ԱՐՏԱՔՍՄԱՆ ԿԻՐԱԿԻ

Մարդ էա­կը միշտ դրա­կա­նին հա­կազ­դե­լու, հա­կա­ռա­կե­լու, ընդ­դի­մա­նա­լու, չըն­դու­նե­լո՛ւ բնա­կան «ներ­քին մղում» մը ու­նի։ Մէկ խօս­քով, մարդ տուեալ դրու­թեան հնա­զան­դե­լու կը դժուա­րա­նայ, կը տա­տամ­սի…։

Ա­ռա­ջին ակ­նար­կով, ա­սի­կա կա­րե­լի է հա­մա­րել եւ բնա­կան ըն­դու­նիլ, մար­դուն «ա­զատ կամք»ին եւ բա­նա­կա­նու­թեա­նը որ­պէս հե­տե­ւանք։ Մարդ ի­րեն ըն­ծա­յուած պայ­ման­նե­րը քննե­լէ վերջ կ՚ըն­դու­նի, այս բնա­կան է։ Բայց երբ կայ՝ ա­մե­նավս­տա­հե­լի, հե­ղի­նա­կա­ւոր՝ ի­մաս­տու­թիւ­նը, բա­րու­թիւ­նը, ճշմար­տու­թիւ­նը ան­վի­ճե­լի «Անձ»ի մը՝ բա­ցար­ձակ իշ­խա­նու­թեան տէր «Էակ»ի մը պա­տուէ­րը կամ հրա­հան­գը, ա­սոր անհ­նա­զան­դու­թիւ­նը պար­զա­պէս յա­ւակ­նու­թիւն, կամ ընդ­հա­նուր ա­ռու­մով՝ սխա՛լ է։

Ար­դա­րեւ անհ­նա­զան­դու­թեան զգա­ցու­մը միշտ կայ մար­դու մէջ, ինչ­պէս եւ փոր­ձու­թի՛ւ­նը։

Ուս­տի Յի­սուս կ՚ը­սէ. «Վա՜յ աշ­խար­հին, քա­նի գայ­թակ­ղու­թիւն­նե­րը ան­պա­կաս են հոն։ Գայ­թակ­ղու­թիւն­ներ ան­պայ­ման պի­տի պա­տա­հին…» (ՄԱՏԹ. ԺԸ 7)։ Ու­րեմն փոր­ձու­թիւ­նը եւ անհ­նա­զան­դու­թիւ­նը, որ փոր­ձու­թիւն մըն է, պի­տի պա­տա­հի, քա­նի որ մարդ կա­տա­րեալ չէ, սխա­լա­կան է եւ ու­նի թե­րու­թիւն­ներ եւ տկա­րու­թիւն­ներ։

Իսկ ե­թէ դրա­կան կող­մէ նա­յինք, փոր­ձու­թիւն­նե­րը նպաս­տա­ւոր կողմ մըն ալ ու­նին։ Փոր­ձու­թիւն­նե­րու հա­ւա­նա­կա­նու­թիւ­նը մարդ զգաստ կ՚ը­նէ, ար­թուն, զուսպ, շրջա­հա­յեաց եւ պատ­րաստ՝ հո­գե­պէս ա­ռողջ եւ զօ­րա­ւոր։ Ար­դա­րեւ հո­գե­պէս ա­ռողջ մար­դը ու­շադ­րու­թեամբ կը կի­րար­կէ ա­մէն բա­րո­յա­կան օ­րէնք եւ կ՚ապ­րի մաք­րա­կեն­ցաղ կեանք։ Ան միշտ պատ­րա՛ստ է փոր­ձու­թիւն­նե­րու՝ դի­մա­կա­լե­լու, դէմ դնե­լու, պայ­քա­րե­լու ա­նոնց դէմ եւ յաղ­թե­լո՛ւ ա­նոնց։

Ա­հա­ւա­սիկ, ին­չո՛ւ փոր­ձու­թիւն­ներն ալ ու­նին նպաս­տա­ւոր, դրա­կան կողմ մը ի­րենց կար­գին, հոգ չէ թէ ան ըլ­լայ ա­նուղ­ղա­կի կեր­պով։

Ար­դա­րեւ փոր­ձու­թեան ըն­թաց­քին կը զօ­րա­նան մար­դուս ու­ժե­րը, հո­գին կ՚ազ­նուա­նայ, կամ­քը կ՚ամ­րա­նայ, նկա­րա­գի­րը կը յայտ­նուի։ Այս ի­մաս­տով ե­թէ նա­յինք, փոր­ձու­թիւն­նե­րը փոր­ձա­քա­րեր են՝ ո­րոնք կը չա­փա­ւո­րեն մար­դուս նկա­րա­գի­րը։

Փոր­ձու­թիւն­նե­րու դէմ պայ­քա­րող ան­ձը կը պսա­կուի այն­պի­սի յաղ­թա­նա­կով մը՝ որ զինք կը տա­նի մին­չեւ ան­մա­հու­թեան, յա­ւի­տե­նա­կան ե­րա­նե­լի՜ կեանք։ Պահ մը խոր­հինք, սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ, ե­թէ նա­խաս­տեղծ մար­դը՝ Ա­դամ կա­րե­նար պայ­քա­րիլ եւ դի­մադ­րել փոր­ձու­թեան, հնա­զանդ գտնուէր աս­տուա­ծա­յին պա­տուի­րան­նե­րուն, այ­լա­պէս մարդ­կու­թեան դիրքն ու վի­ճա­կը շատ ա­ւե­լի տար­բեր պի­տի ըլ­լար եւ պի­տի ապ­րէր յա­ւի­տե­նա­կան, ա­նայ­լայ­լե­լի ե­րա­նու­թեան մը մէջ։

Եւ մար­դը, իր փոր­ձու­թեան դէմ պար­տու­թեա­նը պատ­ճա­ռով տու­ժեց եւ ար­տաք­սուե­ցաւ դրախ­տէն, որ է յա­ւի­տե­նա­կան ե­րա­նու­թեան կեան­քը։

Ե­թէ Ա­դամ, փոր­ձու­թեան փո­խա­նակ պար­տուէր եւ կա­րե­նար փոր­ձու­թեան դէմ ամ­րապն­դուիլ, հո­գե­պէս զօ­րա­նալ, բո­լո­րո­վին տար­բեր պի­տի ըլ­լար մարդ­կու­թեան ըն­թաց­քը, ընդ­հան­րա­պէս՝ կեան­քը։

Ար­դա­րեւ Աս­տուա­ծա­շունչ Մա­տեա­նի մէջ վկա­յուած «փոր­ձու­թեան ի­րա­դար­ձու­թիւն»ը այ­լա­բա­նա­կան կեր­պով եւ քիչ փո­փո­խու­թիւն­նե­րով, ա­մէն շրջա­նի իւ­րա­քան­չիւր ան­հա­տի փոր­ձու­թեան պատ­մու­թիւնն է։ Մարդ ա­մէն ան­գամ որ կը սխա­լի, կը մո­լո­րի իր կեան­քի ըն­թաց­քին՝ կը կրկնէ Ա­դա­մի փոր­ձու­թեան ի­րո­ղու­թիւ­նը՝ կար­ծես Ա­դա­մը ի՛նք կը փոր­ձուի, կը գայ­թակ­ղի եւ կը մե­ղան­չէ։ Այս ի­մաս­տով, երբ մէ­կը կը մե­ղան­չէ, իր հո­գիին խո­րը կ՚ըն­դօ­րի­նա­կէ, կը նմա­նի եւ կը նոյ­նա­նայ Ա­դա­մին։ Իւ­րա­քան­չիւր մարդ իր մէջ ու­նի Ա­դա­մը, այն տար­բե­րու­թեամբ որ ան ան­փորձ էր, իսկ իր­մէ վերջ սե­րունդ­ներ իր օ­րի­նա­կով փոր­ձա­ռու­թիւն ստա­ցան դի­մադ­րե­լու փոր­ձու­թիւն­նե­րու դէմ։

Ա­հա­ւա­սիկ, հա­կա­ռակ Ա­դա­մի օ­րի­նա­կին երբ մարդ տա­կա­ւին կը յա­մա­ռի եւ չի պայ­քա­րիր փոր­ձու­թեան դէմ՝ Ա­դա­մին մեղ­քը կրկա­պատ­կօ­րէն, ա­ւե­լի ծան­րաց­նե­լով դար­ձեալ կը գոր­ծէ եւ ա­ռիթ կու տայ, որ պատ­ժուի եւ վտա­րուի իր իսկ դրախ­տէն, եր­ջան­կու­թե­նէն։ Ա­մէն ոք իր ե­րա­նե­լի, եր­ջա­նիկ, խա­ղաղ օ­րե­րուն իր սե­փա­կան դրախ­տը կ՚ապ­րի եւ իր սխա­լան­քին պատ­ճա­ռով, փոր­ձու­թիւն­նե­րէ տա­րուե­լով եւ պար­տուե­լով, կը կորսնց­նէ իր դրախ­տը՝ եր­ջան­կու­թիւ­նը։

Դրախ­տէն վտա­րուիլ կը նշա­նա­կէ Աս­տու­ծոյ ներ­կա­յու­թիւ­նը վա­յե­լե­լու ա­ռանձ­նաշ­նոր­հու­թե­նէն զրկուիլ, չկա­րե­նալ վա­յե­լել այդ փառ­քը եւ պա­տիժ­նե­րուն ա­մե­նէն ծանրն է ա­սի­կա, քա­նի որ մեծ ցաւ ու վիշտ կը պատ­ճա­ռէ են­թա­կա­յին։ Ուս­տի զրկուիլ եւ կորսնց­նել՝ ցա­ւա­լի է մէ­կու մը հա­մար, քա­նի որ պա­կաս մըն է ա­նի­կա եւ ո՛չ ոք կ՚ու­զէ կորսնց­նել…։

Աս­տուա­ծա­շունչ Մա­տեա­նի մէջ նկա­րագ­րուած կեան­քի, գի­տու­թեան՝ բա­րիի եւ չա­րի ծա­ռը կը գտնուի ա­մէն մար­դու մէջ, փոր­ձու­թեան մատ­նե­լու, փոր­ձե­լու հա­մար զինք եւ ա­նոնք որ կա­րո­ղու­թիւ­նը եւ կամ­քը կ՚ու­նե­նան պայ­քա­րե­լու եւ յաղ­թե­լու՝ ա­նոնք կ՚ար­ժա­նա­նան երկ­նա­յին պար­գեւ­նե­րու, ե­րա­նու­թեա՛ն։

Եւ մարդ­կա­յին կեան­քի մէջ՝ ա­մէն շրջա­նի եւ ա­մէ­նու­րեք կը ներ­կա­յա­նայ, կը մօ­տե­նայ «փոր­ձու­թեան օձ»ը, որ­պէս­զի հե­ռաց­նէ մար­դը Աս­տուծ­մէ։

Մար­դուս ա­ռա­ջին փոր­ձու­թիւնն է՝ հպար­տու­թիւ­նը, ո­րուն բնա­կա­նա­բար կը յա­ջոր­դէ անհ­նա­զան­դու­թիւ­նը, ան­հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը, ինչ­պէս պա­տա­հե­ցաւ նա­խաս­տեղ­ծին՝ Ա­դա­մին։

Երբ փոր­ձու­թեան դէմ պար­տու­թիւ­նը՝ յան­ցան­քը, սխա­լան­քը կամ մեղ­քը ի վեր­ջոյ մար­դուս ցաւ ու վիշտ կը պատ­ճա­ռէ իր կեան­քի ճա­նա­պար­հին վրայ, այդ բա­ժան­ման կէ­տին՝ Քե­րով­բէն, կրա­կէ սու­րը ձեռ­քին մէջ՝ պատ­կա­ռանք ազ­դող ե­րե­ւոյ­թով, կե­ցուած­քով կանգ­նած կ՚ը­սէ իւ­րա­քան­չիւր փոր­ձու­թեան են­թար­կուած ան­հա­տին. «Դո՛ւն պէտք չէ՛ վհա­տիս, պէտք չէ՛ նա­հան­ջես, պէտք չէ՛ տկա­րա­նաս, այլ պէ՛տք է ա­ռաջ նե­տուիս, քա­նի որ ան­կա­րե­լի՛ է քե­զի հա­մար այ­լեւս ետ մնալ»։

Մարդ եր­ջան­կու­թեան կո­չուած է եւ պէ՛տք է միշտ փնտռէ զայն՝ ի գին ա­մէն բա­նի, ա­մէն ար­գել­քի՝ ա­մէն փոր­ձու­թեան եւ չա­րու­թեան։

Ուս­տի մարդ անհ­նա­զանդ եւ պա­տուի­րա­զանց, ան­հա­ւա­տա­րիմ չէր ըլ­լար, ե­թէ զԱս­տուած ըն­դու­նէր իբ­րեւ բա­րի Հայր եւ ըն­դու­նէր Ա­նոր հայ­րա­կան փրկա­րար պա­տուի­րան­նե­րը՝ ճանչ­նար եւ հնա­զան­դէր ա­նոնց՝ ա­ռանց փոր­ձու­թեան մատ­նուե­լու եւ ա­ռանց տե­ղի տա­լու չա­րու­թեան։

Աս­տուա­ծա­շունչ Մա­տեա­նի, մար­դուն դրախ­տէն ար­տաքս­ման վկա­յու­թիւ­նը ցոյց կու տայ, թէ մար­դիկ փոր­ձու­թեան մատ­նուե­ցան, ար­հա­մար­հե­ցին Աս­տու­ծոյ պա­տուի­րա­նը եւ այս պատ­ճա­ռով հե­ռա­ցան Ան­կէ։

Սա­կայն ա­մէն յան­ցա­ւոր, ի վեր­ջոյ կը գի­տակ­ցի, կը հասկ­նայ, որ մարդ­կա­յին սիր­տը ա­ռանց Աս­տու­ծոյ խա­ղա­ղու­թեան, ի­մաս­տու­թեան, բա­րու­թեան չի կրնար եր­ջա­նիկ ըլ­լալ։ Եւ ա­ռանց ներ­քին խա­ղա­ղու­թեան եր­ջան­կու­թիւն կա­րե­լի չ՚ըլ­լա՛ր եւ ու­րեմն ա­ռանց դար­ձի կա­րե­լի չէ փրկու­թեան հաս­նիլ եւ վե­րա­դառ­նալ դրախտ՝ ուր­կէ ար­տաք­սուե­ցաւ մարդ։

Եւ ա­սոր հա­մար պայ­մա՛ն է անդ­րա­դառ­նալ եւ զղջա՛լ…

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետ­րուար 28, 2017, Իս­թան­պուլ

Շաբաթ, Մարտ 4, 2017