ՆՈՐ ՏԱՐԻ՝ ՆՈՅՆ ՄԱՐԴԸ

Նոր տարիի մը սեմին մարդ բնականաբար կը հարցնէ. տարիները երբ հետզհետէ կը փոխուին եւ կը նորոգուին, մարդն ալ կը փոխուի՞ եւ կը նորոգուի՞, թէ մարդը նո՛յն «մարդ»ը կը մնայ ժամանակի շարունակական այս փոփոխութեան մէջ։ Մեր համեստ կարծիքով եւ կեանքի փորձառութեամբ՝ մարդը բնութեամբ միշտ նո՛յնն է՝ որքան ալ արտաքնապէս բարեփոխուին մարդոց կարգ մը սովորութիւնները եւ ապրելակերպերը։

Նոր տարին կը փոխէ՞ մարդը։ Թերեւս միայն Կաղանդին՝ օր մը։ Օրուան մը խանդավառութիւնը չի կրնար փոխել մարդը։ Ուստի, մարդը «նոր մարդ»ի կը վերածուի միայն հոգեւոր արժէքներով՝ տպաւորուելով հոգիին ազդող ճշմարտութենէն։ Արդարեւ, օրացոյցի թերթիկներու փոփոխութեամբ մարդը որեւէ փոփոխութիւն չի՛ կրեր։ Նոր տարիէ մը բարեփոխութիւն անկնալել՝ պարզամտութիւն, միամտութիւն է, առնուազն։

Նոր տարին, այսուհանդերձ, առիթ մը կրնայ ըլլալ բարեփոխուելու, եթէ մարդ այդ առիթէն օգտուելով՝ ինքնաքննութիւն մը կատարէ, իր ներաշխարհը դիտէ՝ անդրադառնայ անոր, թերութիւնները, տկարութիւնները եւ անկատարութիւնը ընդունի եւ այս բոլորը սրբագրել, լրացնել ջանայ։

Նոր տարին ժամանակի հասկացութիւն մըն է, որուն իւրաքանչիւր վայրկեանը կտոր մը «յաւիտենականութիւն» է, եթէ լեցուի մարդուն կեանքով ու իրագործումներով։ Սակայն, ժամանակը անբովանդակ, դատարկ, թափուր գաղափար մը պիտի մնար՝ առանց միտքին, որ հոս կը նշանակէ բոլոր ապրումներու գումարը՝ այն չափով, որով յաջողած է անոնց մեծ գաղտնիքին արտայայտութենէն քիչ մը բան սեւեռել։

Անշուշտ, պէտք չէ յաւակնիլ հաստատելու, թէ միտքը լուծած է երկինքը՝ կեանքի գերագոյն իրականութիւնը՝ ճշմարտութի՛ւնը, սակայն, պէտք է հաւատալ, թէ գաղտնիքներու եւ խորհուրդներու այդ անդունդէն խորշիկներ ինկած են մարդուս սեւեռումին։

Կեանքը երկու բաժին ունի. կրկնուողը եւ նորոգուողը։ Եւ նորոգուող մասն է, որ կեանքը կ՚ընէ տեւական եւ կենդանի նոր օրին դիմաց, անցեալէն առնելու համար իրագործելին եւ դեռ այդ «նոր օր»ին մէջ եւ ձգելու՝ ի՛նչ որ իրապէս հինցած է եւ անպէտ, անգործածելի դարձած։ Եւ այս կէտին վրայ պէտք է կեդրոնանալ «Նոր տարի» գաղափարին վրայ։ Արդարեւ, Նոր տարին իմաստ կը ստանայ, երբ կատարուի այդ ընտրութիւնը՝ նորոգուածը գործադրել եւ հինցածը մէկ կողմ ձգել։ Այս նորոգութիւնը պէտք է ըլլայ մտային եւ հոգեւոր մարզերու մէջ՝ քանի մարդս նորոգողը ո՛չ թէ արտաքին-ֆիզիքական, այլ ներքին-հոգեկան եւ մտային ազդակներն ու գործօններն են։

Կեանքը ընթացք մըն է, որու տեւողութեան ինչ որ չի նորոգուիր՝ մեռա՛ծ է։ Ուստի, իւրաքանչիւր անձ, որ մտաւոր եւ հոգեւոր ապրումներ ունի, երբ չի կրնար իւրաքանչիւր օրուան մէջ նորոգել իր միտքը, ոգին եւ ապրելակերպը, ոճը, ապա դատապարտուած է «մեռնելու»։ Ուստի, մարդ աշխարհ եկած է ինքզինք աւելցնելու, զարգացնելու եւ յառաջդիմելու. ամուլ, անաշխատ կեանք մը՝ անպտուղ, անօգուտ ընթացք մըն է միայն, ինչ որ բոլորովին ներհակ է մարդու արարչութեան նպատակին եւ իր առաջնակարգ իրերօգնութեան կոչումին։ Ան, որ չի նորոգուիր, անհաւատարիմ է իր սկզբնական կոչումին։

Նոր տարին, ահաւասիկ, առիթ մըն է մարդուս՝ յիշելու իր կոչումը եւ նորոգուելո՛ւ։

Յաւերժութիւնը, որ մարդուն բնական տենչն է, պէտք չէ՛ փնտռել անցեալի մէջ՝ իբր թէ ան ժամանակի սկիզբը եղած ըլլար. ո՛չ ալ դէպի ապագան, իբր թէ ան ըլլար ժամանակներու վախճանը, այլ զայն պէտք է որոնել ներկային մէջ։ Արդարեւ, մարդ ի՛նչ որ կ՚ընէ՝ ներկային մէջ կ՚ընէ, որովհետեւ անցեալը անցած է, իսկ ապագան՝ անորո՛շ։ Յաւերժը՝ յաւիտենականը ներկային իսկութիւնն է ինքնին։

Եւ այս իմաստով, Նոր տարին՝ Ամանորը իրա՛ւ տօն կը դառնայ, երբ զայն ընենք «տարուան գերագոյն օրը», ուր կը վերանորոգենք մենք զմեզ նոր յաւերժին մէջ, այսինքն մեր էութեան ապրող եւ տրոփող եւ մեզի մեր ներքին աշխարհին, ներքին գիտակցութեան կանչող կշռոյթին եւ չափականութեան մէջ։

Սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, «Նոր տարի» գաղափարին՝ Ամանորի աւանդութեան եւ իրականութեան անգամ մըն ալ այս տեսանկիւնէն նայինք եւ պիտի նորոգուինք…

Շնորհաւոր եւ օրհնաբեր Նոր տարի ձեր բոլորին…

ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2024