ԴԱՏՈՂՈՒԹԵԱՆ ՍԽԱԼՆԵՐ

Բարոյական ընտրանքի մը դէմ դիմաց դրուած՝ մարդուն խիղճը կրնայ կազմել կա՛մ ուղիղ դատաստան մը, հաշտ՝ բանականութեան եւ աստուածային օրէնքին հետ, կա՛մ ընդհակառակը կազմել թիւր դատաստան մը՝ որ կը հեռանայ անոնցմէ։ Ուստի, մարդը երբեմն կը հակադրուի կացութիւններու, որոնք բարոյական դատաստանը կը դարձնեն նուազ ապահով եւ որոշումը՝ դժուա՛ր։ Թէեւ միշտ կա՛յ սխալի մը հաւանականութիւնը, քանի որ մարդ ունի թերութիւններ եւ տկարութիւններ, բայց ան պէտք է ամէն պարագայի մէջ փնտռէ ինչ որ արդա՛ր է եւ բարի, եւ ջոկէ Աստուծոյ կամքը, որ արտայայտուած է աստուածային մշտնջենաւոր եւ անայլայլելի օրէնքին մէջ։

Աստուածային օրէնքը երբեք չի փոխուիր եւ չի նորոգուիր, քանի որ ան կատարեալ է եւ անթերի եւ մշտանորոգ։ Առ այս՝ մարդը կը ջանայ մեկնաբանել «փորձառութեան տուեալներ»ը եւ ժամանակի նշանները՝ շնորհիւ խոհեմութեան առաքինութեան, շնորհիւ խոհական մարդոց խրատներուն եւ Սուրբ Հոգիին եւ Անոր անպատմելի պարգեւներուն օգնութեան։

Կարգ մը կանոններ կը յարմարին բոլոր պարագաներուն՝ մշտնջենաւոր են եւ չեն փոխուիր։

Այս կարգին են հետեւեալ կանոնները, որոնք ամէն տեղ, ամէն շրջանի միշտ անփոփոխ կը մնան։

ա.- Երբեք չէ արտօնուած գործել չարը՝ անկէ բարիք առաջ բերելու համար։

բ.- «Ոսկեղէն կանոն» է. «ինչ որ կ՚ուզէք որ մարդիկ ընեն ձեզի, դուք ալ նոյնը անոնց ըրէք». (ՄԱՏԹ. Է 12), (ՂՈՒԿ. Զ 31)։

գ.- Եղբայրսիրութիւնը միշտ կ՚անցնի մերձաւորին յարգանքին եւ խղճին ընդմէջէն։

«Երբ կը մեղանչէք ձեր եղբայրներուն դէմ, անոնց խիղճը վիրաւորելով… Քրիստոսի դէմ է որ կը մեղանչէք». (Ա ԿՈՐՆ. Ը 12)։

«Լաւ է հրաժարել… ամէն բանէ, որուն պատճառով եղբայրդ կը գայթակղի, կը սայթաքի կամ կը տկարանայ». (ՀՌՈՄ. ԺԴ 21)։

Մարդկային արարածը պէ՛տք է միշտ հնազանդի իր խղճմտանքին ստոյգ դատողութեան։

Եթէ ազատ կամքով անոր դէմ գործէ, մարդ ինքզինք պիտի դատապարտէ։ Բայց կը պատահի, որ բարոյական խղճմտանքը տգիտութեան մէջ կը գտնուի եւ կ՚արձակէ թիւր՝ սխալ դատաստաններ՝ կատարելիք կամ արդէն կատարուած գործերուն մասին։ Այս «տգիտութիւն»ը կրնայ յաճախ վերագրուիլ անձնական պատասխանատուութեան։ Այսպէս է պարագան, երբ մարդ քիչ հոգ կ՚ընէ ճշմարիտը եւ բարին որոնելու, եւ երբ մեղքին ունակութիւնը տակաւ առ տակաւ գրեթէ կը կուրցնէ խղճմտանքը։ Այս պարագային, անձը յանցաւո՛ր է իր գործած գէշութեան համար։

Քրիստոսի եւ Անոր Աւետարանին շուրջ տգիտութիւնը, ուրիշին տուած մեր յոռի օրինակները, կիրքերուն ստրկացումը, յաւակնութիւնը՝ խղճմտանքին սխալ հասկցուած ինքնավարութեամբ մը, Եկեղեցւոյ հեղինակութեան մերժումը եւ անոր ուսուցումին, պակասը հոգեփոխութեան եւ սիրոյն՝ կրնան ծնունդ տալ դատողութեան շեղումներուն մեր բարոյական ընդհանուր վարքին մէջ։

Իսկ երբ մարդուս տգիտութիւնը անյաղթահարելի է կամ դատողութիւնը թիւր, սխալ՝ առանց որ բարոյական ենթական պատասխանատու ըլլայ, այն ատեն անձին գործած չարութիւնը չի վերագրուիր անոր։ Սակայն ասիկա չի դադրիր «բարոյական չարիք» մը ըլլալէ, զրկում մը, անկարգութիւն մը։

Ուրեմն, հարկ է աշխատիլ, կարելին ընել բարոյական խղճմտանքը սրբագրելու իր սխալներէն։

Մաքուր եւ բարի խղճմտանքը լուսաւորուած է ճշմարիտ հաւատքով։

Արդարեւ, սէրը միաժամանակ կը բխի «սուրբ սրտէ, մաքուր խղճմտանքէն եւ անկեղծաւոր հաւատքէն». (Ա ՏԻՄ. Ա 5), նաեւ՝ (Ա ՏԻՄ. Գ 9), (Բ ՏԻՄ. Ա 3), (Ա ՊԵՏՐ. Գ 21) եւ (ԳՈՐԾ. ԻԴ 16)։ Ուստի, որքան ուղիղ խիղճը գերակշռէ, ա՛յնքան աւելի անձերը եւ խումբերը կը հեռանան կոյր եւ թիւր որոշումէն եւ կը ձգտին համակերպ եւ հաշտ ապրելու բարոյականութիւնը՝ առարկայական կանոններուն հետ։

Մարդ այնքան ազատ է՝ ո՛րքան հպատակ եւ հնազանդ է օրէնքներու եւ կանոններու։

Խղճմտանքը մարդուն ամենէն մտերիմ եւ ամենէն գաղտնի կեդրոնն է. սրբավայրը՝ ուր ան «առանձի՛ն» է Աստուծոյ հետ եւ ուր լսելի կը դառնայ Անոր ձայնը։ Բարոյական խղճմտանքը «դատողութիւն» մըն է բանականութեան, որուն միջոցով մարդկային անձը կը ճանչնայ «բարոյական որակ»ը շօշափելի արարքի մը։ Չարը գործած մարդուն մէջ, խղճմտանքին վճիռը կը մնայ գրաւական մը դարձի եւ յոյսի։ Լաւ կազմուած խղճմտանքը ուղիղ է եւ ճշմարի՛տ։

Աղօթքով կարելի է մաքրուիլ սխալներէն։ Ուստի, աղօթքով՝ մենք կրնանք յստակ տեսնել, թէ ի՛նչ է ճշմարիտը՝ Աստուծոյ կամքը եւ ընդունիլ զայն կատարելու յարատեւութիւնը։

Յիսուս կը սորվեցնէ մեզի, թէ երկինքի Արքայութիւնը ո՛չ ոք խօսքով կը մտնէ, այլ «կատարելով կամքը Իմ Հօրս, որ երկինքն է». (ՄԱՏԹ. Է 21)։ Աստուծոյ կամքը հասկնալ եւ գործադրել՝ մեզ կը հեռացնէ սխալներէ եւ կը սրբագրէ սխալները։ Որքան սրբագրենք մեր սխալները, ա՛յնքան կը մօտենանք Աստուծոյ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունուար 30, 2021, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Փետրուար 4, 2021