ԱՌԱՋԻՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ԵՒ ԿԱՄ «ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ»
Ազգերու կեանքին մէջ կը գտնուին շրջաններ եւ դէպքեր՝ որոնք իմաստ կը ստանան եւ կը դառնան պատմութեան առանցքը, մեկնակէտը, էութեան պատճառը եւ կեանքին նպատակը։ Ինչպէս անհատական, նոյնպէս ընկերային կեանքի գոյապահպանման ու գոյատեւման համար կենսական դրոշմներ են այդ շրջանները եւ կամ դէպքերը։ Հայ ժողովուրդին համար, զոր օրինակ՝ քրիստոնէացումը, հայ տառերու գիւտը, այս դէպքերը եւս անկիւնադարձներն են։
Եւ այս իմաստով, Հայ ժողովուրդին համար անկիւնադարձ մը կամ պատմական առանցք մըն է նաեւ՝ «Վարդանանց պատերազմը»՝ առանց նայելու անոր արդիւնքին, բայց անոր ոգին, անոր ներշնչած միտքն ու հոգին եւ պարկեշտ կեանքի տիպարը եւ ընդհանուր տրամադրութիւնը, զայն կ՚արժանացնեն «անկիւնադարձ»ի եւ կամ պատմական կենսական առա՛նցքի մը։
Արդարեւ, ժողովուրդը քրիստոնէանալով՝ հոգեպէս նորոգուեցաւ, իր սեփական գիրերը ունենալով մտապէս զարգացաւ եւ վերջապէս՝ Վարդանանց պատերազմով՝ էութիւնը ամրացուց եւ ինքնութիւնը վերհաստատեց։ Հայ ժողովուրդի «ազգ» ըլլալու հոգեբանութեան ու անհատականութեան գիտակցութիւնը, լինելիութեան զուտ եւ պարզ ոգին ձեւաւորուեցաւ։ Արդարեւ, հոգի, միտք եւ ինքնութեան գիտակցութիւնն է, որ կը կազմուի «մարդ»ը որպէս բանաւոր, ազատ եւ արժանաւոր էակ։
Յատուկ դէմք եւ ինքնութիւն, հոգեկան առողջ կեանք, սեփական լեզու, եկեղեցի եւ մշակոյթ՝ Աւարայրի դաշտին վրայ բարոյական մեծ յաղթանակ մը ստեղծեց՝ գոյապահպանումով եւ գոյատեւականութեամբ պսակուած, որ դրոշմուեցաւ ժողովուրդին ճակատը։
Աւարայր, կամ «Ավարայր»՝ Վասպուրականի Արտազ գաւառի Աւարայր դաշտն էր՝ որ պատմական արժէք ստացած է Ղ. Փարպեցիի կողմէ յիշուած 451 թուականի Աւարայրի ճակատամարտի առիթով։
Ինչպէս մեր նախորդ գրութիւններուն մէջ յիշեցինք այս ճակատամարտի սկզբնապատճառները եւ դրդապատճառները՝ պատմութեան լոյսին ներքեւ, այսօր ալ կ՚ուզենք դիտել Վարդանանց պատերազմը՝ նոյն պատմութեան վկայութիւններու օգնութեամբ։ Ուստի պատմական դէպքեր եւ ընդհանրապէս «պատմութիւն»ը հետազօտել «մասնագէտ»ներու կը վերաբերի, ուրեմն բոլորովին վկայութիւնները կը փոխանցենք բոլորովին առարկայական՝ չէզոք հայեցողութեամբ։
Յազկերտ «թողութեան հրովարտակ» մը՝ արքունի հրամանագիր մը հրատարակած էր, կրօնի կատարեալ ազատութիւն շնորհելով եւ յափշտակուած կալուածները վերադարձնելով։ Արքաներու արքան Յազկերտի այս հրամանագիրը, Վասակ, իրեն միաբան ու համամիտ քահանաներուն ձեռքով տարածեց բովանդակ Հայաստանի մէջ՝ յորդորելով հայ գեղջուկին եւ իշխաններուն միմիա՛յն հեռանալ Վարդանէն եւ անոր հետ չկորսուի՛լ։ Եւ արդարեւ շատեր հեռացա՜ն…։
Բայց շուտով հասկցուեցաւ, որ «թողութեան հրովարտակ»ը խաբկանք մըն էր, եւ 451 թուականին՝ Զատկին, պարսիկները, ապահովուած եւ կանխաւ երաշխաւորուած, թէ յոյները հայերուն պիտի չօգնեն եւ ո՛չ մէկ կերպով, մեծ բանակով մը յարձակեցան հայոց երկրին վրայ եւ երկիր մտան։ Մինչ Վարդանի հրաւէրը եւ ձայնը լսելով՝ հայրենիքի ու եկեղեցիի պաշտպանութեան նուիրուած 66 հազար քաջասիրտ ու խիզան անհատներ՝ իշխաններ ու հասարակ գիւղացիներ հաւաքուեցան Աւարայր գիւղի մօտ։ Այնտեղ հաւաքուեցան նաեւ Յովսէփ Կաթողիկոս (Ս. Յովսէփ Ա. Հողոցմեցի. 440-452), Ղեւոնդ երէց եւ ուրիշ բազմաթիւ եկեղեցականներ։
Պատերազմի նախընթաց գիշերը հսկումով եւ խնդրուածքներով, աղօթքով անցաւ, եւ Կաթողիկոսի թոյլտուութեամբ Ղեւոնդ երէց քաջալերեց հայ զօրքը, որ չվախնայ բնաւ թշնամիին ահաւոր բանակէն։
Նոյնպէս քաջալերական ճառ խօսեցաւ նաեւ Վարդան եւ այնուհետեւ ամէնքն ալ հողորդուեցան։
Այս նշանաւոր ճակատամարտը տեղի ունեցաւ 451 թուականին Մայիս 26-ին։ Ճակատամարտի դաշտին վրայ ինկան հայ նշանաւոր իշխաններ, եւ զօրքի մէկ մասն ալ ցիրուցան եղաւ։ Եւ այս նահատակներու յիշատակը Հայ Եկեղեցին կը տօնէ մինչեւ այսօր «Ս. Վարդանանց 1036 վկայից» անունով։
Պարսկաստանի մէջ երբ պատերազմի արդիւնքը լսուեցաւ, անմիջապէս պարսիկներու հրամանատարը ետ կանչուեցաւ եւ Հայաստանի վրայ Արշական Ատրորմիզդը մարզպան կարգուեցաւ՝ երկիրը խաղաղութեամբ նուաճելու համար։ Սա, ամէն կողմ նամակներ ուղարկեց՝ յորդորելով ամէնքին իրենց տեղերը դառնալ եւ ազատօրէն իրենց կրօնը պաշտել։
Բայց միւս կողմէն ալ զէնքով աշխատեցաւ նուաճել զանոնք՝ որոնք տակաւին հաւատարիմ Վարդանի, այս ուղղութեամբ լեռներու մէջ կ՚աշխատէին Պարսիկներու զօրքին դիմադրել։
Արշական Ատրորմիզդը յաջողութիւն ունեցաւ. բռնի ուժով, բայց միանգամայն աւելի խաղաղասիրական խօսքերով ու վարմունքով բոլոր երեւելի, նշանաւոր աշխարհական ու հոգեւոր գործիչները կալանաւորեց եւ զանոնք Պարսկաստան ուղարկեց՝ 452 թուականին, ուր պէտք է քննուէր այս ապստամբութեան գործը՝ որ յանցաւորը պատժուէր։
Դատաստանը, արդարեւ տեղի ունեցաւ եւ Վասակը իբրեւ յանցաւոր պատժուեցաւ, բայց հայ եկեղեցականները եւ իշխանները ազատ չարձակուեցան։ Եկեղեցականները բանտարկուեցան Ապար աշխարհի Նիւշապուհ բերդին մէջ, եւ աւելի վերջ Ռեւան գիւղի մօտ՝ 453 թուականի 26 Յուլիսին նահատակուեցան։
Այդ նահատակներու յիշատակը «Ղեւոնդեանք» անունով կը տօնուի մինչեւ այսօր Հայ Եկեղեցիի մէջ, Վարդանանց յիշատակութեան նախորդող Երեքշաբթի օր։
Միեւնոյն Նիւշապուհ քաղաքի բանտին մէջ տակաւին երկար ժամանակ բանտարկուած մնացին 35 հոգի հայ իշխաններ, եւ միայն Պերոզի թագաւորութեան ժամանակ բանտէն ազատ արձակուեցան՝ 461 թուականին։
Այս արձակուած հայ իշխանները՝ յաջորդ տարի, մօտաւորապէս 461-ին վերջերը իրաւունք ստացան վերադառնալու Հայաստան։
Վարդանանցը՝ «հաստատակամութեան տիպա՛ր» մըն է պատմութեան արձանագրած…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 23, 2016, Իսթանպուլ