ՀՐԱՅՐԱՏԵՍ

Եւրոպայի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ բազմաթիւ այլ «զարգացած» երկիրներու մէջ այսօր ունինք բարեկեցիկ, ինչու չէ նաեւ մեծահարուստ հայեր, որոնց հայրենասիրութիւնը լոկ խօսքի սահմաններուն մէջ կը գործէ. անձեր՝ որոնք հոգիով ու սիրտով հայրենասէր ըլլալ կը ձեւացնեն, սակայն այդ բոլորը փաստող գործ կամ արարք գտնել չի՛ փորձէք. անոնց հայրենասիրութեան դրամագլուխը իրենց լեզուն է պարզապէս:

Շատ քիչեր են, որ խօսքի սահմաններէն անցնելով իրենց հայրենասիրութիւնը կը վերածեն կեանքի եւ անոնցմէ մէկն էր մի քանի օրեր առաջ հայրենի հողի վրայ իր աչքերը յաւերժութեան փակած անուանակիցս՝ Հրայր Ակիլեան, որ տարիներ առաջ Հայաստան գալով կը յայտարարէր. «Հոս Հայաստան է. մարդ չի՛ կրնար ինծի ըսել «երկիրդ գնա՛». ես հո՛ս եմ արդէն»:

Բազմահազար մարդիկ կ՚այցելեն Հայրենիք, սակայն անոնց եւ Հրայրի միջեւ տարբերութիւնը հետեւեալն է. շատեր իրենք զիրենք կը զգան որպէս հիւր, որպէս զբօսաշրջիկ, մինչ Հրայր կու գար ինքզինք զգալու տանուտէր՝ հայրական տուն վերադարձող զաւակի մը հրճուանքով:

Հրայր Ակիլեան 22 յուլիս 2020 թուականին ԺԱՄԱՆԱԿ թերթին տուած իր հարցազրոյցին մէջ կը խօսի այն զգացողութեան մասին, թէ ինչ ըսել է Սուրիոյ, Հալէպի եւ կամ այլ սփիւռքի երկիրներու մէջ «երկրորդ մակարդակի քաղաքացի» ըլլալու եւ հարազատ հայրենիքի մէջ սեփական տան մէջ զգալու զգացողութեան մասին:

Հրայր Սուրիայէն Հայաստան գաղթելով բացի իր հանգիստէն ուզած է հանգիստ տալ նաեւ պատերազմի ծանր պայմանները ապրող իր հայորդիներուն եւ այդ պատճառով հիմնած «Իմ բնակարանս՝ հայրենիքի մէջ» նախագիծը, որով կը նախատեսէր շէնքեր կառուցել եւ մատչելի գիներով տալ ներգաղթողներուն. այս ծրագիրին մասին Հրայր ըսած է. «Շատ կարեւոր է, որ սուրիահայերը հայրենիքի մէջ իրենց բնակարանները ունենան եւ չերթան այլ երկիրներ»:

«Իմ բնակարանս՝ հայրենիքի մէջ». խօսք, որ տարբերութիւնը կը շեշտէ օտար ափերուն վրայ կառուցուող դղեակներուն եւ հայրենի հողին վրայ շինուող համեստ տան մը, որ Հրայրին համար աւելի՛ն կ՚արժէր, քան այդ պալատատեսիլ տուները:

Այս խօսքերէն կրնանք հասկնալ Հրայրի այն համոզումը, որ սփիւռքէն գաղթող հայը փոխան ուրիշ երկիրներու, պէտք է վերադառնայ իր սեփական հայրենիքը եւ այդտեղ կառուցէ իր տունը:

Այսօր Հրայր չկայ, սակայն մի՛շտ պիտի մնայ այն կոչը, որով կ՚ըսէր. «արթնցէ՛ք քանի դեռ ուշ չէ, խաղաղ եւ ապահով հայրենիք մը ունենալու համար». կը մնան այն տրտունջները, որով կ՚ըսէր. «Ի՞նչպէս բարելաւ հայրենիք պիտի կերտենք,  եթէ մեր ժամերը անարժէք են». Հրայր կը վրդովէր տեսնելով այն երիտասարդներն ու մեծահասակները, որոնք հայրենիքի խնդիրներուն դիմաց «մեզի ինչ» մը ըսելով իրենց «խաղաղ» կեանքը շարունակել կը փորձէին:

Հրայր իր ամբողջ կեանքի ընթացքին աշխատած էր. Սուրիոյ պատերազմէն ետք ան առիթն ու կարողութիւնը ունէր իր կեանքի մնացեալ օրերը «վայելել»ու օտար ափերու մէջ՝ յարմարաւէտ բոլոր պայմաններով, սակայն ինք նախընտրեց վերադառնալ ա՛յն Հայրենիքը, որու երազով ապրած էր ամբողջ կեանք մը:

Այսօր կը խօսինք Հրայրի մասին, որպէսզի անոր կեանքն ու համոզումները օրինակ հանդիսանան բոլո՛ր այն սփիւռքահայերուն, որոնք իրենց հարստութիւնն ու ունեցուածքը օտար ափերու մէջ կը մսխեն՝ փոխանակ հայրենասիրական նպատակներու ծառայեցնելու: Հոս կը կայանար Հրայրի եւ միւսներուն տարբերութիւնը. ուրիշներ կը խօսէին, Հրայր կը գործէր. Ստեփան Զօրեան դար մը առաջ կ՚ըսէր. «շատ խօսողներէն բան մի՛ սպասեր». Հրայր կեանքի մէջ քիչ խօսողներէն էր:

Հրայր Ակիլեան մահացաւ ապրիլ 1-ին. հինգ տարիներ առաջ, նոյն իր մահուան օրը՝ 1 ապրիլ 2017-ին Հրայր իր համացանցի էջին վրայ տեղադրեց իր գրիչին պատկանող հետեւեալ խօսքերը.-

Կեանք մը բոլոր սուտով անցաւ,
Կեանքը արագ շուտով անցաւ,
Շուտն ու սուտը միանալով,
Կեանքի սուտը երազ դարձաւ:

Հրայր իր այս բանաստեղծութեան աւարտին որպէս ծանօթութիւն կը գրէ. «Ամէն տարի այս օրուան պէս, սուտ կը խօսինք, բայց այս տարի այդքան սուտ խօսեցանք որ, գոնէ Ապրիլ մէկին օրը իրականութիւնը ըսենք». եւ այսպէս կեանքը եւս իր կատակը ըրաւ, փակելով հայրենասէրի մը աչքերը՝ որոնց կարիքը շա՜տ ունինք այսօր:

Հրայրի նմանները կը հեռանան մեր մէջէն եւ ցաւալիօրէն նոր Հրայրներ ծնունդ չեն առներ եւ այսպէս օրէ օր կը նօսրանայ հայրենասէրներու թիւը, որոնք երկինքի մէջ հաւաքուած դժբախտ վկաները կը դառնան հայրենիքի մը կործանման:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԹՈՎՄԱՍ ՆԱԶԱՐԲԷԿԵԱՆ
(1855-1931)

Մեր թուականէն 167 տարիներ առաջ՝ 4 ապրիլ 1855-ին Թիֆլիզի մէջ ծնած է ռազմական գործիչ, ռուսական բանակի գնդապետ եւ սպարապետ Թովմաս Նազարբէկեան (ծանօթ է նաեւ Ֆոմա Նազարբէկով անունով):

Նազարբէկեան իր նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ եւ ապա մեկնած է Մոսկուա, ուսումը շարունակելու տեղի զինուորական ուսումնարանէն ներս, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1874 թուականին: Աւարտելէ ետք երկու տարի ուսումը շարունակած է Ալեքսանդրեան ռազմական ուսումնարանէն ներս, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1876 թուականին: Նազարբէկեան աւարտելէ անմիջապէս ետք մասնակցած է 1877-1878 թուականներուն տեղի ունեցած ռուս-թրքական պատերազմին, որու ընթացքին ցուցաբերած հմտութիւններուն ու հերոսութիւններուն համար 22 տարեկանին արժանացած է առաջին մարտական պարգեւին: Պատերազմէն անմիջապէս ետք Նազարբէկեան ստացած է հրամանատարի պաշտօն եւ մասնակցած է Կովկասի ճակատամարտին. 1904-1905 թուականներուն մասնակցած է ռուս-ճաբոնական պատերազմին:

Համաշխարհային Ա. պատերազմի ժամանակ Նազարբէկեան պատերազմած է Կովկասի ճակատի մէջ. 16-18 ապրիլ 1915 թուականին պարտութեան մատնած է Խալիլ պէյը, որուն համար արժանացած է Գէորգեան խաչի 4-րդ կարգի շքանշանի:

Նազարբէկեան 1902-1904 թուականներուն եղած է Անդիջանի գումարտակի հրամանատար, 1904-1906 թուականներուն Կիրսանի 286-րդ հետեւակային զօրքի հրամանատար, իսկ 1906-1907 թուականներուն Օլոնեցքի շրջանի 14-րդ հետեւակային գունդի հրամանատար: Նազարբէկեան իր քաջագործութիւններով աչքի ինկած է առաւելաբար Մուքտենի եւ Տիլմանի ճակատամարտերուն ընթացքին:

Նազարբէկեան մասնակցած է 1918-ի Մայիսեան ճակատումներուն եւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հռչակումէն ետք նշանակուած է բանակի ռազմական խորհուրդի նախագահ, 1919 թուականին նշանակուած է զինեալ ուժերու գլխաւոր հրամանատար եւ սպարապետ: Խորհրդային Միութեան հաստատումէն ետք Նազարբէկեան բռնադատուած եւ աքսորուած է ու 6 օգոստոս 2004 թուականին Մոսկուայի զինուորական դատախազութեան որոշումով արդարացուած է: 

Ռազմական պատմաբան Հայկ Հայրապետեան ի յիշատակ Նազարբէկեանի գրած է «Վերջին սպարապետը» աշխատութիւնը, որուն մէջ պատմուած է Նազարբէկեանի կեանքն ու գործունէութիւնը. 1994 թուականին Երեւանի մէջ լոյս տեսած է Նազարբէկեանի յուշագրութիւնը:

Շնորհիւ իր ծառայութիւններուն՝ Նազարբէկեան արժանացած է բազմաթիւ շքանշաններու. ինչպէս՝ «Սուրբ Վլատիմիրի երկրորդ աստիճանի շքանշան», «Սուրբ Աննայի առաջին կարգի շքանշան», «Սուրբ Ստանիսլաւի Ա. կարգի շքանշան», «Քաջութեան համար» շքանշանն ու ուրիշներ:

Սպարապետը մահացած է 19 փետրուար 1931 թուականին, Թիֆլիզի մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 4, 2022