ՀՐԱՒԷՐԸ ՄԵՐԺՈՂՆԵՐՈՒ ԱՌԱԿԸ

Ընդ­հան­րա­պէս կեն­ցա­ղա­վա­րու­թիւ­նը կը պա­հան­ջէ՝ հրա­ւէ­րը ըն­դու­նիլ եւ ըն­դա­ռա­ջել ա­նոր։ Ար­դա­րեւ հրա­ւէ­րը մեր­ժել, հրա­ւի­րո­ղին բա­րե­կա­մու­թիւ­նը մեր­ժել կը նշա­նա­կէ, ան­շուշտ ե­թէ շատ բա­նա­ւոր եւ ար­դա­րա­ցու­ցիչ պատ­ճառ մը գո­յու­թիւն չու­նի մեր­ժու­մը։ Այս ի­մաս­տով, հրա­ւէ­րի մը ըն­դա­ռա­ջել կամ մեր­ժել չա­փա­նիշ մըն է եր­կու կող­մին բա­րե­կա­մու­թեան, մտեր­մու­թեան եւ ա­նոնց փոխ­յա­րա­բե­րու­թեան ան­կեղ­ծու­թեա­նը, ա­ռող­ջու­թեա­նը։

Ա­հա­ւա­սիկ Յի­սուս հրա­ւէ­րի նիւ­թով ա­ռակ մը պատ­մե­լով բա­րո­յա­կան եւ ա­ւե­տա­րա­նա­կան դա­սեր կու տայ։ Ան­շուշտ Ա­ւե­տա­րա­նի այս հա­տուա­ծը եւ ա­ռա­կը պէտք է նկա­տի առ­նել այ­լա­բա­նա­կան ի­մաս­տով եւ այդ­պէս հասկ­նալ ա­նոր ի­մաստն ու նպա­տա­կը, ինչ­պէս Յի­սու­սի բո­լոր ա­ռակ­նե­րուն մէջ։

Ու­րեմն ան­գամ մը եւս ու­շադ­րու­թեամբ հե­տե­ւինք ա­ռա­կի պատ­մու­թեան։

«Մարդ մը կար, որ մեծ ընթ­րիք մը սար­քեց եւ շա­տեր հրա­ւի­րեց։ Ընթ­րի­քի ժա­մուն իր ծա­ռան ղրկեց, որ­պէս­զի հրա­ւի­րեալ­նե­րուն ը­սէ.- Ե­կէ՛ք, ա­մէն ինչ պատ­րաստ է ար­դէն։

«Հրա­ւի­րեալ­նե­րը սկսան մէկ առ մէկ հրա­ժա­րիլ։

«Ա­ռա­ջի­նը ը­սաւ.- Արտ մը գնե­ցի, պէտք է եր­թամ եւ տես­նեմ զայն, հե­տե­ւա­բար կը խնդրեմ որ նե­րո­ղա­միտ գտնուիք։

«Միւ­սը ը­սաւ.- Հինգ զոյգ եզ գնե­ցի, պէտք է եր­թամ փոր­ձեմ զա­նոնք, հե­տե­ւա­բար կը խնդրեմ որ նե­րո­ղա­միտ գտնուի։

«Ու­րիշ մը ը­սաւ.- Տա­կա­ւին նոր ա­մուս­նա­ցայ, հե­տե­ւա­բար չեմ կրնար գալ։

«Ծա­ռան վե­րա­դար­ձաւ եւ իր տի­րոջ պատ­մեց ա­նոնց ը­սած­նե­րը։ Այն ա­տեն տան­տէ­րը վրդո­ված՝ ը­սաւ ծա­ռա­յին.- Ան­մի­ջա­պէս քա­ղաք գնա՛ եւ հրա­պա­րակ­նե­րուն ու փո­ղոց­նե­րուն մէջ որ­քան որ աղ­քատ, խե­ղան­դամ, կաղ եւ կոյր տես­նես՝ բո­լորն ալ հոս բեր։ Քիչ ետք, ծա­ռան վե­րա­դառ­նա­լով իր տի­րոջ ը­սաւ.- Տէ՛ր, հրա­մանդ կա­տա­րե­ցի, բայց տա­կա­ւին տեղ կայ։ Տէ­րը ծա­ռա­յին հրա­մա­յեց.- Քա­ղա­քէն դուրս գնա՛ եւ ճամ­բա­նե­րուն վրայ ու դաշ­տե­րուն մէջ ո՛վ որ գտնես՝ ստի­պէ որ գայ, որ­պէս­զի տունս լե­ցուի։

«Կ՚ը­սեմ ձե­զի, որ ա­ռա­ջին հրա­ւի­րեալ­նե­րուն ո՛չ մէ­կը իմ ընթ­րի­քէս պի­տի ճա­շա­կէ» (ՂՈՒԿ. ԺԴ 16-24)։­

Այս ա­ռա­կը ո՜ր­քան նմա­նու­թիւն ու­նի Յի­սու­սի այն խօս­քին հետ, ուր կ՚ը­սէ. «Աս­տու­ծոյ Հո­գին է որ կեանք կու տայ. մար­մի­նը բան մը չի կրնար ը­նել» (ՅՈՎՀ. Զ 63)։ Ուս­տի Յի­սուս միշտ կը խօ­սի եւ կ՚ու­սու­ցա­նէ հո­գե­ւոր կեան­քի՝ հո­գիի կա­րե­ւո­րու­թեան մա­սին, քա­նի որ իս­կա­կան կեան­քը ո՛չ թէ մարմ­նա­կան-աշ­խար­հա­յին կեանքն է, այլ՝ հո­գե­ւոր-երկ­նա­յին կեա՛ն­քը, որ յա­ւի­տե­նա­կան է։

Նմա­նու­թիւն մը կա­րե­լի է գտնել նաեւ Յի­սու­սի «սերմ­նա­ցա­նին ա­ռակ»ին հետ, երբ կ՚ը­սէ. «Սեր­մը ար­մատ չու­նի իր մէջ, այ­սինքն՝ ժա­մա­նա­կուան մը հա­մար կը հա­ւա­տայ՝ եւ երբ նե­ղու­թիւն­նե­րու եւ Աս­տու­ծոյ խօս­քին հա­մար հա­լա­ծան­քի են­թար­կուի՝ ան­մի­ջա­պէս իր հա­ւատ­քը կը կորսնց­նէ։ Փու­շե­րով ծած­կուած հո­ղը կը նմա­նի այն մար­դուն, որ Աս­տու­ծոյ խօս­քը կը լսէ, սա­կայն երկ­րա­ւոր կեան­քի հո­գե­րը եւ հարս­տու­թեան հրա­պոյ­րը կը խեղ­դեն Աս­տու­ծոյ խօս­քը, որ անպ­տուղ կը դառ­նայ իր մէջ» (ՄԱՏԹ. ԺԳ 21-22)։­

Այս եւ ա­սոնց նման բազ­մա­թիւ օ­րի­նակ­ներ ցոյց կու տան, թէ երբ մարդ աշ­խար­հա­յին զբա­ղում­նե­րով տա­րուի, մարմ­նա­կան հո­գե­րով ու մտա­հո­գու­թիւն­նե­րով խճո­ղուի, կը հե­ռա­նայ ի­րա­կան եր­ջան­կու­թե­նէ՝ հո­գե­ւոր վա­յելք­նե­րէ, աս­տուա­ծա­յին ե­րա­նե­լի կեան­քէն։ Ուս­տի պէտք է ներ­դաշ­նա­կել կեան­քը՝ աշ­խար­հա­յին-մարմ­նա­կա­նը եւ երկ­նա­յին-հո­գե­կա­նը, բայց պէտք է գիտ­նայ որ կա­րե­ւո­րը միշտ եր­կնա­յին-հո­գե­կան կեանքն է, քա­նի որ էա­կա­նը եւ կեն­սա­կա­նը՝ յա­ւի­տե­նա­կա­նը հո­գին է եւ հո­գե­կա­նը։ Ար­դա­րեւ աշ­խար­հա­յին-մարմ­նա­կան կեան­քը ժա­մա­նա­կա­ւոր է. ի վեր­ջոյ վախ­ճա­նի մը կը հաս­նի, ժա­մա­նա­կին լրու­մո­վը կը վեր­ջա­նայ, բայց երկ­նա­յին-հո­գե­ւոր կեան­քը կը շա­րու­նա­կէ, քա­նի որ յա­ւի­տե­նա­կան է եւ Աս­տու­ծոյ կամ­քը։ Մարդ կո­չուած է յա­ւի­տե­նա­կա­նու­թեան եւ պէտք է ըստ այնմ վա­րէ իր աշ­խար­հա­յին ժա­մա­նա­կա­ւոր կեան­քը։

Հրա­ւի­րեալ­նե­րու ա­ռա­կին մէջ բա­րո­յա­կան եւ ա­ւե­տա­րա­նա­կան ի­մաստ­ներ կը տես­նէ Մա­ղա­քիա Ար­քե­պիս­կո­պոս Օր­մա­նեան երբ կ՚ը­սէ.

«Այս ա­ռա­կին մէջ ալ բա­րո­յա­կան եւ ա­ւե­տա­րա­նա­կան ի­մաստ­ներ զոյգ կ՚ըն­թա­նան։ Բա­րո­յա­կան ի­մաստն է՝ պա­րապ սա­րապ եւ ար­տա­քին պատ­ճառ­նե­րով ու պատ­ճա­ռանք­նե­րով ինք­զինք չհե­ռաց­նել հո­գե­ւոր մխի­թա­րու­թիւն­նե­րէն. մի՛ գու­ցէ ի սպառ զրկու­մի հան­դի­պին։

«Իսկ ա­ւե­տա­րա­նա­կան ի­մաստն է. Երկ­նից Ար­քա­յու­թեան կո­չու­մէ Հրեա­նե­րուն զրկուի­լը։ Նոյ­նիսկ ի­րենց ան­հիմն կար­ծիք­նե­րով եւ կա­մա­կոր ըն­թաց­քով, ո­րով ի­րենք դուրս մնա­ցին ա­ւե­տա­րա­նա­կան հրա­ւէ­րէն, եւ ի­րենց տեղ մտան ա­նոնք, ո­րոնք ի­րենց աչ­քին ա­նար­ժան եւ ան­յար­մար կը սե­պուէին»։­

Ար­դա­րեւ, մեր ա­մէն մէ­կուն կեան­քին մէջ ալ, մեր ա­մե­նօ­րեայ կեան­քին մէջ կը պա­տա­հին «աս­տուա­ծա­յին հրա­ւէր»ներ։ Ա­նոնք կը ներ­կա­յա­նան զա­նա­զան ձե­ւե­րու տակ, դէպ­քե­րով, պա­տա­հար­նե­րով, ար­կած­նե­րով, նոյ­նիսկ նե­ղու­թիւն­նե­րով ու դժուա­րու­թիւն­նե­րով, ո­րոնք ա­ռիթ­ներ են, նշան­ներ կամ ազ­դա­րա­րու­թիւն­ներ են անդ­րա­դառ­նա­լու հո­գիին եւ հո­գե­ւոր կեան­քին։ Ա­նոնք հրա­ւէր­ներ են աս­տուա­ծա­յին երկ­նա­յին կեան­քի, հրա­ւէր­ներ՝ վա­յե­լե­լու Աս­տու­ծոյ ար­քա­յու­թեան շնորհ­նե­րը։ Ո­մանք կ՚անդ­րա­դառ­նան եւ կ՚ըն­դա­ռա­ջեն հրա­ւէ­րին, ու­րիշ­ներ չեն անդ­րա­դառ­նար, կը լսեն հրա­ւէ­րը բայց չեն ըն­դա­ռա­ջեր, կը մեր­ժեն եւ կը կորսնց­նեն…։

Ուս­տի պէտք է գիտ­նանք եւ անդ­րա­դառ­նանք, որ «կեանք»ը միայն այս աշ­խար­հի վրայ ապ­րուած կեան­քը չէ, մարմ­նա­կան վա­յելք­ներ, հա­ճոյք­ներ, ու­րա­խու­թիւն­ներ չէ՛, չէ՛ նաեւ ժա­մա­նա­կա­ւոր նե­ղու­թիւն­ներ, ցա­ւեր ու վիշ­տեր, այլ այդ ա­մէ­նը կը պատ­կա­նին այս աշ­խար­հին, այ­լա­պէս կա՛յ ան­ժա­մա­նակ, մշտնջե­նա­կան կեան­քը՝ հո­գիին կեան­քը, ո­րուն անդ­րա­դար­ձո­ղը կրնայ վա­յե­լել զայն յա­ւի­տե­նա­պէս։ Եւ պէտք չէ՛ ար­տօ­նել, որ աշ­խար­հա­յի­նը՝ մարմ­նա­ւո­րը խա­փա­նէ, ար­գելք հան­դի­սա­նայ երկ­նա­յի­նին՝ հո­գե­կա­նին, որ ճշմա­րիտ կեա՛նքն է, ո­րուն կո­չուա՛ծ է մարդ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետ­րուար 1, 2017, Իս­թան­պուլ

Շաբաթ, Փետրուար 4, 2017