ՀԻՆՑՈՂ ՆՈՐԵՐԸ
Հինցող իւրաքանչիւր տարի «երնե՜կ»ներով ու յոյսերով մեզ կ՚առաջնորդէ նորի մը, որ նոյնպէս տարի մը ետք հին դառնալով այլ նորերու կ՚առաջնորդէ մեզ, անփոփոխ պահելով «երնեկ»ներն ու յոյսերը:
Այս մէկը քանի՞ երրորդ «Երնե՜կ»ը պիտի ըլլայ չեմ գիտեր, սակայն վստահ եմ, որ իւրաքանչիւր հինցող նորին հետ նոյն այդ «Երնե՜կ»ը դուրս պիտի գայ հայու շուրթերէն:
Բարձրացող այդ «Երնե՜կ»ները անցեալի ափսոսանք մը չե՛ն, այլ գալիքի նկատմամբ յոյսի ու ակնկալութեան արտայայտութիւն մը՝ աղօթքի հմայք ստացած: Մեր թուականէն 142 տարիներ առաջ՝ 1879 թուականին գրող եւ մտաւորական Ռաֆայէլ Պատկանեան աղօթքի բարեպաշտութեամբ եւ երկիւղածութեամբ աղերսեց. «Երնե՜կ թէ այս նոր տարին... վե՛րջ տայ հայի ցաւերուն»։ Այդ օրէն սկսեալ մինչեւ այսօր այդ «նոր տարուան» ակնկալութեամբ կը թեւակոխենք նոր տարին:
Մենք ալ գիտենք, որ այդ «երնե՜կ»ներն ու յոյսերը փուճ ու ապարդիւն են, որովհետեւ տարուան միայն թուանշաններն են նոր, մինչ ցաւերը, վիշտերն ու կսկիծները, յուսախաբութիւններն ու հիասթափութիւնները նոյնն են՝ անայլայլ ու անփոփոխ: Այս իրողութիւններուն դիմաց մարդ կ՚անճրկի. հին տարուան մէջ մեկնողնե՞րն են բախտաւոր ու երջանիկ, թէ անոնք, որոնք հինը նորով փոխելու շնորհքին կ՚արժանանան, որովհետեւ «երնեկ»ներու վրայ յոյս դնելով ապրիլը՝ մեռելութենէ տարբեր բան մը չէ: Հաւանաբար նոր տարի թեւակոխելու միակ առաւելութիւնը բոլորիս համար ներկայ դրութեամբ ա՛յն է, որ տակաւին զոհերը չդարձանք այն համաճարակին՝ որ շատերու գերեզմանը դարձաւ:
Աւանդութիւն է մեզի համար նոր տարուայ շեմին կատարել հինցող տարուան արժեւորումն ու տալ անոր գնահատականը, որ տարբեր չ՚ըլլար նախորդէն: Այսօրուայ նո՛յն յոյսերով տարի մը առաջ մուտք գործեցինք հինցող այս տարուան, ուր տեսանք դարձեալ զոհեր, խառնակութիւններ, խռովութիւններ, ալեկոծութիւն, արժեզրկում եւ գրեթէ ամէ՛ն ինչ, որ հականիշն է լաւութեան, բարութեան, դրականին ու ազնուութեան:
Ո՞վ չի յիշեր նոր տարուայ իր մանկական անզուսպ ուրախութիւնը, անմեղ ցոլացումը անպարտ պարզամտութեան, որ ամբողջութեամբ հակապատկերն էր հեղձուցիչ «երնեկ»ներուն, որոնք յամառութեամբ կը յամենան: Տակաւ առ տակաւ, տարիքի յառաջացումով «Կաղանդ պապուկ»ի կեղծութեան հետ միատեղ կը զգանք կեղծութիւնը ամէ՛ն ինչին, նոյնիսկ յոյզերուն ու յոյսերուն, սակայն նոյն բարեպաշտի երկիւղածութեամբ կը շարունակենք փայփայել ու գգուել այդ երազները. մեզմէ ո՞վ «երնե՜կ» պիտի չի տար որ վերադառնային այն օրերը, ուր «Կաղանդ պապուկ»ը տակաւին լեռներուն վրայէն կու գար, Հայրենիքէն կու գար եւ կարօտ ու սէր կը բուրէր:
Մարդիկ կը սպասեն, որ նոր տարուայ առթիւ միայն լաւ ու բարի մաղթանքներ դուրս գան մեր շուրթերէն։ Աշխարհը միշտ վարդագոյնով ներկայանայ եւ գալիքին հանդէպ ցնորական բերկրանք մը պատէ ամէն տեղ: Այդ մենաշնորհը չունինք մենք։ Արեւմտահայ բանաստեղծ Զահրատ Պոլիս հրատարակած իր «Մաղ մը ջուր» բանաստեղծութիւններու ժողովածուի «Դժուար» բանաստեղծութեան մէջ կ՚ըսէ. «Երբ Ամանոր է - միրգն ու սէր առատ, Չոր հացի կեղեւ կրծելն է դժուար»:
Մեր ազգի դժբախտ ու յուսակտուր վիճակը, դիմագրաւած մարտահրաւէրը, նահատակները եւ բարոյալքումը մեր կրծած չոր հացի կեղեւներն են, որոնք խոչընդոտ կը հանդիսանան հայու խնդութեան: Չոր հացի կեղեւները կրծելով, նորերը հինցնելով կը սկսինք հասկնալ, որ կեանքի մէջ լացն ու վիշտը աւելի՛ են՝ քան ժպիտը:
Մենք որպէս ազգ չե՛նք կրնար արժանաւորապէս նորը դիմաւորել, որովհետեւ տակաւին նախկին հիներուն հետ մեր հաշուեփակը վերջնական կատարած չենք եւ այդ հիներուն պարտքը առանց վճարելու նորերուն դիմել չենք կրնար: Այդ հիներուն եւ նորերուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ելեւմուտքը գումարելը տաժանելի գործ է այսօր, որովհետեւ աշխարհի երեսին այնքա՜ն շատ է քաոսային վիճակը, որ մուտքն ու ելքը արձանագրելու առիթ անգամ չէ ունեցած մարդ արարածը։ Անյստակութեան թոհուբոհ մը պարզապէս: Այդ քաոսին մէջ մենք վստահութեամբ չէ՛ որ մուտք կը գործենք նոր տարի. մեր մօտ վիճակահանութեան մասնակցող անհատներու վիճակ է այսօր. կը մտնենք տարի մը՝ առանց գիտնալու, թէ ի՛նչ պիտի վիճակի մեզմէ իւրաքանչիւրին. բոլորս ալ այդ վիճակահանութեան աւետիսին կը սպասենք, սակայն գիտենք, թէ ստուար մեծամասնութիւնը ձեռնունայն տուն կը վերադառնայ: Դէպի անյստակութիւն առաջնորդուող մարդը պէտք է նկատի ունենայ կեանքի երկու հաւանականութիւնները. թէ՛ լաւ եւ թէ վատ՝ նայած դուն եւ բախտդ՝ դրուած բախտախաղի սեղանին:
Տարիներուն հետ միասին այսօր հին կը դառնայ գրեթէ ամէ՛ն բան, աշխարհի խաղաղութեան համար արտասանուած լոզունգները նոյնիսկ. ա՛յն լոզունգները, որոնք դուրս կու գան նոյնինքն աշխարհի խաղաղութիւնը խաթարող տէրութիւններու կողմէ: Ժամանակին հետ միասին կը փոխուի նաեւ նոր տարուան խորհուրդը. անոր ուրախութեան բաժինը կը տրուի մանուկներուն, իսկ մեծահասակներուն յուզումը բաժին կ՚իյնայ. անցեալ տարի այս ատեն շատե՜ր, որոնք անշնչացած են այսօր, գոյութիւն էին մեր կեանքէն ներս, իսկ շատե՜ր, որոնք այսօ՛ր գոյութիւն են, կրնայ ըլլալ որ միւս տարի արդէն անշնչացած դառնան: Այդ իսկ պատճառով տարօրինակ է. կ՚արժէ՞ ուրախանալ տարուան մը մասին, որուն ընթացքին կենաց մահու վճիռին արդիւնքը անյստակ ծուղակ մը պատրաստած քեզի կը սպասէ: Կեանքի երկվայրկեանները, վայրկեանները, ժամերը, օրերը, շաբաթներն ու տարիները ճշդապահութեամբ անցեալի մշուշին մէջ կը թաղենք, իսկ նոր տարին անոնց ամբողջութիւնն է:
Յեղաշրջում է նոր տարին, ուր նորածինը մանուկ, մանուկը պատանի, պատանին երիտասարդ, երիտասարդը ծեր, իսկ ծերը կամաց կամաց հանգուցեալ կը դառնայ: Այս կեանքի ընթացքը կը պարտադրէ, որ իւրաքանչիւր մարդ անհատ նոր տարուայ սեմին հաշուեյարդարի նստի ինքն իր անձին հետ, վերանորոգուելու, թարմանալու եւ կենսունակութեան աղբիւրներ որոնէ եւ վա՜յ անոր, որ անտարբեր կը մնայ այդ բոլորին դիմաց. անոնց հանդէպ անողորմ է կեանքը: Առաջընթաց կեանքի հոսանքին դիմաց թէ՛ որպէս անհատներ եւ թէ որպէս ազգ՝ իրաւունք չունինք ետ մնալու եւ յաղթուելու ժամանակէն: Տարեթիւերուն հետ պէտք է գիտնալ չփոխել բոլոր ա՛յն արժէքները, որոնք մնայուն են եւ կամ պարտին այդպէս ըլլալ:
***
Այս բոլորէն ետք, որպէս նոր տարուան հայու աղօթք վերապրեցնե՛նք Պատկանեանի խօսքերը.-
Ա.- ԵՐՆԵԿ ԹԷ ԱՅՍ ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ.- «Այս» բառը ինքնին ցոյց կու տայ, թէ առաջին անգամ չէ՛ որ հայը այս մաղթանքն ու աղօթքը կը կատարէ նոր տարուայ սեմին, այդ կատարած է նախօրօք եւ մեծ հաւանականութեամբ պիտի կատարէ նաեւ ապագային: Այսը այստեղ բողոքի արտայայտութիւն մըն է, ըսել ուզելու, որ հինցող նորերը այդ մէկը չկատարեցին, գոնէ Ա՛ՅՍ մէկը կատարէր այդ մէկը: Բանաստեղծը մաղթանքին իրականացումը երանելի՜ կը նկատէ, որ ապացոյցն է անոր տաժանելի ու դժուարին դրութեան ու հանգամանքին:
Բ.- ՎԵՐՋ ՏԱՅ ՀԱՅԻ ՑԱՒԵՐՈՒՆ.- Հայուն դիմագրաւած ցաւերը դարերէ ի վեր բազմազան են՝ արտաքին եւ ներքին, նիւթական եւ բարոյական. հաւանաբար դժուար ըլլայ պատմութեան մէջ յիշել ժամանակաշրջան մը, որ հայը ապրած է առանց ցաւերու՝ անհոգ ու խաղաղ: Երբ տակաւին մանուկ էինք, յաճախ կը լսէինք «կռուախնձոր» բառը. այդ բառին իմաստը ե՞րբ սկսանք հասկնալ չեմ գիտեր, սակայն տարիքի յառաջացումին հետ այդ ցաւերը սկսանք տեսնել եւ աւելին՝ զգալ: Պատկանեանի այս բանաստեղծութիւնը ինչքան աղօթք ու մաղթանք, նոյնքան ալ տրտունջ ու բողոք կը ներառէ իր մէջ. այդ «վերջ»ը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ հայու պոռթկումը, որ ծնունդն է ցաւերուն՝ ստրկութիւն, թշնամիներ, ներքին անհամաձայնութիւն, կռիւ, արժէքներու ոչնչացում, լեզուի եւ մշակոյթի աղաւաղում, նահատակութիւն եւ գրեթէ ամէ՛ն բան, որ ցայսօր մեր ազգը կը տանջէ:
Գ.- ՉԱՐԸ ԿՈՐՉԵՐ ՈՒ ԲԱՐԻՆ.- Չար ըսելով պէտք չէ հասկնալ միայն արտաքին թշնամիները. այսօր մեզի համար չար է այն ամէնը, որ վտանգ կը սպառնայ մեր արժէքներուն եւ ըմբռնումներուն. այդ մէկը ըլլայ արտաքին թէ ներքին ազդակներ: Այսօր մեզի համար շա՜տ աւելի վտանգաւոր է ներքին չարը՝ քան արտաքինը. որովհետեւ արտաքին չարիքը կրնայ ժամանակաւոր ու անցաւոր ցաւ մը պատճառել, մինչ ներքին չարիքը կոտտացող վէրք կը դառնայ: Ներկայ դրութեամբ հայ ազգի համար աւելի մեծ մաղթանք չի կրնար գոյութիւն ունենալ, քան չարիքի հեռացումը հայրենի սահմաններէն. մեր կրծած չոր հացերը ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ այդ չարիքներու ներկայութիւնը մեր կեանքէն ներս. թող այդ չարիքները փոխարինուին բարիքներով: Սակայն պէտք է յստակեցնել, թէ ի՞նչ է բարիքը մեր ազգին համար: Կը կարծեմ մեր ազգի համար ամենամեծ բարիքը պիտի ըլլայ ներկայ պայմաններուն հայրենիքի շահերը հետապնդելը, որովհետեւ շատ անգամ աթոռի պայքարներու եւ մրցակցութեանց ընթացքին կը մոռնանք հիմնականը՝ Հայրենիքը եւ կը սկսինք զբաղիլ մեր անձնական շուկայական հարցերով՝ աթոռներու տիրանալու փառասէր նպատակներով: Այդ բարիքը մենք սորված ենք դարեր առաջ՝ «ազատ անկախ Հայաստան» կարգախօսով եւ բանտարկեալէն սկսեալ մինչեւ ամենապարզ անհատի համար չկայ աւելի երջանկաւէտ բան՝ քան անկախութիւնն ու ազատութիւնը:
Դ.- ԲՈՅՆ ԴՆԵՐ ՄԵՐ ՍՐՏԵՐՈՒՆ.- Պատկանեան վերոյիշեալներու իրականացումը մաղթելէ անդին, անոնց բոյն դառնալը կը մաղթէ. ցաւ ի սիրտ մենք մեր հայրենիքին ու ազգութեան այնքան կարեւորութիւն չե՛նք տար, ինչքան թռչունը իր բոյնին: Թռչունը գիտակից է, թէ ինչ պայմաններու մէջ ալ գտնուի իր բոյնի ամրութիւնն է, որ զինք կանգուն եւ հաստատ պիտի պահէ, որովհետեւ ինք այդ տան ամրութեան ներքեւ պիտի յաջողի իր եւ իր ձագերուն կեանքի երաշխիքը գտնել: Գրող, մանկավարժ եւ հրապարակախօս Ղազարոս Աղայեան իր «Ծիծեռնակ» երգ բանաստեղծութեան մէջ կը գրէ. «Ծիծեռնակը բոյն կը շինէր, բոյն կը շինէր եւ կ՚երգէր, ամէն մէկ շիւղ որ կը դնէր, իր հին բոյնը կը յիշէր...»: Այսօր մենք այդ բոյնի մոռացութեամբ կը տառապինք. օտար ափերու մէջ, երբ նոր «բոյներ» կը շինեն մեր հայորդիները, իրենց հին բոյնը կը մոռնան եւ օտարին արժեչափերով կը կառուցեն իրենց նոր «բոյրներ»ը: Երանի այդ թռչունի իր տունին հանդէպ ունեցած նախանձախնդրութիւնը մե՛նք ունենանք:
Ե.- ՀԱՅ ԱԶԳ Ի ՄԻ ԳՈՒՄԱՐՈՒԵՐ.- Ռաֆայէլ Պատկանեան այս բանաստեղծութիւնը գրած է մեր թուականէն 143 տարիներ առաջ՝ 1878 թուականին: Պատկանեանէն հասնելով մինչեւ Եղիշէ Չարենց եւ Չարենցէն մինչեւ այսօր բազմիցս լսեցինք ու կը շարունակենք լսել միասնականութեան կարեւորութիւնը։ Չարենց իր կեանքը վտանգելու գնով գաղտնագրութեամբ տուաւ «ո՜վ հայ ժողովուրդ, քու միակ փրկութիւնդ միասնական ուժի մէջ է» պատգամը, որուն միայն երաժշտականութիւնն ու բառերը սիրեցինք մենք եւ ո՛չ գաղափարը: Միասնութեան պակասը մեր ազգի մօտ աւանդութեան շարք անցած է. նոյնիսկ երբ կուսակցութիւններ ու տարբեր յարանուանութիւններ գոյութիւն չունէին, դարձեալ գոյութիւն ունէր անմիաբանութիւնը մեր ազգէն ներս: Պատկանեանի այս միակ «երնե՜կ»ը, որ կեանքի կոչուէր, այսօր շատ աւելի տարբեր վիճակ կրնար ունենալ մեր հայրենիքը: Օր մը եթէ ուսումնասիրութիւններ փաստեն, թէ Քրիստոսը մատնող Յուդա ազգութեամբ հայ էր, երբեք չե՛մ զարմանար, որովհետեւ մեր մէջ կայ նախանձի, փառասիրութեան ու մրցակցութեան սարսափելի ախտը: Ահաւասիկ 143 տարիներ ետք նոյն անմիաբանութիւնն կը տիրէ մեր մէջ. հայրենիքի շահերէն վեր անձնական շահերու գերադասութիւնը կը տիրէ մեր մէջ:
Զ.- ԱՊԱՒԻՆԱԾ ԻՒՐ ՍՈՒՐԻՆ.- Դարաւոր մեր անցեալը չկրցաւ տակաւին մեզի սորվեցնել, որ պէտք է ապաւինիլ սեփական ուժերուն, հայրենիքի համար պէտք է պայքարիլ մի՛ միայն սեփական սուրին ու զէնքին ապաւինելով եւ ո՛չ ուրիշին: Օտարը լոկ իր շահերուն ու օգուտներուն համար կը պայքարի հետդ, իսկ ժամանակ մը ետք, երբ իր շահերը հակառակը պահանջեն, նոյն այդ զինակիցը կը դառնայ թշնամի ու հակառակորդ: Մեր ազգը բազմաթիւ կորուստներ ունեցած է օտարին ուժին վստահելու պատճառով. այդ վստահութիւնը պայման չէ ռազմական գետնի վրայ եղած ըլլայ. պէտք է սեփական ուժին ապաւինիլ՝ թէ՛ տնտեսական, թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ ընկերային գետնի վրայ: Նոր տարուան այս օրերուն ամէն մարդ պարտի վերատեսութեան ենթարկել ինքն իր անձը՝ վստահելու իր սեփական ուժերուն:
Է.- ՀԱՅԵ՛Ր ԵՐԲԵՔ ՉԵՐԿՄԸՏԻՔ.- Մենք միշտ ալ ունեցած ենք երկմտելու մոլութիւնը եւ վստահ եմ, Նոր տարուայ սեմին մեզմէ շատե՜ր երկմտանքի մէջ են իրենց յառաջիկայի որոշումներուն եւ քայլերուն համար: Պատմութեան ընթացքին հայը եղած է վարանոտ ու թերահաւատ իր հաւատացած գաղափարականներուն հանդէպ: Բնութեան տերեւներուն նման պէս պէս գոյներ հագնելով շփոթած է ու սկսած անճրկիլ: Հաստատակամութեան արգասիքը միշտ ալ բարիք եղած է մարդկութեան, մինչ երկմտութիւնը դիտուած որպէս նկարագրի եւ բարքի յոռի երեւոյթ: Հայրենիքի պաշտպանութեան ու անոր հզօրացման գործընթացին մէջ երկուութիւն գոյութիւն չի՛ կրնար ունենալ. մարդ կա՛մ հայրենասէր է եւ կա՛մ չէ. անոր միջինը չկայ: Նալպանտեան մարդու երկմտութիւնն ու անհաստատ վիճակը կը նմանցնէ ծառի տերեւներուն, որոնք կ՚ենթարկուին քամիին. «Ա՜խ, փոքրոգի մարդ հողածին, ա՜խ, խաղալիք կրքերի, ինչպէս տերեւ ծառի վերան, ենթակայ ես հողմերի...». օր մը այդ հողմերը կու գան եւ տերեւը կը կտրեն ծառի ճիւղերէն՝ տերեւը դատապարտելով չորացութեան:
Ը.- ԿԸ ԿԱՏԱՐՈՒԻ ԱՅԴ ԱՄԷՆ.- Նպատակները ճշդելէ, երկմտութեան տեղ հաստատակամութիւնը ընտրելու կողքին յաջողութեան կարեւորագոյն ազդակներէն է այդ բոլորին հանդէպ ամրապնդուած հաւատքը: Եթէ դուն քու անձիդ, կարողութեանդ ու գաղափարներուդ չհաւատաս, ինչպէ՞ս կրնաս ակնկալել, որպէսզի մարդիկ ունենան այդ հաւատքն ու վստահութիւնը: Մեր հերոսներէն շատե՜ր իրենց երազներու իրականացումը չտեսած իրենց արիւնը թափեցին հայրենիքի պաշտպանութեան ի խնդիր, սակայն իրենց ունեցած հաւատքէն երբ՛եք չհրաժարեցան. անոնք ապրեցան «կը կատարուի այդ ամէն» գաղափարականով, թէկուզ եթէ անոր իրականացումը կատարուէր դարեր ետք: Ինչքա՜ն տեղին է ֆրանսական առածը որ կ՚ըսէ. «Vouloir c'est pouvoir» (ուզելը կարենալ է), հետեւաբար յաջողելու համար պէտք է ուզել եւ հաւատալ այդ ուզածին:
Այնպէս ինչպէս «Մեր հայրենիք թշուառ անտէր»ը փոխուեցաւ «Մեր հայրենիք ազատ անկախ»ի, թող նո՛յն հրաշագործութեամբ յեղաշրջուին Պատկանեանի այս բանաստեղծութեան բառերը եւս եւ վերջապէս գայ այն օրը, որ բանաստեղծի բառերով վերջ գտնեն հայու բոլոր ցաւերը, մեր ազգը ըլլայ համերաշխ ու միասնական, Հայաստանը ազա՜տ շնչէր, հայու սրտին մէջ ոյժ հոսէր... ինչքան ալ երազական, անիրական թուին նշուածները, ա՛յդ իղձերով, ըղձանքներով, բարեմաղթութիւններով եւ աղօթքներով է, որ կ՚ուզենք մուտք գործել մեր դիմաց բացուող նոր տարին:
Նոր տարուան անունն է լոկ նոր, անոր տարեթիւն է նոր, միւս բոլորը կրկնութիւնն է նախորդներուն: Այնպէս, ինչպէս ծովու ջուրը նոյնն է, ալիքներն են տարբեր, նոյնպէս նոր տարուան յոյզերն են նոյնը. Ժամանակը՝ տարբեր:
Նոր տարուայ սեմին պէտք է սթափինք, թէ պիտի չմնանք նոյնը՝ ինչ որ էինք երէկ: Ծառը եւս ամէ՛ն տարի կը ստանայ նոր խաւ մը, որու շնորհիւ աւելի՛ կը զօրանայ, աւելի՛ կ՚ամրանայ:
Մաղթե՛մ, որ ծառի օրինակով մե՛նք եւս ազգովի հզօրացման նոր խաւ մը առնենք մեր վրայ, աւելի ամուր կառչինք մեր արմատներուն ու հողին: Դէպի ապագայ տանող մեր ճամբան մի՛շտ զառիվեր ընթանայ, որպէսզի կարենան աւելի պայծառ ու անսասան Հայրենիքի մը մէջ հասակ առնել մեր յառաջիկայ սերունդները, որոնցմով երաշխաւորուած է մեր երթի շարունակականութիւնը:
Շնորհաւոր Նոր տարի...:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/29/2024
- 11/29/2024