ՓՏԱԾ ՀԱՅԵՐ

Հայոց պատմութեան ընթացքին թշնամին հայուն այնքան վնաս չէ՛ պատճառած՝ ինչքան հայը հայուն. կրնայ ըլլալ ամբողջ հայոց պատմութեան ընթացքը տարբեր ըլլար, եթէ մեր մէջ գոյութիւն չունենային փտած հայեր, որոնք իրենց սեփական շահերու սիրոյն ոտնակոխ ըրին ամբողջ ազգը:

Շատեր այդ ապերախտութիւնը ըրին ծածուկ կերպով՝ կարծելով որ պիտի յաջողին յաւիտեան պահել ազգին հասցուցած իրենց վնասները, սակայն անոնց մէջ եղան ուրիշներ, որոնք հրապարակաւ դուրս եկան ընդունելու, որ իրենք գործակիցներն են հակառակորդին եւ հարազատ թշնամին՝ իր իսկ ազգին: Անոնց մէջ եղան փտածներ, որոնք թրքական ատեաններու մէջ երբ հայեր կը դատուէին համարձակութիւնը ունեցան բարձրաձայն յայտարարելու.- «Այս մարդիկ մեր նուիրական հայրենիքը պիտի կործանէին... բայց Աստուած պաշտպանեց մեր նուիրական հայրենիքը»: Գտնուեցան նման հայեր, որոնք սեփական ազգութիւնը ուրանալով խնկարկեցին այլոց խորաններուն՝ գուցէ հանգստաւէտ կեանքի մը խոստումով. ժամանակի մամուլը անոնցմէ մէկուն մասին կը գրէր.- «Արշաւիր իր վարձքը առած էր կառավարութենէն, ոչ թէ բարձր պաշտօններու կոչումով, այլ՝ մատնիչի կամ լրտեսի մը վայել վարձատրութեամբ: Ի պաշտօնէ ղրկուած էր Հալէպ, ուր Քառասուն Մանկանց Եկեղեցւոյ դիմաց սրճարանին մէջ ամէն օր կը տեսնէինք զինք, հսկելու համար գաղթականներուն վրայ. շիք հագուած, ակնոցը քթին, քիչ մը գանգուր մազերով, անժպիտ ու կասկածամիտ, վայելուչ երիտասարդ մը, որ յաճախ կը մտնէր կ՚ելլէր սրճարան ու երբեմն աներեւոյթ կ՚ըլլար, անտարակոյս տեղեկագիր մը տալու համար իր մեծաւորներուն...»:

Այս նոյն Արշաւիրն էր, որ նամակ կը գրէր «իր մեծաւորներուն» առարկելով, որ հազար թրքական ոսկին իր սեփական ծախսերուն համար քիչ կը թուի եւ իր պաշտօնին համար «յաւելում» կը պահանջէր: Ինչ երեսով չես գիտեր, իր պատճառով դատուող, մինչեւ իսկ մահուան դատապարտուող հայերու դատերուն ներկայ կը գտնուէր՝ իրեն յատկացուած յատուկ աթոռի մը վրայ նստելով եւ տեղին կը սկսէր խնկարկութեան դրամաբաղձ արարողութիւնը: Վերջապէս ո՞վ պիտի չուզէր իր երիտասարդ տարիքին թոշակ ստանալ կառավարութենէն՝ առանց յոգնելու կամ չարչարուելու:

Ի զարմանս այս բոլորին, պատմութիւնը կը յիշէ նաեւ հայ եկեղեցականներու անուններ, որոնք գուցէ ապագային «պատրիարք» դառնալու երազով մատնեցին ու ծախեցին թէ՛ իրենց ազգութիւնը եւ թէ՛ պատիւը: 

Սակայն ըսենք, թէեւ վերոյիշեալները աւելի քան մէկ դար առաջ պատահած իրողութիւններէն են, սակայն վիճակը տարբեր չէ՛ նաեւ այսօր. վկայ Արցախի վերջին պատերազմը:

Մամուլի ճամբով բազմիցս տեղեկացանք, թէ «հայորդիներ» շա՜տ չնչին գումարի մը դիմաց յանձն առած են Ատրպէյճանի պետութեան զինուորական ու քաղաքական գաղտնիքներ փոխանցել, անմեղունակ այն համոզումով, որ «այս գաղտնիքները վնաս չեն կրնար պատճառել մեր ազգին» եւ վերջապէս «600-700» տոլարի գումար մը վատ աշխատանք մը չէ՝ «չնչին» գաղտնիքներ փոխանցողի մը համար:

Այս «չնչին» գաղտնիքներու շնորհիւ բազմաթի՜ւ հայ երիտասարդներ զոհ դարձան. յաճախ կը մտածեմ, որ երանի՜ գոնէ ստացած գումարնին շա՜տ մեծ գումար մը եղած ըլլար. մի քանի ղուրուշի համար ազգը ծախելը կ՚արժէ՞:

Սակայն կայ հանգստացնող բան մը.- հակառակորդը իր լրտեսներն ու մատնիչները կը վարձատրէ այնքան ժամանակ՝ որքան անոնք գաղտնիք ունին փոխանցելիք, այլապէս գործածուած թաշկինակի մը նման կը նետէ ու ոտնակոխ կ՚ընէ զայն. այս մատնիչներէն շատեր իրենց պատիժները ստացան մատնիչութեան հետեւանքով իրենց մորթին վրայ ցաւ զգացող հայերը, սակայն ուրիշներ իրենց պատիժ-վարձատրութիւնը ստացան նոյնինքն խնկարկուող խորաններէն: Այս կապակցութեամբ հին թերթի մը մէջ կը կարդանք.- «Երիտասարդ մը, որ դեռ կ՚ապրի, կը պատմէր թէ երբ քաղաքին մտաւորականներուն կամ ծանօթ անձերուն կարաւանները քաղաքէն դուրս կը տանէին (…), ծառի մը բունին կապեցին նախ երկու հայ մատնիչներ, որոնք ցանկը կանխաւ ու մեծ վարձքի մը փոխարէն պատրաստած էին եւ ոստիկանութեան յանձնած, ու տեղն ու տեղօք սատկամահ ըրին»:

Մերօրեայ մատնիչները եւս, 700 ամերիկեան տոլարի մը դիմաց մատնիչութիւն ընելով գուցէ ամբողջ կեանքերնին անցընեն մութ խուցի մը մէջ՝ ազատութենէ զրկուած:

Այս մէկը ո՛չ թէ անձի, այլ ընդհանուր ընտանեկան կրթութեան հարց է, որովհետեւ այն տունին մէջ որ հայրենիքը սուրբ ու պատուական է, հայրենիքը ո՛չ մէկ գումարի դիմաց վաճառքի կը դրուի: Արշաւիրը կամ մերօրեայ մատնիչները վերջինները պիտի չըլլան, որովհետեւ դրամի հանդէպ սէրը թէ՛ հայրենիքէն եւ թէ՛ բոլոր սրբութիւններէն աւելի սուղ պիտի թուի ըլլալ. պիտի ունենանք նորերը եւ անոնք գոյութիւն պիտի ունենան այնքան ժամանակ՝ որքան որ մենք չկարենանք մեր նոր սերունդին մէջ սերմանել իրական հայրենասիրութեան բոցն ու կրակը:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -210-

Մատնիչութիւնն ու լրտեսութիւնը պաշտօն շահելու ամենէն լաւագոյն միջոցներէն մէկն էր ու մինչեւ օրս ալ է՛: Նման պաշտօնաբաղձ եկեղեցական մը ունէինք Անթիլիասի մէջ, որ ամէ՛ն առաւօտ ժամերգութեան կը մասնկացէր ո՛չ թէ զԱստուած փառաբանելու, այլ պատրաստելու համար ցանկը ժամերգութեան ներկայ եղող ու չեղող եկեղեցականներուն:

Ամենայն հաճոյքով այս ցանկը օրական դրութեամբ կը ներկայացնէր Վեհափառ Հօր՝ այն փուճ ակնկալիքով, որ զինք «լաւ» թեմ մը պաշտօնի կը ղրկէ. ինչո՞ւ չէ, նաեւ Եւրոպա ուսումի կը մեկնի: Սակայն երազները ջուրը ինկան. մի քանի տարի կանոնաւոր կերպով մատնիչութիւն ու լրտեսութիւն ընելէ ետք ղրկուեցաւ Միջին Արեւելքի ամենէն թշուառ ու աղքատ քաղաքներէն մէկը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 4, 2023