ՀԱՒԱՏՔԻ ՄԱՍԻՆ

Հաւատքը, իր ամենաամփոփ բացատրութեամբ կը նշանակէ վստահութի՛ւն ունենալ, ապաւէն ցոյց տալ։ Հաւատքը, այս իմաստով, Աստուծոյ ինքզինք մարդուս յայտնութեան՝ մարդուն պատասխա՛նն է։ Աստուած երբ կը յայտնէ ինքզինք մարդուն, եւ կ՚ըսէ. «Ես եմ», մարդն ալ կը պատասխանէ. «Այո՛, Դուն ես», ահաւասիկ այս կարճ բայց իմաստալից երկխօսութիւնը «հաւա՛տք» է, հաւատքի արտայայտութի՛ւնն է։

Աստուածաշունչի մէջ, զոր օրինակ, Աբրահամ, փորձի ենթարկուելով «հաւատաց Աստուծոյ» (ՀՌՈՄ. Դ 3) եւ այդ պատճառով հաւատացեալներու հայրը եղաւ (ՀՌՈՄ. Դ 11-18)։

Եւ Սուրբ Կոյս Մարիամ, հաւատքի ճշմարիտ տիպար մը եղաւ՝ կատարեալ հնազանդութիւն ցոյց տալով երբ ըսաւ. «Թող ըլլայ ինծի քու Խօսքիդ համաձայն» (ՂՈՒԿ. Ա 38)։

Ուրեմն կը տեսնուի, որ «հաւատք»ը Աստուծոյ եւ մարդուն երկխօսութեան դրական մէկ արդիւնքն է։ Մարդը, աստուածային շնորհքով զօրացած, կը պատասխանէ Աստուծոյ հաւատքին հնազանդութեամբ, այսինքն՝ ինքզինք ամբողջովին Աստուծոյ յանձնելով եւ ընդունելով Անոր Ճշմարտութիւնը, վստահելով Խօսքին, քանի որ ան երաշխաւորուած է Աստուծմէ՝ որ Ճշմարտութի՛ւնն իսկ է։ Ուրեմն հաւատքը՝ ճշմարտութեան անդրադառնալ, ճշմարտութիւնը տեսնել եւ ճշմարտութեան ապաւինիլ կը նշանակէ։

Աստուծոյ հաւատալը կը կայանայ Աստուծոյ յարելու մէջ, Անոր վստահելու եւ Անոր յայտնած բոլոր ճշմարտութիւններուն իր կատարեալ հաւանութիւնը տալո՛ւ մէջ, քանի որ նոյնինքն Ճշմարտութի՛ւնն է։ Կը նշանակէ հաւատալ երեք Անձերէ կազմը-ւած մէ՛կ Աստուծոյ, աստուածային մէ՛կ բնութեան. Հօր, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին։

Այս իմաստով հաւատքը՝ Աստուծոյ «ձրի պարգեւ»ն է։ Հաւատքը նաեւ «ստոյգ» է, քանի որ հիմնուած է Աստուծոյ Խօսքին վրայ՝ ի՛նչ որ կ՚ենթադրէ «վստահութիւն»։ Հաւատքը գործադրելի է՝ գործօն է «սիրոյ միջոցով» (ԳԱՂ. Ե 6)։ Եւ հաւատքը հետըզ-հետէ եւ յարատեւօրէն կ՚աճի եւ կը զարգանայ յատկապէս Աստուծոյ խօսքը լսելով՝ ունկնդրելով եւ անշուշտ՝ աղօթելով։

Ճշմարիտ եւ անկեղծ հաւատքը այժմէն երկնային ուրախութեան եւ երանութեան «նախաճաշակ»ը կու տայ մարդուս։ Հաւատքը անտեսանելին՝ տեսանելի կը դարձնէ եւ անըմբռնելին՝ հասկնալի՛։

«Հաւատա՛ հասկնալու համար, հասկցի՛ր հաւատալու համար», կ՚ըսէ Ս. Օգոստինոս։

Ս. Օգոստինոսի այս խօսքէն կը հետեւի, թէ՝ հաւատքի եւ գիտութեան միջեւ երբեք հակասութիւն եւ հակառակութիւն գոյութիւն չունի, քանի որ երկուքին ալ ծագումը Աստուծմէ՛ է։ Մարդուն բանականութեան եւ հաւատքին լոյս հաղորդողը Ի՛նք՝ Աստուած է։

Մ. Ա. Վոլթէր կ՚ըսէ, թէ՝ «Եթէ Աստուած գոյութիւն չունենար՝ մարդ պիտի ստեղծէր իր Աստուածը»։ Այս կը նշանակէ, թէ՝ եթէ Աստուած ինքզինք չյայտնէր մարդուն, մարդ, անպայմա՛ն, որեւէ կերպով պիտի գտնէր զԱյն։

Արդարեւ, մարդիկ, ընդհանրապէս չեն հաւատար այն բաներուն՝ որոնք տեսանելի եւ շօշափելի չեն։ Բնական է այս, քանի որ մարդ կ՚ուզէ տեսնել իր մարմնաւոր աչքով որեւէ բան, որպէսզի անոր գոյութիւնը ստուգէ, եւ կ՚ուզէ իր զգայարաններով շօշափել բան մը՝ որուն էութիւնը հասկնայ։

Մարդկային յայտնի թերութիւններու եւ տկարութիւններու բնական հետեւանքն է ասիկա։

Սապէս խորհինք՝ մարդ պատրաստ ճաշ մը երբ կ՚ուտէ, ընդհանրապէս չի մտածեր, թէ այդ ճաշը պատրաստող մէկը կայ, բայց անպայմա՛ն խոհարար մը կայ՝ որ պատրաստած է այդ կերակուրը։ Խոհարարը չի տեսնուիր, բայց գոյութիւն ունի իր գործով՝ յայտնի՝ իր պատրաստած ճաշո՛վ։ Քանի որ ամէն «արդիւնք» անպայմա՛ն «պատճառ» մը ունի եւ նպատակ մը։

Նոյնը կարելի է ըսել հագուստի մը համար։

Երբ մարդ պատրաստ հագուստ մը կը հագուի, ընդհանրապէս չի խորհիր, որ անիկա կարող, պատրաստող դերձակ մը կա՛յ, թէեւ անտեսանելի, բայց գոյութիւն ունի այդ անձը. այլապէս հագուստը ինքնիրեն չի կրնար պատրաստուիլ։ Պատճառ մը պէտք է որ արդիւնք ձեռք բերուի։ Դերձակը չենք տեսներ, բայց կա՛յ։

Արեւը երբեմն չի տեսնուիր, երբ ամպամած է երկինքը։ Եւ երբ չենք տեսներ արեւը, ուրեմն արեւին համար կարելի՞ է ըսել, թէ գոյութիւն չունի։

Հաւատքը, ոմանք կը խորհին, թէ «վախ»ի արդիւնք է։ Մարդ վստահելի ապաւէնի մը պահանջքը կը զգայ եւ ապաւինելի «նախատիպար» մը ստեղծելով զայն կը պաշտէ։ Ճիշդ է մասամբ այս տեսութիւնը, պատմութեան մէջ մարդիկ պաշտած են բնութեան զանազան երեւոյթներ, նոյնիսկ վայրի անասուններ, եւ այլն։ Բայց մարդիկ պաշտած են նաեւ արեւը՝ լոյսը, ո՛չ թէ վախու պատճառով, այլ անոր օգտակարութեանը համար, քանի որ արեւը, լոյսը կեանքի ակն է եւ կեանքի տեւականացման միջո՛ցը։

Վերջապէս, հաւատքը եւ վստահութիւնը մշտնջենաւոր է։ Կարելի՞ է խորհիլ հայր մը կամ մայր մը, որոնց զաւակը հասուն տարիքի երբ հասնի ըսեն. «Դուն այլեւս մեր զաւակը չե՛ս»։

Մանուկը որքան ալ մեծնայ, հասուն տարիքի հասնի անոր հայրը եւ մայրը, մի՛շտ «հայր-մայր» կը մնան, անոնց հայրութիւնը եւ մայրութիւնը երբեք չի դադրիր։ Եւ փոխադարձաբար, անշուշտ, զաւակն ալ, ինչ դիրքի որ հասնի, որքան ալ բարձրանայ իր կեանքի մակարդակը, եւ որքան ալ տարիք ունենայ, ան միշտ իր հօր եւ մօր «մանուկ»ն է՝ սիրելի որդին, որոնք միշտ պատրա՛ստ են հոգալ եւ խնամել, օգնութեան հասնիլ իրենց զաւկին նեղութեան եւ դժուարութիւններուն մէջ։ Եւ ո՜րքան Աստ-ւած, որ Նախախնամն է, Ամենատես, պիտի չհասնի՞ իր որդիներուն օգնութեան իրենց նեղութիւններուն, դժուարութիւններուն մէջ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 15, 2017, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Յունուար 4, 2018