ «կեանք»ը, եթէ ո՛չ ուղղակի, բայց անուղղակի կերպով սերտօրէն կապուած են իրարու։
Կեանքը իր ամենալայն իմաստով անհուն եւ անվերջ ընթացք մըն է անժամանակ, եւ միջոցի մէջ տարածուած։ Իսկ յատուկ իմաստով, կեանքը ժամանակաւոր ընթացք մըն է՝ մարդուն ծնունդէն սկսած եւ մահուամբ վերջացած։ Մարդուն ամբողջ պատմութեան մէջէն խաւարին՝ չարին զօրութիւններուն դէմ կը ծաւալի անողոք պայքար մը. պայքար մը ծնած սկիզբէն իսկ, որ պիտի տեւէ մինչեւ վերջին օրը, ինչպէս աստուածային ծրագրով ծրագրուած է։ Լծուած այս պայքարին, մարդը պարտի անդադար մաքառիլ՝ յարելու համար բարիին։ Ի գին մեծ ճիգերու, եւ Աստուծոյ շնորհքով, ան կարող կ՚ըլլայ իր ներքին միութիւնը իրագործել։ Մէկ խօսքով, մարդկային կեանքը պայքարի շրջան մը, պայքարի միջոց մըն է։
Մարդկային կեանքը, լայն իմաստով կեանքին մէջ հատուած մըն է, որ կը սկսի ծնունդով եւ կը վերջանայ մահով, որ կը շարունակէ դարձեալ անհուն եւ անսահման միջոցի մէջ՝ անժամանակ, այսինքն յաւիտենապէս։ Յաւիտենականութիւնը «կեանք»ին ընդհանուր նկարագի՛րն է։
Կեանքին աղբիւրը Աստուած է եւ կ՚ուզէ որ «կեանք»ին մասնակից ընէ «արարած»ներ, եւ այսպէս, որպէս Արարիչ, արարչագործութեամբ կեանք կու տայ աշխարհի, եւ ամէն գոյութեան, եւ նաեւ՝ մարդուն։ Եւ այսպէս «կեանք»ին մասնակից եւ բաժնեկից կ՚ընէ մարդը։
Երբ «կեանք»ին պատճառը այս մասնակցութիւնն է, ապա ուրեմն նպատակն ալ մարդուն այս մասնակցութեան հաւատարմութիւնն է եւ իր ամէն արարքով պատասխանը իր Արարչին, երախտագիտական անկեղծ զգացումներով։ Կեանքին նպատակը ճանչնալ եւ հաւատարմօրէն հնազանդիլ է Աստուծոյ՝ որ մասնակից է ըրած կեանքին։ Արդարեւ «կեանք»ը շնորհ մըն է, որուն պէտք է արժանի ըլլայ մարդ, եւ վայելէ զայն իր նպատակին համաձայն։
Ուրեմն Կաղանդը այս բոլորը կը վերյիշեցնէ մարդուն, թէ անցեալի մէջ ո՛րքան հաւատարիմ եղաւ կեանքի նպատակին եւ թէ ապագային ո՛րքան հաւատարիմ կրնայ ըլլալ եւ ըստ այնմ կանոնաւորել իր «կեանք»ը։ Կերպով մը ապրուած կեանքը հաշուեյարդարի ենթարկելու առիթ մըն է Կաղանդը՝ նայիլ անցեալին եւ ըստ այնմ որոշել ապագան…։
Եւ երբ յայտնի է պատճառը մարդկային կեանքին, յայտնի է նաեւ նպատակը. այս մեծ մասամբ կը բացայայտէ կեանքին իմաստը։ Ուստի մարդ պարտի կեանքը ապրիլ ըստ իր իմաստին՝ չափաւորութեամբ եւ յատկապէս խուսափելով ամէն տեսակ չափազանցութենէ, որոնք կը շեղեցնեն նպատակը կեանքին եւ ներհակ են անոր սկզբնական իմաստին։
Ուստի Կաղանդին պէտք է նայիլ այս տեսանկիւնէն եւ մանաւանդ օգտուիլ անոր ընծայած առիթէն։
Կաղանդի վերաբերեալ ժողովրդական-մշակութային աւանդութիւններ ընդհանրապէս ծնած եւ հաստատուած են անցեալը նորոգելու, անցեալի սխալները սրբագրելու եւ աւելի արդիւնաբեր ապագայ մը կերտելու եւ աւելի լաւ կեանք մը ապրելու գաղափարին վրայ։ Այս իմաստով, ահաւասիկ, Կաղանդը կարեւոր դեր մը կը խաղայ մարդկային կեանքին մէջ՝ զայն նորոգելով եւ նոր առիթներ ընծայելով։
Կաղանդը, ինչ որ ալ ըլլայ պատճառը, գեղեցիկ եւ օգտակար աւանդութիւն մըն է՝ ժամանակը նորոգել փափաքողներու համար։ Թէեւ ան վերածուած է «ծառ»ի մը խորհուրդին շատերու համար եւ դադրած է խորհուրդ մը, ոգի մը ըլլալէ մեր օրերուն։
Կաղանդը այսօր վերածուած է «խրտուիլակ»ի մը։ Կաղանդը շատերու համար կը նշանակէ՝ նուէր, բայց նիւթակա՛ն նուէր, եւ ո՛չ թէ բարոյական ընծայ մը։ Մինչդեռ փափաքելի էր, որ Կաղանդի այս խորհըր-դաւոր գիշերը մարդոց սրտերու խորը իջած խաղաղութեան, հաշտութեան, երջանկութեան խորհրդանիշ մը ըլլար՝ ամբողջ տա՜րի մը։ Եւ մարդկութիւնը խաղաղութեան, հաշտութեան եւ երջանկութեան մէջ պիտի գտնէ զօրութիւն մը, ինքնավստահութիւն մը, մխիթարութիւն մը՝ որ այս կեանքը լաւագոյն կերպով ապրելու ազդակներ են։
Արդարեւ, Կաղանդը ամոքիչ եւ նոյնքան քաղցր կրկներեւոյթ մըն է, որ պէտք է հետաքրքրէ ամէն մարդ, քանի որ իւրաքանչիւրը կ՚ապրի կեանք մը, կը վայելէ կեանքի բարիքները քիչ կամ շատ եւ կ՚ենթարկուի կեանքին չարիքներուն յաճախ։
Խորհա՞ծ էք սիրելիներ, արդեօք մեր ամէն մէկուն «կեանք»ին մէջ բարի՞քները, թէ չարիքները աւելի շատ են։ Ուստի իւրաքանչիւր օր ունի իր «կեանք»ը՝ երբեմն բարիքներով լեցուն, երբեմն՝ չարիքներով։ Բայց չկա՛յ երբեք առանց չարիքի՝ առանց նեղութեան, առանց ցաւի եւ վիշտի, եւ տեւական երջանիկ, խաղաղ կեանք մը։ Թէեւ երջանկութիւն եւ խաղաղութիւն, հաշտութիւն ստեղծել մարդուս ազատ կամքէն կախում ունի, բայց շատ անգամ անզգալաբար կը հեռանան խաղաղութիւն, երջանկութիւն եւ հաշտութիւն, քանի որ տիրական կը դառնան մադրու կիրքերը, «Ես»ը։ Կաղանդը այս մասին ալ խորհելու լաւագոյն առիթ մըն է ահաւասիկ։ Եւ բոլոր այս մտածումները ծնունդ կու տան նորոգուելու եւ նորոգելու կեա՛նքը։
Սա անուրանալի ճշմարտութիւն է՝ թէ ի՛նչ որ չի նորոգուիր, ի՛նչ որ չի բարեփոխուիր, մեռա՛ծ է. կեանքը ապրելու զօրութիւնը եւ կարողութիւնը կորսնցուցած է։ Բնութիւնը արդէն տեւապէս կը նորոգուի, կը բարեփոխուի, քանի որ աստուածային ստեղծագործութիւնը տակաւին կը շարունակէ իր ընթացքը, չէ վերջացած ան, եւ այս իսկ պատճառով պէտք է որ մա՛րդն ալ նորոգուի՝ նորոգելով իր կեանքը, իր ոգին, իր ապրելու ոճը…։
Սիրելի՜ներ, օգտուինք Կաղանդի ներկայացուցած նորոգման այս առիթէն։ Ո՛չ մէկ բան վերջացած է, քանի որ կը շարունակուի կեանքը, կը շարունակուի բարեփոխուիլ եւ նորոգուիլ ամբողջ բնութիւնը եւ մանաւանդ՝ կը շարունակուի աստուածային արարչութիւնը։ Չէ՞ որ կը շարուակուին ծնունդներ, չէ՞ որ կը շարունակուի գոյութիւնը մարդկային սերունդին, մարդկային ցեղին, եւ կը շարունակուի կեա՛նքը։
Անցած ժամանակը կարելի չէ՛ ետ դարձնել, բայց կարելի է զայն նորոգել, նոր ընթացք մը տալ անոր, եւ Կաղանդը, ահաւասիկ լաւագոյն առի՛թն է ասիկա կատարելու, անմիջապէ՛ս Կաղանդի գիշերը պէտք է կատարել այդ նորոգութիւնը։ Նոր տարիին նոր ոգիով սկսիլ մարդուս կամքէն կախում ունի։ Բայց այս չի նշանակեր, թէ ամէն ինչ լա՛ւ պիտի ըլլայ, մարդ սխալական է եւ միշտ ենթակայ՝ ներքին եւ արտաքին ազդեցութիւններու։
Մարդ պիտի տառապի ալ, պիտի մաշի ալ, պիտի նեղուի ալ, բայց նաեւ պիտի սիրէ, երջանիկ պիտի ըլլայ ատեն ատեն եւ արարքներու եւ պատահարներու անդրադարձներն են, որ պիտի շարունակեն։ Կարեւորը այն է, թէ մարդ գիտակցաբա՞ր թէ անգիտակցաբար կը մօտենայ անոնց։
Երջանիկ, խաղաղ եւ սիրո՛վ լեցուն ըլլայ Նոր Տարին…։
Տ. ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 25, 2019, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/27/2024
- 11/27/2024