ՏԱՐԻՆ ԳՆԱՑ, ՎԻՇՏՍ ՄՆԱՑ...

Ի՞նչ իմաստ ունի փոխել տարեթիւը, եթէ մարդկութիւնը պիտի շարունակէ ծանրաբեռնուած մնալ նո՛յն վիշտով, որ ունէր հինին ժամանակ։ Ի՞նչ «նոր», երբ ժողովուրդին վիշտն ու թախիծը պիտի մնայ նոյնը։ Այս մտածումները յոռետես խառնուածքի մը արտայայտութիւնները չեն, այլ արձագանգն ու աղաղակն են լուռ ճիչի մը, որ ինքնախաբէութեամբ կը փորձէ նորին մէջ խեղդել հինը, ժամանակ մը ետք նկատելով, որ այդ նորը եւս համանման է հինին, որովհետեւ տարեթիւերը չեն, որ կը սփոփեն մարդը:

Կը կարծէ՞ք պիտի չուզէինք խօսիլ աւանդական ու լաւատես նոր սկիզբի մը մասին՝ այն համոզումով, որ նորը ամբողջութեամբ մոռցնել պիտի տայ հինը, սակայն, ինչո՞ւ նման ինքնախաբէութիւն մը, երբ նորին գալով վերջ պիտի չգտնեն պատերազմները, հալածանքները։ Ի՞նչ իմաստ, երբ մարդուն տարին նոր է, սակայն բեռը հին։ Աշխարհ տեսած է բազմատասնեակ «նոր» տարիներ, սակայն, իւրաքանչիւր նորին մէջ հին հարցերը դիմագրաւած է։ Մարդը մի՛շտ ալ փորձած է իր նորը տարբերել հինէն, սակայն, ժամանակ մը ետք անոնց նմանութիւնն ու գուցէ նոյնութիւնը տեսնելով՝ դիմած է այլ նորերու՝ մինչեւ իր վախճանը, հաւատալով, որ գուցէ մահով սկիզբ կ՚առնէ այլ «նոր» մը՝ այս անգամ անդենականին մէջ:

Մարդկային վիշտն ու ցաւը օրացոյց չի ճանչնար։ Իր զաւակը կորսնցուցած մօր ցաւին համար հին ու նոր գոյութիւն չունի։ Իր տունն ու տեղը կորսնցուցած անօթեւանին համար ի՜նչ օգուտ տարուան նոր թէ հին ըլլալը։ Այդ նորը կրնա՞յ թեթեւցնել մարդկային վիշտը:

Ահաւասիկ, այլ «նոր» տարի մը կը դիմաւորենք նո՛յն ցաւերով ու մտահոգութիւններով։ Արցախի մեր ժողովուրդը կը շարունակէ մնալ անտուն։ Բազմատասնեակ գերիներ կը շարունակեն մնալ գերեվարուած։ Հազարաւոր հայորդիներ՝ որբ ու անմխիթար են: Սուրիոյ մէջ մեր ժողովուրդի ճակատագիրը կը շարունակէ մնալ անյստակ։ Լիբանանի, ինչպէս նաեւ շատ մը այլ հայկական գաղութներու ապագան կը մնայ անորոշ։ Իւրաքանչիւր նոր տարուան հետ աշխարհի մէջ անկիւն մը հայկական վարժարան մը առ յաւէտ կը փակէ իր դուռը, մամուլ մը վերջ կու տայ իր հրատարակութեան։ Հայը լքելով իր երկիրը կը գաղթէ անվերադարձ։ Օտարութեան մէջ օր առ օր հայը կը հեռանայ իր ազգութենէն, մշակոյթէն. հայ պատանին, երիտասարդը իւրաքանչիւր «նոր»ին հետ կը մոռնայ «հին»ը՝ իր ազգութիւնն ու դիմագիծը: Թուականները կը նորոգուին, սակայն, մեր ուխտը կը մնայ աննորոգ: Տարիները կը փոխուին նորով, սակայն, հինը ուրականի մը պէս կը հետապնդէ մեզ՝ առիթ չտալով, որ ժամանակը բուժէ վէրքերը, որովհետեւ այդ վէրքը օրական դրութեամբ կը նորոգուի:

Այս բոլորը նկատի ունենալով ո՞ր «նոր»ի յաղթանակն է, որ պիտի նշենք։ Այդ տօնախմբութիւնը լոկ ինքնախաբէութիւն է, որովհետեւ մենք յոյսով ապրող եւ յոյսով օրօրուող ժողովուրդ ենք։ Վերջապէս եթէ ո՛չ այս «նոր» տարին, ապա գուցէ այս մէկուն յաջորդելիք միւս նորը յաջողի գոցել այն վէրքը, որ դարեր շարունակ կը կոտտայ:

Եթէ երբեւէ ուսուցչութեան պաշտօն ստանձնած էք, ապա կը գիտնաք. աշակերտը իւրաքանչիւր կրթական տարուան սկիզբը ինքն իր մէջ կ՚որոշէ դասագիրքերն ու տետրակները մաքուր պահել։ Առաջին մի քանի էջերը մաքուր ընդօրինակելէ ետք, կամաց կամաց կը վերադառնայ հին թափթփած վիճակին։ Մեր «նոր» տարին տարբեր չէ այդ աշակերտէն:

Երանելի պիտի չըլլա՞ր, որ մարդ թուականը հին ձգէր, սակայն, յաջողէր նորոգել այն բոլորը, որ մարդկութեան մեծագոյն ցաւը ըլլալ կը շարունակէ։ Թող թուականը գամուած մնար անորոշ թուականի մը վրայ եւ օրացոյցներու նորոգութեան տեղ նորոգուէր մարդը, որ աշխարհի յառաջդիմութեան հետ միատեղ նահանջի մէջ կը գտնուի։ Ոճրագործին նոր շապիկ ալ հագցնէք, անոր ոճրագործ ըլլալու ճշմարտութենէն բան մը պիտի չփոխուի։ Նոյնն են նաեւ թուականներն ու տարիները։ «Նոր»ը պիտի չյաջողի հինը խեղդել ու իսկական նոր մը ստեղծել:

Հիմա կը գրենք՝ վստահ ըլլալով, որ տարի մը ետք, այս ատեն արդէն իսկ այսօրուան «նոր»ի հնութեան մասին պիտի խօսինք եւ այլ «նոր» մը դիմաւորելու պիտի պատրաստուինք։ Այս օղակը երբեք վերջ պիտի չգտնէ եւ պիտի շարունակուի նորի փնտռտուքը այնքան ժամանակ, որ աշխարհի երեսին գոյութիւն ունի մարդ արարածը:

Նորին ուրախութիւնը կը ձգենք այն ազգի ներկայացուցիչներուն, որոնց «նոր» տարին իրապէ՛ս նոր է՝ իր ուրախութեամբ ու խնդութեամբ։ իսկ մենք՝ թշուառներս, մեր մեռելները չթաղած, մեր վիշտի բեռը մեր ուսերէն չնետած կը փորձենք կապկել ուրախութիւնը անոնց, որոնք կքած չեն հինի բեռին տակ:

Այս բոլորը նկատի ունենալով պիտի չշնորհաւորենք նորը, որ հինին կրկնութիւնը պիտի ըլլայ։ Մեր թուականէն ճի՛շդ 111 տարիներ առաջ, այնքան չլսուած բանաստեղծ մը՝ Յարութիւն Թումանեանց նոր տարուան կապակցութեամբ կը գրէր հետեւեալ տողերը, որոնք այսօր աւելի քան դար մը ետք կը շարունակեն մնալ այժմէական.

Երբ վերջանայ հալածանքը,
Հայի լացը դադարի,
Այն ժամանակ միայն կ՚ասեմ՝
Ահա եկաւ նոր տարին:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հայաստան

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2024