ՂԵԿԱՎԱՐԻՆ ՎՍՏԱՀԻԼ
Յիսուս, իր առաքելական կեանքի ընթացքին բազմաթիւ հրաշքներ գործեց։ Եւ ինչպէս կ՚ըսէ Յովհաննէս Աւետարանիչ, Աւետարաններու մէջ արձանագրուածները միա՛յն մէկ մասն են անոնց, բայց տակաւին Յիսուս շա՜տ բաներ կատարեց, որոնք եթէ մէկ առ մէկ գրուէին՝ ամբողջ աշխարհն ալ բաւական պիտի չըլլար պարփակելու այդ գրութիւնները (ՅՈՎՀ. ԻԱ 25)։ Յիսուսի հրաշքները կարեւոր տեղ մը կը գրաւեն իր առաքելութեան եւ ուսուցման մէջ։
Ահաւասիկ, այդ հիանալի՜ հրաշքներէն մին է նաեւ՝ Յիսուսի փոթորիկը խաղաղեցնելը, որուն կը վկայեն Մատթէոս (ՄԱՏԹ. Ը 18, 23-27), Մարկոս (ՄԱՐԿ. Դ 35-41) եւ Ղուկաս (ՂՈՒԿ. Ը 22-25) Աւետարանիչները համատես կերպով։
Յիսուս եւ աշակերտները երբ լիճին միւս կողմը կ՚անցնէին, աշակերտները նաւարկած ատեն, Յիսուս կը քնանար նաւակին յետսակողմը, այսինքն՝ նաւուն ղեկին գտնուած տեղը։ Եւ հոն ուրիշ շա՜տ նաւակներ ալ կային։ Յանկարծ զօրաւոր հով մը փոթորկել սկսաւ լիճը, այնպէս որ ալիքները նաւակին զարնուելով՝ ներս կը թափէին։
Եւ Յիսուս կը շարունակէր քնանալ։ Աշակերտները՝ մտահոգ արթնցուցին զինք եւ ըսին.- Վարդապե՛տ հոգդ չէ՞ որ մենք կը կորսուինք։
Յիսուս ոտքի ելաւ, սաստեց հովը եւ ըսաւ.- Դադրէ՛, եւ լիճին ալ ըսաւ.- Հանդարտէ՛։
Հովը դադրեցաւ եւ կատարեալ հանդարտութիւն տիրեց։ Ապա Յիսուս աշակերտներուն դարձաւ եւ անոնց ըսաւ.- Ինչո՞ւ այդպէս վախկոտ էք. տակաւի՞ն հաւատք չունիք։
Եւ աշակերտները չափազանց վախցան եւ իրարու ըսին.- Ո՞վ է արդեօք այս մարդը։
Սիրելի՜ բարեկամներ, ըսինք որ Յիսուս բազմաթիւ հրաշքներ գործեց իր կեանքի ընթացքին։
Արդարեւ, իր լայն առումով «հրաշք»ի մասին նախապէս խորհրդածեցինք այս սիւնակներու մէջ։
Յիսուսի հրաշքները ունին երեք նպատակ։
Նախ, անոնք Աստուծոյ փառքը, ամենակարողութիւնը, ամենատեսութիւնը ցոյց տալու համար է։ Յետոյ՝ Յիսուսի հրաշքները խորհրդանշական նախապատրաստութիւններն են ապագայ իրողութիւններու, ճշմարտութիւններու։
Վերջապէս, Անոր կատարած հրաշքները իր քարոզութեան եւ ուսուցման գործադրութիւնները, կենդանի ապացոյցներն են՝ որոնք կը պարունակեն դասեր, օրինակներ, ուսուցումներ։
Եւ ահաւասիկ, Յիսուսի՝ փոթորիկը եւ հովը դադրեցնելը եւ լիճը հանդարտեցնելը՝ հրաշք մըն է, որ կը պարունակէ դասեր, ուսուցումներ, գործնական տիպար ճշմարտութիւններ։ Ուրեմն, խորհրդածենք այս մասին։
Նախ, Յիսուսի քարոզութենէն վերջ, «լիճին միւս կողմը անցնիլ»ը կը նշանակէ՝ կեանքը ունի միշտ «միւս կողմ» մը, ամէն ինչ ներկային մէջ, միակողմանի չէ, այլ կեանքի մէջ կայ եւ պիտի ըլլայ միշտ ուրիշ կողմ մը, տարբեր երեսակ մը։ Երբ ցերեկ ժամանակը կայ օրուան, կա՛յ նաեւ անոր երեկոյեան ժամը՝ «միւս կողմ»ը։
Աւետարանը կը վկայէ, թէ լիճին վրայ կային շա՜տ նաւեր։ Կեանքի մէջ ալ կան շատ առիթներ, պատեհութիւններ, միջոցներ, բայց անոնց մէջ կարեւո՛ր է ընտրել ամենէն ապահովը, այն՝ որուն մէ՛ջն է մեր Տէրը Յիսուս Քրիսոտս։ Այդ փոթորիկին ո՜րքան ապահով էին միւս նաւերը, խնդրական է, բայց յստակ է, որ Յիսուսի գտնուած նաւը ապահով է եւ վստահելի՛։
Եւ դարձեալ, Աւետարանը կը վկայէ, թէ՝ Յիսուս կը քնանար նաւակին ետեւի կողմը։ Գիտենք բոլորս, որ նաւուն ղեկը, որ ամենէն կարեւոր մասն է նաւուն, ահաւասիկ, Յիսուս կը գրաւէր ղեկին գտնուած տեղը, այսինքն Ա՛ն էր որ կը կառավարէր եւ ընթացք կու տար նաւուն։ Եւ եթէ կառավարողը վստահելի է, ապա ուրեմն նաւուն մէջ գտնուողներ ապահով են եւ անվտանգ։ Մեր բոլորիս համար ալ նոյնն է պարագան՝ երբ Յիսուս կ՚ընդունինք որպէս ղեկավար, այլեւս պէտք չէ ունենանք տարակոյս եւ կասկած մեր կեանքին համար։
Նաւը՝ մարդկային կեանքը կը խորհրդանշէ, փոթորիկը եւ հովը, ալիքները կեանքին սպառնացող զանազան նեղութիւններ, դժուարութիւններ, ցաւեր ու վիշտեր, մտահոգութիւններ, որոնք մուտք գործել կը ջանան մարդուս կեանքէն ներս։
Այլապէս, մարդ իր «նաւ»ը լաւ պէտք է ընտրէ. այն նաւը, որ ապահով է, վստահելի ղեկավար մը ունի։ Իսկ միւս նաւերը՝ կեանքերը չունին վստահելի ուղեցո՛յց մը, ապա ուրեմն ապահով չէ իրենց նաւը։ Յիսուս, կ՚ըսէ Աւետարանը կը քնանար…։ Այո՛, կը քնանար, բայց ներկա՛յ էր, ուղեկիցներուն մօտ, հսկելու եւ հոգալու համար զանոնք։ Մեր ամէն մէկուս կեանքին մէջ ալ ներկա՛յ է Յիսուս, եւ ոմանք կը կարծեն, թէ կը քնանայ, ո՛չ ան կը սպասէ մեր կանչին, որ հասնի անմիջապէս օգնութեան։
Ուստի մեր նեղութիւններուն, դժուարութիւններուն մէջ կանչենք Տէրը՝ որ պատրաստ է մեզի օգնելու, հոգալու, խնամելու։ Ան ասոր համար հո՛ս է, միայն պէտք է անդրադառնանք իր ներկայութեան մեր կեանքին՝ մեր «նաւ»ուն մէջ։
Մարդ պէտք է խոնարհութեամբ դիմէ Յիսուս Քրիստոսի՝ իր նեղութիւններուն, ցաւերուն եւ մտահոգութիւններուն մէջ։ Ան հո՛ս է, անմիջապէս կեանքի ղեկին գլուխը, Ան պատրա՛ստ է դադրեցնելու մեր կեանքի բոլոր փոթորիկները, Ան պատրա՛ստ է հանդարտեցնելու եւ խաղաղեցնելու մեր հոգեկան ու մտային ալեկոծութիւնները եւ արգելք ըլլալու՝ որ ներս չմտնեն մեր կեանքէն ներս։ Մեր «նաւ»ը ապահով է, քանի որ ունինք վստահելի՜ նաւապետ մը՝ վարդապետ մը՝ Յիսուս, որ ներկայ է կեանքին ղեկին գլուխը։ Կը կարծենք, թէ Ան կը քնանայ, ո՛չ, այլ պատրաստ կը սպասէ մեր կանչին, օգնելու համար մեզի մեր նեղութիւններուն, դժուարութիւններուն մէջ։ Ան վստահելի՛ է եւ մենք ապահո՛վ։
Աւետարանը կը վկայէ, թէ երբ աշակերտները իրեն դիմեցին, Ան անմիջապէս ոտքի կանգնեցաւ։ «Ոտքի կանգնիլ» զօրութեան, յաղթութեան նշան է, թէ ոչ որեւէ կերպով կրնար Յիսուս հրաշք գործել։ Բայց Ան օրինակ եղաւ իր աշակերտներուն ե՛ւ մեզի՝ ոտքի կանգնիլ նեղութիւններու, դժուարութիւններու դէմ եւ քաջ կերպով պարտութեան մատնել զանոնք՝ յաղթել ամէն դժուարութեան։
Յիսուս իր կեանքով եւ գործունէութեամբ տիպա՛ր եղաւ բոլորիս քաջութեան եւ յաղթութեան, հետեւինք այդ «Տիպար»ին ուրեմն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկետմբեր 26, 2016, Իսթանպուլ