ԺՈՒԺԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Մարդկային առաքինութիւնները իմացականութեան եւ կամքին ամուր կեցուածքներ են, կայուն տրամադրութիւններ, ունակական կատարելութիւններ՝ որոնք կը կանոնաւորեն մարդուն արարքները, կը կարգաւորեն անոր կիրքերը եւ կ՚առաջնորդեն իր վարքը ըստ բանականութեան եւ հաւատքին։ Անոնք կը հայթայթեն դիւրութիւն, ինքնազսպում եւ ուրախութիւն բարոյապէս բարի կեանք մը վարելու համար։ Առաքինի մարդը այն է, որ ազատօրէն կը գործէ բարին։

Բարոյական առաքինութիւնները մարդկօրէն ձեռք ձգուած են։ Անոնք բարոյապէս բարի գործերուն պտուղներն եւ սերմերն են. անոնք մարդկային արարածին բոլոր զօրութիւնները կը տրամադրեն հաղորդուելու աստուածային սիրոյ հետ։

«Ինչ որ ճշմարիտ է, ինչ որ ազնիւ է, ինչ որ արդար է, ինչ որ մաքուր է, ինչ որ սիրելի է, ինչ որ պարկեշտ է, ինչ որ բարի է առաքինութեան մէջ եւ ինչ որ գովելի է, թող միայն ասոնք զբաղեցնեն ձեր միտքը», կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ։ (ՓԻԼ. Դ 8)։

Առաքինութիւնը սովորական եւ հաստատ տրամադրութիւնն է բարին գործելու։ Ան թոյլ կու տայ ո՛չ միայն կատարելու բարի արարքներ, այլ նաեւ տալու լաւագոյնը իր անձին։ Զգայնական եւ հոգեւոր իր բոլոր ուժերով, առաքինի անձը կը ձգտի դէպի բարին, կը հետապնդէ եւ կ՚ընտրէ զայն տեսանելի եւ շօշափելի գործերուն մէջ։

Արդարեւ, Սուրբ Գրիգոր Նիւսացի այս մասին կ՚ըսէ. «Առաքինի կեանքին նպատակը կը կայանայ Աստուծոյ նմա՛ն ըլլալու մէջ»։

Չորս առաքինութիւններ առանցքային դեր կը կատարեն։ Այս չոր առաքինութիւններն են. խոհեմութիւնը, արդարութիւնը, զօրութիւնը եւ ժուժկալութիւնը։ «Ուղղամտութիւնը կը սիրէ՞ք. լա՛ւ, առաքինութիւնները պտուղներն են անոր վաստակին, որովհետեւ ան կ՚ուսուցանէ ժուժկալութիւն եւ խոհեմութիւն, արդարութիւն եւ քաջութիւն» (ԻՄ. Ը 7)։

Այս չորս գլխաւոր առաքինութիւններէն «ժուժկալութիւն»ը այն բարոյական առաքինութիւնն է, որ կը չափաւորէ հրապոյրը հաճոյքներուն եւ հաւասարակշռութիւն կը հայթայթէ արարչութեան բարիքներուն գործածութեան մէջ։ Ան կ՚ապահովէ ինքնատիրացումը կամքին բնազդներուն վրայ եւ կը պահէ բաղձանքները՝ պարկեշտութեան սահմաններէն ներս։ Ժուժկալ անձը իր զգացական ախորժակները կ՚ուղղէ դէպի բարին, կը պահէ առո՛ղջ խոհականութիւնը եւ «թոյլ չի տար տարուիլ իր սրտին կիրքերէն» (ՍԻՐ. Ե 2, ԼԷ 27-31)։

Նոր Կտակարանի մէջ «ժուժկալութիւն»ը կոչուած է «զգաստութիւն» կամ «սակաւապետութիւն»։ Ուստի, մենք պարտինք «ապրիլ զգաստութեամբ, արդարութեամբ եւ աստուածպաշտութեամբ ներկայ աշխարհին մէջ» (ՏԻՏ. Բ 12)։

Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս կ՚ըսէ. «Լաւ ապրիլը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ՝ սիրել Աստուած ամբողջ սրտով, ամբողջ հոգիով եւ բոլոր գործերով։ Կը վերապահենք Անոր ամբողջական սէր (ժուժկալութեամբ), որ ո՛չ մէկ դժբախտութիւն կրնայ խախտել (ինչ որ զօրութիւն է), որ կը հնազանդի միայն Անոր (եւ ասիկա արդարութիւնն է), որ կը հսկէ կշռադատելու համար բոլոր բաները, որպէսզի չըլլայ թէ անակնկալի գայ խորամանկութենէն եւ սուտէն. (եւ ասիկա խոհեմութիւնն է)»։

Ժուժկալութեան առաքինութիւնը մարդս տրամադիր կը դարձնէ «զգուշանալ ամէն տեսակ չափազանցութիւններէ», սեղանի զեղծումէն, խմիչքէն եւ դեղօրայքէն։ Անոնք որ գինովութեան վիճակին մէջ կամ արագութեան անզուսպ սէրէն մղուած ուրիշներուն եւ իրենց իսկ ապահովութիւնը ճամբաներու վրայ, ծովուն վրայ կամ օդին մէջ վտանգի կ՚ենթարկեն, իրենք զիրենք ծանր յանցապարտ կը դարձնեն։

Ժուժկալութեան բարոյական առաքինութեան հետ համընթաց է «ողջախոհութեան» առաքինութիւնը, որ կը ձգտի մարդկային զգայնականութեան կիրքերը եւ ախորժակները իմացականութեամբ թրծելու։ Այս կերպով ինքնատիրացումը երկար յարատեւութեան աշխատանք է։ Պէտք չէ երբեք մարդ համարի զայն ձեռք ձգելու մի անգամ ընդ միշտ։ Ան կեանքի բոլոր տարիքներուն մէջ վերսկսուած ճիգ կ՚ենթադրէ։ Պահանջուած ճիգը կրնայ աւելի՛ սաստկանայ որոշ շրջաններու մէջ, ինչպէս՝ անձնականութեան կազմաւորման շրջանին՝ մանուկին եւ պատանիին մէջ։

Արդարեւ, ժուժկալութիւն, ընդհանուր առումով կը նշանակէ կամքի տոկունութիւն՝ որ կ՚ենթադրէ չափաւորութիւն եւ պարզութի՛ւն։ Եւ կեանքի փորձառութիւնը ցոյց տուած է, թէ չափաւորութիւնը եւ պարզութիւնը առողջութեան էական պայմաններն են։ Անոնք ինչպէս առողջութեան, նաեւ յաջողութեան անհրաժեշտ պայմանները եղած են միշտ։

Անժուժկալութիւնը եթէ ուտելիքի մասին է՝ «վատախտարակ», այսինքն՝ վատթար, յոռի կ՚ընէ մարդը եւ վատ տրամադրութեան տէր՝ անընդունակ՝ ազնիւ եւ բարձրագոյն մտածութիւններու եւ գործերու, քանի որ կը խանգարէ ընդհանուր կազմուածքը։

Ինչպէս կրօնքը, բանականութիւնը եւ բարոյականը չափաւորութիւն եւ պարզութիւն կը պահանջեն լաւ եւ երջանիկ կեանքի մը համար։ Արդէն մարդ արարածին նպատակը չէ՞ «լաւ կեանք» ապրիլ այս աշխարհի վրայ եւ երջանիկ ըլլալ… Ապա ուրեմն, մարդ ինչո՞ւ կը դիմէ չափազանցութիւններու, կեանքը դժուարացնող արուեստական ճոխութիւններու, կնճռոտ պերճանքներու, աւելորդութիւններու, որոնք ոչ մէկ օգուտ կ՚ապահովեն իրեն, բայց միայն՝ վնա՛ս։

Ամէն բանի մէջ չափաւորութիւնը եւ անոր անմիջական լրացուցիչը՝ պարզութիւնը մարդուս թէ՛ բարոյական-հոգեւոր եւ թէ՛ մարմնական-ֆիզիքական կեանքին համար անհրաժեշտ են։ Ուստի, մարդ երջանիկ ըլլալու համար պէ՛տք է իր փափաքներուն մէջ չափաւոր եւ ապրումներուն՝ զգացումներուն մէջ պա՛րզ ըլլայ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 2, 2020, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Մարտ 4, 2020