ԸՆԹՐԻՔԻ ՀՐԱՒԻՐՈՒԱԾՆԵՐ - Ա -

«Կ՚ըսեմ ձեզի, որ առաջին հրաւիրեալներէն ո՛չ մէկը իմ ընթրիքէս պիտի ճաշակէ», (ՂՈՒԿ. ԺԴ 24)։

Ընթրիքը օրուան վերջին ճաշն է, ուրիշ խօսքով՝ մարդ ընթրիքէն ետք այլեւս չի ճաշակեր, եւ օրը կը վերջանայ ընթրիքով։ Այս իմաստով՝ Աւետարանի այս առակին մէջ ընթրիքի հրաւիրեալներ կերպով մը կը վերջացնեն իրենց օրը այդ հրաւէրին ընդառաջելով, այսինքն ներկայ գտնուելով։ Ուստի «ընթրիք»ը կը խորհրդանշէ Աստուծոյ ներկայութիւնը՝ Աստուած Ի՛նքն է, որ իր իսկ ներկայութեամբ կը լեցնէ եւ կը լիացնէ իր զաւակները։ Արդարեւ, Աւետարանի մեկնիչներ «ընթրիք»ը կը համարեն Քրիստոսի Աւետարանը՝ Աստուծոյ կենսատու խօսքը։ Քրիստոս Իր խօսքով յագեցուց մարդուն էութեան մէջ գոյութիւն ունեցող աստուածադիր ծարաւը։ Այս իմաստով, «ընթրիք»ը փառաւոր է, մեծ է, քանի որ ան նոյնինքն Քրիստոսի Ա՛նձն է։ «ՄԵԾ ԸՆԹՐԻՔ» բացատրութիւնը այն է, որ Քրիստոս Ի՛նքն է իսկակա՛ն կերակուրը՝ ճշմարիտ հացը, որ կարո՛ղ է լիացնել՝ յագեցնել մարդուս սիրտը եւ հոգի՛ն։

Ընթրիքի շատեր հրաւիրուեցան, կ՚ըսէ առակը, Փրկչին գալուստը եւ փրկութիւնը տեսնելու, ներկայ գտնուելու, ընդգրկուելու. բայց այդ հրաւէրը ուղղուած չէ մարդոց որոշ մէկ դասակարգին միայն, այլ անխտի՛ր բոլորին։

Այս մասին կան բազմաթիւ վկայութիւններ Աստուածաշունչի մէջ։ Ուստի Պօղոս Առաքեալ կը հաստատէ. «Որովհետեւ ա՛յդ է բարին եւ այդ կը փափաքի Աստուած, մեր Փրկիչը, որ կ՚ուզէ որ բոլոր մարդիկը փրկուին եւ հասնին ճշմարտութեան ճանաչումին, թէ՝ Քրիստոս Յիսուս աշխարհ եկաւ մեղաւորները փրկելու համար, եւ թէ՝ մէ՛կ Աստուած կայ միա՛յն, եւ Աստուծոյ եւ մարդոց միջեւ միակ միջնորդ մը՝ Յիսուս Քրիստոս մա՛րդը, որ ինքզինք իբրեւ փրկագին տուաւ բոլոր մարդոց համար», (Ա ՏԻՄ. Բ 3-6)։

Առակին մէջ «շատերը» բառն է գործած-ւած եւ ո՛չ թէ «բոլորը», քանի որ Քրիստոս Իր երկրային կեանքի ընթացքին իր փրկութիւնը ուղղեց միա՛յն հրեաներուն եւ ո՛չ թէ աշխարհի բոլոր ժողովուրդին։ Երբ իր աշակերտները ուղարկեց քարոզելու, պատուիրեց չմտնել հեթանոսներու շրջանները եւ սամարացիներու քաղաքները, այլ երթալ յատկապէ՛ս Իսրայէլի տան կորսուած «ոչխար»ներու մօտ (ՄԱՏԹ. Ժ 5-6)։ Նաեւ Քանանացի կնոջ ըսաւ. «Ես միա՛յն Իսրայէլի ժողովուրդին կորսուած ոչխարներուն համար ղրկուեցայ», (ՄԱՏԹ. ԺԵ 24)։ Բայց իր յարութենէն յետոյ, Յիսուս պատուիրեց իր փրկութիւնը տարածել բոլոր ժողովուրդներու մէջ։ Ինչպէս ըսինք, ընթրիքը օրուայ աւարտին տեղի կ՚ունենայ։ Ինչպէս օրուայ ծանր աշխատանքներէ յետոյ կը յաջորդէ ընթրիքը եւ հանգիստը, այնպէս ալ, երբ մեր երկրաւոր կեանքի հաւատքի եւ աշխատանքի օրերը իրենց աւարտին հասնին, Տիրոջ պարգեւած «Ընթրիք»ի եւ «Հանգիստ»ի առջեւ՝ դէմ դիմաց պիտի գտնուինք։

Կիւրեղ Մեծ կը բացատրէ, թէ Քրիստոսի կողմէ տրուածը «ընթրիք» կոչուած է, քանի որ ընթրիքը երեկոյեան եւ գիշերուան միջեւ տեղի կ՚ունենայ, եւ որովհետեւ մեր իսկական «ընթրիք»ը՝ Քրիստոս, Ի՛նքն եւս այդ նոյն ժամուն ընծայուեցաւ խաչին։

«Ընթրիքի ժամուն» արտայայտութիւնը երկու իմաստ ունի. այն ժամանակներու աւարտին, երբ Աստուած մարդոց փրկութեան համար աշխարհ ուղարկեց Իր Որդին, նաեւ երբ ապաշխարելու եւ փրկութեան գալու կոչ կ՚ուղղէ մարդ անհատին։

Պօղոս Առաքեալ կ՚ըսէ. «Բայց հիմա յարմար ժամանակը հասած համարելով, Աստուած աշխարհ ղրկեց Իր Որդին», (ԳԱՂԱՏ. Դ 4)։

«Իր ծառան ուղարկեց», (ՂՈՒԿ. ԺԴ 17). այստեղ «ծառայ» ըսելով՝ Յիսուս նկատի ունի «առաքեալ»ները։

Ուստի «ծառայ»ն երեք անգամ կ՚ուղարկուի հրաւիրեալները ընթրիքի կանչելու։ Քրիստոս իր աշակերտներու միջոցով երեք անգամ փրկութեան հրաւէր ուղղեց հրեաներուն։ Առաջին անգամ ուղարկեց 12 առաքեալները (ՂՈՒԿ. Թ 1-6), երկրորդ անգամ 72 աշակերտները (ՂՈՒԿ. Ժ 1), իսկ երրորդ անգամ իր յարութենէն յետոյ ուղարկեց իր առաքեալները (ՄԱՏԹ. ԻԸ 18-20), որոնք հակառակութեան հանդիպելով, գացին ամբողջ աշխարհ քարոզելու. «Բայց երբ Սուրբ Հոգին իջնէ ձեր վրայ, զօրութեամբ պիտի լեցուիք եւ իմ վկաներս պիտի ըլլաք՝ Երուսաղէմի, ամբողջ Հրէաստանի եւ Սամարիայի մէջ, եւ մինչեւ աշխարհի ծայրամասերը», (ԳՈՐԾ. Ա 8)։ «Ուղարկեց, որ հրաւիրուածներուն ըսէ», (ՂՈՒԿ. ԺԴ 17)։ Շատ կարեւոր է «ուղարկել» բառը։ Պօղոս Առաքեալ կ՚ըսէ. «Ի՞նչպէս պիտի քարոզէին զայն, առանց Աստուծմէ ղրկուած ըլլալու», (ՀՌՈՄ. Ժ 15)։ Առաքեալին այս խօսքը կը հաստատէ, որ Քրիստոսը քարոզող մէկը անպայմա՛ն Աստուծոյ կողմէ ուղարկուած պիտի ըլլայ։

«Քեզ որովայնի մէջ չստեղծած քեզ գիտցայ, դուն քու մօրդ արգանդէն չելած քեզ սրբեցի», (ԵՐԵՄ. Ա 5)։

«Եկէ՛ք». ամբողջ Աստուածաշունչը ուղղակի՛ կամ անուղղակի կոչ կ՚ընէ երթալու դէպի Աստուած եւ դէպի փրկութիւն եւ անշո՛ւշտ դէպի Ճշմարտութիւն։

Տարբեր առիթներով Յիսուս դարձեալ կ՚ըսէ.

«Ինծի եկէ՛ք դուք բոլորդ», (ՄԱՏԹ. ԺԱ 28)։

Յիսուս մեզ չի հրաւիրեր դէպի Իրեն, որովհետեւ մեզի պէտք ունի, ընդհակառակը, մեզ կը հրաւիրէ դէպի Իրեն գալու, քանի որ գիտէ, որ մե՛նք է որ Իրեն պէտք ունինք։

«Ամէն ինչ պատրա՛ստ է», (ՂՈՒԿ. ԺԴ 17). այս խօսքը ցոյց կու տայ, որ Յիսուս Իր փրկութիւնը տուաւ մարդոց ձրիաբար եւ առանց պայմանի, Ինքն անձնապէս պատրաստեց մեր փրկութիւնը եւ Ինք կամովին մեզ փրկեց։

Այս կը նշանակէ՝ որ փրկութիւնը շնորհ մըն է մարդուն համար եւ պէ՛տք է ընդառաջել այդ երկնային հրաւէրին։

Կիւրեղ Մեծ այս մասին կ՚ըսէ. «Մեր երկնաւոր Հայրը Ի՛նքն է, որ մարդոց համար կը պատրաստէ այն շնորհները, որ Իր Որդիին միջոցով տրուեցաւ բոլորին, որոնք են՝ մեղքերու թողութիւն, Սուրբ Հոգիի հաղորդակցութիւն, որդեգրութիւն եւ երկինքի արքայութիւն, Քրիստոս բոլոր ազգերէ առաջ նա՛խ Իսրայէլը հրաւիրեց իր օրհնութիւններուն Աւետարանի միջոցով…»։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 27, 2018, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 4, 2018