ՉԱՐԸ ԵՒ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

«Չար» եւ «չարիք»ը անբաժան են մարդուս կեանքէն. հոն ուր մարդ կայ, կան նաեւ չարը եւ չարիքը։ Արդարեւ, մարդուս բնութեան, մարդկային կեանքի թէ՛ պատճառը եւ թէ՛ արդիւնքն է չարը։ Պատճառն է՝ քանի որ չարին պատճառով է, որ մարդ կ՚ապրի այս «երկրային կեանք»ը, իսկ արդիւնք՝ որովհետեւ առանց չարիքի կարելի չէ կեանք ունենալ եւ ապրիլ այս աշխարհի վրայ։ Մարդ անհնազանդութեան՝ սկզբնական մեղքին պատճառով կ՚ապրի այս կեանքը՝ նեղութիւններով, չարչարանքով եւ ամէն տեսակ չարիքով։ Եւ ապրած ատեն մարդ այս կեանքը տեւապէս կ՚ենթարկուի չարին եւ կը չարչարուի, կը տարուի չարով։

Արդարեւ, մարդոց վրայ ճնշող անսահման խեղճութիւնը, թշուառութիւնը, ինչպէս նաեւ չարին եւ մահուան հանդէպ անոնց հակումը չեն հասկցուիր առանց անոնց Ադամի մեղքին հետ ունեցած կապին եւ այն իրողութեան, թէ Ադամ մեզի փոխանցեց «մե՛ղք» մը՝ որմէ ամէնքս արատաւորուած կը ծնինք, որ «հոգիին մահ»ն է։

Հիմնուելով հաւատքի այս ստուգութեան վրայ, Եկեղեցին մեղքերու թողութեան համար մկրտութիւն կու տայ նոյնիսկ անձնական մեղք չգործած մանուկներուն։ Ադամին մեղքը՝ «սկզբնական մեղքը» թէ ինչպէ՞ս Ադամի սերունդներուն մեղքը դարձաւ։

Մարդկային ցեղը ամբողջ՝ Ադամին մէջն է. «իբրեւ միակ մարդու մը միակ մարմինը». (Սուրբ Թովմաս Աքուինացի)։ Այս «մարդկային ցեղին միութեամբ», բոլոր մարդիկը կցորդակից են Ադամին մեղքին, ինչպէս որ ամէնքը բաժնեկից են Քրիստոսի արդարութեան։

Սկզբնական մեղքին փոխանցումը սակայն խորհուրդ մըն է, զոր մենք կարող չենք լիովին հասկնալ… բայց մենք Յայտնութենէն գիտենք, թէ Ադամ ընդունած էր սկզբնական սրբութիւնը եւ արդարութիւնը, ո՛չ միայն իրեն համար, այլ համայն մարդկային բնութեան համար։ Տեղի տալով փորձիչին՝ սատանային, Ադամ եւ Եւա «անձնական մեղք» մը կը գործեն, սակայն այս մեղքը կը վարակէ «մարդկային բնութիւն»ը, զոր անոնք պիտի փոխանցեն «անկեալ վիճակի մէջ»։ Ասիկա «մեղք» մըն է, որ տարածումով պիտի փոխանցուի ամբողջ մարդկութեան, այսինքն փոխանցումով սկզբնական սրբութենէն եւ արդարութենէն արդէն զրկուած մարդկային բնութեան մը։

Արդարեւ, սկզբնական մեղքը «արատ» մը, «ախտ» մըն է եթէ, ապա անիկա ծինային-ժառանգականութեան միջոցով կրնայ փոխանցուիլ սերունդէ սերունդ ամբողջ մարդկային էութեան մէջ։ Արդարեւ, կարգ մը բնաւորութիւններ, նկարագիր եւ յատկութիւններ ընդոծին են եւ սերունդէ սերունդ կը փոխանցուին եւ ասիկա փաստուած իրականութիւն մըն է. չէ՞ որ ծառը կը ճանչցուի իր պտուղէն… եւ դարձեալ, ինչպէս որ կարգ մը թէ՛ մարմնական եւ թէ՛ հոգեկան-մտային հիւանդութիւններ ծինային-ժառանգական են, ապա ուրեմն սկզբնական մեղքը՝ չարը եւ չարութիւնն ալ կարելի չէ՞ որ այս ճամբով փոխանցուի սերունդէ սերունդ եւ հասնի մինչեւ մեզի եւ մեզմէ ալ գալիք սերունդներուն։ Ուրեմն, թէեւ «խորհուրդ» մըն է սկզբնական մեղքը՝ չարը եւ չարիքը, բայց գիտական տուեալներու վրայ յենելով կարելի կ՚ըլլայ բացատրել… Անշուշտ, այս հարցը կը թողունք այս մասին «մասնագէտ աստուածաբաններ»ու, արդէն պատշաճն ալ ա՛յդ է…։

Փոխանցուած «սկզբնական մեղք»ը սրբելու ճամբան եւ միջոցն է՝ մկրտութիւնը։ Մկրտութիւնը, Քրիստոսի շնորհքին կեանքը տալով մարդուն, կը ջնջէ սկզբնական մեղքը եւ կը վերադարձնէ մարդը դէպի Աստուած, սակայն տկարացած եւ դէպի չարը հակամէտ բնութեան մէջ, հետեւանքները կը մնան մարդուն ներսը եւ կը կանչեն զինք «հոգեւոր պայքար»ի։

Մարդ, որովհետեւ տկար է, թերութիւններ ունի եւ անկատար արարած մըն է, շատ բնական է, որ չարի եւ չարիքի հակամէտ ըլլայ։ Եւ դարձեալ, չարի եւ չարիքի հակամէտ ըլլալու ունակութիւնն ալ կրնայ Ադամէն ծինային եւ ժառանգական ճամբով փոխանցուած ըլլայ մարդկութեան սերունդէ՛ սերունդ, եւ այս ալ կը թողունք «մասնագէտ աստուածաբաններ»ու գնահատման…։

«Սկզբնական մեղք»ին փոխանցումին մասին Եկեղեցւոյ վարդապետութիւնը յստակացաւ մանաւանդ 5-րդ դարուն, յատուկ կերպով Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոսի, Պեղագոսի պաշտպանած «պեղագիանութեան» դէմ կատարած ուսումնասիրութիւններուն դրդումին տակ, ապա 16-րդ դարուն՝ ընդդիմութեամբ բողոքական բարեկարգութեան։ Պեղագոս կը պաշտպանէր, թէ մարդը կարող է իր ազատ կամքին բնական ուժով, առանց անհրաժեշտ օգնութեան Աստուծոյ շնորհքին, ապրիլ կեանքը բարոյապէս բարի։ Այսպէս, ան Ադամի յանցանքին գործած ազդեցութիւնը կը վերածէր տրուած «գէշ օրինակ»ի մը։ Իսկ բողոքական առաջին բարեկարգիչները (=réformateur), ընդհակառակը, կ՚ուսուցանէին, թէ մարդը արմատապէս ապականած է եւ անոր ազատութիւնը ջնջուած է սկզբնական մեղքով։ Անոնք իւրաքանչիւր մարդէ ժառանգուած մեղքը կը նոյնացնէին դէպի չարը հակումին հետ (ցանկութիւն), որ անյաղթահարելի նկատուած է։

Սկզբնական մեղքին եւ մարդոց գործած անձնական մեղքերուն հետեւանքները ամբողջ աշխարհին կը փոխանցեն մեղանչական իրավիճակ մը՝ որ կարելի է բնորոշել Յովհաննէս առաքեալի արտայայտած խօսքով. «Աշխարհի մեղքը». (ՅՈՎՀ. Ա 29)։ Այս արտայայտութիւնը կը նշանակէ նաեւ այն ժխտական ազդեցութիւնը՝ զոր անձերուն վրայ կը գործեն մարդոց մեղքերուն՝ չարին եւ չարութեան պտուղը եղող հասարակական իրադրութիւնները եւ ընկերային կառոյցները։

Չարին իշխանութեան ամբողջութեամբ ենթարկուած (Ա ՅՈՎՀ. Ե 19), (Ա ՊԵՏ. Ե 8) աշխարհի այս ողբերգական կացութիւնը մարդուն կեանքը կը վերածէ «պայքար»ի մը։ Արդարեւ, մարդկային ամբողջ պատմութեան մէջէն խաւարին զօրութիւններուն դէմ՝ չարին եւ չարիքին դէմ կը ծաւալի անողոք անվերջ պայքար մը. պայքար մը ծնած սկիզբէն իսկ, եւ որ պիտի տեւէ մինչեւ «վերջին օրը», ինչպէս Քրիստոս ըսաւ։ Լծուած այս պայքարին, մարդը պարտի անդադար մաքառիլ՝ յարելու համար բարիին։ Ի գին մեծ ճիգերու եւ Աստուծոյ շնորհքով, ան կարող կ՚ըլլայ իր ներքին միութիւնը իրագործել։ Քրիստոնեայ աւանդութիւնը այս դրուագին մէջ կը տեսնէ աւետումը «Նոր Ադամ»ին. (Ա ԿՈՐ. ԺԵ 21-22.45), «որ Իր հնազանդութեամբ մինչեւ Խաչին… մահը». (ՓԻԼ. Բ 8) կը հատուցանէ գերառատօրէն Ադամին անհնազանդութեան փոխարէն. (ՀՌՈՄ. Ե 19-20)։

Չարը եւ չարութիւնը՝ Ադամին մարդկութեան թողած ժառանգութի՛ւնն է…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 13 2022, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Յունուար 4, 2023