ՊՕՂՈՍ ԱՌԱՔԵԱԼ (5-67)
Պօղոս Առաքեալ, Տարսոն քաղաքը ծնած, Բենիամինի ցեղէն Հրեայ ծնողքի մը զաւակն էր (ՓԻԼԻՊ. Գ 5)։ Տարսոն քաղաքը դպրոցներու եւ գիտուններու կողմէ գրեթէ Աղեքսանդրիոյ եւ Աթէնքի կը հաւասարէր։ Պօղոսի հմտութիւնը Յոյն հեղինակներու եւ Աթենացի ունկնդիրներու առջեւ Յունական լեզուով խօսելու դիւրութիւնը (ԳՈՐԾՔ. ԺԷ 22-31), (Ա ԿՈՐՆ. ԺԵ 33), (ՏԻՄ. Ա 12), ցոյց կու տան, թէ Պօղոս հաւանաբար կրթութիւն ստացած էր Տարսոն, եւ թերեւս անոր չափազանց եռանդը յունական գրականութեան որ վնասակար կը համարուէր՝ պատճառ եղաւ որ Պօղոս պատանեկութեան ատեն Երուսաղէմ ղրկուի, ուր րաբունական ուսումներու եւ բարեպաշտութեան կողմանէ անուանի ուսուցչի մը քով կրթուելով (ԳՈՐԾՔ. ԻԲ 3) «նախանձաւոր փարիսեցի» մը ըլլայ։
Պօղոս բնութեամբ եռանդուն, գործունեայ, յամառ եւ խիստ էր։ Սկզբունքով իրեն պա՛րտք կը համարէր Քրիստոսի աշակերտները հալածել (ԳՈՐԾՔ. ԻԶ 9, Է 58, Թ 1), բայց երբ Քրիստոս անոր յայտնուեցաւ, դարձի գալով՝ (ԳՈՐԾՔ. Թ 1-20), սկսաւ քարոզել այն հաւատքը, զոր նախապէս կործանել կը ջանար կարծելով, թէ Աստուծոյ պաշտօն կը մատուցանէր։
Պօղոս Առաքեալի նամակներուն մէջ տեսնուած համեստ, մեղմ, քաղցր եւ կաթոգին զգացումներէն եւ արտայայտութիւններէն կը տեսնուի, թէ ի՛նչպէս Աստուծոյ շնորհքովը անոր խիստ եւ բուռն բնաւորութիւնը բոլորովին փոխուեցաւ։ Առաքեալը պատրաստ էր ամէն զոհողութիւն ընել, ամէն չարչարանք կրել եւ սաստիկ աշխատութիւններու մէջ յարատեւել իր միմիայն նպատակին համար, որ էր Քրիստոսը փառաւորել։ Անոր մտաւոր կարողութիւնները, բնական աստուածատուր ձիրքերը, նախկին կրթութիւնը, հրաշալի դարձը եւ Սուրբ Հոգիին պարգեւները, զայն Աստուծոյ ձեռքին մէջ «յարմար գործիք» ըրին աշխարհիս վրայ քրիստոնէութեան հիմերը դնելու։
Պօղոս Առաքեալի քարոզչական աշխատութիւնները «Առաքեալներու Գործերը» գիրքին մէջ նկարագրուած, անոր նամակներուն մէջ ալ շատ տեղ յիշուած են։ Այս աշխատութիւնները մարտիրոսութեամբ պսակուեցան Հռովմի մէջ՝ Ներոն կայսեր օրով, 67 (կամ 68) թուականին։
Պատմութիւնը եւ եկեղեցական աւանդութիւնը կը հաստատեն, քրիստոնեայ եկեղեցիներու մեծագոյն մասն ալ թէ՛ հին ատենը եւ թէ հիմա կ՚ընդունի որ, Պօղոս Առաքեալ Քրիստոսի թուականին 64-ին բանտարկութենէ ազատուելով, քանի մը եւս Աւետարան քարոզեց։ Ուստի, (ՓԻԼԻՊ. Ա 25, Բ 23-24 եւ ՓԻԼԻՄՈՆ 22) համարներէն յայտնի է, թէ Պօղոս Առաքեալ հաստատ հաւատք ունէր, թէ պիտի արձակուէր եւ տարակոյս չկայ, թէ անոր այս ակնկալութիւնը կատարուեցաւ։
Տիտոսի նամակէն եւ Տիմոթէոսի առաջին նամակէն ալ յայտնի է, թէ այն գործերը (ՏԻՄ. Ա 5), որոնց հետ կը զբաղէր Պօղոս Առաքեալ այս նամակներուն գրուած ատենը՝ 64 թուականէն առաջ չէին կրնար ըլլալ։
Նաեւ Պօղոս Առաքեալի երկրորդ անգամ Հռովմ բանտարկուիլը հիմնուած է պատմութեան միաձայն վկայութիւններուն վրայ։ Հռովմայեցի Կղեմէս, որ Պօղոսի աշակերտը եւ ընկերն էր, կը վկայէ, թէ Առաքեալին փափաքին կամ նպատակին Սպանիա այցելութեան ընդառաջուելով՝ կատարուեցաւ։ Եւ ուրիշ հեղինակներ ալ կը հաստատեն այս վկայութիւնը։ Ինչպէս նաեւ Եւսերիոս եւ ուրիշ պատմագիրներ Պօղոսի Սպանիա երթալը իբրեւ ստոյգ կը յիշեն։
Եկեղեցական պատմիչներ միաբան կ՚ընդունին, թէ Պօղոս, իր առաջին բանտարկութենէն ետք, որ եղաւ Հռովմի մէջ, գնաց Սպանիա եւ անկէ Կրետէ, եւ այցելեց «Փոքր Ասիա»յի քանի մը եկեղեցիները։
Յետոյ 67 կամ 68 թուականին, բռնուելով Հռովմ տարուեցաւ, եւ Ներոնի ժամանակ քրիստոնեայներու դէմ յարուցուած հալածանքներու ատեն գլխատուեցաւ։
Պօղոս Առաքեալի երկրորդ բանտարկութիւնը, ըստ պատմութեան վկայութիւններու՝ այնչափ սաստիկ էր, որ Հռովմայեցի եղբայրներ զայն տեսնել երթալու կը վախնային. «Առաջին դատավարութեանս ոեւէ մէկը թիկունք չկանգնեցաւ ինծի, բոլորն ալ զիս լքեցին։ Աստուած թող իրենց մեղք չհամարէ ատիկա». (Բ ՏԻՄ. Դ 16)։
Այս երկրորդ բանտարկութեան միջոցին Պօղոս Առաքեալ գրեց իր երկրորդ նամակը Տիմոթէոսին։
Եւ Պօղոս Առաքեալ ամէն օր իր գլխատուելուն կը սպասէր. «Ինչու որ», կ՚ըսէ… «իմ մեկնելուս ատենը հասեր է։ Բարի պատերազմը պատերազմեցայ, ընթացքը կատարեցի, հաւատքը պահեցի։ Ասկէ ետեւ կայ կը մնայ ինծի արդարութեան պսակը որ Տէրը՝ արդար Դատաւորը պիտի հատուցանէ ինծի այն օրը, եւ ոչ թէ միայն ինծի, հապա այն ամէնուն ալ՝ որ Անոր յայտնուիլը սիրեցին». (Բ ՏԻՄ. Դ 6-8)։
Պօղոս Առաքեալի նամակները յատուկ պատճառներով գրուած են, եւ անոնց նախնական նպատակն էր օգնել այն քրիստոնեաներուն՝ որոնց ուղղուեցան։
Բայց Սուրբ Հոգին, որու ներշնչումովը գրուեցան այս նամակները, կ՚ուզէր նաեւ ներշնչեալ Առաքեալներուն սորվեցուցածներուն եւ հոգեւոր շինութեան միջոց ընել ամէն դարու քրիստոնեաներու մէջ, մինչեւ աշխարհիս վերջը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 22, 2021, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024